ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ապրիլ 7 – Հայոց Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան Օրուան խորհուրդը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
Ապրիլ 7.
Հայոց Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան Օրուան խորհուրդը
Ն. Պէրպէրեան
Հայոց Յուշատետրի ազգային առանձնայատուկ «Օր»երու շարքին նուիրական իր բացառիկ տեղը ունի 7 Ապրիլը։
Յուլիս 1995ին, հայոց առաջին պետական սահմանադրութեան ընդունման առիթով, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր պաշտօնական տօներու շարքին Ապրիլի 7ն հռչակեց հայոց «Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան Օր»։
Նոյն առիթով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նորահաստատ պետական տօնացոյցը պահպանեց նաեւ խորհրդային ժամանակներէն պահպանուած Մարտ 8ի Կանանց Միջազգային Օրը։ Բայց առանձնայատուկ քայլ մըն ալ նետեց այդ տօնը եւս հայացնելու ուղղութեամբ՝ Մարտ 8էն մինչեւ Ապրիլ 7 երկարող միամսեակը ամբողջապէս նուիրելով հայ կանանց ու մայրերուն։
Ծանօթ է, որ ըստ հայ առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին՝ Ապրիլ 7ին կը նշուի Սուրբ Աստուածածնի Աւետման օրը։
Մայրութեան տօնը տարբեր տարազումներով միշտ ալ նշուած ու մեծարուած է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Մայրն ու Մայրութիւնը նախամեծար տեղ, խորհուրդ եւ նշանակութիւն ունեցած են հայոց հազարամեակներու քաղաքակրթական պատմութեան մէջ։
Ազգային մեր սրբութիւններուն եւ արժէքներուն անուանման մէջ անգամ, «մայր» ածանցը գերադաս կարեւորութիւն ունեցած է. վկայ՝ «մայրենի լեզու»ն, «մայր Հայաստան»ը, «մայրաքաղաք»ը, «մայր Օրէնք»ը, «մայր Աւետարան»ը եւայլն։
Արդարեւ, հայոց շրթներուն Ապրիլ 7ի այս օրը ամէնուր կը թեւածէ պաշտամունքը ՄՕՐ եւ ՄԱՅՐՈՒԹԵԱՆ խորհուրդին՝ մեր բանաստեղծներու անմահ վկայութեանց արձագանգելով, օրինակ՝ Պարոյր Սեւակի «Մօր ձեռքերը» յուշելով իրարու.-
Այս ձեռքերը` մօ՜ր ձեռքերը,
Հինաւուրց ու նո՜ր ձեռքերը…
Ինչե՜ր ասես, որ չեն արել այս ձեռքերը…
Պսակուելիս ո՜նց են պարել այս ձեռքերը`
Ի՜նչ նազանքով,
Երազանքո՜վ:
Ինչե՜ր ասես, որ չեն արել այս ձեռքերը…
Լոյսը մինչեւ լոյս չեն մարել այս ձեռքերը,
Առաջնեկն է երբ որ ծնուել,
Նրա արդար կաթով սնուել:
Ինչե՜ր ասես, որ չեն արել այս ձեռքերը…
Զրկանք կրել, հոգս են տարել այս ձեռքերը
Ծով լռութեա՜մբ,
Համբերութեա՜մբ,
Ինչե՜ր ասես, որ չեն արել այս ձեռքերը…
Երկինք պարզուած սիւն են դառել այս ձեռքերը,
Որ չփլուի իր տան սիւնը`
Որդին կռուից դառնայ տունը:
Ինչե՜ր ասես, որ չեն արել այս ձեռքերը…
Մինչեւ տատի ձեռք են դառել այս ձեռքերը,
Այս ձեռքերը` ուժը հատած,
Բայց թոռան հետ նոր ուժ գտած…
Քար են շրջել, սար են շարժել այս ձեռքերը…
Ինչե՜ր, ինչե՜ր, ինչեր չարժեն այս ձեռքերը`
Նուրբ ձեռքերը,
Սո՜ւրբ ձեռքերը:
…Եկէք այսօր մենք համբուրենք որդիաբար
Մեզ աշխարհում ծնաց, սնած,
Մեզ աշխարհում շահած, պահած,
Մեզնից երբեք չկշտացած,
Փոշի սրբող, լուացք անող,
Անվերջ դատող, անվերջ բանող
ա՛յս ձեռքերը`
Թող որ ճաքած ու կոշտացած,
Բայց մեզ համար մետաքսի պէս
խա՜ս ձեռքերը…
Բայց միայն հայ ժողովուրդին յատուկ չէ Մայրութեան տօնը։ Աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ ալ, ժողովուրդներու մեծ մասին մօտ եւ քաղաքակրթական պատմութեան տարբեր դարաշրջաններուն, Մայրութեան խորհուրդը սուրբ հնչեղութիւն ունեցած է եւ նուիրագործուած՝ իր յատուկ տօնով, որ ընդհանրապէս հանդիսացած է տօնական օրերուն ամէնէն իմաստալիցն ու գեղեցիկը։
*
* *
Հանրագիտական աղբիւրներու համաձայն, հին յունական եւ հռոմէական դիցաբանութեանց մէջ շատ կանուխէն կը յիշատակուին հին աստուածներու մայր աստուածուհիին ձօնուած տօներ։ Եւ այլազան թուականներ պահպանուած են հին յիշատակարաններու մէջ՝ Մայրութեան տօներուն վերաբերեալ։
Ընդհանրապէս գարնան ամիսներուն, Մարտի առաջին Կիրակիէն մինչեւ Մայիսի երկրորդ Կիրակին՝ հնաւանդ ժողովուրդները Օր մը ձօնած են Մայրութեան։
Ուշագրաւ է, որ Մայրութեան տօնը իր արդիական եւ սրբացուած խորհուրդը զգեցաւ Քրիստոնէութեան այգաբացին հետ։ Կոյսն Մարիամի Սուրբ Հոգիով յղացման քրիստոնէական Խորհուրդը հիմնովին յեղաշրջեց Մայրութեան ընկալումը մարդ էակին մօտ։
Աստուածամօր կուսականօրէն յղանալը սրբացուց ոչ միայն մարդկային սերնդագործութեան արարքը, այլեւ՝ մայրական ապրումներու եւ զգացումներու ողջ աշխարհը։
Եւ ինչ որ ալ ըլլար կնոջ վերապահուած իրական տեղը տարբեր հասարակարգերու տակ կամ այլաբնոյթ քաղաքակրթութեանց մէջ, ամէնուր կինը՝ իբրեւ մայր՝ ընկալուեցաւ սուրբ էակի պատկերացումով։
Աւելի քան բնական է, հետեւաբար, որ Մայրութեան Օրը ամէնուր կ՚առաջացնէ մարդկային ամէնէն նուիրական խորհուրդներով վերանորոգուելու տօնական առիթը։
Ահա՛ քանի մը վկայութիւն մեծերէն․-
Օ. Պալզաք.- «Ազգի ապագան մայրերու ձեռքն է»: «Մօր սիրտն անդունդ է, որուն խորքին միշտ ներում կը գտնուի»:
Ժան-Փօլ Սարթր.- «Տուէք մեզի լաւագոյն մայրեր եւ մենք կը դառնանք լաւագոյն մարդիկ»:
Նիկոլայ Օստրովսկի.- «Աշխարհում կայ ամէնից սքանչելի մի էակ, որին մշտապէս պարտք ենք: Դա մայրն է»։
Յատկապէս հայ ժողովուրդին համար, որ աշխարհաքաղաքական դաժանագոյն պայմաններու հետեւանքով միշտ դիմագրաւած է իր գոյատեւման եւ ինքնապահպանման սպառնացող ամենածանր վտանգներ, Հայ Մօր մաքառման եւ դիմադրականութեան ոգին ստացած է հայոց երկնակամարին թեւածող պահապան հրեշտակի խորհուրդն ու թելադրականութիւնը։
Միայն այն մտապատկերը, որ Տէր Զօրի անապատին կիզիչ արեւուն տակ եւ այրող աւազներուն վրայ անգամ, ստոյգ մահուան դատապարտուած հայ մայրը իր մանուկին հայերէն սորվեցուց եւ սեփական կեանքի գնով անոր գոյատեւումը ապահովելու ելք գտաւ, ինքնին բաւարար է, որպէսզի հայ մօր սրբութեան մեծ խորհուրդը անբաժան ուղեկիցը, այլեւ ներշնչման աղբիւրը մնայ հայ սերունդներուն։
Այդ առումով Յովհաննէս Շիրազ կ՚արտայայտէր ամէն Հայու ամէնէն իրաւ ապրումները, երբ կը վկայէր.-
Մայրիկիս մէջ ողջ մայրերին ես կը զգամ,
Նրանց կ՚երգեմ` երգելով մօրն իմ անգին,
Թող ինձ կարդայ մայրամոռն էլ անզգամ`
Պաշտէ գէթ իր մայրիկին:
Ա՜խ, անառակ որդիք շատ եմ տեսել, շա՜տ,
Անառակ մայր… Օձն էլ չունի, օ, երբե՛ք,
Միայն մայրն է մնացել սուրբ Արարատ
Ողջ աշխարհում այս պղերգ:
Աստուածները սատանաներ դուրս եկան,
Ախպէրն ախպօր, քոյրը`քրոջ կը դաւէ,
Սուրբ է մնում միայն սիրտը մայրական,
Ա՜խ, լոկ մայրն է սուրբ ու վեհ:
Սայաթ-Նովան իր սիրուհուն սիրերգեց,
Նարեկն` Աստծուն, Խայամն երգեց իր գինին,
Ես ինձ ասի` մօրդ երգիր, բանաստեղծ,
Որ մայրանան կեանք ու կին:
Ես մօր սրտի սիրտը պիտի ձեզ բանամ`
Նման մթնած, գանձաթաքոյց այրերին,
Ողջ անառակ որդոց պարտքը պիտի տամ
Բոլոր մոլոր, բոլոր մոլոր մայրերին…
*
* *
Ապրիլ 7 է այսօր, հայոց Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան տօնն է, որ անկասկած եւ ամէն բանէ վեր Հայ Մօր սրբացեալ արժէքին ու առաքելութեան առջեւ խոնարհելու բնական մղումով եւ ջերմագոյն ապրումներով կը համակէ հայոց սերունդները։
Միաժամանակ եւ միւս կողմէ սակայն, նաեւ լուսարձակի տակ կը բերէ մերօրեայ Հայ Մօր հասարակական դժուարութիւններուն փշոտ դափնեպսակը։
Փաստ է, որ 21րդ դարուն ամէնուր Մօր ու Մայրութեան առաքինի խորհուրդը տակաւ կը տժգունի նիւթականացուած ու մեքենականացուած քաղաքակրթութեան «յաղթարշաւին» հետ։
Ընտանեկան կապերու եւ սրբութիւններու անկումը, ամուսնալուծումները եւ սեռային սանձարձակութիւնները ամէնուր կը սպառնան Մօր ու Մայրութեան անբիծ ու գեղեցիկ խորհուրդի պահպանման։
Այդ առումով ալ յատկապէս Ապրիլ 7ին նոյնքան ազդու կը հնչէ ահազանգը Հայ Մօր ու Մայրութեան ազգային անփոխարինելի հաստատութեան սպառնացող վտանգին դէմ։
Մերօրեայ վիճակագրութիւնները կ՚ահազանգեն, օրինակ, թէ Հայաստանի մէջ ամուսնացած զոյգերուն մէկ վեցերորդը… ամուսնալուծուած է։ Կամ՝ հայ կիներու 66 տոկոսը ենթակայ է հոգեբանական, ֆիզիքական կամ սեռային բռնութեան…։
Պատկերը աւելի մխիթարական չէ արտերկրի տարածքին։
Ապրիլ 7ին, հետեւաբար, դարաւոր մեր աւանդութեանց մէջ պահպանուած Հայ Մօր սրբանկարին կողքին, կ՚արժէ պահ մը հակիլ նաեւ սիրտ ճմլող եւ ցաւ պատճառող հասարակական այս վտանգներուն վրայ, որպէսզի Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան Օրը ծառայէ ոչ միայն մեր անցեալ ուղին մեծարելու նպատակին, այլեւ մղիչ ուժը դառնայ մեր վաղուան պայծառ օրը նուաճելու հաւաքական պատասխանատուութեան եւ պարտաւորութեան։
Յանուն սերունդներ հայացնող ու զարգացնող Հայ Մօր առաքելութեան վերանորոգումին։
Չմոռնանք Համօ Սահեանի «Ի՞նչ անեմ, մայրիկ» գողտրիկ քերթուածով՝ այնքան նրբօրէն բոլորիս ուղղուած պատգամը՝ տէր կանգնելու Հայ Մօր հայակերտման ու սերնդակերտման մեծ աւանդին.-
Մայրիկ, ինձ յաճախ
Ապտակում էիր
Սխալիս համար
Եւ սաստում էիր,
Որ լաց չլինեմ։
Բայց ցաւած տեղըս
Համբուրում էիր
Եւ իմ փոխարէն
Ինձանից թաքուն
Լաց էիր լինում:
Ա՜խ, վերջին անգամ,
Չեմ իմանում ո՞ր
Սխալիս համար
Ինձ ապտակեցիր
Կորուստով քո մեծ…
էլ սաստող չեղաւ,
Որ լաց չլինեմ,
Եւ ցաւած տեղըս
Համբուրող չեղաւ,
Եւ իմ փոխարէն
Իմ ցաւն զգացող
Ու լացող չեղաւ։
Ի՞նչ անեմ, մայրիկ:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ