16 Երկիրներու Քաղաքացիներու Մուտքը Հայաստան Կ՛արգիլուի․ Նոր Որոշում

16 Երկիրներու Քաղաքացիներու Մուտքը Հայաստան Կ՛արգիլուի․ Նոր Որոշում

17 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Փոխվարչապետ, Արտակարգ դրութեան պարէտատան ղեկավար Տիգրան Աւինեան Ֆէյսպուքի էջին վրայ հրապարակած է
ցանկը այն երկիրներու, ուրկէ արգիլուած է այդ քաղաքացիներու մուտքը Հայաստան:

«․․․Շարք մը երկիրներու մէջ Քորոնա ժահրի տարածումին պատճառով՝ այսօր որոշած եմ արգիլել 16 երկիրներու քաղաքացիներու մուտքը Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Իսկ այդ երկիրներէն վերադարձող ՀՀ քաղաքացիները պէտք է ենթարկուին 14-օրեայ մեկուսացման:

Երկիրներու ցանկն է.
1. Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւն
2. Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն
3. Հարաւային Քորէա
4. Ճափոն
5. Իտալիա
6. Սպանիա
7. Ֆրանսա
8. Գերմանիա
9. Զուիցերիա
10. Դանիա
11. Աւստրիա
12. Պելճիքա
13. Նորվեգիա
14. Շուէտ
15. Հոլանտա
16. Միացեալ Թագաւորութիւն

Պիտի չսահմանափակուի այդ երկիրներէն բեռափոխադրումներ իրականցնող փոխադրամիջոցի վարորդի ու փոխարինող մէկ վարորդի մուտքը Հայաստան:

Բացի այդ, օտարերկրեայ ուղղութիւններէ վերադարձող մեր բոլոր քաղաքացիները պէտք է ինքնամեկուսանան 14 օրեայ ժամկէտով: Ինքնամեկուսացման ընթացքին հիւանդութեան ախտանիշներ յառաջանալու պարագային պէտք է անյապաղ կապ հաստատել 060 838300 թէժ գիծի միջոցով․․․»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Zvartnots Cathedral, Etchmiadzin City, Armavir Province, Armenia, Middle East

yerakouyn.com/2020/03/17/16-երկիրներու-քաղաքացիներու-մուտքը-հայ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail