Նիկոլ Փաշինեան Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Սումգայիթի Ոճրագործութեան Անմեղ Զոհերու Յիշատակին

Նիկոլ Փաշինեան Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Սումգայիթի Ոճրագործութեան Անմեղ Զոհերու Յիշատակին

28 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Փետրուար 28-ին, Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին վրայ յարգանքի տուրք մատուցեց 1988 Փետրուար 27-29 Սումգայիթ քաղաքի մէջ տեղի ունեցած ոճրագործութեան անմեղ զոհերու յիշատակին։

Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ ՀՀ վարչապետին կ՝ուղեկցէին փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան, փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Արտակ Դաւթեան, ոստիկանութեան պետի պաշտօնակատար Արման Սարգսեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ:

Նշենք, որ Փետրուար 28-ին կը լրանայ Խորհրդային Ատրպէյճանի կողմէ պետական մակարդակով իրականացուած դաժան սպանդի ու տեղահանութեան 32-րդ տարելիցը։

1988 Փետրուար 27-29 ինկած ժամանակահատուածին, Խորհրդային Ատրպէյճանի Սումգայիթ քաղաքին մէջ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ պետական մակարդակով կազմակերպուեցան քաղաքի հայ ազգաբնակչութեան ջարդերն ու զանգուածային տեղահանութիւնը։

Փետրուար 29-ին, խորհրդային զօրքերը մտան Սումգայիթ, սակայն այդ օրը եւս շարունակուեցան բռնարարքներն ու սպանութիւնները։ Բանակը միայն երեկոյեան դիմած էր վճռական գործողութիւններու եւ կանխած յետագայ ջարդերը։

Հակառակ անոր, որ միջազգային հանրութիւնը դեռ Սումգայիթի ոճրագործութիւնը չէ ճանչցած իբրեւ ցեղասպանութիւն, բայց անիկա դատապարտած են եւրոխորհրդարանը (1988թ.), ԱՄՆ ծերակոյտը (1989թ.) եւ Արժանթինի խորհրդարանը։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 27-29 Փետրուար 1988, Սումգայթ

yerakouyn.com/2020/02/28/նիկոլ-փաշինեան-յարգանքի-տուրք-մատուց/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail