BBC-ն Անդրադարձած է Եթովպիոյ Հայկական Փոքրաթիւ Համայնքին Եւ Անոր Ներկայ Վիճակին

Եթովպիոյ Հայկական Փոքրաթիւ Համայնք

BBC-ն Անդրադարձած է Եթովպիոյ Հայկական Փոքրաթիւ Համայնքին Եւ Անոր Ներկայ Վիճակին

03 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Եթովպիոյ Հայկական Փոքրաթիւ Համայնք

Հեղինակաւոր BBC կայքը «Նամակ Ափրիկէէն» (Letter from Africa) շարքէն յօդուած հրապարկած է, որ կը վերաբերի հայ-եթովպիական յարաբերութիւններուն, Եթովպիոյ մէջ հայկական համայնքին ու անոր ներկայ վիճակին:

Եթովպիոյ մէջ հայկական կորսուած համայնքին հետքերով գացած է լրագրող Իսմայիլ Էինաշէն, որ կը նշուի, որ երկրին մէջ գտնուելով, բազմիցս լսած եւ հետաքրքրուած է հայկական համայնքով, անոր պատմութեամբ, կը փոխանցէ tert.am-ը:

19-րդ դարուն Մենելիկ 2-րդ կայսեր գահակալութեան ժամանակ այստեղ ձեւաւորուած փոքրաթիւ հայկական համայնքը առաւել ընդլայնուած է 20-րդ դարուն` Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած ջարդերէն փրկուած եւ այս հողերուն վրայ ապաստան գտած հայերու շնորհիւ. անոնք կարեւորագոյն դերակատարում ունեցած են երկրի տնտեսութեան, մշակոյթի ձեւաւորման եւ անոր ընդհանուր զարգացման գործին մէջ:

Կը նշուի, որ Հայաստանի եւ Եթովպիոյ միջեւ ամուր կապ ստեղծուած է հիմնականօրէն Ուղղափառ եկեղեցւոյ շնորհիւ. կապն ալ աւելի խորացած է դիւանագէտներու եւ առեւտրականներու շնորհիւ:

Հեղինակը կը պատմէ նաեւ՝ որ այցելած է 1930 թուականին հիմնադրուած հայկական Սուրբ Գէորգ եկեղեցի: Ան տպաւորուած է ճարտարապետական այս կառոյցի զարդարանքներով, սակայն կը նշէ, որ սովորական օրերուն այնտեղ քահանայ չկայ: Ան կը նշէ, որ այս եկեղեցին միշտ հայերու համար որպէս համայնքի կեդրոն ծառայած է:

Եթովպիոյ մէջ հայերու թիւը սկսած է աճելու Ռազ Թաֆարի կայսեր գահակալութեան ժամանակաշրջանին։ Ան Երուսաղէմի հայկական եկեղեցի կատարած այցելութեան ժամանակ, տեսնելով 40 հայ որբ, հայոց պատրիարքէն խնդրած է թոյլ տալ ստանձնել անոնց խնամակալութիւնը:

Կայսեր ջանքերուն շնորհիւ յետագային երեխաները երաժշտական կրթութիւն կը ստանան եւ հանդէս կու գան կայսերական փողային նուագախումբին մէջ, որ ղեկավարած է Եթովպիոյ ազգային օրհներգի հեղինակ Գէորգ Նալպանտեանը:

Եթովպիոյ մէջ հայկական համայնքը իր ծաղկման գագաթնակէտին հասած է 1960 թուականին, երբ հայերու թիւը հասած է 1200-ի: 1974-ին Ռազ Թաֆարիի գահընկէցութեան եւ ընկերվարական Եթովպիոյ ժամանակաւոր ռազմական կառավարութեան հաստատումով երկրին մէջ սկսած են ճնշումներ գործադրուիլ, ուստի հայերու մեծ մասը սկսած է լքելու Եթովպիան եւ հաստատուելու հիմնականօրէն Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ:

Այժմ հայկական համայնքը մօտ 100 հոգի է, մեծաւ մասամբ տարեցներէ : Բացի այդ, երկրին մէջ հայկական ընկերային ակումբ կը գործէ:

yerakouyn.com/2020/03/02/bbc-ն-անդրադարձած-է-եթովպիոյ-հայկական-փո/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail