ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեան (1866-1948) Հայ Եկեղեցւոյ Քաջ Հովիւի պատկառելի կերպարը

Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեան (1866-1948)

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեան (1866-1948) Հայ Եկեղեցւոյ Քաջ Հովիւի պատկառելի կերպարը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր

Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեան (1866-1948).
Հայ Եկեղեցւոյ Քաջ Հովիւի պատկառելի կերպարը

Ն. Պէրպէրեան

Հայ ժողովուրդի հոգեւորական մեծութիւններու համաստեղութեան մէջ առանձայատուկ իր տեղը ունի Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեան, որուն ծնունդը կը նշենք 16 Մարտին։

Ոչ միայն բանասէրի ու մտաւորականի բազմակողմանի հետաքրքրութիւններով եւ շնորհներով օժտուած մեծավաստակ հոգեւորականն է Մելիք-Թանգեան Արքեպիսկոպոսը, այլեւ կը խորհրդանշէ իր առաջնորդութեան վստահուած մեր ժողովուրդին Քաջ Հովիւը՝ բառին ազգային-քաղաքական պահանջատիրութեան եւ սեփական ժողովուրդին անսակարկ նուիրումով տէր կանգնելու յեղափոխական մարտունակութեան վաւերական իմաստով։
1866ին ծնած է Բռնակոթ գիւղը (Զանգեզուր, Սիսիանի մարզ)։ Աւազանի անունով՝ Նիկողայոս, հազիւ իր գիւղի վարժարանը աւարտած, ապագայ Արքեպիսկոպոսը ընդունուած է Էջմիածնի «Գէորգեան» Ճեմարանը, ուր եւ ընտրած է հոգեւորականի իր կոչման ծառայելու ճանապարհը։

1886ին աւարտած է «Գէորգեան» Ճեմարանը եւ ստանձնած Էջմիածնի մէջ ուսուցչական ու վարչական աշխատանքներ։ Մտաւորական իր ընդունակութիւնները զարգացնելու նպատակով՝ ուղարկուած է Ս. Փեթերսպուրկ, որու համալսարանին իրաւաբանական բաժինը յաջողութեամբ աւարտած է 1900ին։

Վերադարձած է Ս. Էջմիածին եւ 1901ին Վարդապետ ձեռնադրուած է՝ Ներսէս վերանուանուելով։ Այդպիսով ալ սկսած է հոգեւորականի իր բազմավաստակ գործունէութիւնը։

1902ին արդէն Զանգեզուր է՝ Տաթեւի վանքի վանահայրի առաքելութեամբ։ Տենդագին լծուած է հայոց հոգեմտաւոր զարգացման դարաւոր այդ մեծ կեդրոնի աւանդներու վերանորոգման՝ շրջանի ժողովուրդին եւ մանաւանդ երիտասարդութեան մօտ բուռն խանդավառութիւն առաջացնելով հայոց հաւատքին ու հայ մշակոյթին նկատմամբ։

Հայկական Յեղափոխութեան եւ յատկապէս Դաշնակցութեան ազգային-քաղաքական ու յեղափոխական առաջադրանքներուն մօտ կանգնած հոգեւորական՝ Ներսէս Վարդապետ գաղափարական իր մկրտութիւնը ստացած է 1905ի հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակ, երբ կարեւոր ներդրում կ՚ունենայ Զանգեզուրի ինքնապաշտպանութեան մէջ՝ անոր առաջնորդող ոգին դառնալով Սեբաստացի Մուրատին հետ։

1906ին Ներսէս Վարդապետ վերստին Ս. Էջմիածին է, ուր երկար չի մնար սակայն, որովհետեւ Զանգեզուրեան իր գործունէութիւնը աննկատ չէ անցած Ցարական իշխանութեանց աչքէն, որոնք Կովկասի փոխարքայութեան ուղղակի միջամտութեամբ կը ստիպեն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկին, որ ժամանակաւորապէս Էջմիածնէն հեռացնէ յեղափոխաշունչ հոգեւորականին։ Ներսէս Վարդապետ 1907ին կ՚աքսորուի Խրիմ՝ իբրեւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Երկար չի տեւեր, սակայն, Ներսէս Վարդապետի աքսորը։ 1909ին նորօծն Մաթէոս Բ. Կաթողիկոսի կողմէ ետ կը կանչուի Ս. Էջմիածին եւ կը կոչուի Վանքի վարչական պատասխանատուութեան։

Հայ ժողովուրդի յեղափոխական խմորումները ճզմելու մտասեռումով ցարական իշխանութեանց ձեռնարկած ծաւալուն հալածանքի ժամանակաշրջանն էր, որ յանգեցաւ այսպէս կոչուած «Դաշնակցութեան Դատ»ին։ Ատենի հայ մտաւորականութեան, հոգեւորականութեան եւ յեղափոխական գործիչներու ողջ սերուցքը ամբաստանուեցաւ իբրեւ «դաշնակցական յեղափոխական»։
Յովհաննէս Թումանեան, Աւետիք Իսահակեան, Աւետիս Ահարոնեան, Ներսէս Վրդ․ Մելիք-Թանգեան եւ մեծանուն շատ ու շատ դէմքեր – 159 ամբաստանեալ – թիրախ դարձան հայ քաղաքական միտքը գլխատելու Ցարական Կայսրութեան լայնածաւալ հալածանքին։

1912ին աւարտեցաւ «Դաշնակցութեան Դատը» եւ ամբաստանեալները մեծ մասով անպարտ արձակուեցան։
Այդ շրջանին նոր էջ մը բացուեցաւ Մելիք-Թանգեան Քաջ Հովիւի կեանքին մէջ։ Ատրպատականի հայութիւնը դիմեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան՝ Ներսէս Եպիսկոպոսը իբրեւ թեմակալ առաջնորդ Թաւրիզ առաքելու խնդրանքով։ Գէորգ Ե․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդառաջեց դիմումին եւ, 1917ին Արքութեան արժանացնելով Մելիք-Թանգեան Եպիսկոպոսին, ուղարկեց Ատրպատական։

Մինչեւ իր կեանքին վերջալոյսը՝ 1948ի Սեպտեմբեր 29ը, Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեան մնաց ու գործեց Ատրպատականի մէջ, իբրեւ Ատրպատականի թեմի եւ ողջ Իրանի հայութեան անսահման սիրոյն, յարգանքին եւ հոգեմտաւոր պաշտամունքին արժանացած Քաջ Հովիւ։

Յատկապէս Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն, երբ տակաւին Եպիսկոպոս էր, Մելիք-Թանգեան պատմական տարողութեամբ ու նշանակութեամբ մեծ գործ կատարեց՝ տարագրուած ու Երեւան եւ Անդրկովկաս ցիրուցան դարձած Ատրպատականի հայութեան գաղթականական բեկորները գտնելու, հաւաքելու եւ ետ Ատրպատական վերադարձնելու ուղղութեամբ։ Ամէն դուռ բախեց, անհրաժեշտ միջոցները ստեղծեց եւ յաջողութեամբ ի կատար ածեց իր հօտի վերահաւաքման այդ կարեւորագոյն առաքելութիւնը։ Իր այդ ծառայութեան իբրեւ վարձատրութիւն՝ արժանացաւ Արքեպիսկոպոսի պատուական աստիճանին։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեան (1866-1948)

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեան (1866-1948) Հայ Եկեղեցւոյ Քաջ Հովիւի պատկառելի կերպարը

Ատրպատականի հայութեան վերականգումը ռազմաքաղաքական առումով հիմնական նշանակութիւն ունեցաւ իր անկախութիւնը նուաճած Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ապահովումին մէջ։ Ներսէս Արքեպիսկոպոս սերտ գործակցութեան մէջ գտնուեցաւ նորահաստատ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեանց հետ՝ մէկ կողմէ հայրենիքի հոգածութեան արժանացնելով Ատրպատականի եւ Իրանի հայութիւնը, իսկ միւս կողմէ մեծապէս սատարելով պարսկական իշխանութեանց հետ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կապերու եւ գործակցութեան ամրապնդումին։

Աւելի՛ն. երբ Հայաստան խորհրդայնացուեցաւ եւ Զանգեզուրի մէջ, անզուգական Գարեգին Նժդեհի ղեկավարութեամբ, բուռն պայքարը շարունակուեցաւ յանուն անկախութեան պահպանման, Ատրպատականի Հայոց թեմակալ առաջնորդը ամէն կարգի օժանդակութիւն եւ աջակցութիւն հասցուց Զանգեզուր, ի վերջոյ Թաւրիզի մէջ ապաստան տալով խորհրդային սուիններու տակ Հայաստանէն հալածուած ու հեռացուած Հանրապետութեան ղեկավարութեան։

Խորհրդայինները, անշո՛ւշտ, երբեք չներեցին Քաջ Հովիւին։ Ամէն միջոցի դիմեցին, մինչեւ իսկ ուղղակի մահափորձ կազմակերպեցին, որպէսզի մէկանգամընդմիշտ «ձերբազատուին» Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք¬Թանգեանէն։ Բայց Քաջ Հովիւը ոչ միայն ձախողութեան մատնեց խորհրդային ոտնձգութիւնները, այլեւ մինչեւ վերջին շունչ անհաշտ պայքար մղեց Հայոց հաւատքն ու Հայաստանեայց Եկեղեցին կաշկանդելու եւ ոտնակոխելու խորհրդային հետեւողական քաղաքականութեան դէմ։

Խորհրդային լուծի տակ տառապող ու լռութեան դատապարտուած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներուն յաղթագոռ ձայնը դարձաւ Մելիք-Թանգեան։ Մնայուն կապ պահպանեց Ս. Էջմիածնի հետ եւ ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի Կրեմլի դրածոյ «կղերականներու» սադրանքներուն դէմ պաշտպանէ ու անսասան պահէ հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեդրոն Ս. Աթոռը։

Այդ շրջանի իր գործունէութիւնը փաստագրող յուշերու, պաշտօնական եւ անձնական նամակագրութեան ամբողջ ժառանգութիւն մը Ներսէս Արքեպիսկոպոս կտակեց մեր սերունդներուն, որպէսզի հայկական իրաւունքին եւ հայոց հաւատքին սպառնացող որեւէ վտանգի պահուն վերանորոգենք անարգ հարուածները դիմագրաւելու մեր մարտունակութիւնը՝ Քաջ Հովիւին օրինակը մեր աչքին առջեւ ունենալով։

Նաեւ բանասիրական ու պատմաքաղաքական նշանակալի գործեր մաս կը կազմեն Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեանի մտաւորական վաստակին։ 1893ին հրատարակուած «Աշխարհաբարի քերականութիւնը», 1894ին լոյս տեսած «Մշակ» եւ «Նոր Դար» կուսակցութիւններ եւ մի քանի խնդիրներ»ը, 1903ին եւ 1905ին յաջորդաբար լոյս տեսած «Հայոց եկեղեցական իրաւունքը» աշխատասիրութեան երկու հատորները յիշատակելիներն են Մելիք-Թանգեանի բանասիրական ժառանգութեան։

Բայց մանաւանդ Հայ Մարդու եւ Հայ Հոգեւորականի պատկառազդու իր կերպարով՝ Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեան սերունդ կերտեց, Իրանի հայութեան քաջարի հովիւը դարձաւ եւ իր օրինակով ոգեշնչեց ու խրախուսեց հայ հոգեւորականութիւնը ի Հայաստան (խորհրդային կարգերու տակ անգամ) եւ ի սփիւռս հայաշխարհի։

Ինչպէս Խրիմեան Հայրիկ, այնպէս եւ Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեան մտքի եւ հոգիի լուսաւորիչ ու առաջնորդ եղաւ իր կենցաղով ու գործով։

Մելիք-Թանգեան Արքեպիսկոպոսին նուիրուած յուշերու եւ մանրավէպերու ամբողջ գրականութիւն մը ունինք, ուր անոր խորհուրդներն ու պատկառազդու կերպարը ի յայտ կու գան իրենց ամբողջական պարզութեամբ եւ վեհութեամբ։

Գէորգ Ստեփանեանի «Հայ-Թաթարական ընդհարումները Գորիսում եւ Ներսէս Վարդապետ Մելիք-Թանգեանը 1905թ.» աշխատասիրութեան պերճախօս վկայութեամբ՝
«Հարկ է նշել, որ Զանգեզուրում հայ-թաթարական ընդհարումների շրջանը համընկեց Երեւանի թեմի Տաթեւի փոխանորդութեան առաջնորդ եւ վանքի վանահայր Ներսէս Վրդ. Մելիք-Թանգեանի կառավարման շրջանի հետ:

Մելիք-Թանգեան հայրենանուէր եկեղեցական եւ հասարակական գործիչն անձնուրաց պաշտպան կանգնելով իր հօտին, ոգեւորեց ինքնապաշտպանութեան դիմողներին: Տեղի հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու նպատակով Հ.Յ.Դ. կուսակցութեան որոշումով Զանգեզուր եկած ֆիդայիներ Կայծակ Առաքելի, Կորիւնի, Սեբաստացի Մուրադի եւ այլոց հետ, Ներսէս Վարդապետը ձեռնամուխ է լինում կամաւորական ջոկատների կազմաւորմանը:

«Միքայէլ Վարանդեանն այդ առիթով գրում է.- «…երբեմնի Տաթեւի վանահայրը, այժմ Ներսէս Արքեպիսկոպոս, Առաջնորդ Հայոց Ատրպատականի, որ այն սեւ օրերուն մեր լաւագոյն եկեղեցականներու` Խրիմեանի, Խարախանեանի, Վարդան Վարդապետի աւանդութիւնը կ՚անձնաւորէր, անդուլ կը շրջէր հայ գիւղերը, սիրտ կու տար ժողովրդին, ինքնապաշտպանութեան քարոզ կը մղէր եւ միեւնոյն ժամանակ կորովի դիմումներով կը հասցնէր հայութեան վիշտն ու բողոքը փոխարքային ու իշխանութիւններուն»: Ահա, այդ օրերին էր, որ Ներսէս Վարդապետը ստացաւ «Զանգեզուրի Ղեւոնդ Երէց» անուանումը» («Սիւնիքի Հայագիտական Հետազօտութիւնների Կենտրոն»)։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail