ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ազատ Վշտունի (1894-1958) Հայ Մարդու «խորհրդայնացման» գործած աւերը հայրենի գրականութեան մէջ

Yerevan City - Armenia

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ազատ Վշտունի (1894-1958) Հայ Մարդու «խորհրդայնացման» գործած աւերը հայրենի գրականութեան մէջ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

26 ՄԱՐՏ 2020 – Յուշատետր:

Ազատ Վշտունի (1894-1958).
Հայ Մարդու «խորհրդայնացման» գործած աւերը
հայրենի գրականութեան մէջ

Ն. Պէրպէրեան

Լուսաբացին,
Լացի՜ն, լացի՜ն
Վարդերը՝ սեւ թերթեր բացին…

Լուսաբացին,
Ջինջ, լուսածին
Հաւքեր թռան լուռ, գնացին…

Լուսաբացին,
Ուռին, հացին
Առուի ափին մեղմիկ լացին…

Լուսաբացին,
Ես տուն դարձին,
Խամրած գտայ իմ սիրածին…

Լուսաբացին,
Շաղ ու թացին,
Սրտիս համար շիրիմ բացին…

Քնարական այս գողտրիկ ու սրտցաւ յուզաշխարհը մեր գրականութեան բերած է Ազատ Վշտունի գրչանունով հայ բանաստեղծը, որուն մահուան տարելիցը կ՚ոգեկոչուի Մարտ 26ին։

1958ի այս օրը վախճանած Ազատ Վշտունին կը հանղիսանայ դառն ու ողբերգական վկաներէն ու ներկայացուցչական զոհ-դէմքերէն մէկը «խորհրդայնացում»ին գործած աւերին՝ ինչպէս Հայ Մարդու ազգային հոգեկերտուածքին, այնպէս եւ հայ գրականութեան մէջ։

Կարելի չէ արմատական ախտորոշումը ունենալ մինչեւ մեր օրերը հայ մարդոց եւ ընդհանրապէս հայկական հոգեկերտուածքին մէջ յամեցող «խորհրդային ժառանգութեան», առանց քննելու եւ հասկնալու, թէ որքա՜ն խոր հարուածի տակ ինկաւ ազգային արժէքներու մեր բազմադարեան՝ աւանդակա՛ն հարստութիւնը…

խորհրդային ամբողջատիրութեան բրտօրէն պարտադրած «նիւթապաշտ աշխարհայեացք»ին հետեւանքով։

Եւ քնարերգակ հայ բանաստեղծը՝ Ազատ Վշտունին տիպական օրինակներէն մէկը եղաւ խորհրդային խառնարանին զոհաբերուած հայկական «սրբութիւններուն», նաեւ ու մանաւանդ՝ այլասերումին։

Մէկը՝ տոհմական մեր արժէքներով սնած ու արժանիքներով կազմաւորուած հայ քերթողներէն, որոնք փութացին լծուելու այսպէս կոչուած «խորհրդահայ գրականութիւն» եւ «խորհրդային հայութիւն» արմատաւորելու սնապաշտութեան։

Ինչպէ՞ս․․․

Միայն մէկ օրինակ․

– Հայ գեղջուկին դարերով երգած «Եզօ ջան, ախպէր ջան»ի փոխարէն՝ իրաքեան անապատներու մէջ տառապող արաբ ժողովուրդին «Ուղտ»ին հետ եղբայրանալու երգը… քերթելով։

Աւազանի անունով Կարապետ Մամիկոնեան՝ Ա. Վշտունի ծնած է 1894ի Յուլիս 17ին Վան, ուսուցիչի յարկի տակ։ Տարրական իր ուսումը ստացած է Վանի «Երամեան» վարժարանին մէջ, այնուհետեւ՝ աւարտած է Պոլսոյ «Կեդրոնական» վարժարանը։

Կանուխ տարիքէն աշխատակցած է իր ծննդավայրի «Վան-Տոսպ» ու «Աշխատանք» թերթերուն՝ սէրն ու պարզ մարդոց տառապանքը երգող գողտրիկ բանաստեղծութիւններով։

1911ին մեկնած է Փարիզ, ուր կահոյքի գործարանի մը մէջ աշխատելով՝ երեկոները իբրեւ ազատ ունկնդիր հետեւած է Սորպոնի համալսարանի գրականութեան, փիլիսոփայութեան եւ հասարակական գիտութեանց դասընթացքներուն։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 26 ՄԱՐՏ 2020 – Ազատ Վշտունի (1894-1958)

*
* *

Պոլիսը՝ ազգային համոզումներու, իսկ Փարիզը՝ ընկերային կողմնորոշման առումով խոր ազդեցութիւն գործեցին Ազատ Վշտունիի կազմաւորման վրայ։

Օսմանեան լուծին դէմ ծառացումի եւ Հայաստանի ազատագրութեան համար պայքարի իր ներշնչումը Ա. Վշտունի ստացաւ Պոլիսէն, իսկ Փարիզեան տարիները անոր մէջ արմատաւորեցին ընկերային անհաւասարութեան եւ անարդարութեանց դէմ խոր ընդվզումը։

Փարիզը նաեւ գրական-ստեղծագործական հունաւորում տուաւ Վշտունիին։ Այդ տարիներուն իր ծաղկումը ապրող Ապագայապաշտ Դպրոցը վճռորոշ անդրադարձ ունեցաւ Ա. Վշտունիի քերթողութեան վրայ՝ ձայնային եւ յանգային ուրոյն ներդաշնակութեամբ եւ երաժշտաւորումով յատկանշելով անոր քնարերգական յուզականութիւնը։

Ահա՛ նմոյշ մը՝ «Օրհներգ Հմայքիդ» խորագրով քերթուածը.

Հասուն նռներով է այգիդ, բայց փակ դռներով է այգիդ,
Անքուն պահապանը լինեմ այգուդ ու դիւթող հմայքիդ։

Լինեմ թռվռուն մի թիթեռ, թառեմ քո փարթամ ուսերին,
Հալուեմ աչքերիդ գիշերին, ծալուեմ ծամերիդ հիւսերին։

Վարդի, կնդրուկի բոյր ունես, շրթունքս բանամ
տամ բոյրիդ,

Թէ գանձ ես ուզում՝ անձս տամ այրող մի հատիկ
համբոյրիդ։

Սրտիս թագուհին ես դիւթող, տիրել ես սրտիս
պերճ գահին,

Խղճա՜յ, կա՛մ կեանք տուր, որ ապրեմ, եւ կամ շուտ
յանձնիր ինձ մահին։

Թէ կեանք ես տալիս՝ դուռդ բաց, մտնեմ բուրաւէտ,
վառ այգիդ,

Թէ մահ տաս՝ վերջին շնչիս հետ օրհներգ կը ձօնեմ
հմայքիդ։

1914ին տեղափոխուեցաւ Թիֆլիս, ուր աշխոյժ աշխատակցեցաւ հայ մամուլին։ Այդ շրջանին լոյս տեսած իր բանաստեղծութիւնները, ապագայ շնորհալի քերթողի մը խոստումը փոխանցող իրենց մարդկայնական յուզաշխարհով եւ քնարականութեամբ, գրաւեցին Յովհաննէս Թումանեանի ուշադրութիւնը, որուն քաջալերանքով Ա. Վշտունի իր ճամբան բացաւ հայ գրականութեան մէջ։

Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումն ու հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրը մղեցին Ա. Վշտունին, որ նուիրուի Հայ Կամաւորական Շարժումին։
Ականատե՛սը եղաւ թրքական եղեռնագործութեան ծանրագոյն հետեւանքներուն եւ բանաստեղծի իր ներաշխարհին մէջ հայ ժողովուրդին ողբերգութիւնը մնայուն տեղ գրաւեց։

Իր այդ ապրումները Ա. Վշտունի հայ գրականութեան յանձնեց 1915ին լոյս տեսած «Կամաւորի յուշատետրից» խորագրեալ պատմուածքներու հատորով մը։

*
* *

Ինչպէս Չարենցի պարագային, նոյնպէս ալ Վշտունիի համար՝ 1917ի ռուսական յեղափոխութիւնը յոյսի եւ հաւատքի վերանորոգման առիթը ընծայեց։

Ազատ Վշտունին 1918ին միացաւ հայ պոլշեւիկներուն։ Այդ շրջանին աշխատեցաւ հին «Ներսիսեան» Որբանոցին մէջ, ուր կազմեց գրական խմբակներ եւ լոյս ընծայեց «Փարոս» անունով գրական-հասարակական շաբաթաթերթ մը, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 1919։

1919էն 1920, իբրեւ կոմունիստ գործիչ, Վշտունի գնաց Ղրիմ։

1921-1922ին, Վշտունի Խորհրդային Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ ուղարկուեցաւ Իրան եւ Իրաք, մօտէն հետեւելու համար հայրենադարձութեան գործին։ 1922ին, Չարենցի եւ Գ. Աբովի հետ հրապարակեց «Երեքի Դեկլարացիա»ն, որ խորհրդահայ գրականութեան հիմնադրութեան յայտարարագիրը եղաւ։

Այնուհետեւ, մինչեւ մահ՝ 1958ի Մարտ 26ը, Ազատ Վշտունի մնաց «խորհրդային պատնէշ»ի վրայ՝ թէ՛ պետական պաշտօններ ստանձնելու եւ թէ հայ գրականութիւնը «խորհրդայնացնելու» ծառայութեան առումներով։

Վշտունի դարձաւ Արեւելքի «յեղափոխութեան»՝ խորքին մէջ «համայնավարական զարթօնք»ին երգիչը։ Բանաստեղութիւններու ամբողջ հատորներ՝ «Զարթնող Արեւելքի երգեր», «Սալամ-Նամէ» եւ ուրիշներ նուիրեց չինական ու հնդկական, իրաքեան եւ ատրպէյճանական «յեղափոխական» շարժումներուն։ Իսկ Երկրորդ Աշխարհամարտի տարիներուն եղաւ առաջիններէն, որ այսպէս կոչուած «Հայրենական Մեծ Պատերազմ»ի երգերը հնչեցուց՝ «Ստալին Հայրիկ»ին ձօնուած ներբողներով…

Ազատ Վշտունի հայ գրականութիւն մուտք գործեց «Սրտիս լարերէն», «Բերկրանք», «Փոքրիկ լրագրավաճառը» եւ «Գարնանականչ» խորագրուած քնարական, յուզիչ եւ խոհուն բանաստեղծութիւններով, բայց Հայաստանին եւ հայութեան պարտադրուած խորհրդայնացումին պատշաճելու իր կողմնորոշումով՝ հայ գրողի իր ուղիին վրայ յարդ ու որոմ ցանեց…

Յատկապէս 1921էն 1927 լոյս տեսած իր գործերը շեշտակիօրէն կը կրեն պետական պատուէր կատարողի դրոշմը։ Հայ Գրականութեան թափօններու կոյտին կը պատկանին անոնք։

*
* *

Ազատ Վշտունիի ոգեկոչման առիթով կատարուած այս մտորումները եզրափակելով՝ տեղին է մատնանշել, որ խորհրդայնացման աւերը ոչ միայն այլասերման տարաւ մեր բանաստեղծներուն, այլեւ անոնց պարտադրեց փոխադարձ պարսաւանքի ու անձնականացուած ցեխարձակումներու ահաւոր «աւանդութիւն» մը, ինչպէս որ ստորեւ կ՚երեւայ Մեծն Չարենցի կողմէ երբեմնի իր գրչեղբօր հասցէագրուած փոխադարձ պարսաւագրին մէջ.

-«1922 թուին Մոսկուայում հրատարակուած իմ հատորներում, ի հարկէ, կան հայրենասիրական ռոմանտիզմի նմոյշներ, բայց դրանք անմեղ բաներ են համեմատած Վշտունու զոոլոգիական, դաշնակցական ագրեսիվ նացիոնալիզմի հետ («Կամաւորի յուշատետրից»եւ այլն)»։

Նման տխուր եւ ամօթալի ժամանակներու յուշատետրը կը բանայ Ազատ Վշտունիի մահուան տարելիցին ոգեկոչումը։
Այդ ամէնը արգելք չէ, սակայն, յանուն պատմական ճշմարտութեան հաստատագրելու համար, որ նոյնիսկ խորհրդային այդ տասնամեակներուն Ազատ Վշտունի հայ գրականութեան տուաւ նաեւ իր սկզբնական շրջանին քնարականութեամբ թաթաւուն՝ սիրտ գրաւող եւ միտք յուզող բանաստեղծութիւններ։

Օրինակ՝

Խարտեաշ մազերո՜վ տղայ, լճակ աչքերո՛վ տղայ,
Ցուրտ է, հազում ես անվերջ, թշուա՛ռ, կը մեռնես հազէդ:
Տոկուն, համարձա՛կ տղայ, եռուն փողոցի՛ տղա՛յ,
Վազիր ու կանչիր ուժգին.- Նոր լո՜ւր, հեռագի՜ր, կազէ՜թ:

Բոպիկ ոտներո՛վ տղայ, առոյգ, կիսամե՛րկ տղայ,
Արագ անցնում ես մայթէն, մայթը թնդում է վազէդ:
Հպարտ, աշխատո՛ղ տղայ, մրի՛, զրկանքի՛ տղայ,
Կանչի՛ր, անցորդին կանչի՛ր.- Նոր լո՜ւր, հեռագի՛ր, կազէ՜թ:

Սիրուն՛, սրիկա՜յ տղայ, անտուն շրջմոլի՛կ տղայ,
Ամէնքը սիրում են քեզ, դիւթուած մանկական նազէդ:
Խայթող ու հեգնո՛ղ տղայ, գգուանք անարգո՛ղ տղայ,
Թռի՛ր, բարձրաձայն կանչիր.- Նոր լո՜ւր, հեռագի՜ր,, կազէ՜թ:

Փոքրիկ տաս տարո՛ւ տղայ, ըմբոստ, մաքառո՛ղ տղայ,
Հոսում է քրտինք ճակտէդ, այտէդ ու փոշոտ մազէդ,
Փողոց քնացո՛ղ տղայ, անկիւն կուչ եկա՛ծ տղայ՛
Կանչի՛ր, քնիդ մէջ կանչիր.- Ցուրտ է, մրսում եմ, կազէթ:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail