ԱՄՆ-ի Մէջ Գործող Թրքական «Mosaic» Հիմնադրամը Ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

armenian genocide memorial museum

ԱՄՆ-ի Մէջ Գործող Թրքական «Mosaic» Հիմնադրամը Ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

11 ՄԱՐՏ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Մարտ 7-ին ԱՄՆ Քոլորատօ նահանգին մէջ գործող «Multicultural Mosaic Foundation» («Բազմամշակութային խճանկարի հիմնադրամ», MMF) ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ ermenihaber.am-ը:

Միացեալ Նահանգներու մէջ թրքական համայնքի կողմէ ստեղծուած այս հիմնադրամի գործունէութիւնը Թուրքիան կը կապէ իսլամական քարոզիչ Ֆեթուլլահ Կիւլենի հետ (ան Թուրքիոյ մէջ կը համարուի ահաբեկչական կառոյցի ղեկավար):

Թրքական աղբիւրին պնդումով` հիմնադրամը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է Կիւլենի յանձնարարականով:

Շուրջ 20 հոգինոց յանձնաժողովը 3 տարուան աշխատանքի արդիւնքով որոշած է կազմակերպութեան խորհուրդին մէջ քուէարկութեան դնել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:

Կազմակերպութիւնը տարածած է մամլոյ հաղորդագրութիւն, ուր կը նշուի, որ հիմնադրամը 3 տարի առաջ յանձնաժողով ստեղծած է 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու հետ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ուսումնասիրելու նպատակով:

«Այդ երեք տարիներու ընթացքին յանձնաժողովի անդամները դասախօսութիւններ եւ քննարկումներ ունեցած են օսմանեան եւ հայոց պատմութիւնները ուսումնասիրող մասնագէտներու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ հանդիպած են ցեղասպանութենէն փրկուածներու ընտանիքներու անդամներու հետ»,– կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

GENOCIDE-Armenian Genocide memorial in Yerevan.

yerakouyn.com/2020/03/11/ամն-ի-մէջ-գործող-թրքական-mosaic-հիմնադրամ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail