ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 13 Ապրիլ 2020 – Վրթանէս Փափազեան (1866-1920) Հայ գրականութեան «բարեսիրտ տերվիշ»ն ու իրաւազրկեալներուն երգիչը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
Վրթանէս Փափազեան (1866-1920).
Հայ գրականութեան «բարեսիրտ տերվիշ»ն ու իրաւազրկեալներուն երգիչը
13 Ապրիլ 2020
Ն. Պէրպէրեան
Ապրիլ 13ի այս օրը հայ ժողովուրդը կը նշէ ծնունդը արդի հայ գրականութեան իրապաշտ սերունդի արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Վրթանէս Փափազեանի։
Իր պատմուածքներով, հեքիաթներով, զրոյցներով, վիպակներով եւ ուղեւորական էջերով՝ Վ. Փափազեան դարձաւ վշտակից երգիչը հայ ժողովուրդի զանգուածներուն բաժին հանուած հասարակական թշուառութեան, իրաւազրկումին ու տառապանքին, այլեւ ու միաժամանակ՝ վերապրող հայութեան պայծառ գալիքի յոյսին ու ինքնահաստատման պայքարին։
Վ. Փափազեան հայ գրականութեան բերաւ նաեւ երգը Հայաստանի մէջ թէ մեր երկրի հարեւանութեամբ ապրող ճակատագրակից ժողովուրդներուն՝ գնջուներուն (փոշա), քիւրտերուն եւ պարսիկ ցեղերուն, որոնց զրկանքով լի կեանքն ու ընկերային ցաւերը իրենց հարազատ ցոլացումն ու պաշտպանը գտան իր կարգին փոշայական ծագում ունեցող Վրթանէս Փափազեանի եւ անոր ստեղծագործութեանց մէջ։
13 Ապրիլ 1866ին ծնած Վան՝ Վրթանէս Փափազեան քահանայի զաւակ էր (աւագ եղբայրն էր դաշնակցական ծանօթ գործիչ Կոմսի՝ Վահան Փափազեանի)։ Յիշարժան դէմք էր նաեւ քահանայ հայրը, որ հետագային կուսակրօն դարձաւ՝ ընդունելով Մաշտոց Վարդապետ անունը եւ երկար տարիներ վարելով պատմական «Ս. Վարագայ» վանքի վանահայրութիւնը։
Վրթանէս Փափազեան նախ հօր հոգեւորական ծառայութեան հետ եկող ընտանիքով տեղափոխութիւններուն պատճառով, ապա՝ սեփական խառնուածքին բերումով, ապրեցաւ իսկական թափառականի կեանք մը։ Իսկ իր գրականութիւնը եղաւ հարազատ հայելին Վրթանէս Փափազեան սրտցաւ հայուն, որ չկապուեցաւ իր ծննդավայրին կամ որեւէ կեցութեան օրրանի, այլ՝ շրջեցաւ հայաշխարհով մէկ, հասնելու եւ ճանչնալու, սրտակցելու եւ ներկայացնելու համար սովորական հայ մարդիկը, նաեւ՝ անոնց շրջապատին մէջ ապրող եւ ճակատագրակից այլազգիները։
Իբրեւ այդպիսին՝ Վրթանէս Փափազեան արժանաւորապէս դարձաւ հայ գրականութեան «Բարեսիրտ Տերվիշ»ը, որ հայոց սերունդներուն կտակեց կեանքի զրկանքներուն եւ անարդարութիւններուն տակ տառապող մարդ էակին ցաւն ու ողբերգութիւնը իմաստասիրաբար քանդակող պատմուածքներ եւ հեքիաթներ, պատմավէպեր եւ թատրերգութիւններ, յուշագրութիւններ եւ ժողովրդային զրոյցներ։
Մանկութեան եւ վաղ պատանութեան տարիները Վրթանէս Փափազեան անցուց հօր քահանայական ծառայութեան համար ճշդուած վայրերուն մէջ՝ Ագուլիս (Նախիջեւան) եւ Թաւրիզ (Պարսկաստան), ուր եւ ստացաւ իր նախնական կրթութիւնը։
1878ին ընդունուեցաւ Ս. Էջմիածնի «Գէորգեան» Ճեմարանը, բայց առանց աւարտելու ճեմարանը՝ 1882ին հեռացաւ Վաղարշապատէն եւ հաստատուեցաւ Թեհրան (Պարսկաստան)։ Հազիւ թեւակոխած 16 տարիքը, ան պարտաւորուեցաւ նետուելու կեանքի ասպարէզ՝ ճակտին քրտինքովը վաստակելու համար իր ապրուստը։ Թաւրիզի մէջ Վրթանէս սորվեցաւ լուսանկարչութիւն եւ փորձեց այդ աշխատանքով ապահովել իր ապրուստը, բայց յաջողութիւն չգտաւ։
Այդպէ՛ս սկսաւ թափառական հայու կեանք մը, որ գրական անվիճելի շնորհներով օժտուած հայ երիտասարդին տարաւ Թիֆլիս, Վան, Պաքու եւ ի վերջոյ Պոլիս, ուր ապրեցաւ երեք տարի՝ 1885էն մինչեւ 1888։
Այդ թափառումներու շրջանին ծնունդ առին Վրթանէս Փափազեանի առաջին պատմուածքները, ժողովրդային զրոյցները եւ ուղեւորական ակնարկները՝ հայ եւ այլազգի պարզ մարդոց կեանքին ու ընկերային դժբախտութիւններուն մասին, որոնք լոյս տեսան ինչպէս պոլսահայ, նոյնպէս եւ թիֆլիսահայ մամուլի (յատկապէս Գրիգոր Արծրունիի «Մշակ» թերթի) էջերուն՝ գրաւելով ընթերցող հասարակութեան ուշադրութիւնը։
*
* *
Լեզուներ սորվելու ընդունակ եւ գրելու շնորհքով օժտուած Վրթանէսի կեանքը անցաւ անվերջ ուղեւորութիւններու եւ տեղափոխութեանց մէջ։ Նախ ուղղուեցաւ Պաքու, ապա՝ Մոսկուա, այնուհետեւ՝ Պոլիս եւ ի վերջոյ Ժընեւ, ուր 1891էն 1895 հետեւեցաւ գրականութեան եւ հասարակական գիտութեանց դասընթացքներու։
Պաքու ապրած շրջանէն ան գտաւ կեանքի իր ասպարէզը, որ եւրոպական թերթերու աշխատակցութիւնն էր՝ տեղական կեանքի վերաբերեալ լրատուական նիւթերով եւ տարբեր ժողովուրդներու կենցաղին ու աւանդութեան նուիրուած ակնարկներով։ Ընտելացաւ 16 լեզուներու եւ մօտէն ծանօթացաւ թէ՛ Անդրկովկասի իրականութեան խմորումներուն, թէ՛ ժամանակի Եւրոպան յուզող ընկերային շարժումներուն։
1891ին լոյս ընծայեց թրքահայոց դառն ու դաժան ճակատագրին նուիրուած իր պատմուածքներու շարքը՝ երկու հատորով, «Պատկերներ թիւրքահայոց կեանքէն» անունով։ Ուշադրութիւն գրաւեց պարզ ժողովուրդին վիճակուած թշուառութիւնը, կեղեքումները եւ ազատագրումի յոյսն ու պայքարը կենդանացնող իր համով-հոտով պատմուածքներով, այլեւ ու մանաւանդ հայու ազգային-ցեղային արժանաւորութիւնը եւ մարտունակ ոգին գովերգող իր հեքիաթներու, զրոյցներու եւ պատմական վիպակներու («Արտաշէս Բ.», «Սահակ եւ Մեսրոպ», «Վարդանանց Պատերազմ») պատգամով։
Վրթանէս Փափազեան իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ հայ ազատագրական շարժման քաղաքական ու գաղափարական ուղին հարթելու գործին։ Մօտ կանգնած Հնչակեան կուսակցութեան՝ Վրթանէս Փափազեան հայ մարքսական մտածողութեան դրօշակիրներէն դարձաւ, այդ դիրքերէն սուր քննադատութիւնը կատարեց արեւմտահայոց թշուառութիւնն ու տառապանքը աւելիով ծանրացնող ներքին ցեցերուն՝ վաշխառու եւ փողատէր խաւերու դասակարգային չարաշահումներուն ու կեղեքումներուն։
Յատկապէս նորաստեղծ ազգային-յեղափոխական մեր կուսակցութեանց ներքին մերձեցման եւ գործակցութեան ջատագովներէն էր Վրթանէս Փափազեան՝ երբեմն թիրախ դառնալով իր գաղափարակիցներուն կողմէ դատապարտանքի ու ցեխարձակման ելոյթներու։ Այսուհանդերձ՝ իբրեւ հասարակական գործիչի, Վրթանէս Փափազեան ընդհանրապէս դրական, կամրջողի՛ դեր կատարեց հայ յեղափոխական կուսակցութեանց միջեւ, անոնց ձախ թեւին կանգնած գաղափարապաշտ մը ըլլալով մէկտեղ՝ խորարմատ ազգայնականութեան շունչը միշտ վառ պահելով իր գրականութեան մէջ։
Վրթանէս Փափազեանի անընդհատ տեղափոխութիւնները յաւելեալ պատճառ եղան ցարական իշխանութեանց համար, որպէսզի խստացնեն իրենց հալածանքը անարդարութեանց դէմ խօսքով ու գործով պայքարող հայ գրողին դէմ։ Վ․ Փափազեանի գործերէն ոմանց հրատարակութիւնը արգիլուեցաւ, մինչեւ իսկ ցարական գրաքննութեան կողմէ որոշ գործեր հաւաքուեցան ու փճացուեցան։
Համիտեան եւ իթթիհատական կոտորածները դատապարող իր գործերուն պատճառով՝ նոյնպէս օսմանեան իշխանութեանց կողմէ հալածուեցաւ Վրթանէս Փափազեան, որուն դէմ թրքական կառավարութիւնը մահապատիժի որոշում ալ կայացուց…, որմէ խոյս տալով ան ապաստանեցաւ Անդրկովկաս։
*
* *
Պարզ ու հանրամատչելի մշակումով գրականութիւն մը եղաւ իրը։
Գրելու տաղանդն ու մտաւորական պաշարը չէին պակսեր Վրթանէս Փափազեանին։ Ոչ միայն ինքնաշխատութեամբ եւ ինքնազարգացումով ինքզինք մշակած հեղինակ էր, այլեւ երեք տարի՝ 1891էն 1894 հետեւած էր Ժընեւի համալսարանի գրականութեան եւ պատմութեան ճիւղերուն։
Բայց ազգային-հասարակական գործիչի խմորը այնքան տիրական էր անոր հոգեկերտուածքին մէջ, որ Վրթանէս Փափազեան ստեղծագործ գրողը զիջեցաւ ժողովուրդին սիրտը հարազատօրէն ու բնական բաբախումով աշխարհին առջեւ բանալու… հասարակական գործիչի կոչումին առջեւ։
Նաեւ իր անձնական կեանքով՝ Վրթանէս Փափազեան եղաւ տառապող մեր ժողովուրդի ճակատագրին հարազատ վկան։ Իր բոլոր թափառումներու ընթացքին հաւատարիմ մնաց ուսուցչի եւ խմբագրի իր կոչումին, գրիչը երբեք վար չդրաւ, բայց միշտ ալ կարօտ մնաց տարրական ապրուստի ապահովութեան։
Ունեցաւ չքաւորութեան այնքան ծանր պահեր եւ մատնուեցաւ այնքան խոր յուսահատութեան, որ մինչեւ իսկ կուսակրօն հոգեւորական ձեռնադրուելու խնդրանքով դիմեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկին, որ սակայն չընդառաջեց…
Վրթանէս Փափազեան Առաջին Աշխարհամարտի նախօրէին՝ 1914ի աշնանամուտին անցաւ Նոր Նախիջեւան (հարաւային Ռուսաստան), տեղւոյն հայկական վարժարաններուն մէջ հայոց պատմութիւն եւ հայ գրականութիւն դասաւանդելու համար։
Երկար չապրեցաւ Վրթանէս Փափազեան։ 54 տարեկան էր, երբ 26 Ապրիլ 1920ին վախճանեցաւ անկախ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, ուր հիւանդանոցային բուժման համար բերուած էր Ս. Էջմիածինէն, որուն նախակրթարանին տեսուչ նշանակուած էր 1919ին։
Հակառակ իրեն բաժին ինկած կեանքի կարճատեւ ժամանակին, Վրթանէս Փափազեան բեղուն ժառանգութիւն մը կտակեց հայոց սերունդներուն, որոնք 19րդ դարավերջի հայոց հասարակական կեանքին մասին իրենց պատկերացումը կարեւոր չափով կը պարտին հայ գրականութեան բարեսիրտ այս տերվիշի ստեղծած պատմուածքներուն, ժողովրդային զրոյցներուն եւ ուղեւորի արձանագրած իրական կեանքի մռայլ պատկերներուն։
Աւելի՛ն. Վրթանէս Փափազեան իր կեանքն ու գրականութիւնը նուիրեց հայ ժողովուրդի արդարութեան եւ իրաւունքին՝ պայծառ գալիքի յոյսն ու պայքարը շնչաւաւորելու եւ երգով տարածելու նպատակին։
Բախտը ունեցաւ նաեւ տեսնելու Հայաստանի անկախացումը եւ ի վերջոյ մնայուն բնակութիւն հաստատելու Երեւանի մէջ, ուր եւ մահացաւ 1920ին։
Վրթանէս Փափազեանի ծննդեան տարեդարձին նուիրուած այս հակիրճ վկայութիւնը պսակող պատգամ մը թող ըլլայ հայ գրականութեան եւ հայ ազգային¬ազատագրական շարժման երախտաւորին պարզ ու խորիմաստ ազդարարութիւնը հայոց սերունդներուն՝
«Այդպէ՛ս է. ստրուկ մեծացածը՝ առանց վախի, յարգանք չգիտէ, եթէ մէկին յարգանք է ցոյց տալիս ¬ դա վախենալուցն է։ Չէ՞ որ կան մարդիկ, որոնք պաշտում են ժայռեր, որովհետեւ վախենում են նրանցից, կենդանիների, որովհետեւ սոսկում են նրանց յարձակումներից»։
*
* *
Վրթանէս Փափազեանին նուիրուած յուշատետրի այս էջը կ՚արժէ եզրափակել համացանցի վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած արխիւային հետեւեալ ուշագրաւ մասունքով։
Յովիկ Չարխչեան Հայաստանի Ազգային Արխիւներուն մէջ գտած է Վրթանէս Փափազեանի կողմէ 3 Ապրիլ 1920ին (մահէն քանի մը շաբաթ առաջ) գրուած հետաքրքրական նամակ մը, որ ուղղուած է օրուան անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն՝ առաջարկելով, որ Ապրիլ 24ը հռչակուի իբրեւ Ազգային Սուգի օր։
«Ե՞րբ եւ ո՞ւմ առաջարկով առաջին անգամ Ապրիլի 24ը սահմանուեց Մեծ Եղեռնի զոհերի յիշատակի օր» խորագրին տակ, 17 Ապրիլ 2011ին, «ՄԵԳԱՊՈԼԻՍ» ամսագրի ելեկտրոնային հրապարակման արժանացած Վրթանէս Փափազեանի նամակը կ՚ըսէ.-
«Չեմ կարծում, որ մոռացուած լինեն 1915 թ. Ապրիլ 11,12 եւ 13ի (հին տոմարով) այն օրերը, երբ Կ. Պոլիս եւ Հայաստանի միւս գաւառներում, նախապէս ծրագրուած դիւային մի մտածութիւնով, թուրք կառավարութիւնը, հայ ազգի բնաջնջմանը իբր ազատարար, խմբովին ձերբակալեց հարիւրաւոր հայ մտաւորականների, տանջեց նրանց բանտից բանտ եւ աքսորների ճանապարհներին, յետոյ գազանօրէն մորթոտել տուաւ եւ անյայտութեան մատնեց նրանց գերեզմաններն անգամ:
«Ովքեր ասես, որ չկային այդ նահատակների մէջ: Հայ բանաստեղծ ու լրագրող, բժիշկ ու փաստաբան, հայ ուսուցիչ, եպիսկոպոս, վարդապետ ու քահանայ… ամէնքին, ամէնքին տարան. ոչինչ չխնայեցին. հայ միտքն ուզեցին մի հարուածով մեռցնել ու ոչնչացնել, ուզեցին ջնջել հայ գիրքը, հայ երգն ու հայ աղօթքը…
«Գաղափար կազմելու համար կորուստի ահաւորութեան մասին, բաւական է յիշատակել, որ սպաննեցին ու մորթոտեցին մօտ 760 մտաւորականներ:
«Եօթը հարիւր եւ վաթսուն կեանքեր, որոնք այնքան ոգեւորութեամբ մշակում էին հայ միտքը եւ որոնց ջնջելով՝ իրաւամբ մտածում էին, թէ հայ ազգը պիտի կորցնի իր ամենալաւ մասը – իր սիրտը, իր կուլտուրան:
«Եօթը հարիւր եւ վաթսուն նահատակներ, որոնք ընկան մեր ազատութեան արիւնալից ուղիների վրայ՝ պատուանդան դառնալով մեր այժմեան փոքրիկ, վտիտ անկախութեան համար, որ պիտի մեծանայ, անշուշտ, եւ իր լաւ օրերի մէջ հիացումով յիշէ պիտի իր 760 լաւագոյն մտաւոր ուժերին:
«Մեր պատմութեամ մէջ մենք չենք ունեցել նման նահատակներ՝ այդպէս խմբովին սրի զոհ գնացած եւ վայրագօրէն ոչնչացրած։ 1915, Ապրիլ 11,12 եւ 13 թուեր՝ մեր անցեալի արիւնոտ էջերը չունեն արձանագրած իրենց վրայ: Եօթը հարիւր վաթսուն լուսաւոր մտքեր՝ միահամուռ ժողոված ու անապատների մէջ մորթոտած՝ լենկթեմուրեան շրջանումն անգամ տեղի չի ունեցել:
«Մենք այդ աննախընթաց սոսկումի օրերը ապրեցինք եւ նրա կսկիծը դեռ մեր սրտերումն ունենք դառնօրէն: Լայնատարած նախճիրների մէջ՝ խորունկ վշտով է, որ մտաբերում ենք 760 նահատակների անփոխարինելի կորուստը:
«Դուք եւս, անշուշտ, կսկիծով համակւում էք, երբ Ապրիլ 11ի, 12ի եւ 13ի օրերին յիշում էք Զօհրապի, Վարուժանի, Սիամանթոյի, Զարդարեանի եւ այլոց դաժան մահը, երբ մտաբերում էք մեր լաւագոյն յեղափոխականներից՝ Վարդգէսի, Խաժակի, Շահրիկեանի եւ ուրիշների կորուստը:
«Ու մտաբերելով կսկիծը ձեր հոգիների մէջ՝ անշուշտ, դուք, ես յոյս ունեմ, չէք մոռանայ յիշեցնելու ամբողջ Հայաստանի ժողովրդին եւ ամէն տեղերի հայերին, թէ ինչպիսի՜ կսկծալից սգոյ օրեր են Ապրիլ 11ի, 12ի, 13ի օրերը եւ թէ ինչպէ՜ս այդ օրերից մէկ օրը գոնէ, անհրաժեշտ է, որ սգոյ օր դառնայ ամբողջ հայ ազգի համար այնպէս, ինչպէս դարերից ի վեր դարձել է Վարդանանց օրը:
«Թոյլ տուէք ինձ, ուրեմն, հայ ազգի ներկայացուցիչներ, խոնարհաբար անել ձեզ հետեւեալ առաջարկները՝ քաջ գիտենալով, որ դուք պիտի ըստ ամենայնի քաջալերէք նրանց եւ առաջադրէք գործադրելու.
«1.- Ապրիլ 12ի կամ 13ի օրը հռչակել համազգային սգի օր, կանգ առնել տալ ամէն հաստատութեան իր գործունէութեան մէջ, փակել բոլոր խանութները եւ կազմակերպել տալ ամէն տեղ, մանաւանդ կրթական հաստատութիւնների մէջ՝ սգահանդէսներ, ուր մատաղ սերունդը լսի եւ իմանայ, թէ ինչպիսի՜ զոհերի գնով է, որ վայելում է այժմեան իր ազատութիւնը եւ ովքե՜ր են այն նահատակները, որոնք իրենց վարդագոյն արիւնովը պսակեցին մեր անկախութիւնը»:
«2.- Օրինագիծ մտցնել Պառլամենտում՝ ամէն տարի որոշ օր տօնելու մեր այդ նահատակների յիշատակը եւ առաջարկել Վեհափառ Կաթողիկոսին, որ այս տարի հայ բոլոր եկեղեցիներում հոգեհանգիստներ կատարուեն, իսկ տօնացոյցի մէջ Ապրիլ 12ի օրը նշանակուի իբր մշտական սգոյ օր՝ «Յիշատակ հարիւրաւոր հայ մտաւորական նահատակների, որոնք ընկան համաշխարհային մեծ պատերազմի օրերին՝ թուրքական վայրագ սրից»:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ