ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Մկրտիչ Ա․ Վանեցի (Խրիմեան Հայրիկ, 1820-1907) Հայ ժողովուրդին անզուգական ՀԱՅՐԻԿը

Wine-Making Facility – 6,100 years old in-armenia

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Մկրտիչ Ա․ Վանեցի (Խրիմեան Հայրիկ, 1820-1907) Հայ ժողովուրդին անզուգական ՀԱՅՐԻԿը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Յուշատետր

Մկրտիչ Ա․ Վանեցի (Խրիմեան Հայրիկ, 1820-1907).
Հայ ժողովուրդին անզուգական ՀԱՅՐԻԿը

4 Ապրիլ 2020

Ն. Պէրպէրեան

Ապրիլ 4ի այս օրը հայ ժողովուրդը կը նշէ ծնունդը իր անզուգական ՀԱՅՐԻԿին՝ Ամենայն Հայոց 125րդ Կաթողիկոս Խրիմեան Մկրտիչ Ա. Վանեցիի, որ հայոց հազարամեակներու պատմութեան ոսկեմատեանին մէջ իր վեհաշուք տեղը գրաւած է իբրեւ հոգեմտաւոր եւ ազգային-քաղաքական մեծագործ հեղինակութիւն՝ յաւերժ պաշտամունքի արժանացնելով Հայկական Հողին ու Հողի ՀԱՅ Մարդուն խորհուրդն ու արժէքը։

Խրիմեան Հայրիկ ճակատագրուած էր 87 տարի ապրելու հայ ժողովուրդի արդի շրջանի ամէնէն ալեծուփ ժամանակաշրջանին։

Եւ Հայրիկը բառին բուն ու ամէնէն վաւերական իմաստով ապրեցա՛ւ իրեն շնորհուած կեանքի ժամանակաշրջանը ու, ինչպէս որ սիրուած ժողովրդային երգը կը շեշտէ, «ծերացաւ՝ Ազգին համար խորհելով»…

Իր հոգեւոր ծառայութեամբ, իր ստեղծած գրականութեամբ, իր հրապարակագրական վաստակով, իր բանաւոր քարոզներով եւ ազգային, քաղաքական ու հասարակական եռանդուն գործունէութեամբ՝ Խրիմեան Հայրիկ աւելի քան վեց տասնամեակ առաջնորդող ներկայութի՛ւն եղաւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։

Եղաւ հայոց մեծ դաստիարակը, որ իր վարակիչ օրինակով խորհրդանշեց Ազգին ու Հայրենիքին նկատմամբ անսակարկ անձնուիրումը, հայոց ազգային ու տոհմիկ արժէքներուն անխաթար պահպանումը, Հայ Եկեղեցին եւ Հայ Միտքը դարաւոր գերութեան հետեւանք ուծացումէն ու այլասերումէն վերականգնելու եւ վերանորոգ թափով լուսաւորելու աննկուն պայքարը։

Ինչպէս Սիամանթօ կը մատնանշէ՝ «Ազատութեան ջահակիր»ը եղաւ Խրիմեան Հայրիկ, որ գլխաւոր երկու ուղղութիւններով յեղաշրջեց հայ իրականութիւնը։

Առաջի՛ն. դէպի Հայաստան Աշխարհը սեւեռեց միտքն ու հոգին արդի հայ մարդուն։

Հայրիկի Հայաստանը բոլորէն լքուած եւ բռնակալներու ոտնակոխ հայկական գաւառն էր, հայ գեղջուկը՝ իր անհուն վիշտով ու անսահման բարութեամբ։

Հայրիկի յորդորներով՝ հայ պանդուխտները տուն դարձի երազը սնուցանեցին իրենց հոգիին խորը։

Հայրիկի յանդիմանութիւններով՝ իրենց քաղքենիական եւ ստրկամիտ արատներէն մաքրուելու ուղին գտան մեր ժողովուրդը առաջնորդելու կոչուած հոգեւորական թէ հասարակական գործիչները։

Հայրենի հողին վրայ վերախմբուելու եւ բազմանալու պատգամով պսակուեցաւ Հայրիկի ազգային մտածողութեան այբուբենը։

Երկրո՛րդ. «Հերիսայի» եւ «Թուղթէ շերեփի» իր պատմական քարոզով՝ Խրիմեան Հայրիկ նոր դարաշրջան բացաւ հայ ժողովուրդին առջեւ։ Հայաստանը ոչ միայն իբրեւ հոգեմտաւոր տարածք, այլեւ ու առաջին հերթին իբրեւ աշխարհաքաղաքական իրականութիւն վերականգնելու ճամբան հունաւորեց՝ ազգային-ազատագրական պայքարի գաղափարական խարոյկը վառելով 1878ի Օգոստոսին, Պերլինի տխրահռչակ վեհաժողովէն իր վերադարձին։

Հայրիկի պատմակերտ այդ քարոզէն շունչ ու թափ առաւ «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» պատգամող մեծագոյն իմաստութիւնը։

Քսաներորդ դարուն փաստօրէն եկան ժամանակներ, խորհրդային խաւարամտութեան շրջանին, երբ պետական բոլոր միջոցներով փորձ կատարուեցաւ – ազգային մեր բոլոր իրա՛ւ արժէքներուն հետ – նաեւ Խրիմեան Հայրիկի նշանակութեամբ մեծութիւնը արատաւորելու։

Բայց որքան ալ նորահաս սերունդներու ենթագիտակցութեան մէջ խորհրդային այդ թոյնը իր աւերը գործեց, այդուհանդերձ՝ հայրենի հայութիւնը արագօրէն կտրեց ինքնամաքրման դժուարին փուլը եւ երջանկայիշատակ Վազգէն Առաջինի օրինակով՝ իր մտքին ու հոգիին մէջ վերականգնեց Հայրիկի մեծ դաստիարակի անմահ պատուանդանը։

Այդ առումով այսօր միայն ափսոսալ կարելի է, որ հայրենի հողի վրայ տակաւին կարելի է հանդիպիլ հայորդիներու, որոնք խորհրդային թոյնին վերապրուկներով կ՚ուզեն նսեմացնել Հայրիկի ազգային-քաղաքական պատգամը, Խրիմեանը իբրեւ «բարեմիտ» հայրենասէր ընդունելու, բայց իբրեւ քաղաքական գործիչ «վիպապաշտ» ու «լալկան» հռչակելու տխուր փորձերով…

Մկրտիչ Ա․ Վանեցի (Խրիմեան Հայրիկ, 1820-1907)

*
* *

Հայոց անզուգական Հայրիկը ծնած է 4 Ապրիլ 1820ին՝ Վան։
Մանուկ տարիքէն հօրմէ որբացած է եւ յանձնուած հօրեղբօր հոգատարութեան, որուն խրախուսանքով եւ օժանդակութեամբ կրցած է ուսանիլ Լիմ եւ Կտուց անապատներու վանական դպրոցներուն մէջ։

Հակառակ իր ստացած հոգեւոր դաստիարակութեան, Մկրտիչ Խրիմեան աշխարհական մարդու կեանք ընտրեց, ամուսնացաւ եւ իր ժամանակի բոլոր հայ երիտասարդներուն պէս 1843ին պանդխտութեան գնաց Պոլիս, հոնկէ Եւրոպա երթալու եւ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։

Բայց նիւթական դժուարութիւնները պատճառ եղան, որ ան մնայ Պոլիս եւ հայոց լեզուի ու պատմութեան ուսուցիչ դառնայ Խասգիւղի Հայոց Աղջկանց Վարժարանին մէջ։ Պոլիս իր կեցութեան վեց տարիները, ուսուցչութեան կողքին, Խրիմեան նուիրեց գաւառներէն եկած երիտասարդ պանդուխտներուն ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու աշխատանքին։

Ոչ միայն իր երիտասարդութեան եւ աշխարհական կեանքի այդ շրջանին, այլեւ՝ այնուհետեւ եւս, թէ՛ 1853-1892 առաջնորդական եւ պատրիարքական իր պաշտօնավարութեան շրջանին, թէ՛ 1892-1907 Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան գահակալի իր վերջին տարիներուն, բառին ամէնէն ընդգրկուն եւ խոր իմաստով լուսաւորիչ մը եղաւ Մկրտիչ Խրիմեան։

Խրիմեան Հայրիկի կեանքին ու գործին մղիչ ուժն ու կենարար առանցքը դարձաւ հայրենի հողին պաշտամունքը, որմէ ներշնչուեցաւ հայկական գաւառը ամբողջական հոգածութեան տակ առնելու, պահպանելու եւ բարելաւելու իր հետեւողական ճիգը։
1853ին, Վան վերադարձին, մահացած գտաւ մայրն ու կինը եւ անցաւ Աղթամար՝ հրաժեշտ տալով աշխարհական կեանքին։

1854ին ձեռնադրուեցաւ Վարդապետ եւ լծուեցաւ ուսուցչական ու գրական աշխոյժ գործունէութեան՝ հայրենի հողին կառչած մնալու, ազգային մեր ժառանգութեան տէր կանգնելու եւ հայոց անկախ պետականութեան աւանդները վերանորոգելու գաղափարները տարածելով։ Իր երազն էր Աղթամարը վերածել հայաստանեան «Վենետիկ»ի՝ իր վանական ուսումնարանով, տպարանով եւ թերթով։ Բայց Աղթամարի պահպանողական միաբանութիւնը խորթ աչքով սկսաւ նայիլ երիտասարդ Վարդապետին աշխուժութեան եւ ան ստիպուեցաւ հեռանալ Աղթամարէն։

Խրիմեան հաստատուեցաւ Պոլիս, ուր գործուն մասնակցութիւն բերաւ Ազգային Սահմանադրութեան մշակման ու ազգային կեանքի ժողովրդական-ժողովրդավարական ղեկավարման ի նպաստ ծաւալած բուռն պայքարին։ 1855ին լոյս ընծայեց «Արծուի Վասպուրական» ամսագիրը, որ առաջին բեմը դարձաւ ազգային իր մտածողութեան մշակումին ու հիմնաւորումին։ 1857ին կրկին վերադարձաւ Վան, բայց այս անգամ Վարագայ Վանքը հաստատուելու եւ – Պոլսէն իր հետ բերած տպագրական մեքենայով – «Արծուի Վասպուրական»ի հրատարակութիւնը շարունակելու, ինչպէս նաեւ ազգային արթնութեան եւ լուսաւորութեան ծառայող գիրքեր տպագրելու նպատակով։

1862ին ընտրուեցաւ Տարօնի առաջնորդ եւ հաստատուեցաւ Մշոյ «Սուրբ Կարապետ» վանքը, որ շուտով դարձաւ հայոց ազգային զարթօնքին ու ազատագրումի տենչերուն հոգեմտաւոր հնոցը։ Իր արժանաւոր սանին՝ Գարեգին եպիսկոպոս Սրուանձտեանցի խմբագրութեամբ լոյս ընծայեց «Արծուիկ Տարօնոյ» թերթը, որ իր հայրենաշունչ եւ ազգայնաշունչ գաղափարներուն տարածման նոր բեմը դարձաւ հայկական նահանգներու ամբողջ տարածքին։

1868ին, իբրեւ Տարօնի Առաջնորդ, մասնակցեցաւ Էջմիածնի մէջ կայացած Գէորգ Դ. Կաթողիկոսի ընտրութեան, որ առ ի գնահատանք Խրիմեանի բեղուն գործունէութեան՝ Եպիսկոպոսի աստիճան շնորհեց արդէն մեր ժողովուրդին կողմէ «Հայրիկ» անուանումին արժանացած մեծ հոգեւորականին։

Անսահման եղաւ Խրիմեան Հայրիկի վայելած ժողովրդականութիւնը ողջ հայութեան մօտ։ Եւ երբ 1869ին Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան նոր գահակալ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը ծագեցաւ, ժողովրդային բուռն ու միահամուռ պահանջով Խրիմեան Հայրիկ ընտրուեցաւ Պատրիարք։

Այնքա՜ն մեծ էին Հայրիկին կապուած յոյսերը, որ Պետրոս Դուրեան, այդ ատեն տակաւին պատանի, բանաստեղծութիւն նուիրեց Հայրիկի ընտրութեան՝ գրելով.- «Ո՞վ է, որ կու գայ. թագաւո՞ր մը. ո՛չ. սեւ սքեմ մը ուսին՝ հայոց հայրիկն է որ կու գայ»…

Բայց միայն երեք տարի Խրիմեան Հայրիկ դիմացաւ պատրիարքական պաշտօնավարութեան։

Պոլսոյ պահպանողական խաւին ու քաղքենի ղեկավարութեան ուղղուած իր սուր քննադատութիւնները, գումարուելով գաւառի հայութեան բարեկարգումին եւ զարգացումին ի սպաս ուժերը եւ միջոցները կեդրոնացնելու իր հետեւողական ճիգին վրայ, պատճառ դարձան պատրիարքական պաշտօնէն իր հրաժարումին։

Հայրիկ դարձեալ վերադարձաւ Վան, ուր նորովի թափով շարունակեց կրթական եւ գրական իր գործունէութիւնը։

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Նա է իսկական ազնիւ անձ, որ դէպի ժողովուրդը ունեցած սիրոյ մէջ է փնտռում իւր փառքը

*
* *

Այդ շրջանին էր, 1878ին, որ երբ Պերլինի Վեհաժողովին հայկական պատուիրակութիւն մը ղրկելու հնարաւորութիւնը ստեղծուեցաւ՝ Խրիմեան Հայրիկ ընտրուեցաւ պատուիրակութեան նախագահ եւ Պերլինի մէջ արժանաւորապէս ներկայացուց հայկական նահանգներու ինքնավարութեան պահանջները։

Հայոց ազգային-ազատագրական պայքարին հոգեւորական ռահվիրայի քարոզներն ու գործնական աշխատանքները աննկատ չանցան Համիտեան բռնակալութեան կողմէ եւ, տարիներու վրայ երկարած ազդարարութիւններէ ու կաշկանդումներէ ետք, Սուլթանի հրամանով Խրիմեան Հայրիկ Երուսաղէմ աքսորուեցաւ 1891ին։ Բայց հազիւ տարի մը ետք, երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան նոր գահակալի ընտրութեան կարիքը առաջացաւ, Խրիմեան Հայրիկ հայ ժողովուրդի միահամուռ պահանջով, ի բացակայութեան, ընտրուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի գահակալ։

Քաջ Հովիւի պատմական ժառանգութիւն մը կտակեց Խրիմեան Հայրիկ՝ իբրեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։

Իր գահակալութեան առաջին տարիներուն զուգադիպեցան 1895-96ի Համիտեան կոտորածները, որոնց դէմ բարձրաձայն եւ ազդու քարոզչութիւն ծաւալեց աշխարհով մէկ, յատկապէս ցարական իշխանութեանց մօտ՝ ջարդերու դադրեցման մէջ ռուսական ազդու միջամտութիւն պահանջելով։

Իր կաթողիկոսութեան շրջանին զուգադիպեցաւ նաեւ հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման 1903ի ցարական տխրահռչակ հրամանագիրը, որուն դէմ հայ ժողովուրդի ծաւալած բուռն բողոքի շարժումին եւ անզիջող պայքարին խորհրդանիշը դարձաւ հայոց ծերունազարդ Հայրիկը։

Մինչեւ իր վերջին շունչը Խրիմեան Հայրիկ յաղթահասակ կանգնեցաւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր առաջնորդի իր բարձրութեան վրայ։

29 Հոկտեմբեր 1907ին վախճանեցաւ Խրիմեան Հայրիկ՝ հայ ժողովուրդի մտքին ու սրտին մէջ անզուգական իր բարձունքը նուաճած։

Հայրիկի աճիւնները իրենց մնայուն դամբարանը ունեցան Ս. էջմիածնի Մայր Տաճարի մուտքին։

Հայրիկի ծննդեան տարեդարձին առիթով կ՚արժէ վերյիշել անմահն Թումանեանի գրիչին պատկանող յուշագրական գողտրիկ պատառիկը («Երկու Հայր»), որ այնքան խօսուն խտացումը կը կատարէ Հայոց Հայրիկի Աւանդին.-

«1896ի կոտորածի ձմեռն էր: Մի խումբ փախստականներ Սասունի կողմերից հասան Էջմիածին: Նրանց մէջն էր Ա. գիւղի ծերունի տէր Սարգիսը:
«- Հայրիկի աջը կ՚ուզեմ համբուրել,- խնդրեց նա վեհարանում, ու ներս թողին:
«- Բարով, տէր հայր,- աջը մեկնեց Հայրիկը. քահանան համբուրեց ու ետ եկաւ, կանգնեց դահլիճի մէջտեղը յոգնած, խորտակուած:
«- Որտեղի՞ց կու գաս:
«- Սասունի կողմերէն. ես Ա.ի տէր Սարգիսն եմ…
«- Ա.ի տէր Սարգի՞սը…
«- Այո՛, Հայրիկ:
«- Է՞…
«- Ես քսան հոգուց գերդաստան ունէի, Հայրիկ. տղաներս կոտորեցին, հարսներս տարան, թոռներս կորան, տունս թալանեցին, վառեցին, մնացի այսպէս…
«- Է հիմի…
«- Ես ոչինչ չեմ ուզում, Հայրիկ, ես… այնպէս, եկել եմ… եկել եմ… Հայրիկին ասեմ… էլ ոչինչ չեմ ուզում…
«Ու Հայրիկի առաջ՝ կանգնած էր մարդը, որ ամէն ինչ կորցրել էր ու ոչինչ չէր ուզում: Երկուսն էլ լուռ էին:
«- Քանի՞ որդի կորցրիր, տէր Սարգիս,- գլուխը վեր քաշեց կաթողիկոսը:
«- Ամէնքը միասին քսան, Հայրիկ:
«- Դու քսան որդի ես կորցրել, իսկ ես քսան հազար,- պատասխանեց Հայրիկը,- այդ էլ քսան՝ եղաւ քսան հազար ու քսան… Ո՞ւմն է շատ, տէր Սարգիս…
«Քահանան ցնցուեց ու լուռ կանգնած էր:
«- Ո՞ւմ վիշտն է մեծ, տէր Սարգիս:
«- Հայրիկինը…
«- Դէ ե՛կ, տէր Սարգիս, մօտ եկ, աջդ դիր գլխիս, աղօթիր, օրհնիր, որ այս վշտին դիմանամ:
«Ասաւ ու գլուխը խոնարհեց:
«Քահանան շտապեց առաջ, աջը դրաւ իր Հայրապետի գլխին, սկսաւ աղօթք մրմնջալ ու աչքերը լցուեցին արտասուքով…
«Նա օրհնում էր հայոց կաթողիկոսին…
«Նրա առաջ՝ խոնարհած էր հայոց Հայրիկը…»։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail