ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 18 Փետրուար 1921 Հայ ժողովուրդի ըմբոստ ոգիին շղթայազերծումը՝ ազատատենչ եւ արդարադատ

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 18 Փետրուար 1921

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 18 Փետրուար 1921 Հայ ժողովուրդի ըմբոստ ոգիին շղթայազերծումը՝ ազատատենչ եւ արդարադատ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Յուշատետր

18 Փետրուար 1921.
Հայ ժողովուրդի ըմբոստ ոգիին շղթայազերծումը՝
ազատատենչ եւ արդարադատ

Ն. Պէրպէրեան

18 Փետրուարին, 99 տարի առաջ, հայ ժողովուրդը ապստամբեցաւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրուած խորհրդային իշխանութեան եւ համայնավար Յեղկոմի բռնատիրութեան դէմ։

Հայ ժողովուրդի ըմբոստ ոգիին հերոսական շղթայազերծումն էր Փետրուարեան ապստամբութիւնը։ Պատմութեան մէջ անիկա գրաւեց իր նշանակալից տեղը, իբրեւ Ռուսական Կայսրութեան տարածքին համաժողովրդային առաջին ըմբոստացումը՝ 1917ի Հոկտեմբերին պոլշեւիկեան յեղաշրջումով հաստատուած համայնավար բռնակալութեան եւ խորհրդային ամբողջատիրութեան դէմ։

Ժողովրդային ըմբոստացման եւ ոչ թէ պետական յեղաշրջման կամ զինեալ իշխանափոխութեան քայլ էր Փետրուար 18ը։
Ռազմաքաղաքական դասաւորումներու իմաստով տարածաշրջանէն ներս ոչինչ փոխուած էր 2 Դեկտեմբեր 1920էն ետք, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, ի տես Լենին-Քեմալ գործակցութեամբ նորանկախ Հայաստանի ամբողջական պաշարումին եւ պետական կործանման վտանգին, երկու չարեաց փոքրագոյնը ընտրելու քաղաքական հաշուարկով՝ իշխանութիւնը զիջեցաւ խորհրդայիններու լիազօր ներկայացուցիչ Լեգրանին եւ անոր հովանաւորած Կասեանի, Նուրիջանեանի ու Աթարբէգեանի այսպէս կոչուած Յեղկոմին…

Երբ մէկ կողմէ Հայաստանի հիւսիսէն եւ արեւելքէն Կարմիր բանակն ու անոր զինուորագրուած ատրպէյճանական զօրքը, իսկ միւս կողմէ հարաւէն ու արեւմուտքէն քեմալական ուժերը կը շարունակէին զինու զօրութեամբ իրենց կամքը պարտադրել հայ ժողովուրդին, աւելի քան բնական ու հասկնալի էր, որ քաղաքականապէս միայն ինքնասպանութիւն կրնար նշանակել պետական յեղաշրջումի կամ զինեալ իշխանափոխութեան որեւէ քայլ։

Ճիշդ է եւ պատմական անհերքելի իրողութիւն է, որ նոյն այդ ժամանակամիջոցին Զանգեզուրն ու Լեռնահայաստանը յաղթարշաւի մէջ էին եւ, անզուգական Նժդեհի հրամանատարութեամբ, հայկական կանոնաւոր զօրքն ու աշխարհազօրայինները հերոսաբար կը դիմադրէին ու ետ կը մղէին թշնամական գրոհները, բայց տարածաշրջանային մեծ քաղաքականութեան պաստառին վրայ վճռուած էր Հայաստանի ճակատագիրը։ Լենինի Ռուսաստանը որոշած էր քեմալական Թուրքիոյ զիջիլ Արեւմտահայաստանը՝ Կարսն ու Արտահանը իբրեւ «բարեացակամութեան յաւելեալ ապացոյց» նուէր տալով, իսկ քեմալական Թուրքիան փոխարէնը խոստացած էր զօրակցիլ Անդրկովկասի երեք հանրապետութեանց մէջ խորհրդային կարգերու հաստատման եւ ռուսական տիրապետութեան վերականգնման։

Նման սատանայական գործարքի դէմ յանդիման՝ միայն կործանարար արկածախնդրութիւն կրնար ըլլալ հայ ժողովուրդին թէ անոր քաղաքական կամքը ղեկավարող Դաշնակցութեան կողմէ յեղաշրջման որեւէ փորձ։

Նոյն տրամաբանութեամբ նաեւ պէտք է ընդգծել, որ արտաքին-քաղաքական օրհասական այդ պայմաններուն մէջ կատարուած Փետրուարեան ապստամբութիւնը, իբրեւ Ազատութեան եւ Արդարութեան ի խնդիր ծաւալած համաժողովրդային ըմբոստացում, ոչ միայն արկածախնդրութիւն չէր, այլեւ՝ պատմական անհրաժեշտութիւն էր։ Անիկա վիրաբուժական նշդրակի անխուսափելի գործածման եւ փրկարար սրբագրումի նշանակութիւն ունեցաւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի հետագայ զարգացման համար։

Պատմական ճշմարտութեան սիրոյն հարկ է յուշել եւ արձանագրել Փետրուարեան ապստամբութիւնը կանխած օրերու վերիվայրումներուն հոլովոյթը։

Հակառակ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ Լենինի լիազօր Լեգրանի կնքած Համաձայնագրին, որ կը նախատեսէր պաշտպանութեան նախարար ԴՐՕի հետ նորահաստատ Յեղկոմի գործակցութիւնը եւ կը բացառէր ինքնակամ հրաժարած Սիմոն Վրացեանի կառավարութեան անդամներուն դէմ հալածանքը, Կասեաններու Յեղկոմը լրիւ հակառակ ուղղութեամբ գործեց 4 Դեկտեմբեր 1920էն սկսեալ, երբ Երեւան գալով իշխանութիւնը ձեռք առաւ։

ԴՐՕ անձամբ հսկողութեան տակ առնուեցաւ, Համօ Օհանջանեանի եւ Համազասպի տարողութեամբ կառավարական եւ ազգային գործիչներ բանտ նետուեցան, Զօր. Նազարբէգեանի գլխաւորութեամբ Հայկական բանակի ամբողջ սպայակազմը, 1200 սպաներ, հետիոտն աքսորուեցան դէպի Ռուսաստան։ Իսկ Սիմոն Վրացեանի օրինակով պետական-կուսակցական գործիչներ ընդյատակ անցան՝ խոյս տալով նորակազմ Չեկայի հետապնդումներէն։

Հաւանաբար այս բոլորն անգամ բաւարար չըլլային, որպէսզի մեր ժողովուրդին համբերութեան բաժակը յորդէր։ Ի վերջոյ արտաքին-քաղաքական ծանրակշիռ պայմաններու տակ իշխանութիւնը ինքնակամ յանձնուած էր պոլշեւիկեան Ռուսաստանի դրածոներուն եւ հարկ էր ակռաները սեղմել ու դիմանալ, մինչեւ որ կործանարար փոթորիկը խաղաղէր ու անցնէր։ Բայց Նուրիջանեաններու Յեղկոմը դժգոհ էր, որ առանց քաղաքացիական արիւնահեղ պատերազմի Հայաստան ընտրած էր խորհրդայնացման ուղին եւ հարկ էր… օրինաչափութիւնը կիրարկել։ Եւ թալանն ու հալածանքը տարածուեցաւ նոյնինքն ժողովուրդին դէմ՝ յատկապէս գիւղական շրջաններու մէջ դասակարգային շինծու պայքարի մթնոլորտ հրահրելով։ Սեփականազրկումի եւ ինչքերու բռնագրաւման մեծ խրախճանք մը սկսան նորահաստատ իշխանութեանց վերին թէ ստորին մակարդակի պաշտօնատարները։ Եւ ահա այդ ատեն յորդեցաւ հայ ժողովուրդին համբերութեան բաժակը։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 18 Փետրուար 1921

Եւ երբ 16 Փետրուարին ժողովրդային ըմբոստացման առաջին խմորումները սկսան եւ շրջաններէն ժողովուրդը, դաշնակցական երբեմնի խմբապետներու գլխաւորութեամբ, սկսաւ շարժիլ դէպի Երեւան, Յեղկոմը ինքնասրբագրման ելքեր փնտռելու փոխարէն՝ աւելի կատաղի դարձաւ իր բռնութեանց մէջ։

Նոյնինքն 18 Փետրուարի վաղ առաւօտեան ժամերուն Երեւանի բանտերուն մէջ բառացիօրէն խոշտանգուելով կացինահար սպաննուեցան Համազասպի նշանակութեամբ ազգային հերոսներ…

Այս իմաստով պատմական անհրաժեշտութիւն էր 18 Փետրուար 1921ի արեւածագին Երեւանի մէջ հայ ժողովուրդին իրագործած ապստամբութիւնը, որ ոչ միայն բանտերէն ազատեց իր հերոսական զաւակներն ու քաղաքական կամքին ներկայացուցիչները, այլեւ՝ իշխանութենէն խուճապահար փախուստի մղեց Կասեանները…
Մինչեւ Ապրիլ 2 ապստամբութիւնը Հայաստանի պետական ղեկէն հեռու պահեց խորհրդայինները, որոնք թէեւ ի վերջոյ վերատիրացան իշխանութեան, բայց արդէն Ալ. Միասնիկեանով փոխարինուած Յեղկոմով մը վերադարձան՝ ունենալով… Հայաստանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի հրահրումէն խուսափելու լենինեան յանձնարարականը։

Տարբեր հարց է, որ այդ յանձնարարականը եւս դատապարտուեցաւ մեռեալ տառ մնալու եւ Հայաստան աստիճանաբար թաւալեցաւ ստալինեան մաքրագործումներու ահաւոր անդունդը։

Բայց Փետրուարեան ապստամբութիւնը կատարեց իր պատմական դերը եւ սեփական ժողովուրդին համբերութեան բաժակը յարգելու հասունացման մղեց խորհրդային սուիններով հայոց պետական ղեկին տիրացած հայ պոլշեւիկները։

99 տարիներ անցած են Փետրուար 18էն ասդին, բայց հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ կը շարունակեն վառ մնալ խորհուրդն ու աւանդը համաժողովրդային այն մեծ ապստամբութեան, որուն շնորհիւ՝

«… Խաղաղութիւնը, օրհնութեան ցօղի պէս, իջաւ Երեւանի վրայ։ Հայոց աշխարհը ազատագրուած էր կարմիր պատուհասից։ Արեւի առաջին ճառագայթների հետ ազատութեան դիցուհին ողջունում էր հայ ժողովրդի փրկութիւնը։
«Մեր Հայրենիք ազա՜տ, անկա՜խ՝ իւր քաջ որդւոց սուրբ արիւնով»… հնչում էր ամէն կողմից» (ինչպէս որ տարիներ ետք պիտի վկայէր Յ. Իրազեկ)

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 18 Փետրուար 1921

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail