ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԵՃԵԱՆ – Քիչ Մը Հեռուն Նայելով.- Պիտի Գա՞յ Աւելներով Յեղափոխութեան Օրը…
11 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
«Մարաղա. հայերի ջարդ 1992-ի ապրիլի 10-ին – Թաթուլ Հակոբյան»
Ս. Մահսէրէճեան
Վաղը՝
Քանի մը շաբաթ կամ քանի մը ամիս ետք, երբ պսակաձեւ ժահրին տիրապետութիւնը սկսի նահանջ արձանագրել եւ մարդկութիւնը, գիտութեան բարիքները վայելելով՝ ի վերջոյ պարտութեան մատնէ այս վարակն ալ,
Այդ օրէն ետք,
Մարդիկ պիտի սկսին աւելի հանդարտ, (յուսանք որ) իմաստնացած եւ փոթորիկը ետին թողածի հոգեվիճակով հարց տալ իրենք իրենց, հաշիւ պահանջել մեծէն եւ պզտիկէն, ապագային նայիլ աւելի հաւասարակշռուած տրամաբանութեամբ եւ մօտեցումով:
Այդ փուլին, պիտի ծագին (այսօր ալ կան) բազմաթիւ հարցումներ: Օրինակի համար՝
* Պետական պատասխանատուներէն որո՞նք իսկապէս տէրն էին իրենց դերին եւ որո՞նք դասուեցան համբակ-անկարողի ցանկին, սակայն թեկնածու են… ընտրուելու-վերընտրուելու:
* Այս արհաւիրքը (չափազանցեալ թէ իր իսկական տարողութեամբ) ընկալելու համար, մամուլն ու զանգուածները իրենց դերը կատարեցի՞ն, թէ նպաստեցին խառնաշփոթ վիճակին ծանրացման, զգայացունցին ետեւէն վազելու թեթեւսոլիկութեամբ՝ զանգուածները մղեցին տագնապը դիմաւորելու տգիտութիւն բուրող անտարբերութեամբ:
* Նման կացութիւններու մէջ, մարդս պէտք է հետեւի գիտութեան ու ճիշդ դատողութեա՞ն ձայնին, թէ պատէ պատ զարնուի՝ զինք (հոգ չէ թէ բարի նպատակով) անհիմն յոյսերով օրօրողներու ստեղծած ալիքներուն հետ:
* Պետական մեծ ու փոքր պատասխանատուներ, պիւտճէական նախահաշիւներու մէջ, պէ՞տք է շարունակեն հսկայական մսխումներ ընել ի նպաստ փոքրամասնութեան մը, թէ պէտք է աւելի՛ արթնութիւն ցուցաբերեն՝ ՄԱՐԴը այսպիտի պատուհասներէ զերծ պահելու կոչուած կանխամիջոցներու որոնման նպատակով:
* Ստեղծուած տագնապը ինչպիսի՞ տարողութեամբ շահագործումի ենթարկուեցաւ ելեւմտական եւ գործարարական ոլորտներուն մէջ: Սակարանային խաղերը, որոնք ընդհանրապէս լուսարձակներէ հեռու տարուեցան (չենք արհամարհեր նման ցնցումներու բնական վատ հետեւանքները), հսկայական գումարներու ինչպիսի՞ տեղաշարժերու առիթ տուին, որո՞նք աւելի հարստացան եւ որո՞նք սնանկութեան դուռներուն մատնուեցան, զանգուածները ինչպիսի՞ կողոպուտներու ենթարկուեցան շինծու սղութեան հետեւանքով: Ինչո՞ւ այս տագնապը պէտք է նսեմացնէր «Էնրոն»ի ու 2008-2009 տարիներու տնտեսական նահանջը: Եւ ի՛սկապէս, արձանագրուած նահանջին որքա՞նը իրական էր, որքա՞նը հետեւանք՝ չարաշահներու խաղերուն:
* Հետեւող հարցում մը. Պետութեանց կամ պետական համխմբումներու կողմէ խոստացուած-տրամադրուած հսկայագումար նպաստներէն որքա՞նը պիտի հոսի արդէն իսկ նիւթական անչափելի կարողութիւններ ունեցողներու գանձանակները եւ ինչպիսի՞ փշրանքներ պիտի հասնին իսկական կարիքաւորներուն, գլուխը հազիւ ջուրէն վեր պահողներուն:
* Ինչպէ՞ս կարելի է իր չափին մէջ դնել վիճակագրութիւններով հեւքի մատնուելու եւ մարդկութիւնն ալ յաւելեալ տագնապի մատնելու «մասնագիտական-արհեստավարժական» վարքագիծը: Օրինակի համար, օր ըստ օրէ ծանրացող տագնապին մէկ արտայայտութիւնն ալ՝ անգործներու թիւին անհամեմատ բարձրացումն է: Տագնապի ալիքին մարումէն ետք, ի յայտ պիտի գա՞յ, որ հսկայ ընկերութիւններ, նաեւ փոքրեր, այլապէս շահագործած են վիճակը եւ վերստին պիտի չվերընդունին իրենց նախկին աշխատաւորներուն մէկ մասը, նոր ծանրութիւն տալով ընկերային տագնապներուն: Իսկ թէ ի՞նչ հորիզոններ կը սպասեն տունէն կամ հեռակայ աշխատողներուն՝ բոլորովին այլ հարց (չենք անտեսեր, որ այս տագնապէն առաջ ալ, այս ոլորտը արագ տարածք կը շահէր վերջին տարիներուն):
* Միջանկեալ: Ինչո՞ւ քարիւղի միջազգային սակագիները հսկայական վերիվայրումներու ենթարկուեցան, ի՞նչ եւ որքա՞ն կապ կար այդ սակարանին եւ աշխարհը ցնցող տագնապին միջեւ: (Չխօսինք տագնապը քաղաքականացնելու եւ կողմնակի շահեր արձանագրելու կարճատես բայց եւ հաշուարկուած փորձերուն մասին…)
* Պէ՞տք է արդեօք վերստին իրազեկ դառնալ, որ աշխարհի մէջ նման վարակներէ անդին տարածուող գորշ ու մութ հորիզոններ ալ կան, մարդկութիւնը ահազանգի ու տագնապներու մատնող իրադարձութիւններ, որոնք կը կոչուին պատերազմներ-ռմբակոծումներ, պետական եւ ծայրայեղական խմբակներու ահաբեկչական արարքեր, մահասփիւռ խռովութիւններ, գաղթականներու հարցեր, կենսոլորտի հարցեր, մէկ խօսքով՝ մարդոց հասողութենէն դուրս չինկող պատուհասներ, որոնց ներգործութիւնը՝ մեր կեանքին վրայ, ամիսներով չի սահմանափակուիր, այլ կը տարածուի տասնամեակներու վրայ, աւելի՛ մահացու է եւ մահասփիւռ՝ քան պսակաձեւին վարակը:
Այս ու մնան հարցումներու պատասխաններ պահանջելու համար, այսօր կանուխ է: Իսկ երբ գայ ժամանակը, արդեօք մարդկութիւնը պիտի մտածէ՞ աւելներով յեղափոխութեան ելլելու եւ ցախաւելներ ի ձեռին՝ աշխարհը նման պատուհասներու մատնողները աւլել-տանելու դէպի պատմութեան ու քաղաքաքրթութեան աղբանոցը, որպէսզի Ժողովրդավարութիւնն ու Արդարութիւնը խաղալիք չմնան կամակատար-խեղկատակներու եւ մասնակի շահեր կուտակողներու ձեռքերուն: Այլ խօսքով, ժողովուրդներ որոշեն ամէն տեղ ձեռք առնել իրենց ճակատագիրն ու կեանքը:
…Մինչ այդ, շարունակենք զբօսնուլ վարակին օր աւուր «նուաճումներով», եւ չմոռնանք, որ կ’ապրինք տօնական օրեր, ու մասնաւորաբար հայերս՝ հարկադրաբար բանադրանքի մատնուած Ապրիլ 24 մը:
yerakouyn.com/2020/04/10/քիչ-մը-հեռուն-նայելով-պիտի-գա՞յ-աւելնե/