ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 9 Ապրիլ 1994. Արեգասարի գործողութիւնը Արցախեան Ազատամարտի յաղթական աւարտը վճռող գրոհը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
9 Ապրիլ 1994. Արեգասարի գործողութիւնը.
Արցախեան Ազատամարտի յաղթական աւարտը վճռող գրոհը
Ն. Պէրպէրեան
Ապրիլ 9ի այս օրը կը տօնենք 26րդ տարեդարձը Արեգասարի յաղթական գրոհին, որ Արցախեան թէժ պատերազմին հիմնական զինադուլ բերող հայոց յաղթական եզրափակիչ գրոհը եղաւ։
8էն 9 Մայիս 1992ին Շուշիի ազատագրումով սկսած Արցախեան Ազատամարտի յաղթարշաւը, մօտաւորապէս երկու տարուան վերիվայրումներէ ետք, պսակուեցաւ Արեգասարի յանդուգն գործողութեամբ, երբ հայոց ազատամարտիկները եւ Արցախի ինքնապաշտպանութեան բանակը յաջողեցան իր աւարտին հասցնել հայրենի հողը ատրպէյճանական բռնագրաւումէն թիզ առ թիզ ազատագրելու երկար պայքարը։
Հայրենի հողի ազատագրման ու ականազերծման երկարատեւ այդ պայքարին վերջին փուլը կնքեց Արեգասարի յաղթանակը, որուն շնորհիւ հայկական ուժերը լիովին ազատագրեցին Մարտակերտի շրջանի Մատաղիս-Չայլի-Թալիշ շրջանը ատրպէյճանական բռնագրաւողներէն։
Հայրենի պատմաբան Աշոտ Պետրոսեան, Արցախեան Ազատամարտի գլխաւոր դրուագներուն եւ դէմքերուն նուիրուած իր շարքին մէջ, հետեւեալ հակիրճ ակնարկով կը ներկայացնէ հերոսապատումի այս կարեւոր փուլը.-
«Արեգասարի գործողութեան մասին տեղեկութիւններ յայտնեցին գրոհային դասակի հրամանատարի տեղակալ Արամ Աւագեանը (Բուդուլ), հրամանատար Արթուր Յովհաննիսեանը (ջերմուկցի Արթուրը), մուգ գլխաշորով Գրիգորը եւ յատկապէս զինուորական ծառայութեան մէջ գտնուող լրագրող Վարդան Դեվրիկեանը»:
«Գործողութիւնը խնամքով նախապատրաստուած էր, որովհետեւ հրամանատարութիւնը շատ լաւ կը գիտակցէր, որ Արեգասարի առումը վճռական նշանակութիւն պիտի ունենար շրջակայ տարածքներուն ազատագրման համար:
«Գործողութիւնը սկսաւ Ապրիլ 9ի առաւօտեան: Գրոհը թուրքերուն համար աներեւակայելի անակնկալ մըն էր եւ, մասնագէտներու կարծիքով, եզակի էջերէն մէկը կը հանդիսանայ Արցախեան հերոսամարտի պատմութեան մէջ:
«Մատաղիսի ջրամբարի եզրին, Տօնաշէնի մօտակայքը, կ՚աւարտի Թարթառի կիրճը: Ճիշդ այդ տեղամասէն պէտք է սկսէր գործողութիւնը: Անհրաժեշտ էր թուրքերուն հարուած հասցնել ուղղակի թիկունքէն։ Ատոր համար պէտք էր նախ գրաւել Տօնաշէնը եւ Դաստակերտը (Դաստագիր):
«Դաստակերտէն՝ կածանը կ՚երկարէր դէպի Արեգասար: Անհաւանական կը թուէր այդքան ճամբայ աննկատ անցնիլը, մանաւանդ որ անհրաժեշտ էր տեղափոխել մեծ քանակութեամբ ռազմամթերք: Ամէն զինուոր իր վրայ կը կրէր փամփուշտ, նռնակներու երկու լիցք. իւրաքանչիւրին ուղեբեռը 50էն 60 քիլոկրամ էր: Այդպէ՛ս ծանրաբեռնուած՝ ցեխոտ ճամբէն անոնք պէտք է քալէին տասնեակ քիլոմեթր լեռնային դժուարագնաց տեղանքով: «Զինուորները երբեմն կը սայթաքէին եւ ետ կը սահէին կամ կը գլորուէին տասնեակ մեթրեր: Ճամբան կ՚անցնէր Եղիշէ Առաքեալ Սրբավայրի տակով:
«Գրոհային ջոկատին մէջ ընդգրկուած էին փորձուած ու մարզուած լաւագոյն զինուորները: Մարտական առաջադրանքին իրագործման ծանրային բաժինը վստահուած էր մոթոհրաձգային առանձնակի միաւորին (հրամանատար՝ Մ. Գրիգորեան): Հաշուարկը կատարուած էր այնպէ՛ս, որ ջոկատներու անակնկալ յարձակումէն թուրքերը խուճապի մատնուէին:
«Ռազմական գործողութիւնը ծաւալեցաւ երեք ուղղութեամբ՝ դէպի Կիւլիստան, դէպի Արեգասար, դէպի Եաղկեր, որպէսզի թուրքերը զրկուէին տեղաշարժի եւ փոխ-օգնութեան հնարաւորութենէն: Ճամբու առաջնորդը (ո՛չ ուղեկցողը) Շուն Շահէնն էր: «Շուն» ածականը Կիւլիստանի կողմերը բնաւ բացասական իմաստ չունի, այլ ընդհակառակն՝ այդպէ՛ս կ՚անուանեն ճարպիկ ու շրջահայեաց մարդուն: Շրջանին մէջ բոլորն ալ Շահէնին կը ճանչնան իբրեւ գերազանց հետախոյզի եւ տեղամասը բացարձակապէս լաւ ճանչցող ու բնազդով անսխալական առաջնորդի: Շահէնը վիրաւորուեցաւ Չայլուի գրաւման ժամանակ:
«Խումբը երբ հասաւ Եղիշէ Առաքեալի վանքի մօտ, ոմանք ներս մտան եւ մոմ վառեցին: Անհրաժեշտ էր ամէն գնով աննկատ մնալ:
Գրոհայիններուն վիճակը, սակայն, ծանր էր՝ չէին գիտեր, եթէ նկատուած էին, կամ ոչ, որովհետեւ թշնամիին լռութիւնը կրնար դիտումնաւոր ըլլալ, որպէսզի մեր զինուորներուն հնարաւորինս մօտեցնէին եւ ծուղակը ձգէին: Կ՚առաջանաս եւ չես գիտեր՝ նկատուած ես, թէ ոչ:
«Վերջապէս խումբը հասաւ Արեգասարի տակ: Հոս բացատ կար, ուր թշնամիի զրահամեքենաները տեղաւորուած էին, եւ ճամբարները: Հակառակի պէս անձրեւ սկսաւ։ Եւ ամբողջ գիշերը (ազատամարտիկները քալած էին առաւօտեան ժամը իննէն մինչեւ ուշ երեկոյ) մնացին թիկնոցներու տակ: Լուսաբացին գործողութիւնը սկսաւ: «Զարկել վրաններին»՝ ա՛յս էր հրամանը:
Կռիւը տեւեց 30 վայրկեան: 5 զոհ տալով՝ թուրքերը փախուստի դիմեցին: Բացատը գրաւելէն յետոյ յստակացաւ, որ ամբողջ զրահամեքենան մնացած էր մեզի: Բացատին մէջ կար խաչուղի, ուրկէ ճամբան կը բարձրանար դէպի Արեգասար:
Բացատէն յետոյ կռիւը տեղափոխուեցաւ Խաչմերուկ, ուր թուրքերը շատ թէ քիչ դիմադրութիւն ցոյց տուին: Ատկէ յետոյ, անտառը մաքրելով, հայկական ուժերը յաղթական յառաջացան: Արեգասարը ազատագրուած էր:
«Երկու օրուան մէջ ազատագրուեցան Մատաղիսը, Տօնաշէնը, Դաստակերտը, որոնք այնուհետեւ դադրեցան ճակատի գիծ ըլլալէ:
«Ազատագրուեցաւ հսկայական տարածք մը: Արայիկ Գիժը վաշտի հրամանատար էր: Անոր գանգոսկրի փոխարէն կիսով չափ կափարիչ է, իսկ ոտքերը ցրտահարուած են: Անոր գլուխը ցաւ չի զգար, ինչպէս որ ոտքերը: Զինուորները դիտել կուտան, թէ Գիժը ճիշդ այդպէ՛ս կ՚ըլլայ:
Մատաղիսի դիմացի բարձունքին դիրքերը անուանակոչեցան «Գժի փոստեր»: Զոհերը համեմատաբար քիչ էին. մէկ սակրաւոր, 18ամեայ երիտասարդ, եւ Վեդիի Հրաչը, գումարտակի հրամանատարը, որ ոգեշնչող եւ համեստ անձնաւորութիւն մըն էր»:
Հերոսական մարտերու այսպիսի՛ էջ մը կ՚ոգեկոչենք Ապրիլ 9ին։
Քսանվեց տարի առաջ, Ապրիլ ամսու այս օրը, Արցախի քաջարի զաւակներուն հետ, ամբողջ հայութիւնը Արեգասարի ազատագրումով նուիրագործեց Արցախի իրողական անկախութիւնը ատրպէյճանական անարգ լուծէն։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ