ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի վերանորոգ երթը

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի վերանորոգ երթը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի վերանորոգ երթը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Յուշատետր

3 Մարտ 1992.
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի վերանորոգ երթը

Ն. Պէրպէրեան

Մարտ 3ի այս օրը 28 տարեկան կը դառնայ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը։

Յատկանշականօրէն՝ հիմնադրամի ստեղծման նախագահական հրսմանագիրէն մէկ օր առաջ, 1992ի Մարտ 2ին, իր ազատութիւնն ու անկախութիւնը վերականգնած Հայաստանի Հանրապետութիւնը արժանացաւ միջազգային իրաւական ճանաչումի, երբ Մ.Ա.Կ.ի կեդրոնական՝ Նիւ-Եորքեան նստավայրին վրայ պաշտօնապէս սկսաւ ծածանելու Հայոց Եռագոյնը։ Իսկ մէկ օր անց, 3 Մարտ 1992ին, նախագահական յատուկ հրամանագրով՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կեանքի կոչեց «Հայաստան» Համահայակական Հիմնադրամը։

Օրին ինչպէս որ անսահման եղան ցնծութիւնն ու հպարտութիւնը մեր ժողովուրդին, երբ սերունդներու պաշտամունքին արժանացած պանծալի Եռագոյնը ոչ միայն ազգային դրօշը հռչակուեցաւ անկախ Հայաստանին, այլեւ իր արժանի տեղը գտաւ պետականատէր ազգերու մեծ ընտանիքէն ներս, այնպէս ալ միեւնոյն ցնծութեամբ եւ հպարտութեամբ դիմաւորուեցաւ ստեղծումը «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին, որովհետեւ ազատ ու անկախ Հայաստանը նորածին մանուկի անհաստատ իր առաջին քայլը կը նետէր միացեալ Հայութեան եւ ամբողջական Հայաստանի ուղղութեամբ։

Առնուազն արտերկրի հայութիւնը այդօրինակ խանդավառութեամբ ողջունեց Հիմնադրամին ստեղծումը։

Տարբեր չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ որոշապէս սփիւռքեան ափերու վրայ կազմաւորուած հայոց սերունդներուն համար, միշտ ալ յատուկ նշանակութիւն եւ քաշողականութիւն ունեցած է ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆի ձգտումը։

Այդպէ՛ս եղած է յետ-եղեռնեան Սփիւռքի առաջացման, ազգային ինքնակազմակերպման եւ պահանջատիրական զարթօնքի բոլոր հանգրուաններուն։

Աւելի քան եօթը տասնամեակներու ամբողջ երկայնքին, թրքական պետութեան գործադրած հայասպանական մեծ ոճիրէն փրկուած տարագիր հայութիւնը, գաղթականի իր անձուկ պայմանները աստիճանաբար յաղթահարելու ծանրագոյն օրերէն իսկ, անցնելով ազգային ինքնակազմակերպման ուղիին վրայ ինքնավստահ քայլեր նետելու հանգրուանէն, ամէն անգամ որ ոստում արձանագրած էր ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ կառոյցներու ստեղծման ուղղութեամբ, միշտ ալ առաջնորդող տեսլական ու մղիչ ուժ ունեցած էր ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ համախմբման ու միաւորման հասնելու երազը։

Այս առումով տարբեր ու առանձնայատուկ հոլովոյթ ապրեցաւ հայրենի հողի վրայ համախմբուած հայութիւնը։

Խորհրդային ամբողջատիրութեան երկաթեայ վարագոյրին հետեւանքով աշխարհէն ու հայ ժողովուրդի տարագիր բազմութիւններէն կտրուած՝ հայրենի հայութիւնը, յատկապէս անցեալ դարու քսանականներուն եւ երեսնականներուն, նոյնիսկ հալածուեցաւ ու մահով եւ աքսորով պատժուեցաւ՝ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ իր ապրումներուն, ձգտումներուն եւ համպատասխան ինքնադրսեւորման նուազագոյն արտայայտութիւններուն համար։

Մինչեւ անգամ Խրուշչովեան Ձիւնհալէն եւ Պաղ Պատերազմի աւարտէն ետք, Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէ կեանքի կոչելով ու անոր գործունէութեան թափ տալով հանդերձ, խորհրդահայ իշխանութիւնները ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱն իրենց նախաձեռնութիւնները պայմանաւորեցին՝ զանոնք խորհրդային գաղափարական առաջադրանքներու իրականացման ծառայեցնելու հաշուեխնդրութեամբ։

Հայապահպանման եւ հայ մշակութային արժէքներու տարածման ի նպաստ իրենց քայլերէն անդին, խորհրդահայ ղեկավարութիւնը միշտ ալ պարտաւորուեցաւ՝ հայօճախներու վրայ հակակշիռ հաստատելու ճամբով, ծառայել արտասահմանի տարածքին խորհրդային ազդեցութեան գօտիները ընդարձակելու հաշիւներուն եւ նկրտումներուն։

Եւ զարմանալի չէր, որ խորհրդային քաղաքականութեան գաղափարական մականին տակ դէպի Սփիւռք թեւածող հայրենի «ծիծեռնակները» ամէնուր անհաշտ եւ մաղձոտ պայքար հրահրեցին Հայոց Եռագոյնով խորհրդանշուած ազգային-քաղաքական մեր անփոխարինելի եւ անկորնչելի արժէքներուն դէմ՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի միաւորող հանգանակը ազգային երկպառակութեան գլխաւոր «չարիք» հռչակելով…

Այսուհանդերձ՝ կաշկանդիչ այդ պայմաններուն մէջ անգամ, հայրենի մեր ժողովուրդը իր կարգին եւ իր ձեւով պահպանեց ու գուրգուրաց ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆին վրայ։

Մինչեւ որ եկան Արցախեան Պահանջատիրութեան շղթայազերծման, արցախի իրողական ազատագրութեան եւ Հայաստանի վերանկախացման դարադարձիկ ժամանակները։

Մինչեւ որ նաեւ իր քաղաքական նորայայտ ուժերով եւ պետական նորահաստատ իշխանութիւններով՝ Հայաստան պաշտօնապէս առաջին քայլը նետեց ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ քարտէսի վրայ իր արժանի տեղը հաստատելու ուղղութեամբ։

3 Մարտ 1992ին հիմնուած «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը եղաւ առաջին այդ քայլը, որովհետեւ Արցախեան Զարթօնքին առաջին իսկ պահերէն, Սփիւռքը իր ազգային գերագոյն պարտքը համարեց Հայրենիքին ամբողջապէս եւ միասնականօրէն զօրավիգ կանգնելու առաքելութիւնը։

Երկրաշարժի Աղէտը եկաւ աւելիով շեշետելու, որ յատկապէս տնտեսական աջակցութեան մարզին մէջ սփիւռքահայութիւնը գլխաւոր յոյսն ու ապաւէնն էր հայ ժողովուրդին ու հայոց հայրենիքին։

Փաստօրէն Երկրաշարժէն անմիջապէս ետք Սփիւռքի հայօճախները հնարաւորութիւնը ունեցան յաղթահարելու Հայաստան մուտքի օրինական բոլոր սեղմումները։ Սկիզբ առաւ «Դէպի Երկիր» համազգային շարժում մը, որուն նախաձեռնողը թէեւ Դաշնակցութիւնը եղաւ, բայց որ արժանացաւ սփիւռքեան ազգային ու քաղաքական անխտիր բոլոր ուժերու հաւանութեան ու համագործակցութեան՝ օգնութեան ձեռք երկարելով աղէտահար Հայրենիքին։

Հայրենիքի օգնութեան համազգային այդ շարժումը յանգեցաւ նաեւ Հայաստանի Տնտեսական Վերականգնումի նախաձեռնութեան՝ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան նոր էջ մը բանալով։
Դարձեալ Հ.Յ.Դ.ի գլխաւորութեամբ, տարբեր հայօճախներու մէջ տեղական թէ միջազգային մասնագիտական մեծ վարկ վայելող անձնաւորութիւններ, կուսակցական տարբեր պատկանելիութիւններ ունենալով հանդերձ, ի մի բերուեցան եւ իբրեւ աշխատակազմ դրուեցան Հայաստանի իշխանութեանց – տակաւին խորհրդային – տրամադրութեան տակ, որպէսզի խորհրդային փլուզուող կայսրութեան պայմաններուն մէջ ձեռնամուխ ըլլան աղէտահար մեր երկրին տնտեսական համընդհանուր վերականգնումին։

Այս բոլոր զարգացումներուն պսակումը եղաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին ստեղծումը՝ հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն եւ խաւերուն միահամուռ պահանջին ընդառաջելով։

Բայց նաեւ դիւրին չեղաւ իրագործումը համահայկական համագործակցութեան առջինեկ այս կառոյցին։ Յատկապէս սկզբնական իր փուլին, Հիմնադրամը ծանր ու անհարկի գին վճարեց Հայաստանի անդրանիկ նախագահին հակադաշնակցական հիստերիային։ Հազիւ իր Հոգաբարձուներու Խորհուրդը կազմած՝ Հիմնադրամը յայտնուեցաւ դժուար կացութեան մէջ Յունիս 1992ին, երբ օրուան Հ.Հ. նախագահը՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հայրենիքէն վտարելու հրամանագիր արձակեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ատենի ներկայացուցիչին՝ Հրայր Մարուխեանի դէմ։

Հիմնադրամի ստեղծման նուիրուած այս էջը տեղը չէ խորանալու այն պատճառներուն եւ հանգամանքներուն մէջ, որոնք Հ.Հ.Շ.ական իշխանութեանց հակադաշնակցական պայքարը հասցուցին ընդհանրապէս Սփիւռքի հայութիւնը իբրեւ «Նարինջ ուտողներ» խծբծելու, այլեւ գործնապէս Սփիւռքին հետ իբրեւ «կթան կով» վարուելու պառակտիչ քաղաքականութեան։
Հ.Հ.Շ.ական այդ մոլորանքին համապատասխան՝ կարծր եղաւ Դաշնակցութեան հակազդեցութիւնը, երբ Սփիւռքի կողմէ ինչպէս Հ.Հ. օրուան իշխանութեանց, նոյնպէս եւ Հիմնադրամի հանդէպ ընդհանուր վերապահութիւն դրսեւորուեցաւ սկզբնական քանի մը տարիներուն։

Վերապահութեան այդ ալիքը արգելք չեղաւ սակայն, որ Դաշնակցութիւնը իր մասնակցութիւնը շարունակէ Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդին, նաեւ՝ աջակցի համազգային նպատակային նուիրահաւաքներու։ Յատկապէս Միացեալ Նահանգներու տարածքին Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ սկսաւ Արցախի ի նպաստ համազգային նուիրահաւաքի Թելեթոնը, որ հետագային բնորդի՝ բնօրինակի դեր ունեցաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի ամենամեայ Թելեթոնին համար։

Անշուշտ ժամանակի ընթացքին մեղմացաւ այդ ազգավնաս հակադրութիւնը եւ, մանաւա՛նդ, Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի իշխանութենէն հեռացումով՝ նորովի թափ առաւ Հիմնադրամի գործունէութիւնը, հասնելու համար այսօրուան իր պայծառ պատկերին։

Ըստ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի կանոնադրութեան՝ Հիմնադրամի բարձրագոյն ղեկավար մարմինն է Հոգաբարձուներու Խորհուրդը, որուն կը նախագահէ – ի պաշտօնէ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը: Խորհուրդին մաս կը կազմեն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս-Պատրիարքը, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը, Լ.Ղ.Հ. նախագահը, Հ.Հ. եւ Լ.Ղ.Հ. վարչապետները, Հ.Հ. Սահմանադրական Դատարանի, Ազգային Ժողովի եւ Կեդրոնական Դրամատան նախագահները, նախարարներ, Հ.Յ.Դ.ի, Ռ.Ա.Կ.ի եւ Ս.Դ.Հ.Կ.ի, բարեգործական կազմակերպութիւններ Հ.Օ.Մ.ի եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի, Ամերիկայի Հայկական Համագումարի ներկայացուցիչները, սփիւռքահայ ծանօթ բարերարներ ու անհատ գործիչներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն ու Սփիւռքէն։

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի վերանորոգ երթը

Հիմնադրամի աշխատանքներում աշխոյժ մասնակցութիւն եւ մեծ ներդրում ունին անոր տեղական մարմինները, որոնք ներկայիս կը գործեն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպէս Միացեալ Նահանգներ՝ Լոս Անճելըս եւ Նիւ Եորք, Ֆրանսա, Գանատա՝ Թորոնթօ եւ Մոնթրէալ, Մեծն Բրիտանիա, Գերմանիա, Հոլանտա, Զուիցարիա, Աւստրիա, Շուէտ, Լիբանան, Աւստրալիա, Պրազիլիա, Արժանթին՝ Պուէնոս Այրէս եւ Քորտոպա, Յունաստան, Կիպրո, Սուրիա եւ Ուրուկուէյ։

Տեղական մարմինները սերտօրէն կը գործակցին իրենց երկիրներու հայ համայնքի եկեղեցական, հասարակական ու բարեգործական կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ ծանօթ բարերարներու եւ անհատ գործիչներու հետ:

Հիմնադրամի Երեւանի գործադիր վարչութիւնն ու աշխարհասփիւռ տեղական մարմինները հաշուետու են Հոգաբարձուներու Խորհուրդին:

Հիմնադրամի դրամական միջոցները կը գոյանան տարեկան հեռուստամարաթոնի, տարբեր երկրիներու մէջ կազմակերպուող հեռախօսամարաթոններու, ռադիօ-մարաթոններու, հեծանիւարշաւներու, ճաշկերոյթներու հանգանակութիւններէն, բարեգործական համերգներու եւ ցուցահանդէսներու հասոյթներէն, փոստային եւ SMS նուիրատուութիւններէ, ինչպէս նաեւ անհատներու թողած կտակներէ եւ նպատակային յատկացումներէ:
Հիմնադրամի անունին կապուեցաւ իրագործումը իրերայաջորդ տարաբնոյթ ծրագիրներու, որոնք կենսական կարեւորութիւն ունեն մեր հայրենիքին համար:

Ճամբաներու, դպրոցներու, մանկամսուրներու, հիւանդանոցներու, ջրագծերու եւ կազատարներու կառուցման զուգահեռ՝ օժանդակութիւն-նպաստ կը ստանան բազմաթիւ՝ ընկերային մակարդակով խոցելի ու անպաշտպան խումբեր, անոնց շարքին՝ ազատամարտիկներու ընտանիքներ, անապահով ընտանիքներու ուսանողներ: Աշխարհասփիւռ հայութեան նուիրատուութիւններով, այսօր, հարիւր հազարաւոր հայեր ունին տուն, ջուր, կազ, ջեռուցում, բարօր կեանքի պայմաններ:

Հիմնադրամի ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուին նաեւ արուեստի եւ գիտութեան գործիչներն ու երիտասարդ ստեղծագործողները:

Հիմնադրամի 28ամեայ գործունէութիւնը խոչընդոտող խութերու եւ դժուարութեանց շարքին անպայման, թէկուզ եւ հպանցիկ պէտք է նշել, որ Հիմնադրամի տնօրէնութիւնը ստանձնած պաշտօնատարները չկրցան միշտ մնալ իրենց կոչումի եւ պաշտօնի բարձրութեան վրայ։ Հիմնադրամի տնօրէնի դիրքէն անձնական չարաշահումներու տխուր օրինակներու ականատես ու ականջալուր դարձաւ մեր ժողովուրդը։ Մանուշակ Պետրոսեան՝ 1990ականներուն, իսկ Արա Վարդանեան՝ 2010ականներուն արձանագրեցին սայթաքումներ, որոնց հետեւանքով Հիմնադրամի վարկանիշը ծանր հարուածի տակ ինկաւ՝ անվստահութեան մթնոլորտ ստեղծելով։

Ինչպէս որ Հիմնադրամի այժմու տնօրէնը՝ Հայկակ Արշամեան կը նշէր 2019ի իր հաշուետու զեկոյցին մէջ՝ «Հիմնադրամի նախկին տնօրէն Արա Վարդանեանը, ով 10 տարի ղեկավարել է կառոյցը, այժմ կալանավայրում է։ Նախկին տնօրէնը մեղադրւում է իւրացումների, լիազօրութիւնները չարաշահելու եւ փաստաթղթերի կեղծման համար։ Վարդանեանն ինքը կալանքի որոշումը համարում է ապօրինի եւ քաղաքական հետապնդում իր նկատմամբ»։

Ըստ Հ․ Արշամեանի՝ այս պատմութիւնը խիստ բացասական անդրադարձ ունեցաւ հիմնադրամի հեղինակութեան վրայ, բայց «իրենք յաղթահարում են»:

Յամենայնդէպս՝ Հիմնադրամը ստեղծման օրէն 1300 խոշոր ծրագիրներ իրականացուցած է՝ ջրագիծներ, դպրոցներ, մանկապարտէզներ, հիւանդանոցներ: Միայն 635 քիլոմեթր ճանապարհ կառուցուած է, այդ շարքին՝ Վարդենիս – Սոթք – Մարտակերտ ռազմավարական նշանակութեամբ մայրուղին։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail