Ֆրանսական «Սանոֆի» Ընկերութիւնը Կը Յայտարարէ, Թէ «Քորոնա»-ի Դէմ Յաջող Դեղ Պատրաստած Է

Ֆրանսական «Սանոֆի» Ընկերութիւնը Կը Յայտարարէ, Թէ «Քորոնա»-ի Դէմ Յաջող Դեղ Պատրաստած Է

19 ՄԱՐՏ 2020 – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ -19 – – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ -19

«Նուբար Աֆեյեանի հարցազրոյցը լիբանանի Ռատիօ ՎԱՆ ռատիօկայանին»

Ֆրանսական դեղերու արտադրութեան «Սանոֆի» ընկերութիւնը յայտնեց, որ իր կատարած «շատ դրական» փորձարկումներէն ետք, պատրաստ է «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու դարմանման համար տրամադրել 300 հազար դեղահատ տրամադրել:

Ընկերութիւնը յայտարարեց, որ մալարիայի դէմ եղող դեղը մեծ ազդուութիւն ցուցաբերած է նոր «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն դարմանման մէջ:

Ֆրանսական ընկերութեան բանբերը ԱՖՓ-ի յայտնեց, որ այդ դեղին վրայ կատարած փորձարկումներուն քաջալերական արդիւնքներուն լոյսին տակ, «Սանոֆ»-ի կը խոստանայ իր դեղը դնել Ֆրանսայի տրամադրութեան տակ եւ փոխանցել միլիոնաւոր դեղահատեր, որոնք կարելիութիւն կու տան 300 հազար հիւանդներու դարմանման:

Բանբերը նոյն ատեն շեշտեց, որ ընկերութիւնը պատրաստ է «այս արդիւնքներու հաստատման» համար գործակցելու ֆրանսական իշխանութիւններուն հետ:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին աջակցելու համար Իրան ուղարկած է բժշկական եւ այլ սարքեր:

Ապու Տապիէն մեկնած երկու օդանաւերը տեղափոխած են աւելի քան 32 թոն ապրանք, ներառեալ` ձեռնոցներ, դիմակներ եւ պաշտպանիչ այլ սարքեր:

Ասիկա վերջին օրերուն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողմէ Իրանին օժանդակութիւն տրամադրելու երկրորդ դէպքն է: Էմիրութիւնները, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հետ համագործակցութեամբ, 3 մարտին բժշկական ապրանքներով լեցուն 7,5 թոն բեռ ուղարկած էր Իրան: Բացի ատկէ, Իրան մեկնած են նաեւ կազմակերպութեան հինգ մասնագէտներ` օգնելու առողջապահութեան ոլորտի 15 հազար աշխատակիցներու:

Մեկնաբանելով օգնութիւնը` միջազգային համագործակցութեան հարցերու պետական նախարար Ռիմ պընթ Իպրահիմ Հաշեմին նշած է. «Իրանին երկրորդ բժշկական օգնութիւն տրամադրելու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ջանքերը կ՛արտացոլացնեն մարդասիրական սկզբունքները, որոնց հիման վրայ ստեղծուած է մեր երկիրը»:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ անհրաժեշտ է օգնութիւն տրամադրել` փրկելու համար կեանքերը այն անձերուն, որոնք նեղութեան մէջ են:

Միւս կողմէ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ուհան քաղաքի մէջ նոր «Քորոնա» ժահրի բռնկումէն ետք բժշկական սարքաւորումներ տրամադրած է Չինաստանին, ներառեալ` դիմակներ եւ ձեռնոցներ: Ինչպէս նաեւ Աֆղանիստան ուղարկած է հազարաւոր մարդիկ` հետազօտելու համար 20 փորձարկումներ եւ սարքաւորումներ:

Յատկանշական է, որ 4 մարտին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները բարեկամ երկիրներու 215 քաղաքացիներ Չինաստանի Հուպէյ նահանգէն տեղափոխած է Ապու Տապի մարդասիրական քաղաք, ուր անոնք կը ստանան անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն նախքան իրենց հայրենիք վերադառնալը:

Թեհրանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը իր կարգին հաղորդեց, որ Անգարայի մէջ Իրանի դեսպանին ու Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարարութեան միջեւ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի շուրջ կնքուած համաձայնութեան հիմամբ, Իրան ուղարկուած են բժշկական սարքեր:

Մինչ այդ` «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ աշխարհի վրայ «Քորոնա»-էն վարակուածներուն թիւը անցած է 200 հազարը, իսկ զոհերունը` 8000-ը:

Մինչ Խրխըզիստանի մէջ արձանագրուեցաւ «Քորոնա» ժահրով վարակման առաջին երեք պարագաները, իսկ Ճիպութիի մէջ` առաջին պարագան, Հարաւային Ափրիկէի մէջ վարակուածներուն թիւը 23-էն բարձրացաւ 85-ի, Թայլանտի մէջ` 212-ի, Նոր Զելանտայի մէջ` 20-ի, Իսրայէլի մէջ 427-ի, ինչ որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 40 առ հարիւրի աճ մըն է, Քուէյթի մէջ` 142-ի, Ալճերիոյ մէջ` 67-ի, Ռուսիոյ մէջ` 147-ի, իսկ Փորթուգալի մէջ` 450-ի:

Մոլտովայի եւ Պանկլատէշի մէջ արձանագրուեցան «Քորոնա»-ի առաջին զոհերը:

Չինաստանի մէջ վարակման միայն 11 նոր պարագաներ արձանագրուեցան, եւ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 80.894-ի, իսկ զոհերուն թիւը` 3537-ի: Նշենք, որ իրերայաջորդ 5-րդ օրն ըլլալով Չինաստանի մէջ վարակումներուն թիւը նուազ է, քան արտասահմանի մէջ արձանագրուածները: Նշանակալից է, որ երեքշաբթի օր «Քորոնա»-ի օճախ Ուհանի մէջ վարակման միայն մէկ դէպք արձանագրուած էր:

Իրանի մէջ «Քորոնա» ժահրէն վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 17,361-ի, իսկ զոհերունը` 1135-ի: Իրանի առողջապահութեան նախարարի օգնականը յայտարարեց, որ ժամական 3 իրանցիներ կը մահանան, եւ 43 ուրիշներ կը վարակուին «Քորոնա» ժահրով:

Հարաւային Քորէայի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 8413-ի, իսկ զոհերունը` 84-ի: Սպանիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 13,716-ի, իսկ զոհերունը` 558-ի: Մինչ Նետերլանտներու մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 3035-ի, Բրիտանիոյ մէջ` 676-ի, Զուիցերիոյ մէջ, մէկ օրուան ընթացքին 1300 անձերու վարակուելէն ետք, թիւը բարձրացաւ 3028-ի, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 114-ի:

www.aztagdaily.com/archives/469132

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail