Քըլըճտարօղլու Էրտողանի Դէմ Հինգ Ղրուշի Հայց Ներկայացուցած Է

Քըլըճտարօղլու Էրտողանի Դէմ Հինգ Ղրուշի Հայց Ներկայացուցած Է

10 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըճտարօղլու երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ 5 ղրուշի պահանջով դատական հայց ներկայացուցած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ճումհուրիեթ» կայքը:

Քըլըճտարօղլուի փաստաբան Ճելալ Չելիք յայտնած է, որ դատական հայցին համար հիմք հանդիսացած են Էրտողանի արտայայտութիւնները. վերջինս Քըլըճտարօղլուն կոչած էր |անամօթ, անպատիւ, ստոր եւ դաւաճան»:

Արտայայտութեան դիմաց հայց ներկայացնող կողմը կը պահանջէ խորհրդանշական 5 ղրուշ փոխհատուցում:

Էրտողանի վիրաւորական խօսքերուն արձագանգած էր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն երեսփոխան Էնկին Էօզքոչ, որ խորհրդարանի ամպիոնէն նոյն բառերով բնութագրած էր Էրտողանը, ինչ որ խորհրդարանին մէջ ծեծկռտուքի պատճառ դարձած էր:

www.aztagdaily.com/archives/467864

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail