Դրամաշնորհ՝ Գիւմրիի Ճամբաներուն Եւ Փողոցներու Լուսաւորութիւնը Արդիականացնելու Համար

ARMENIA-Gumri

Դրամաշնորհ՝ Գիւմրիի Ճամբաներուն Եւ Փողոցներու Լուսաւորութիւնը Արդիականացնելու Համար

04 ՄԱՐՏ 2020 – ԳԻՒՄՐԻ:

ARMENIA-Gumri

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարութիւնը, Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատունը (ՎԶԵԴ) եւ Գիւմրիի քաղաքապետարանը 4 Փետրուարին ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ ստորագրեցին դրամաշնորհ յատկացնելու վերաբերող համաձայնագիր:

Ստորագրուած համաձայնագիրով դրամատունը E5P հիմնադրամի միջոցներէն 2 միլիոն եուրօ գումարի դրամաշնորհ պիտի յատկացնէ Գիւմրի քաղաքի ճամբաներու եւ փողոցներու լուսաւորութեան արդիականացման համար:

Համաձայնագիրը ստորագրեցին Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Ատոմ Ջանջուղազեան, ՎԶԵԴի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Տմիթրի Կուինտաձէ, Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան եւ E5P տարածաշրջանային հիմնադրամի գլխաւոր կառավարիչ Եւա Մանիկ:

Դրամաշնորհին միջոցով պիտի տեղադրուի ուժանիւթ խնայող նոր LED լուսաւորութիւն, կառավարման եւ կարգաւորման համակարգ, պիտի փոխարինուին եւ նորոգուին սիւները, ինչպէս նաեւ հոսանքի թելերը: Կատարուելիք աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք պիտի նուազի ուժանիւթի սպառումը, եւ նուազագոյնի պիտի հասցուին շահագործման եւ սպասարկման ծախսերը: Նոր LED լուսաւորութիւնը զգալիօրէն պիտի նուազեցնէ ուժանիւթի սպառման արժէքը, որուն իբրեւ արդիւնք քաղաքապետարանը պիտի տնտեսէ ելեկտրականութեան տարեկան ծախսը:

ARMENIA-Gumri

horizonweekly.ca/en/դրամաշնորհ՝-գիւմրիի-ճամբաներուն-եւ-փ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail