ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ալեքսանդր Խատիսեան (1874-1945) Տատանող, բայց չսուզուող» Հայաստանի հաստատակամ նաւավարը

Ալեքսանդր Խատիսեան (1874-1945) Տատանող, բայց չսուզուող» Հայաստանի հաստատակամ նաւավարը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ալեքսանդր Խատիսեան (1874-1945) Տատանող, բայց չսուզուող» Հայաստանի հաստատակամ նաւավարը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Յուշատետր

Ալեքսանդր Խատիսեան (1874-1945).
«Տատանող, բայց չսուզուող» Հայաստանի
հաստատակամ նաւավարը

Ն. Պէրպէրեան

Մարտ 10ի այս օրը, 1945 թուականին, Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, քայքայուած առողջութեամբ, այլ մանաւանդ ֆրանսայի հակադաշնակցական եւ «Հայաստանասէր» հայերու բանսարկու հալածանքին հետեւանքով հոգեպէս ծանրօրէն խոցուած, աչքերը առյաւէտ փակեց Հայաստանի Հանրապետութեան մեծավաստակ երկրորդ վարչապետը՝ Ալեքսանդր Խատիսեան։

Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ազատութեան, անկախութեան եւ ամբողջացման ի խնդիր իր ողջ կեանքը նուիրաբերած Պետական Այրը արժանի չէր անհիմն ամբաստանութիւններով…

բանտարկութեան։ Բայց հակադաշնակցական կիրքը այդ ժամանակաշրջանին ընդհանրապէս մոլեգնած էր այն աստիճան, որ Ալ. Խատիսեանի վախճանումէն քանի մը ամիս առաջ, երբ Երկրորդ Աշխարհամարտը արդէն կը մօտենար իր աւարտին, նացիական Գերմանիոյ գրաւումէն ազատագրուած Ֆրանսայի մէջ, հայ համայնավարները եւ «Հայաստանասէրներ»ը իբրեւ նացիզմի գործակալի ամբաստանեցին օրին Հայ Գաղթականութեան Մարմնի նախագահութիւնը ստանձնած Ալ. Խատիսեանին, որ անհիմն այդ մեղադրանքով ալ ձերբակալուեցաւ ու երկու ամիս բանտ մնաց, մինչեւ որ ֆրանսական իշխանութիւնները անդրադարձան սխալին եւ ազատ արձակեցին զինք, բայց արդէն քայքայուած առողջութեամբ։

Անարդար ու ապերախտ գտնուեցան բոլոր անոնք, որոնք նման բանսարկու հալածանքի եւ քաղաքական վարկաբեկման թիրախ դարձուցին Ալ. Խատիսեանը, որ ընդհակառակն արժանի էր միայն համազգային երախտագիտութեան ու յարգանքի՝ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան այն վարչապետը, որուն կառավարութեան օրով պաշտօնապէս հաստատուեցաւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի իրականացման նուիրուելու հայոց ազգային պետականութեան սրբազան հանգանակը։

Բայց ինչպէս 1920ականներուն, այնպէս ալ 1940ականներուն համայնավար հայը միեւնոյն հակադաշնակցական մոլուցքով… արտայայտեց իր «երախտագիտութիւն»ը ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ ղեկավարութեան, այնպէս ալ նաեւ ու որոշապէս Ալ. Խատիսեանի նկատմամբ։

1920ի Մայիս Մէկին, հայ պոլշեւիկը կառավարական բռնաշրջումի խռովութիւններ կազմակերպեց նորանկախ Հայաստանի իշխանութեանց դէմ՝ Խատիսեանի կառավարութեան հրաժարման պատճառ դառնալով։

Իսկ 1944ի վերջերուն, ազատագրեալ Ֆրանսայի մէջ հակաֆաշական ցասումի համաժողովրդական ընդհանուր ալիքը չարաշահելով՝ համայնավար հայը հակադաշնակցական նոր արշաւի ձեռնարկեց եւ թիրախ ընտրեց Խատիսեանի վեհոգութեամբ պետական այրը, որ իր ուժերու վերջին լարումով այդ օրերուն նուիրուած էր Բ. Աշխարհամարտի հայ ռազմագերիներու եւ գաղթականներու պաշտպանութեան ու պատսպարման գործին։

Հակառակ այդ ամէնուն, որքան ժամանակը կը թաւալի, այնքան առաւել պայծառութեամբ կը լուսաւորուի բաց ճակատը Ալեքսանդր Խատիսեանի, որ երիտասարդ տարիքէն Դաշնակցութեան համակիր ու սերտ գործակից ըլլալով հանդերձ՝ նոյնինքն Ռոստոմի եւ Համօ Օհանջանեանի խորհուրդներով, աւելի քան քսան տարի չմիացաւ Հ.Յ.Դ. շարքերուն, որպէսզի հայ հանրային եւ պետական գործիչի իր երախտաշատ ծառայութեան մէջ վեր պահուի հատուածական ամէն կարգի շահարկումներէ եւ բանսարկութիւններէ։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ալեքսանդր Խատիսեան (1874-1945)

Նոյնիսկ այն իրողութիւնը, որ Ալեքսանդրի աւագ եղբայրը՝ Կոնստանդին Խատիսեան մաս կազմած էր Դաշնակցութեան հիմնադիրներու փաղանգին, յաւելեալ հիմք ծառայած էր Ռոստոմներու այն տրամաբանութեան, թէ հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրութեան պայքարին համար հիմնական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Դաշնակցութեան ճառագայթումը ոչ միայն իր անդամներուն, այլ նաեւ ու մանաւանդ իր համակիրներուն լուսաւոր դէմքով։

Փաստօրէն միայն 1917ին՝ Լենինի Հոկտեմբերեան յեղաշրջումէն ետք էր, որ Ալ. Խատիսեան ընդունուեցաւ Դաշնակցութեան շարքերը, երբ արդէն 43 տարեկան էր։

Երբ արդէն տիրացած էր ազգային այն մեծ իմաստութեան, որ հայ ժողովուրդին փրկութիւնը կը կայանար միայն իր հաւաքական ուժին մէջ։

Այդ մղումով ալ Ալ. Խատիսեանի անունին կապուեցաւ առաջադրանքը «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ» Հայաստանի կերտման համազգային հանգանակին, որ իր վարչապետութեամբ կազմուած կառավարութեան ծրագրային նշանաբանը դարձաւ։

Ահա թէ ինչո՛ւ Ալ. Խատիսեան, եզրափակելով իր կոթողական աշխատասիրութիւնը՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը» խորագրով, հետեւեալ խորհրդածութեամբ պիտի խտացնէր Դաշնակցականի իր ազգային-քաղաքական կտակը.
«Ժողովուրդներու եւ պետութիւններու կեանքը կը տեւէ դարեր, հազարաւոր տարիներ։ Իմ յուշերու մէջ առնուած է պզտիկ ժամանակաշրջան մը, պատմական տեսակէտով՝ վայրկեան մը միայն, բայց անհունօրէն կարեւոր վայրկեան։ Ասիկա այն վայրկեանն է, երբ մեր ազգը՝ միացած խանդավառութեան մը մէջ՝ նորէն ստեղծեց իրեն համար անկախ ազգային կեանք։

«Ես ջանացի ցոյց տալ ծագումը այդ կեանքի եւ անոր զարգացման ելեւէջները, մանաւանդ այն վայրկեանները, երբ ես ինքս եղայ դէպքերու ականատեսը։ Բայց կեանքը կանգ չ՚առներ։ Եւ միշտ կը շարժի առաջ։ Եւ կեանքի մէջ ամէն բան կը փոխուի։ Պիտի փոխուին, ի հարկէ, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կեանքի զարգացման ապագայ պայմանները։ Ան շատ ուրախութիւն եւ վիշտ պիտի տեսնէ դեռ։ Բայց թո՛ղ անոր համար ալ հարազատ դառնայ նշանաբանը այն քաղաքի, որի մէջ կը գրուին սոյն տողերը.

«Կը տատանի, բայց չի սուզուիր»։

Ալ. Խատիսեան ծնած էր 17 Փետրուար 1874ին, Թիֆլիս, մեծատուն Խատիսեան ընտանիքի յարկին տակ։ Չորս եղբայրներու երկրորդն էր։ Թիֆլիսի Գիմնազիան աւարտած եւ Մոսկուայի ու Խարկովի համալսարաններուն մէջ բժշկական մասնագիտութեան տիրացած Ալ. Խատիսեան անունը անբաժան պիտի մնայ Թիֆլիսէն, որուն նախ քաղաքային վարչութեան խորհրդական (1902ին), ապա՝ փոխ-քաղաքապետ (1906ին) եւ, հուսկ, քաղաքապետ ընտրուեցաւ 1909ին, օրինակելի ձեռնհասութեամբ իրեն վստահուած պաշտօնը վարելով մինչեւ 1917։

Թիֆլիսի քաղաքապետութեան իր շրջանին, 1914ին, Ալ. Խատիսեան նախաձեռնեց եւ յաջողութեամբ իրագործեց Կովկասեան Քաղաքներու Միութեան ստեղծումը՝ ապահովելով 44 քաղաքներու մասնակցութիւնը եւ ստանձնելով միութեան նախագահութիւնը։

Հանրային-պետական այդ պատասխանատու դիրքերէն՝ Ալ. Խատիսեան տիրացաւ քաղաքական եւ տնտեսական հզօր լծակներու, որոնք անմնացորդ ծառայեցին ոչ միայն Թիֆլիսի հայկական դիմագծի պահպանման եւ զարգացման, այլեւ՝ թրքահայաստանի ազատագրութեան սուրբ գործին։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ալեքսանդր Խատիսեան (1874-1945)

Հայ ժողովուրդի դիմագրաւած ազգային-քաղաքական տագնապներուն, հարուածներուն եւ մարտահրաւէրներուն յաղթահարման մէջ մեծակշիռ եղաւ Ալ. Խատիսեանի անձնական ներդրումը։ Յաջողակ բժիշկ ըլլալով հանդերձ, ան կանուխէն ձեռք քաշեց բժշկութենէն ու ամբողջապէս նուիրուեցաւ ազգային-հանրային եւ քաղաքական-պետական գործունէութեան՝ հաւասարակշռուած քաղաքագէտի, բազմաշնորհ կազմակերպիչի, ճկուն դիւանագէտի եւ, մանաւանդ, ժողովրդային սիրուած ու յարգուած ղեկավարի օրինակելի կերպարը մարմնաւորելով։

Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ Ալ. Խատիսեան փութաց իր աջակցութիւնը բերելու Հայոց Ազգային Բիւրոյի ստեղծման, որուն փոխ-նախագահը ընտրուեցաւ եւ առաջնորդող դեր կատարեց հայ կամաւորական շարժման կազմակերպումին մէջ։

Հայ ժողովուրդի պատմութեան օրհասական այդ շրջանին, յատկապէս Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ հայ գաղթականութեան պատսպարման եւ հոգատարութեան դժուարին գործին մէջ, իբրեւ Թիֆլիսի քաղաքապետ եւ իբրեւ, մանաւա՛նդ, Կովկասեան Քաղաքներու Միութեան նախագահ, Ալ. Խատիսեանի ներդրումը անգնահատելի եղաւ։

Ցարական վարչամեքենային քաջածանօթ եւ վրացի թէ ռուս պետական-քաղաքական գործիչներուն հետ սերտ յարաբերութիւններ մշակած Ալ. Խատիսեան, գերազանցապէս ազգային գործիչի եւ ժողովրդային ղեկավարի իր կոչումով, որեւէ դժուարութիւն չունեցաւ պատշաճելու համառուսական յեղափոխութեան հետեւանքով ստեղծուած հիմնովին նոր պայմաններուն։ Արդէն անդամագրուած Դաշնակցութեան եւ համառուսաստանեան խորհրդարանին Դաշնակցութեան ցանկով պատգամաւոր ընտրուած՝ Խատիսեան նոր ծանօթութիւններ եւ գործակցութիւններ հաստատեց։ Այդ ճամբով, նաեւ, Բժիշկ Զաւրիեւի հետ, մասնակից դարձաւ Լենինի հայ զինակից Ստեփան Շահումեանի կողմէ Թրքահայաստանի ինքնավարութեան ծրագրի մշակումին, որ 1917ի վերջերուն իբրեւ պետական Դեկրետ հրապարակուեցաւ։

1917ի Դեկտեմբերը դարձակէտ կազմեց Ալ. Խատիսեանի կեանքին մէջ։ Թիֆլիսի քաղաքապետական նոր ընտրութիւններուն Խատիսեան կորսնցուց ինը տարիներու իր պաշտօնը, բայց շուտով հրաւիրուեցաւ Ալեքսանդրապոլ, ուր քաղաքապետ ընտրուեցաւ եւ այդ պաշտօնով իր աշխոյժ մասնակցութիւնը շարունակեց Անդրկովկասեան քաղաքական զարգացումներու ղեկավարման մէջ։ Ելեւմտական նախարար դարձաւ Անդրկովկասեան Սէյմի կառավարութեան մէջ եւ փութաց հոն, ուր հայ ժողովուրդի ծառայութեան կոչումը զինք տարաւ։

Երկարամեայ իր պետական գործիչի կենսափորձն ու դիւանագիտական հմտութիւնը օգտագործելու մտօք էր, որ Հայաստանի անկախութեան կերտումէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, Յովհաննէս Քաջազնունիի վարչապետութեամբ առաջին կառավարութեան կազմին մէջ, Ալ. Խատիսեանի վստահուեցաւ արտաքին գործոց նախարարի ծայր աստիճան զգայուն եւ դժուարին պատասխանատուութիւնը։
Այդպէ՛ս, Պաթումի մէջ թուրքերու հետ զինադադարի եւ հաշտութեան բանակցութիւնները Խատիսեան ինք վարեց՝ դժուարին պահերու դէմ յանդիման միշտ իր ողջմտութիւնը պահպանելով եւ գործնապաշտ լուծումներ գտնելով։

1919ի Մարտին, Ալ. Խատիսեանի վստահուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ կառավարութիւնը կազմելու վարչապետի պատասխանատուութիւնը։ Խատիսեան մինչեւ Մայիս 1920 գործեց իբրեւ վարչապետ եւ իր օրով ու յատկապէս իր արժանիքներուն շնորհիւ էր, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը անձեւ քաոսէն վերածուեցաւ ժողովրդավարական, իրաւական եւ ազգային-քաղաքական արմատներ նետած պետականութեան։

1920ի Մայիսին, պոլշեւիկեան խռովութեանց առաջքն առնելու նպատակով, Համօ Օհանջանեանի վարչապետութեամբ կազմուած Բիւրօ-կառավարութեան մաս չկազմեց Խատիսեան, բայց կառավարութեան յանձնարարութեամբ ստանձնեց Հայաստանի լիազօր ներկայացուցիչի առաքելութիւնը՝ արտասահմանեան հայօճախները շրջելու եւ Հանրապետութեան հաշւոյն ներքին փոխառութիւններ հանգանակելու եւ պետական պիւտճէն կայացնելու նպատակով։ Հայաստանի «Ոսկէ Հիմնադրամ»ի ստեղծման այդ առաքելութիւնը եւս Խատիսեան պատուով ի կատար ածեց։

Օրհասական պահերուն իր պայծառատեսութիւնը անայլայլ պահելու բնատուր արժանիքն ունեցող հայ պետական գործիչը վերստին պատնէշի վրայ կանգնեցաւ, երբ քեմալական Թուրքիոյ եւ լենինեան Ռուսաստանի աքցանին մէջ բռնուած՝ խեղդամահ եղող Հայաստանի Հանրապետութեան անունով քեմալականներու հետ բանակցող կառավարական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց 1920ի Դեկտեմբերին։

3 Դեկտեմբեր 1920ին իր կողմէ ստորագրուած Ալեքսանդրապոլի Դաշնագիրը, հակառակ տասնամեակներով վարկազրկման եւ ցեխարձակման թիրախ դարձած ըլլալուն, կը հանդիսանայ հայկական դիւանագիտութեան պատմակշիռ պահերէն մէկը, որ ծանր գին վճարելով հանդերձ՝ ամբողջական տրոհման վտանգէն փրկեց մանուկ Հայաստանը եւ Եղեռնէն վերապրած հայութիւնը։

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Խատիսեան անցաւ Փարիզ՝ իբրեւ փոխ-նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան, Աւետիս Ահարոնեանի հետ միասնաբար տէր կանգնելու համար ազատազրկուած Հայաստանի դատին։ Ահարոնեանի կաթուածահարութենէն ետք, Խատիսեան ինք ղեկավարեց Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը։

Իր այդ հանգամանքով եւ աւելի ուշ նորաստեղծ Հայ Գաղթականութեան Մարմնին նախագահի գործօն պատասխանատուութեամբ՝ Խատիսեան մեծապէս օգտակար եղաւ, Երկրորդ Աշխարհամարտի ամբողջ տեւողութեան, արեւմտեան Եւրոպայի հայօճախներու ազգային անվտանգութիւնը ապահովելու գործին։

Հայանուէր ծառայութեան այդ վաստակը, սակայն, բաւարար չնկատուեցաւ՝ նոյնիսկ պատճառ դարձաւ, որ 1918էն սկսեալ հակադաշնակցական մոլուցքի թիրախ դարձած Ալ. Խատիսեանը, իր կեանքի վերջալոյսին եւս, զոհ երթայ Ֆրանսայի հայ համայնավարներու եւ «Հայաստանասէրներու» բանսարկու զրպարտութիւններուն։

Թէեւ կարճ ժամանակուան համար, բայց փաստօրէն բանտարկուեցաւ հայոց 70ամեայ պետական ղեկավարը, որուն առողջական վիճակը բանտին մէջ լրիւ քայքայուեցաւ։ Բանտէն ազատ արձակուելէ ետք, առողջական վիճակը այլեւս չվերականգնեցաւ եւ Ալեքսանդր Խատիսեան յոգնաբեկ աչքերը առյաւէտ փակեց 10 Մարտ 1945ին։

Փարիզի Փէր-Լաշէզ գերեզմանատան մէջ ազգային մեծ շուքով հողին յանձնուեցաւ Խատիսեան։

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ վարչապետին յարգանքի իրենց տուրքը մատուցին ոչ միայն հայ ազգային երեք կուսակցութեանց ներկայացուցիչները, այլեւ՝ Ֆրանսացի եւ ռուս ու վրացի քաղաքական դէմքեր։

Բայց յատկապէս մեր ժողովուրդը խուռներամ մասնակցեցաւ այդ վերջին հրաժեշտին՝ հետագայ սերունդներուն պատգամելու համար, որ Ալեքսանդր Խատիսեան իր անձով, կեանքով ու գործով մարմնաւորեց հայ պետական գործիչի համընդհանուր յարգանքի արժանացած օրինակելի կերպարը։

Ինչպէս Սիմոն Վրացեան կը վկայէ՝
«Նա բնածին հասարակական գործիչ էր՝ բարձր թռիչքներով եւ բազմութիւնները վարելու ձգտումներով։ Պերճախօս հռետոր, բազմազան հետաքրքրութիւններ ու ծրագիրներ հետապնդող, արտասովոր կերպով աշխատունակ, ցոյց ու ժողովրդականութիւն սիրող, ազատախոհ եւ լաւ իմաստով պատեհապաշտ, կենդանի գործը վերացական տեսութիւններից գերադասող, հասարակական բոլոր խաւերի լեզուն հասկացող, հանրութեան ծառայելու պատրաստակամ, դիւրահաղորդ ու ամէնքին մատչելի, ազնիւ նկարագրի տէր՝ Խատիսեանը ստեղծուած էր հասարակական-քաղաքական գործունէութեան համար»։

Իբրեւ այդպիսին՝ արժանաւորապէս եւ իրաւամբ Ալեքսանդր Խատիսեան մարմնաւորեց «տատանող, բայց չսուզուող» Հայաստանի պետական նաւավարի անմա՜հ կերպարը։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail