Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահը Կը Խոստովանի, Որ Քաղաքական Պաշտօնատարները Սկիզբը «Քորոնա»-ի Վտանգը «Թերագնահատած Են»

Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահը Կը Խոստովանի, Որ Քաղաքական Պաշտօնատարները Սկիզբը «Քորոնա»-ի Վտանգը «Թերագնահատած Են»

19 ՄԱՐՏ 2020 – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ -19 – – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Քորոնա ժահրը

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլի վոն տեր Լէյեն խոստովանեցաւ, որ քաղաքական պաշտօնատարները նոր «Քորոնա» ժահրին ներկայացուցած վտանգի տարողութեան «կարեւորութիւնը թերագնահատած են»: Ան այս մասին յայտնեց գերմանական «Պիլթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Վոն տեր Լէյեն օրաթերթին յայտնեց. «Մենք մասնագէտներ չենք. կը կարծեմ, բոլորս ալ, սկիզբը թերագնահատեցինք այս ժահրին կարեւորութիւնը: Սակայն ի յայտ եկաւ, որ մեզ երկար ատեն մտահոգելիք ժահր մըն է»:

«Անդրադարձանք, թէ այն բոլոր քայլերը, զորս երկու կամ երեք շաբաթ առաջ արմատական ու կարծր կը թուէին, պէտք էր օրին որդեգրուէին», ըսաւ ան` յիշեցնելով, որ Եւրոպան «ներկայ պահուս տագնապի օճախ կը նկատուի»:

Ան սակայն մերժեց ժահրին դէմ «պատերազմ» եզրը, որ այս շաբաթ օգտագործած էր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը: «Անձնապէս չեմ օգտագործեր պատերազմ բառը, սակայն կը հասկնամ Ֆրանսայի նախագահին դրդապատճառը, որովհետեւ «Քորոնա» ժահրը մտահոգութիւն պատճառող հակառակորդ մըն է», ըսաւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը:

Յիշեցնենք, որ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները երեքշաբթի օր «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի քայլերը քննարկելու համար գումարեցին տեսախորհրդաժողովի ձեւաչափով արտակարգ վեհաժողով մը, որուն ընթացքին որոշեցին միութեան արտաքին սահմանները 30 օրով փակել ոչ անդամ երկիրներէն ճամբորդներուն առջեւ:

Իտալիոյ վարչապետ Ճիւզեփէ Քոնթէ ժողովի ընթացքին յայտնեց, որ «Քորոնա ծովաշարժը» Եւրոպական Միութեան մէջ որեւէ երկիր անվնաս պիտի չձգէ:

www.aztagdaily.com/archives/469133

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail