ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Կարեւորը ոչ թէ նահատակուելն է, այլ նպատակին հասնելը

Հաղպատ գյուղը գտնվում է Լոռու մարզի Ալավերդու տարածաշրջանում

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Կարեւորը ոչ թէ նահատակուելն է, այլ նպատակին հասնելը

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Կարեւորը ոչ թէ նահատակուելն է, այլ նպատակին հասնելը»

3 Ապրիլ 2020

Բարի լոյս՝ տարուան այս չորրորդ ամիսը՝ Ապրիլը հայոց ՍԵՒ ԱՄԻՍը հռչակած հայ քաղաքական մտքի դրօշակիրներուն, որոնք այդուամենայնիւ միշտ՝ տարուան բոլոր օրերուն եւ կեանքի բոլոր պահերուն ալ ՑԵՂԱՍՊԱՆ թրքական պետութեան ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐՈՒՆ պատրաստ գտնուելու, այլեւ՝ անխոնջ վճռականութեամբ միշտ ԶԳՕՆ ՈՒ ԶԳԱՍՏ ՄՆԱԼՈՒ պատուէրով կը հունաւորեն ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ երթը մեր սերունդներուն։

Բարի լոյսով թող պսակուի պայծառ ճակատը հայ մարդու ազգային յիշողութեան պաստառին այսօր վեր յառնող ՎԱՆԱՅ ԻՇԽԱՆին, որ 1915ի Ապրիլ 3ին առաջին զոհերէն մէկը եղաւ ՆԱՀԱՏԱԿ ՀԱՅ ՑԵՂԻՆ։

Յուշատետրի փոստով հակիրճ ներկայացուած են Հայկական Ազատամարտի այս ՀՍԿԱՅԻՆ՝ Վանայ Իշխանին ԴԷՄՔը, ԳՈՐԾը եւ ԿՏԱԿը։

Խոկումի այս պահուան կիզակէտը սերունդէ սերունդ իբրեւ սրբազան նշխար փոխանցուած ՊԱՏԳԱՄՆ է Վանայ Իշխանին։

Անդրադառնալով դէպի Երկիր զէնք ու զինուոր հասցնելու համար ռուս-թրքական սահմանը հատող Խանի եւ Նեւրուզի 150 հոգինոց մեծ արշաւախումբի (որուն մաս կը կազմէր նաեւ ինք) ողբերգական վախճանին՝ Վանայ Իշխան կը համոզէ ԱՐԱՄին․-

«Մենք ասում ենք ու գնում ենք նահատակուելու հայրենիքի համար:

Ահա 150 հոգի գնացին ու նահատակուեցին մի քանի օրում: Բոլորն էլ ընկան պատուով: Բայց կարեւորը ոչ թէ նահատակուելն է, այլ նպատակին հասնելը: Փորձը ցոյց է տալիս, որ այս ճանապարհով ծրագրերն իրագործելը անհնարին է: Ես հրաժարւում եմ զինուած խմբերով գնալ: Դու էլ հրաժարուիր, եւ մտածենք այլ եղանակներ»:

Արամ Մանուկեանի պատասխանը տարբեր չէր կրնար ըլլալ՝
«Առարկել չի լինի, որովհետև ասածների մէջ ճշմարտութիւն կար»:

Բարի լոյս եւ երթի լուսաւորում՝ ՃԻՇԴ ՀՈՒՆԱՒՈՐԵԼՈՒ եւ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՐԹԵԼՈՒ համար ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ, որպէսզի բազմաչարչար մեր Ազգի եւ Հայրենիքի ամբողջական ազատագրութեան ճանապարհին՝ ո՛չ մէկ պարագայի մատնուինք ՄԻՋՈՑԸ ՆՊԱՏԱԿԻ ՎԵՐԱԾԵԼՈՒ, այլեւ ԻՆՔՆԱՆՊԱՏԱԿ ԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՓՈՐՁՈՒԹԵԱՆ՝ ՄՈԼՈՐՈՒԹԵԱՆ։

Մտահան չընենք՝ որ Ազատութեան եւ Արդարութեան Ճանապարհին նուիրաբերուած ՀԱՅ ԱՐԵԱՆ իւրաքանչիւր կաթիլ բոլորս կը պարտաւորեցնէ ինչպէս երէկ, նոյնպէս եւ այսօր ու վաղը ՊԱՐՏՔԻ ԶԳԱՑՈՂՈՒԹԵԱՄԲ, եւ ոչ թէ ԱՆՑԵԱԼԻ ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽԸ ՄՍԽԵԼՈՎ ապրելու իւրաքանչիւրիս տրուած կեանքի ժամանակը – ինչը փաստօրէն որեւէ պահու կրնայ խլուիլ մեզմէ՝ ինչպէս որ Քորոնավարակի դէմ յանդիման անճրկած, շշմած ու զարհուրած այսօրուան մարդկութիւնը կը վկայէ։

Բարի լոյս՝ բոլոր ՊԱՅԾԱՌԱՏԵՍՆԵՐՈՒՆ, որոնք Վանայ Իշխաններու ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ՕՐԻՆԱԿՈՎ իրենց օրը ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՄԲ կ՚իմաստաւորեն․-

«Կարեւորը ոչ թէ նահատակուելն է, այլ նպատակին հասնելը»։

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Կարեւորը ոչ թէ նահատակուելն է, այլ նպատակին հասնելը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail