ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Պատիւը՝ կեանքից աւելի – Յաղթելու համար էապէ՛ս պէտք է հաւատաս, որ կրնա՛ս եւ անպայման պիտի յաղթե՛ս

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Պատիւը՝ կեանքից աւելի – Յաղթելու համար էապէ՛ս պէտք է հաւատաս, որ կրնա՛ս եւ անպայման պիտի յաղթե՛ս

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Պատիւը՝ կեանքից աւելի»

25 Մարտ 2020

Բարի լոյս՝ կեանքին վրայ դողալու համաշխարհային անդոհանքի այսօրուան մղձաւանջին մէջ բոլորս սթափեցնող ու կեանքէն աւելի վեր բաներ տեսնողներուն, այլեւ իրենց օրը ըստ այնմ իմաստաւորողներուն։

Բարի լոյս՝ որոշապէս հայրենի հողը սրբութեան պէս պահպանող եւ, թշնամիի բռնագրաւումէն զայն ազատագրելու համար, սեփական գերագոյնը զոհաբերելու պատրաստ՝ «պատիւը կեանքէն վեր» դասող գաղափարի մարտիկներուն։

Մարդոցմէ մեկուսացած ու բոլորին պէս, քորոնավիրուսէն պաշտպանուելու համար, տանս պատերուն մէջ փակուած՝ պատահականօրէն համացանցի վրայ տեղեկացայ, որ Մարտ 25ի այս օրը ծննդեան տարեդարձն է Արցախեան Հերոսամարտի անձնուէր հերոսներէն՝ 13 Յունուար 1994ին զոհուած ազատամարտիկ ՎԱՐԴԱՆ ԴԱԼԼԱՔԵԱՆի։

Դժբախտաբար համացանցի վրայ ժլատ են աղբիւրները 25 տարեկան հասակին մահուան դէմ ճակատաբաց քալած, Քարվաճառի ազատագրման ընթացքին ռազմի ճակատին վրայ զոհուած Վարդան Դալլաքեանի կենսագրութեան մասին։ Ինչ որ գտայ՝ ներկայացուած է փոխան Յուշատետրի փոստով։

Բարի լոյս իջնէ շիրիմներուն կամ անթաղ աճիւններուն, այլեւ անմար մնայ յիշատակը մեր ժամանակներուն Հայաստանի եւ Հայութեան ՄԷՋՔԸ ՇՏԿԱԾ ու ԳԼՈՒԽԸ ԲԱՐՁՐ ՊԱՀԱԾ Արցախեան Ազատամարտի ԱՆՄԱՀ ՍԵՐՈՒՆԴին։

Բարի լոյս եւ փառք ու պատիւ՝ Վարդան Դալլաքեանի օրինակով հազարաւոր այն ԱՆՁՆՈՒՐԱՑՆԵՐՈՒՆ, որոնք քսան տարիքը դեռ չթեւակոխած՝ ազատագրական պայքարի դաշտ նետուեցան եւ իրենց անփոխարինելի արեան զոհաբերութեամբ վճռահատեցին, որ ՄԱՐԴ ԷԱԿԻՆ համար կան ԿԵԱՆՔԷՆ ՎԵՐ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, որոնց համար կ՚արժէ ընծայաբերել մեր գերագոյնը՝ ՆՈՅՆԻՆՔՆ ԿԵԱՆՔԸ։

Ազգի եւ Հայրենիքի ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՐԱՊՆԴԱԾ այդ Սերունդին կարեւոր մէկ մասը համալսարանական ուսանող էր, որ դասագիրքի ու «Եարի փոխան զէնք» գրկեց, որպէսզի ոչ միայն իրեն, այլեւ իր յաջորդներուն՝ զաւակներո՛ւն համար ազատ ու անկախ հայրենիք նուաճէ, ապահով եւ բարօր կեանք ստեղծէ, այլեւ մանաւանդ՝ կեանքէն վեր արժէքներով մեր կեանքը իմաստաւորէ։

Բարի լոյս՝ կեանքի բերած ամէն կարգի մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարի ժամանակ կեանքէն ալ վեր սեւեռող ու ԱՆԿՈՐՆՉԵԼԻ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ ՓԱՐՈՂ հաւատաւորներուն։

Յաղթելու համար էապէ՛ս պէտք է հաւատաս, որ կրնա՛ս եւ անպայման պիտի յաղթե՛ս։

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Պատիւը՝ կեանքից աւելի

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail