Հաղորդագրութիւն – ԴԻՒԱՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

ԴԻՒԱՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Հաղորդագրութիւն – ԴԻՒԱՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

14 ՄԱՐՏ 2020 – ԴԻՒԱՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ:

ԴԻՒԱՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Հայ կաթողիկէ եկեղեցին, նկատի առնելով Լիբանանի մէջ տիրող դժուար ընկերային-տնտեսական պայմանները, իր Ընկերային ծառայութեան կեդրոնին միջոցով արդէն իսկ սկսած է 400-է աւելի կարիքաւոր ընտանիքներու օգնել սննդեղէն բաժնելով ամսական դրութեամբ, անսալով անանուն բարերարներու, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ աղքատախնամ միութեան, ինչպէս նաեւ յարգարժան տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու առատաձեռն օժանդակութիւններուն:

Բաշխումները սկսած են 2019-ի դեկտեմբեր ամիսէն, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ յունուար 11-ին, եւ փետրուար 15-ին, եւ պիտի շարունակուին ամսական դրութեամբ մինչեւ 2020-ի վերջը, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ՀԿՄ-ի սրահին մէջ, հետեւեալ շաբաթ օրերուն` մարտ 14, ապրիլ 8, մայիս 16, յունիս 13, յուլիս 11, օգոստոս 8, սեպտեմբեր 12, հոկտեմբեր 10, նոյեմբեր 7 եւ դեկտեմբեր 12:

Առ այդ, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ընկերային ծառայութեան կեդրոնէն երիտասարդներ հերթական այցելութիւններ պիտի կատարեն կարիքաւոր ընտանիքներուն` պատրաստելով մանրամասն ցուցակներ, որպէսզի կատարուած օժանդակութիւնները համապատասխանեն ընտանիքներու իսկական կարիքներուն:

Նշենք, որ դրամական յատկացումներ պիտի չկատարուին:

ԴԻՒԱՆ
ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

www.aztagdaily.com/archives/468504

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail