Էրտողան. «Փութինին Կոչ Ուղղեցինք` Տէր Զօրի Քարիւղի Դաշտերը Փոխադարձաբար Կառավարելու»

Էրտողան Սպառնացած Է Ճանչնալ Ամերիկացիներու Կողմէ Կարմիր Հնդիկներու «Ցեղասպանութիւն»-ը. ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման

Էրտողան. «Փութինին Կոչ Ուղղեցինք` Տէր Զօրի Քարիւղի Դաշտերը Փոխադարձաբար Կառավարելու»

11 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Էրտողան Սպառնացած Է Ճանչնալ Ամերիկացիներու Կողմէ Կարմիր Հնդիկներու «Ցեղասպանութիւն»-ը. ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտնեց. «Թուրքիան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին կոչ ուղղեց` Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքին մէջ քարիւղի դաշտերը փոխադարձաբար կառավարելու` ահաբեկիչներուն կողմէ կառավարուելու փոխարէն»:

«Փութին Տէր Զօրի քարիւղի դաշտերու կառավարման վերաբերեալ առաջարկը կը սերտէ, եւ կրնանք նոյնպիսի առաջարկ մը ներկայացնել Թրամփին», ըսաւ Էրտողան:

Ան յայտնեց, որ քարիւղի գիներուն նուազումը Թուրքիոյ համար «շատ օգտակար է» եւ պիտի նպաստէ առեւտրական գործարքներու հաւասարակշռութեան:

Էրտողան Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղեց իր պարտաւորութիւնները կատարելու` ընդգծելով, որ Թուրքիան Իտլիպի մէջ զինադադարի հաստատման համար սուղ գին վճարեց:

Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրի յայտարարեց. «Կը բացառենք Իտլիպի մէջ Թուրքիոյ օգնելու համար ցամաքային ուժեր ուղարկելը»:

«Կը սերտենք, թէ Իտլիպի մէջ Թուրքիոյ օգնելու ծիրին մէջ օդէն ի՛նչ կարելի է ընել», աւելցուց ան:

Ամերիկացի պատուիրակը նաեւ նշեց. «Կը սերտենք, թէ ՕԹԱՆ-ը ի՛նչ կրնայ ընել Իտլիպի մէջ Թուրքիոյ օգնելու, եւ բոլոր ընտրանքները սեղանի վրայ են»:

ARMENIAN GENOCIDE – This picture shows part of the 5.000 children from Kharput en route on donkey back and foot. “Story of Near East Relief” by James L. Barton, New York, 1930, p. 152
ARMENIAN GENOCIDE – genocide erzeroum 1895
Un charnier de victimes arméniennes du génocide dans le village de Sheyxalan (Turquie), en 1915. (ARMENIAN GENOCIDE MUSEUM / AFP)

www.aztagdaily.com/archives/468032

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail