ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ալեքսանդր Երիցեան (1841-1902) Պատմաբանի, հնագէտի եւ ընկերաբանի ազգային-պահպանողական» ջահակիրը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ալեքսանդր Երիցեան (1841-1902) Պատմաբանի, հնագէտի եւ ընկերաբանի ազգային-պահպանողական» ջահակիրը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր

Ալեքսանդր Երիցեան (1841-1902).
Պատմաբանի, հնագէտի եւ ընկերաբանի
«ազգային-պահպանողական» ջահակիրը

Ն. Պէրպէրեան

21 Փետրուարի այս օրը, 118 տարի առաջ, Թիֆլիսի մէջ վախճանեցաւ հայ մտքի երախտաւոր մշակներէն Ալեքսանդր Երիցեան։ Երկարատեւ հիւանդութեան հետեւանքով, 61 տարեկանին, մեր աշխարհէն հեռացաւ արժանաւոր այս հայը՝ պատմաբանը, հնագէտն ու ընկերաբանը, անաւարտ ձգելով տասնամեակներու ընթացքին իր հաւաքած եւ մշակած արխիւային նիւթերն ու քննական ուսումնասիրութիւնները հայոց սերունդներուն աւանդ յանձնելու գիտական աշխատանքը։

Թիֆլիսի հայ իրականութեան եւ հայկական դիմագիծին հարազատ, այլեւ ինքնուրոյն ներկայացուցիչներէն մէկը կը հանդիսանայ ցարական կառավարութեան շարքային պաշտօնեայ Դաւիթ Երիցեանի որդի Ալեքսանդրը։ Ծնողքը Սանահին գիւղէն էին եւ հաստատուած Թիֆլիս, ուր եւ լոյս աշխարհ եկաւ Ալեքսանդր՝ 24 Հոկտեմբեր 1841ին։ Ընտանիքին նիւթական անձուկ պայմանները եւ ի ծնէ Ալեքսանդրի ունեցած սրտի արատի հիւանդութիւնը խանգարեցին բարձրագոյն ուսման հետեւելու անոր ցանկութիւնը։

Բաւարարուեցաւ «Ներսիսեան» վարժարանի եւ Թիֆլիսի ռուսական գիմնազիայի ջամբած կրթութեամբ, բայց ինքնաշխատութեամբ եւ ինքնազարգացման անխոնջ մղումով՝ կրցաւ յաղթահարել մասնագիտական պատրաստութենէ զրկուած ըլլալու բացը։ Դարձաւ հայ պատմաբանասիրական արդի դպրոցի ռահվիրաներէն մէկը՝ հոգեւորական պատմաբանասէրներու դասական մօտեցումներէն անդին անցնելով եւ իր կարեւոր տեղը գրաւելով գիտաքննական ուղղութեան հիմնադիրներու շարքին։

Ալեքսանդր Երիցեանի գիտական եւ մտաւորական զարգացման մեծապէս օգնեց նաեւ իր կազմաւորման ժամանակաշրջանը՝ 19րդ դարու երրորդ քառորդը, որ յատկանշուեցաւ Եւրոպայի արեւմուտքէն մինչեւ Ռուսաստան եւ Թուրքիա ազատական գաղափարներու արձանագրած վերանորոգ յաղթարշաւով։

Թէեւ Ա. Երիցեան աւանդապաշտ եւ պահպանողական մտածողութեան տէր մարդ էր, բայց միաժամանակ ազատական գաղափարները հոգեհարազատ գտաւ եւ իւրովի համադրեց աւանդապաշտն ու նորարարականը՝ մերօրեայ իմաստասէրներու եւ գիտաշխատողներու «ազգային-պահպանողական» հոսանքին ներշնչման աղբիւր եւ տասաբանական ժառանգ ձգելով իր բացած ուղղութիւնը։

Մինչ մէկ կողմէ Ալ․ Երիցեան դէմ էր հայ գիւղն ու ընդհանրապէս հայ հասարակութեան աւանդական հիւսուածքը ուծացման տանող օտարամուտ ազդեցութիւններուն, միւս կողմէ սակայն ան նաեւ բաց եւ ընկալունակ միտք էր այն բոլոր բարեկարգումներուն նկատմամբ, որոնք ի վիճակի էին լուծելու հայ ժողովուրին դիմագրաւած ընկերային դժուարութիւնները՝ մշակելի հողերու ընդարձակման, ոռոգման եւ արգասաւորման ապահովումէն մինչեւ կրթական ցանցի ընդլայնումը եւ սերունդներու բազմակողմանի զարգացումը։

Հակառակ իր առողջական վիճակի կաշկանդումներուն, Ալեքսանդր Երիցեան երիտասարդ տարիքէն նետուեցաւ հասարակական աշխոյժ գործունէութեան ասպարէզ։ 1866ին հիմնեց «Վաճառական» թերթը՝ Գ. Տէր-Աղեքսանդրեանի հետ գործակցաբար։ Կանոնաւոր աշխատակցութիւն ունեցաւ ժամանակի հայ մամուլին՝ ինչպէս «Կռունկ Հայոց Աշխարհի», «Մեղու Հայաստանի», «Արձագանգ», «Մուրճ», «Փորձ» եւ ռուսալեզու «Կաւկազ»։

1877-1878ի ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին, Ալ․ Երիցեան յատուկ գործերու յանձնակատար նշանակուեցաւ ռուսական յաղթական բանակի հայազգի զօրավարներ Լորիս-Մելիքովի եւ Բ. Շելկովնիկովի կողքին։ Իսկ պատերազմի աւարտէն ետք պետական ծառայութեան կոչուեցաւ Ցարական Կայսրութեան պետական կալուածոց նախարարութեան մէջ։ Իր այդ հանգամանքով ոչ միայն գործօն դեր ունեցաւ Անդրկովկասի ժողովրդագրական եւ ազգագրական քարտէսի մանրամասն պատրաստութեան մէջ (Ղազախի շրջանը յանձնուեցաւ անոր), այլեւ մօտէն իրազեկ դարձաւ արխիւային նիւթերու պահեստներուն եւ մաս կազմեց հնագիտական թէ հետազօտական արշաւախումբներու։

Յատկապէս արշաւախումբներու հետ մնայուն շրջագայութիւնները յոգնեցուցին եւ արագացուցին Ալեքսանդր Երիցեանի առողջական վիճակին քայքայումը, որու հետեւանքով 1886ին հրաժարեցաւ պետական ծառայութենէն, մնաց տուն եւ իր կեանքի մնացեալ 15-16 տարիները ամբողջութեամբ նուիրեց գիտական աշխատանքի։
Թէեւ ազգային-քաղաքական կողմնորոշումով Ալ. Երիցեան միշտ հեռու մնաց գործօն մասնակցութենէ իր ժամանակաշրջանին խմորուող կուսակցական շարժումներէն, բայց հետեւողականօրէն հանդէս եկաւ արեւմտահայոց ազգային-ազատագրական շարժման թափ տալու դիրքերէն՝ խիստ քննադատութեան ենթարկելով ոչ միայն եւրոպական մեծ տէրութեանց գաղթարարական քաղաքականութիւնը տարածաշրջանէն ներս, այլեւ Ցարական Կայսրութեան նեղ-ազգայնական վերաբերումը Հայկական Հարցին նկատմամբ։

Հայ մեծանուն գիտնական՝ լեզուագէտ ու պատմաբան Ստեփանոս Մալխասեան, որ Ալեքսանդր Երիցեանի գործին ու արժէքին հիացողներէն էր, դիտել կու տայ, որ մինչեւ 1886 Երիցեանի հրատարակած յօդուածները եւ ուսումնասիրութիւնները պարզապէս նախերգանքն էին այնուհետեւ անոր աւարտած ու հայերէնով թէ ռուսերէնով հրատարակած աշխատասիրութիւններուն։

Իբրեւ հնագէտի՝ Ալ. Երիցեանի կարեւորագոյն յայտնագործումներէն մէկը կը նկատուի պրոնզէ երկու դարաշրջաններու կազմաւորումը Անդրկովկասի մէջ։

Իբրեւ ազգագրագէտ՝ Երիցեան մեծարժէք նիւթեր հաւաքած, մշակած ու հրատարակութեան յանձնած է Անդրկովկասի տարբեր ազգերու եւ ժողովուրդներու ընկերային-տնտեսական կազմաւորման ու զարգացման հոլովոյթին, առանձնայատկութիւններուն եւ դիմագրաւած խնդիրներուն վերաբերեալ։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Իսկ իբրեւ հայ պատմաբանի եւ ընկերաբանի՝ Ալեքսանդր Երիցեանի կարեւորագոյն գործը կը հանդիսանայ 1895-1896 թուականներուն լոյս տեսած «Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը եւ Կովկասի Հայք XIX դարում» երկհատոր աշխատասիրութիւնը։
Բանագէտներու ընդհանուր համոզումն է, որ անհրաժեշտ չափով ուսումնասիրուած եւ արժեւորուած չեն կեանքն ու գործը 21 Փետրուար 1902ին մահացած հայ ժողովուրդի երախտաւոր այս պատմաբանին, հնագէտին եւ ընկերաբանին։ Ան ունեցաւ միայն մէկ որդի՝ Գարեգին Երիցեան, որ Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանը պատուոյ յիշատակութեամբ աւարտած մշակոյթի հռչակաւոր գործիչ մը դարձաւ։

Իր 26 Փետրուար 1902ի համարով, այդ ժամանակի արեւելահայ մեծագոյն օրաթերթը հանդիսացող «Մշակ»ը կարեւորութեամբ անդրադարձած է 24 Փետրուարին, Թիֆլիսի մէջ, տեղի ունեցած Ալեքսանդր Երիցեանի ազգային ու պետական շուքով յուղարկաւորութեան։ Ժամանակի հայ, վրացի, ռուս եւ թաթար հեղինակաւոր դէմքեր ներկայ գտնուած են անոր թաղման, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկ անձամբ դամբանական խօսած է։ Ալ. Երիցեանի մարմինը իր յաւիտենական հանգիստը գտաւ Խոջեվանքի գերեզմանատան մէջ, Րաֆիի եւ Ծերենցի դամբարաններէն ոչ-շատ հեռու։

Հայ մտքի եւ բանասիրութեան մեծավաստակ երախտաւորին նուիրուած իր մենագրութեան մէջ, Ս. Ս. Համամեան հետեւեալ վկայութիւնը կը փոխանցէ Ալ. Երիցեանի ազգային-գաղափարական կտակին մասին.

«Երիցեանը հասկացաւ Թուրքիայի կառավարող շրջանակների հայերի նկատմամբ տարած կործանարար քաղաքականութեան էութիւնը եւ իրաւացիօրէն քննադատեց այն օրէնքները, որոնք կեղծ հաւասարութիւն էին քարոզում քրիստոնեաների եւ մահմեդականների մէջ։ Պատմաբանը գրում էր.- «Չորս հարիւր տարուայ սովորութիւնները մի րոպէի մէջ չեն վերացուի, չորս հարիւր տարուայ խոցերը մի ժամուայ մէջ անկարելի է բժշկել:

«Քննադատելով Չամչեանին այն բանի համար, թէ «նրա գրած պատմութիւնը տիրող անձանց յաջողութիւնների պատմութիւն է, բայց ո՛չ ազգի ներքին կենաց», Երիցեանը տարբերուեց իրեն նախորդած պատմաբաններից նաեւ նրանով, որ ուշադրութիւն դարձրեց հայ հասարակութեան «ներքին կենաց» վրայ:

«Նա առաջինը ցոյց տուեց Ղազախի եւ Բորչալուի գաւառներում գոյութիւն ունեցող հողատիրութեան պատկերը, գիւղացիութեան սակաւահողութիւնը, նրա ճնշումն ու հարստահարումը իշխանութիւնների ու կալուածատէրների կողմից։ Պատմաբանը արձանագրեց գիւղատնտեսութեան յետամնացութիւնը եւ իրաւամբ նկատեց, որ այդ յետամնացութեան պատճառներից մէկն էլ հանդիսանում է գիւղացիների սակաւահողութիւնն ու նրանց հարկային ծանրաբեռնուածութիւնը»։

«Երիցեանը գրեց մի շարք աշխատութիւններ նաեւ հայ դպրոցի մասին։ Նա դպրոցը համարում Էր ժողովրդի մտաւոր զարգացման ջերմաչափ, լուսաւորութեան տաճար, հասարակութեան դաստիարակութեան եւ կրթութեան լաւագոյն օջախ եւայլն։ Նա գտնում Էր, որ դպրոցներում պէտք Է աշխատեն բարձրորակ ուսուցիչներ, իսկ դասաւանդումը տարուի խելացի ծրագրով։

«Ի տարբերութիւն Մ. Մսրեանի սխոլաստիկ (գրքունակ) ուսուցման՝ Երիցեանը ուսուցիչներից պահանջում Էր.- «Էնպէս սովորեցրէք, որ աշակերտն ուսումնարանն աւարտելուց յետոյ ուսումնարանում չթողնի իր բոլոր սովորածը ու աշխարհումն նորից հարկադրուած չլինի սովորելու կեանքին հարկաւոր բաներ․ Էնպէս արէք, որ նրանց ամէն առարկայ սովորեցնելիս, մեր կեանքին յարմարեցնէք, որ ամէն առարկայ նրան ճիշդ տեղեկութիւններ տայ աշխարհի մասին եւ ամէն մէկ գիտութիւն լինի կեանքի համար օգտաւէտ եւ ոչ թէ գիտութիւնը սովորել միայն գիտենալու համար»։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail