«Քորոնա»-ն Կրնայ Շարունակել Առնուազն Մինչեւ Յունիս Տարածուիլ Ամբողջ Աշխարհի Վրայ

Քորոնա ժահրը

«Քորոնա»-ն Կրնայ Շարունակել Առնուազն Մինչեւ Յունիս Տարածուիլ Ամբողջ Աշխարհի Վրայ

11 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Չինաստանի առողջապահութեան հարցերով պետական կոմիտէի յատուկ փորձագիտական յանձնախումբի ղեկավար Չժոն Նանշան յայտնած է, որ «Քորոնա» ժահրը պիտի շարունակէ աշխարհի վրայ տարածուիլ առնուազն մինչեւ յունիս:

«Նախատեսութեան համաձայն, համաճարակը պիտի շարունակէ ամբողջ աշխարհի վրայ տարածուիլ առնուազն մինչեւ յունիս», ըսաւ ան:

Մինչ այդ, Չինաստան յայտարարեց, որ Ուհանի մէջ ժահրի դէմ պայքարին համար հաստատուած ժամանակաւոր բոլոր հիւանդանոցները փակուած են: Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ ժահրին տարածումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով այցելեց ժահրի օճախ Ուհան քաղաք: Ան յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրը իր տարածման օճախ Հուփայ նահանգին մէջ գործնականին մէջ վերահսկողութեան տակ առնուած է:

Իտալիոյ ճարտարարուեստի նախարարը յայտարարեց, որ իտալական կառավարութիւնը շուրջ 10 միլիառ եւրօ պիտի տրամադրէ «Քորոնա» ժահրին դէմ քայլերու ամրապնդման համար: Իտալիոյ վարչապետ Ճիոզեփփէ Քոնթէ քաղաքացիներուն հրամայեց մնալ տունը, ճամբորդել միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային եւ միայն համապատասխան արտօնութիւն ստանալէ ետք:

«Այլեւս ժամանակ չկայ: Մեր մօտ վարակի զգալի աճ կը նկատուի, մահերու թիւը նոյնպէս մեծ է: Մենք բոլորս պէտք է բան մը զոհաբերենք յանուն Իտալիոյ բարօրութեան եւ ատիկա պէտք է հիմա ընենք: Ահա թէ ինչու որոշեցի աւելի վճռական եւ խիստ քայլերու ձեռնարկել», յայտարարեց ան` աւելցնելով, որ Իտալիան բոլոր կողմերէն «պիտի շրջափակուի»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն զգուշացուց, որ Ֆրանսան տակաւին «Քորոնա» ժահրի տարածման «սկիզբը» կը գտնուի: Ան ֆրանսացիներուն կոչ ուղղեց խուճապէ հեռու մնալու եւ շեշտեց, որ իշխանութիւնները տագնապի դիմակայման համար «կազմակերպուած են»:

Կիպրոսի մեծագոյն հիւանդանոցին մէջ աշխատանքը առկախուեցաւ, երբ ի յայտ եկաւ, որ սրտի գործողութեան բաժանմունքի ղեկավար բժիշկը «Քորոնա» ժահրով վարակուած է: Ֆրանսայի մշակոյթի նախարար Ֆրանք Ռիսթեր եւս վարակուած է «Քորոնա»-ով:

Վատիկան երէկ յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով մինչեւ 3 ապրիլ Ս. Պետրոս հրապարակն ու Ս. Պետրոս տաճարը կը փակէ զբօսաշրջիկներուն առջեւ, «սակայն քրիստոնեաները կրնան աղօթքի համար մուտք գործել եկեղեցի: Կը փակուին նաեւ հրապարակին վրայի գրախանութն ու սրճարանը:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ աշխարհի վրայ «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահացածներուն թիւը Չինաստանի մէջ արձանագրուած 17 նոր մահերով անցաւ 4 հազարը»: Ֆրանսական լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ աշխարհի տարածքին զոհերուն թիւը հասած է 4011-ի, վարակուածներուն թիւը` շուրջ 110 հազարի, իսկ ժահրը տարածուած է աւելի քան 100 երկիրներու մէջ:

Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարարը յայտնեց. «Քորոնա»-ի մեր երկիրը հասնելուն հաւանականութիւնը շատ մեծ է, սակայն մինչեւ հիմա վարակման դէպք չէ նկատուած»:

Սպանիոյ խորհրդարանը երեսփոխանի մը «Քորոնա» ժահրով վարակուելէն ետք առնուազն մէկ շաբաթով առկախեց իր աշխատանքները: Սպանիոյ մէջ «Քորոնա»-ի զոհերուն թիւը 4 է, իսկ վարակուածներունը` 35:

Մարոքի մէջ արձանագրուեցաւ «Քորոնա» ժահրի պատճառով մահուան առաջին պարագան, իսկ ժահրէն վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 3-ի, Քուէյթի մէջ` 69-ի, Փաքիստանի մէջ` 16-ի, Զուիցերիոյ մէջ` 369-ի, Ինտոնեզիոյ մէջ` 27-ի, Ազրպէյճանի մէջ` 11-ի: Մինչ Մոնկոլիոյ մէջ արձանագրուեցաւ ժահրով վարակման առաջին պարագան, որ ֆրանսացի զբօսաշրջիկ մըն է, Պուրքինա Ֆասոյի մէջ արձանագրուեցան «Քորոնա» ժահրով վարակման առաջին 2 պարագաները:

aztagdaily.com/archives/468054

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail