ՆԱԻՐԻ ՀՈԽԻԿՅԱՆ – Այսօր, հայ ընտանիքներու թիւը Ատիամանի մէջ կը գերազանցէ 1600-ը Ատիամանի Հայեր. ի՞նչն է, որ անոնց աւելի ինքնավստահ եւ ուժեղ կը դարձնէ

Այսօր, հայ ընտանիքներու թիւը Ատիամանի մէջ կը գերազանցէ 1600-ը Ատիամանի Հայեր. ի՞նչն է, որ անոնց աւելի ինքնավստահ եւ ուժեղ կը դարձնէ

ՆԱԻՐԻ ՀՈԽԻԿՅԱՆ – Այսօր, հայ ընտանիքներու թիւը Ատիամանի մէջ կը գերազանցէ 1600-ը Ատիամանի Հայեր. ի՞նչն է, որ անոնց աւելի ինքնավստահ եւ ուժեղ կը դարձնէ

Արեւմտեան Հայաստանի Ծպտեալ Հայեր. Ատիամանի Հայերը

Génocide perpétré par l’Empire ottoman, aujourd’hui la Turquie – génocide arménien-erzeroum-1895-lesalonbeige.fr

07 ԱՊՐԻԼ 2020 – ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ:

Այսօր, հայ ընտանիքներու թիւը Ատիամանի մէջ կը գերազանցէ 1600-ը Ատիամանի Հայեր. ի՞նչն է, որ անոնց աւելի ինքնավստահ եւ ուժեղ կը դարձնէ

Լրագրող Նայիրի Հոխիկեան կը շարունակէ ուսումնասիրել, թէ Արեւմտեան Հայաստանի հայկական պատմական ժառանգութենէն ի՞նչ մնացած է, որո՞նք կ’ապրին մեր հարեւանութեամբ՝ մեր պատմական հողերուն վրայ, միայն թիւրքերն ու քիւրտե՞րը, թէ՞ հայկական արմատները կը շարունակեն ծիլեր տալ… Սփութնիք Արմենիան հրատարակած է Լրագրող Հոխիկեանի յօդուածը Ատիամանի կրօնափոխ դարձած հայերուն մասին։

Այսօրուն Թուրքիոյ տարածքին վրայ կը գտնուի առասպելական Նեմրութ լեռը: Անոր գագաթին կառուցուած դամբարանն ու արձաններու խումբը 2120 մեթր բարձրութեան վրայ, ունին աւելի քան 2100 տարուայ պատմութիւն: Անոնք թուագրուած են ՔԱ 69-34 թուականներով:

8 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող արձաններու խումբին կեդրոնը կը գտնուի Արամազդի արձանը, որուն մէկ կողմը զետեղուած են Միհր եւ Արտագնէս, իսկ միւս կողմը՝ Կոմախէնի երկրի Դիցուհիին եւ Անտիոքոս Ա.ի արձանները: Թագաւորը պատկերուած է հայոց Տիգրան Մեծ թագաւորի թագով:

Դարերու աւերիչ ձեռքը ազդեցութիւն ունեցած է նաեւ այստեղ՝ երկրաշարժերու ու քամիներու միջոցով գլխատելով երբեմնի փառքի արձանները: Հնագէտներն ու պատմաբանները Նեմրութի արձանները կը համարեն աշխարհի 8րդ հրաշալիքը, որ չի զիջիր ո’չ եգիպտական բուրգերուն եւ ո’չ ալ յունական աստուածներու ողիմպոսեան արձաններուն:

Նեմրութը Հայկական լեռնաշխարհի ամենաբարձր գագաթը չէ, բայց այստեղէն, աւելի քան պարզ կ՚երեւի ամբողջ տարածաշրջանը: Կարծես Եփրատի աւազանը ընդգրկող հսկայ տարածքը ափիդ մէջ ըլլայ՝ ստիպելով գիտակցիլ, թէ ինչ երկիր է այս, ինչ հող, որուն պահպանութեան համար, հազարամեակներ շարունակ, մեր պապերը կեանք չեն խնայեած:

Նեմրութ լերան ստորոտին կը գտնուին Քահթա եւ Ատիաման քաղաքները: Այսօր, Ատիամանը ամենաշատ բացայայտ հայ բնակիչ ունեցող վայրերէն մէկն է Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին: 1971 թուականի պաշտօնական տուեալներով Ատիամանի մէջ կ’ապրէին 52 հայ ընտանիքներ: Պաշտօնական տուեալներով, այսօր, հայ ընտանիքներու թիւը Ատիամանի մէջ կը գերազանցէ 1600-ը: Այստեղ ծնած են ֆրանսական դիմադրութեան շարժման հերոս՝ Միսաք Մանուշեանը, արցախեան ազատամարտի մասնակից՝ Սարգիս Հացապանեանը, Թուրքիոյ հեղինակաւոր երգիչներէն՝ Ստեփան Իլհան-Եփրէմեանը եւ շատ շատեր…

Ատիամանը նաեւ ցեղասպանութեան օրերուն ամենամեծ համակեդրոնացման ճամբարներէն մէկն էր, ուր կը հաւաքուէին Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր վայրերէն գաղթի ճամբան բռնած հայերը՝ դէպի արաբական անապատներ տանելու կամ պարզապէս ոչնչացնելու նպատակով:

Այստեղ, իրենց գոյութիւնը պահպանելու համար շատ հայեր առերես թրքացած են կամ քրտացած, ընդունելով մահմետականութիւնը: Այդպիսի հայերէն մէկն է Ատիամանի մէջ ինծի հանդիպած Նէճադ Պաքըրճօղլուն: Ան 2000-ականներուն ո’չ միայն վերադարձած է քրիստոնէութեան, այլեւ՝ գործնական քայլեր ձեռնարկած է, որպէսզի Ատիամանի մէջ Առաքելական եկեղեցի կառուցուի:

«Մանուկ հասակիս, ուրիշ երեխաները մեզի հայ կ’ըսէին: Այն ժամանակ, մենք չէինք հասկնար, թէ այդ մէկը ինչ կը նշանակէ, բայց երբ տարիներ ետք Սուրիայէն քահանայ մը եկաւ ու սկսաւ պատմել, թէ ինչ տեղի ունեցած է 1915 թուականին եւ ինչ ազգ եղած են հայերը, մենք դարձանք աւելի ինքնավստահ եւ ուժեղ: 100 տարի է մենք կռիւ կը մղենք հայ մնալու համար: Մեր զաւակներուն հայկական կրթութիւն կու տանք, որպէսզի չմոռնան իրենց արմատները: Եթէ նախապէս կը լռէինք ու կը տառապէինք, այսօր չենք լռեր, չենք վախնար եւ չենք տառապիր», կը պատմէ ան:

Էնվէր Փօլատ – Photo : provided by Nairi Hokhikyan – armeniasputnik

Էնվէր Փօլատ

Ատիամանցի ուրիշ հայ մը՝ Էնվէր Փօլատը բազմիցս ճնշումներու ենթարկուած է հայկական ինքնութեան մասին բարձրաձայն խօսելու պատճառով, բայց եւ այնպէս կը շարունակէ նոյն յամառութեամբ՝ միաժամանակ ցաւ ապրելով, որ իրենց նկատմամբ հակասական վերաբերմունք ունին ո’չ միայն թուրքիոյ բնակիչները, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի հայերը:

«Մենք այստեղ ծնած ենք որպէս հայ, սակայն մեր կամքով չէ որ շատերս իսլամ ենք: Մենք այստեղ՝ մեր բնօրրանին մէջ, ամէն օր կ’ենթարկուինք հասարակական ու իշխանութեան ճնշման: Նոյնիսկ յուղարկաւորութիւններու ընթացքին շրջանի իմամները յաճախ կը խուսափին մեզմէ, քաջ գիտնալով, որ հայ ենք: Բայց ի տարբերութիւն միւսներէն, մենք այստեղ սեփական հողի վրայ ենք՝ մեր հայրենիքին մէջ: Այդ է ուժ տուողը: Երանի մեր հայրենակիցները մեզի ընդունին այնպէս, ինչպէս որ կանք»:

Ատիամանի մէջ, տարբեր տուեալներով, բնակչութեան 15-20 տոկոսը այսօր ունի հայկական ինքնագիտակցութիւն:

Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, now Turkey -1 April 1909 – The Adana Massacre – The Corpses of Armenians Extracted from the Wells in Adana

aztagdaily.com/archives/470291

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail