Լեզուն Պահպանելը Ազգային Արժանապատւութեան Հարց Է. Փետրուար 21-ը Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օրն Է

Լեզուն Պահպանելը Ազգային Արժանապատւութեան Հարց Է

Լեզուն Պահպանելը Ազգային Արժանապատւութեան Հարց Է. Փետրուար 21-ը Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օրն Է

21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

«Լեզուն ազգի հոգին է. կենդանի է այդ հոգին, կենդանի է ազգը, կենսունակ է առաջինը, ուրեմն կենսունակ է եւ երկրորդը»,- գրած է Վահան Տէրեան:

Հաշուի առնելով անցած դարակիսուն մայրենի լեզուի իրաւունքներուն դէմ շարք մը ընդվզումները`1999-ին UNESCO-ն Փետրուար 21-ը հռչակեց Մայրենի լեզուի միջազգային օր՝ ի նպաստ լեզուներու իրաւունքներու ճանաչման եւ գործածութեան աջակցութեան:

Լեզուի կարեւորութեան եւ պահպանութեան մասին Armenpress.am-ը զրուցած է լեզուի կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեանի հետ, որ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը ներկայացնէ Արեւմտահայերէնի վերածած.

«Երբ որեւէ ազգ կը կորսնցնէ իր լեզուն, յետագային կը վերանայ պատմութեան թատերաբեմէն: Հայաստանի մէջ բնակչութեան ճնշող մեծամասնութեան մայրենի լեզուն հայերէնն է, ուստի Հայաստանի մէջ Մայրենի լեզուի միջազգային օրը կը նշենք իբրեւ Հայոց լեզուի՝ ՀՀ պետական լեզուի օր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ազգային փոքրամասնութիւններու լեզուներու իրաւունքներու պահպանութեան օր: Մեր երկրին մէջ կ՝ապրին եզտիներ, ռուսեր, յոյներ, ասորիներ եւ այլ ազգեր, որոնց լեզուները եւս պահպանութեան կարիք ունին»,- շեշտած է Գիւրջինեան:

Անոր խօսքով՝ ժամանակակից հայերէնը ունի երկու դրական դրսեւորում՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն, եւ մեր պատմութեան դաժան ընթացքի հետեւանքն է, որ արեւմտահայերէն խօսողները զրկուեցան իրենց բնօրրանին մէջ ապրելու իրաւունքէն. մեծ մասը բնաջնջուեցաւ, մէկ մասն ալ սփռուեցաւ աշխարհով մէկ: «Արեւմտահայերէնը այսօր վտանգուած լեզու կը համարուի: Եթէ անգամ չընդունինք ատիկա, լաւ գիտենք, որ շատ համայնքներու մէջ արեւմտահայերէնը երկրորդ լեզու է եւ ունի գործածութեան նեղ շրջանակ»,- նշած է կոմիտէի նախագահը:

Ըստ Գիւրջինեանի՝ արեւելահայերէնի վիճակը անհամեմատ աւելի լաւ է, քանի որ անիկա Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու պետական լեզուն է եւ կը վայելէ պետական հոգածութիւն: Անիկա պարտադիր է հանրային կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ: «Արեւելահայերէնի խնդիրը այն է, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու մէջ կայ արեւելահայերէն խօսողներու մեծ թիւ, որ հայերէն կրթութիւն չ՝ստանար, եւ քանի մը սերունդ յետոյ լուրջ խնդիր պիտի ունենանք հայերէնը պահպանելու առումով:

Մեր լեզուի ամենաապահով վիճակը հայրենի հողին վրայ է՝ ՀՀ-ի, Արցախի մէջ: Բարեբախտաբար, այդպիսի կղզեակ կայ Ջաւախքի մէջ, ուր միատարր հայ բնակչութիւն է, թէեւ այդտեղ ալ խնդիրներ կան»,- հաւաստիացուցած է Գիւրջինեան:

Անոր համոզումով՝ լեզուն պահպանելը միայն պետութեան խնդիրը չէ, ատիկա նաեւ ժողովուրդի, հանրութեան խնդիրն է: Եթէ ամէն մէկը որոշէ հասարակական կայքերու մէջ գրութիւն ձգել հայերէն, պէտք է հասկնայ, որ հայերէն խօսքը անհրաժեշտ է գրել մեսրոպեան տառերով: «Ազգային խայտառակութիւն է, երբ հայերէն գրութիւնները լատինատառ կամ ռուսատառ կը գրենք: Պետութիւնը չի կրնար երթալ իւրաքանչիւրի տուն, բռնել մարդու ձեռքը ու ըսել, որ կարելի չէ այդպէս: Լեզուն պահպանելը ազգային արժանապատւութեան եւ կրթուածութեան հարց է: Եթէ մարդը հեռուստատեսութեամբ, ամպիոնէն կը խօսի հանրութեան հետ, պէտք է ընտրէ գրական հայերէնը իբրեւ հաղորդակցութեան միջոց: Պետութիւնը կը հռչակէ հայերէնը իբրեւ պետական լեզու, բայց իւրաքանչիւրս ընելիք ունի այդ ոլորտէն ներս: Ամէն մէկը իր տեղը պէտք է պաշտպան կանգնի հայոց լեզուին, այլապէս մենք չենք կրնար ապահովել հայերէնի լիարժէք գործածութիւնը ամէնուրեք»,- եզրափակած է Դաւիթ Գիւրջինեան:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Նշենք, որ Մայրենի լեզուի միջազգային օրը կը յաւերժացնէ այն քաղաքական պայքարը, որ մղուած է մօտ վաթսուն տարի առաջ բենգալերենը առանձին լեզու ճանչնալու համար: 1952-ին Դաքայի մէջ ոստիկաններու կրակոցներէն սպաննուեցան խումբ մը երիտասարդներ, որոնք կը բողոքէին կառավարութեան դէմ՝ ուրդուն միակ պետական լեզու ճանաչելու որոշման դէմ:

Ի յիշատակ այդ պայքարին` 1999-էն ի վեր UNESCO-ն կը նշէ մայրենի լեզուի միջազգային օրը, իսկ 2008 թուականը հռչակած է լեզուներու միջազգային օրը: Ի յիշատակ բենգալացիներու պայքարին՝ Սիտնիի Էշֆիլտ զբօսայգիին մէջ կանգնեցուած է «Պահպանէ մայր լեզո՛ւդ» յուշարձանը: 

Հայոց այբուբենին նուիրուած յուշարձաններ կան ՀՀ Արագածոտնի մարզին մէջ՝ Բիւրականի ճանապարհին եւ Օշական գիւղի մէջ։

Լեզուն Պահպանելը Ազգային Արժանապատւութեան Հարց Է

yerakouyn.com/2020/02/21/լեզուն-պահպանելը-ազգային-արժանապատւ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail