Ֆրանսահայերը Կ՛ահազանգեն Փարիզի Քաղաքապետի Թեկնածուին Եւ Ատրպէյճանի Իշխանութեան Կապերու Մասին

Rachida-Dati

Ֆրանսահայերը Կ՛ահազանգեն Փարիզի Քաղաքապետի Թեկնածուին Եւ Ատրպէյճանի Իշխանութեան Կապերու Մասին

06 ՄԱՐՏ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Rachida-Dati

Փարիզի քաղաքապետի ընտրութիւններուն որպէս թեկնածու առաջադրուած Ռաշիտա Տաթին սերտ կապեր ունի Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հետ: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Marianne առցանց հարթակին վրայ հրապարակուած յօդուածին մէջ կ՛ահազանգեն Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Մուրատ Փափազեան, Արա Թորանեան («Nouvelles d’Arménie» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր) եւ Իլ տէ Ֆրանսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Փաթրիկ Քարամը:

Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Տաթին յայտնի է մենատիրական եւ ոչ ժողովրդավար Ատրպէյճանի իշխանութեան հետ իր սերտ կապերով: Ան եղած է Ատրպէյճանի բարեկամներու միութեան անդամ, որ համարուած է Ֆրանսայի մէջ «խաւիարային դիւանագիտութեան» գլխաւոր գործիքը:

«Արժէ՞ յիշեցնել, որ մատամ Տաթին, որ կը յայտարարէ Պաքուին իր սատարման մասին, դէմ արտայայտուած է 2017-ին Եւրոխորհրդարանին մէջ հետաքննութեան` եւրոպացի քաղաքական գործիչներու վրայ Ատրպէյճանի կողմէ անօրինական միջոցներով ճնշում գործադրելու հարցով»,- նշուած է յօդուածին մէջ:

Ռաշիտայի մտերմութիւնը Ալիեւի վարչակարգին հետ վառ արտայայտուած է անոր կողմէ 2011-ին Ատրպէյճանի առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւայի պատուին կազմակերպուած մեծ խնջոյքի ընթացքին: Փարիզի քաղաքապետի թեկնածուն յատկապէս 2016-ին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ապրիլեան պատերազմէն ետք հանդէս եկած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերու դէմ յայտարարութիւններով:

Յօդուածին հեղինակները յոյս յայտնած են, որ Ռաշիտա Տաթին կը դադրեցնէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ իր արտօնեալ յարաբերութիւնները:

Ֆրանսայի մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Մարտ 15-22: Փարիզի քաղաքապետի պաշտօնի համար Ռաշիտա Տաթիէն բացի քաղաքապետի յաւակներոդներն են՝ գործող քաղաքապետ Անն Իտալկոն, որ իր պաշտօնավարման ընթացքին այցելած է Հայաստան, ծանօթ է իր հայանպաստ դիրքորոշումներով, եւ Ֆրանսայի առողջապահութեան նախկին նախարար Անյես Պիւզէնը. անոր թեկնածութիւնը առաջադրած է նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կուսակցութիւնը:

yerakouyn.com/2020/03/06/ֆրանսահայերը-կ՛ահազանգեն-փարիզի-քաղ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail