ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Անդրանիկ (Օզանեան, 1866-1927) Ամենայն հայոց քաջարի ՖԵՏԱՅԻն՝ անպարտելի ԶՕՐԱՎԱՐը

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Անդրանիկ (Օզանեան, 1866-1927)

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Անդրանիկ (Օզանեան, 1866-1927) Ամենայն հայոց քաջարի ՖԵՏԱՅԻն՝ անպարտելի ԶՕՐԱՎԱՐը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Յուշատետր

Անդրանիկ (Օզանեան, 1866-1927).
Ամենայն հայոց քաջարի ՖԵՏԱՅԻն՝ անպարտելի ԶՕՐԱՎԱՐը

Ն. Պէրպէրեան

Իբրեւ արծիւ սաւառնում ես լեռ ու ժայռ,
Թնդացնում ես երկինք-գետին տենչավառ,
Սուրբ անունդ պիտի յիշուի դարէդար,
Հսկայ լերինք քեզ ապաստան Անդրանիկ:

Մեր սերունդներու մտքին եւ սրտին մէջ այսպէ՛ս, ժողովրդական սիրուած երգի վերածուած Աշուղ Շերամի ա՛յս պատկերով կը ներկայանայ առինքնող դէմքը ԱՆԴՐԱՆԻԿի, որուն ծննդեան տարեդարձը մեր ժողովուրդը կը նշէ Փետրուար 25ին։

Քաջ, խիզախ եւ անպարտելի հերոսներ միշտ ալ ունեցած է մեր ժողովուրդը։ Բոլորն ալ իրենց անզուգական տեղը ունին հայոց ազգային-հաւաքական յիշողութեան մէջ։ Իր ազգային հերոսներէն իւրաքանչիւրին մէջ հայ ժողովուրդը խտացուցած է հաւաքական իր ուժին, կամքին եւ հոգեկերտուածքին ամէնէն առինքնող եւ ոգեւորիչ ստորոգելիները։

Ազգային Հերոսներու հայկական համաստեղութեան մէջ է, ահա՛, որ իր փայլուն եւ բարձրադիր տեղը կը գրաւէ Անդրանիկ՝ իրաւամբ մարմնաւորելով Ամենայն հայոց քաջարի ՖԵՏԱՅԻի աւանդը։
Դաշնակցութեան մէջ կազմաւորուած ու դաշնակցականօրէն իր հասակը բարձրացուցած ֆետային ու խմբապետն է Անդրանիկ, որ նոյնինքն Դաշնակցութեան կամքով կենդանի առասպելի վերածուեցաւ դեռ 1890ականներու վերջերուն, երբ Սասնոյ լեռներուն վրայ իր առաջին քայլերը կը նետէր Հայաստանի ազատագրութեան յարատեւ կռուի արիւնոտ ճանապարհին։

Այդպէ՛ս էր, որ Առաքելոց Վանքի կռուով հերոսացած ու Աղբիւր Սերոբի անարգ գլխատման վրէժը լուծած դաշնակցակա՛ն Անդրանիկը արժանաւորապէս Ազգային Հերոսի պատուանդանին բարձրացուեցաւ դեռ Սասնոյ Երկրորդ՝ 1904ի Ապստամբութեան օրերուն։ Կը բաւէ թերթատել Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի այդ շրջանի համարները, հաստատելու համար, որ Աւետիս Ահարոնեանի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Սիամանթոյի շունչով, այլեւ ու մանաւանդ Քրիստափորի խրախուսանքով՝ ինչպէ՛ս «սաւառնող արծիւ» հռչակուեցաւ եւ հայ յեղափոխականի մարտունակութեան խորհրդանիշ դարձաւ Անդրանիկ։

Եւ որքան դիպուկ ու իրաւացի է Ազգային Հերոսին տրուած այն արժեւորումը, որուն համաձայն՝ Անդրանիկ իր անունին կապեց մեծ գործեր, երբ Դաշնակցութեան մէջ կը գտնուէր եւ դաշնակցական իր ընտանիքին հաւաքական պայքարը կը ղեկավարէր։

Ընդհակառակն՝ Անդրանիկի մեծութեան վրայ ստուեր ինկաւ այն ժամանակներուն, երբ կազմակերպական, քաղաքական թէ անհատականութեանց բախման պատճառներով՝ ան քաշուեցաւ իր կուսակցութեան կազմակերպական կառոյցէն ու աւազանէն, կծկուեցաւ իր խրոխտ անհատականութեան ինքնակեդրոն պատեանին մէջ եւ ի զուր փորձեց իր ԵՍով Դաշնակցութիւնը…
ներկայացնել։

Յատկանշականօրէն՝ Դաշնակցութիւնը երբեք չփորձեց կուսակցականացնել Անդրանիկը, այլ Հ.Յ.Դ. մարտական աւանդներուն առաւելագոյն մարմնաւորումը տեսնելով Անդրանիկի մէջ՝ Ազգային Հերոսի փառքով հայ ժողովուրդին յանձնեց իր ծոցին մէջ սնուցած ՄԱՐՏԻԿի կենդանի առասպելը։

1866ի Փետրուար 25ի օրը, Շապին Գարահիսարի մէջ, համեստ ատաղձագործ Թօրիկ Էմմիի յարկին տակ ծնած Անդրանիկ Օզանեանը կոչուած էր մարմնաւորելու հայ ժողովուրդին արդի ժամանակներ մուտք գործելու խոյանքը։ Ունեցաւ համեստ ծագում, ապրեցաւ պարզ հայու կեանքով, ուզեց արդար վաստակով ապահովել իր օրաւուր հացը, բայց շարունակաբար դէմ յանդիման գտնուեցաւ թրքական բռնատիրութեան եւ կեղեքումին, օսմանական հայաջինջ խորշակին եւ թրքամոլ խաւարամտութեան։

Հազիւ երիտասարդ էր, 18 տարեկան, երբ հայոց աւանդական օրէնքով ամուսնացաւ, բայց դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու իր կինն ու նորածինը եւ, այնուհետեւ, ամբողջովին նուիրուեցաւ ու կապուեցաւ իր ազգին։

Հայոց յեղափոխական զարթօնքը վարակած էր նաեւ Շապին Գարահիսարի հայութիւնը եւ Անդրանիկ փարեցաւ տեղւոյն Վռամշապուհ քահանայի (որ հետագային պիտի դառնար Փարիզի հայոց առաջնորդ) կազմած յեղափոխական գաղտնի խմբակին։ Մատնութեան մը հետեւանքով խմբակը գաղտնազերծուեցաւ, իսկ անդամները ձերբակալուեցան։ Երիտասարդ Անդրանիկ կարճատեւ բանտարկութենէ ետք ազատ արձակուեցաւ, անցաւ Պոլիս, ուր հիւսնի աշխատանքով իր կեանքը կ՚ապահովէր եւ, միաժամանակ, պանդուխտ հայ երիտասարդներու մօտ, ազգային-յեղափոխական շունչով ինքնակազմակերպման աշխատանք կը ծաւալէր։ 1892ին անդամագրուեցաւ Դաշնակցութեան։ Այդպէ՛ս մասնակցեցաւ 1895ի Պապը Ալիի մեծ ցոյցին, որուն անփառունակ վախճանէն ետք անցաւ Կովկաս։

Երկիր մտնելու եւ յեղափոխական բուն գործին նուիրուելու գաղափարական կրակով եռեւեփող իր սերունդին հետ՝ ողջ էութեամբ կը տոչորուէր նաեւ Անդրանիկ, որ վերջապէս 1896ի Յուլիսին բախտը ունեցաւ, պարսկական սահմանէն Վան անցնող Վազգէնի եւ Գուրգէնի խումբին հետ, իբրեւ պարզ զինուոր մտնելու Երկիր՝ հասնելու համար Սասուն եւ իր ճակատագիրը կապելու Տարօնայ Աշխարհին։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Շատ կարճ ժամանակի մէջ հաստատուեցաւ Անդրանիկի հռչակը՝ իբրեւ քաջ ֆետայի, խիզախ մարտիկ եւ յանդուգն ռազմիկ, որ թէ՛ կազմակերպական բնատուր տաղանդ ունէր, թէ՛ ռազմի վտանգաւոր պահերը դիմագրաւելու զինուորականի բացառիկ ընդունակութիւն։ Իսկ ժողովուրդի զաւակի իր նկարագրով, ընկերական բնաւորութեամբ եւ պարզութեամբ՝ Անդրանիկ անմիջապէս դարձաւ սասունցի թէ Հայաստան Աշխարհի տարբեր շրջաններէն Սասուն փութացած հայ յեղափոխականներու սիրելին, վստահելին ու խմբապետը։

Սերոբ Աղբիւրի մատնութենէն եւ անարգ գլխատումէն ետք, Անդրանիկ իր ընկերներով լուծեց Սերոբի վրէժը, գլխատեց Պշարա Խալիլը եւ, այնուհետեւ, իր բոլոր ուժերով նուիրուեցաւ Սասնոյ յեղափոխական կազմակերպման աշխատանքներուն՝ Վահանի, Հրայր Դժոխքի, Գուրգէնի, Գէորգ Չաւուշի եւ անուանի միւս հայ ֆետայիներու կողքին։

Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան, Անդրանիկ ընտրուեցաւ զինուորական ընդհանուր հրամանատար եւ ամբողջապէս արդարացուց իրեն հանդէպ ցուցաբերուած վստահութիւնը։ Ոչ միայն հրաշքներ գործեց կռիւներու ընթացքին, այլեւ մեծ ռազմագէտի հնարամտութեամբ ղեկավարեց ֆետայիներու Սասունէն հեռացումը դէպի Վան եւ պարսկական սահման, երբ նահանջի որոշումը կայացուցին Տարօնի եւ Վասպուրականի դաշնակցական կազմակերպութեանց ղեկավար գործիչները, Աղթամար կղզիի վրայ իրենց ունեցած մեծաթիւ խորհրդակցական ժողովին։

Այնուհետեւ՝ հայ ժողովուրդի աստանդական կեանքին բաժնեկիցը դարձաւ Անդրանիկ եւ ո՛ւր որ ալ գնաց, Եգիպտոս, Ժընեւ թէ Պուլկարիա, ամէնուր Անդրանիկ արժանաւորապէս տէր կանգնեցաւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման մարտական ղեկավարի՝ դաշնակցական հայդուկապետի իր կոչումին։

Իբրեւ այդպիսին մասնակցեցաւ 1907ի Հ.Յ.Դ. 4րդ Ընդհանուր Ժողովին եւ կարեւոր ներդրում ունեցաւ հայ ազատագրական շարժումը արեւմտահայու եւ արեւելահայու պառակտումէն փրկելու եւ Դաշնակցութիւնը – աւելիով միակամ ու հզօր – վերականգնելու դժուարին գործին յաջողութեամբ պսակումին մէջ։ Իբրեւ այդպիսին իր ղեկավար մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Պուլկարիոյ մէջ, 1909ին, Հ.Յ.Դ. Զինուորական վարժարանի ստեղծման ու կազմակերպման մէջ՝ Ռոստոմի կողքին։

1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան նկատմամբ թերահաւատութեան դրօշ պարզող առաջին դաշնակցականներէն եղաւ Անդրանիկ, որ ի տես Իթթիհատի հետ Դաշնակցութեան սկզբնական գործակցութեան՝ նաեւ հրապարակաւ ու ցուցադրականօրէն Դաշնակցութենէն հեռացաւ, բայց միայն ժամանակաւորապէս, որովհետեւ երբ 1912-1913ի Պալքանեան Պատերազմին Դաշնակցութիւնը դիմեց իր հայդուկապետին, Անդրանիկ անվերապահօրէն լծուեցաւ հայկական գունդի կազմութեան գործին՝ պուլկարներու կողքին պատերազմի դաշտ իջնելու եւ անվիճելի զօրահրամանատարի իր կարողութիւնները վերջնականապէս նուիրագործելու համար։

Այնուհետեւ զօրահրամանատարի ասպարէզ մը եղաւ Անդրանիկի կեանքը։ Դաշնակցութեան հետ գաղափարական իր պորտակապը անխզելի պահելով հանդերձ՝ Անդրանիկի մէջ զօրահրամանատար գործիչը շարունակ ներքին բախման մէջ եղաւ դաշնակցական կազմակերպական գործիչին հետ. հակադրուեցաւ օրուան մարմիններու քաղաքական որոշումներուն եւ կազմակերպական տնօրինումներուն. ընդհանրապէս թերահաւատութեամբ եւ վերապահութեամբ մօտեցաւ Թիֆլիս կեդրոնացած ղեկավարութեան՝ հարցականի տակ առնելով վերջինի քայլերն ու կարգադրութիւնները համայն հայութեան եւ բուն երկրին վերաբերեալ։ Բայց երբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոն պաշտօնապէս դիմեց Անդրանիկին, որպէսզի իր ղեկավար դերը ստանձնէ 1915ին Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպման մէջ, Անդրանիկ անվարան ընդառաջեց եւ ստանձնեց Կամաւորական Առաջին Գունդի հրամանատարութիւնը։

Մեծ Զօրավարի գործունէութեան տարիներ եղան Անդրանիկի ոգորումները ռազմադաշտերուն վրայ՝ մինչեւ 1920 թուականը եւ Հայաստանէն Անդրանիկի վերջնական հեռացումը դէպի Պալքաններ, Ֆրանսա եւ ի վերջոյ Մ. Նահանգներ։

Զօրահրամանատարի իր ասպարէզի ընթացքին յատկապէս Դիլմանի ճակատամարտը պատմական նշանակութեամբ դափնեպսակ կազմեց Անդրանիկ Զօրավարի զինուորական կեանքին մէջ՝ դաշնակցական ֆետային եւ հայոց ազգային հերոսը արժանացնելով ցարական բանակի սպայակոյտին բարձրագոյն՝ ԶՕՐԱՎԱՐի գնահատանքին։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Բայց 1917ի Պոլշեւիկեան յեղափոխութեամբ սկսած ռուս-թրքական ռազմաճակատի ընդհանուր փլուզումը իր ծանրագոյն անդրադարձը ունեցաւ ինչպէս Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի, նոյնպէս եւ Անդրանիկի ազգանուէր գործունէութեան վրայ։ Յատկապէս Կարնոյ մէջ իր ռազմական ձախողութենէն եւ քաղաքի պարպումէն ետք, Անդրանիկ մատնուեցաւ ներքին անդոհանքի, որ շարունակուեցաւ մինչեւ իր մահը՝ հակասութիւններու, ինքնահաստատման եւ ինքնաժխտումի ծանր պահեր ստեղծելով աննման Անդրանիկի կեանքի վերջալոյսին։

Այդ առումով՝ բնաւ չընդունեց, օրինակ, Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը. Հայաստանի անկախ պետականութեան ստեղծումը «թուրքերու նուէրը» հռչակողներէն եղաւ. նոյնիսկ Էջմիածին բանակած՝ Երեւանի վրայ յարձակելու սպառնալիք ալ ըրաւ… Բայց մինչեւ Հայաստանէն վերջնական հեռացումը, որ ի դէպ Դաշնակիցներու՝ անգլիական բանակի հրամանատարութեան ցուցմունքով կատարուեցաւ, Անդրանիկ իր կամաւորներով փութաց հոն, ուր թրքական վտանգ կար։

Զանգեզուրը, իբրեւ այդպիսին, հանդիսացաւ թրքական զօրքի դէմ հայոց պաշտպանութեան վերջին ռազմաճակատը Անդրանիկի երկարամեայ, այլեւ անպարտելի գործունէութեան ընթացքին։
Արտասահման անցնելով՝ Անդրանիկ ամբողջապէս շրջապատուեցաւ հայ ունեւոր եւ պահպանողական խաւին կողմէ։ Պօղոս Նուպար փաշայի կնքահայրութեամբ ամուսնացաւ ալ։ Գրեց եւ խօսեցաւ Դաշնակցութեան դէմ, որ սակայն երբեք հանդէս չեկաւ իր զաւկին դէմ, ընդհակառակն՝ միայն հասկացողութեամբ ու ներողամտութեամբ նայեցաւ անոր ներքին տուայտանքին, որովհետեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան անողոք ճակատագրին հարազատ ու դառնագոյն ցոլացումն էր Անդրանիկի կեանքի վերջալոյսին վրայ իշխող այդ Մեծ Ցաւը…

61 տարեկան էր Դաշնակցական Ֆետային, Հայոց Զօրավարն ու Ազգային Հերոսը, երբ 31 Օգոստոս 1927ին առյաւէտ փակեց իր աչքերը։ Ֆրեզնոյի ցուրտ հողէն իր աճիւնները փոխադրուեցան Փարիզ եւ ազգային մեծ շուքով ամփոփուեցան Փէրլաշէզի գերեզմանատունը։

Հակառակ հայրենիքի մէջ թաղուելու Անդրանիկի կտակին՝ Խորհրդային Հայաստանի ատենի իշխանութիւնները չուզեցին կատարել Անկրկնելի Հայուն կտակը եւ միայն 2000ին, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան օրով, Անդրանիկ իր արժանի տեղն ու վերջնական հանգիստը գտաւ Եռաբլուրի մէջ։

Անդրանիկ անվիճելիօրէն պատգամի տէր անհատականութիւն էր եւ հայոց սերունդները իրենց ուղին կը լուսաւորեն անոր կեանքով ու գործով;

Հայ ժողովուրդի ազգային հերոսին, դաշնակցական անպարտելի ֆետայիին եւ հայկական ազատամարտի հանճարեղ զօրավարին նուիրուած յուշատետրի այս էջը կ՚եզրափակենք Անդրանիկի փառքն ու ողբերգութիւնը խտացնող մեծն Սիամանթոյի դիպուկ վկայութեամբ.-

«Խօսեցաւ ինծի ան եւ իր բառերը իրարու ետեւէ եւ կարգ առ կարգ
Խիստ էին եւ քաղցր եւ ճշմարիտ եւ քինախոյզ եւ առնական…

«Ոտքի՛ կեցիր այն ատեն, եղբայրացի՛ր խումբերուս ու մրրկուէ՛ անոնց հետ,

Որովհետեւ գիտցիր որ այս զոհաբերումի, ընդվզումի եւ յոյսի օրերուն Մեր ամէն մէկուն համար անկողնի մէջ հոգի տալը վատութիւնն է վատութիւններուն»…

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Անդրանիկ (Օզանեան, 1866-1927)

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail