Նամակ երկրէն – ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ – ՀԵՐԻՔ է ՄԻԱՅՆ ՔՆՆԱԴԱՏԵՆՔ – ԼԱՒ ԲԱՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԱԼ ԽՕՍԻՆՔ

Նամակ երկրէն – ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ – ՀԵՐԻՔ է ՄԻԱՅՆ ՔՆՆԱԴԱՏԵՆՔ – ԼԱՒ ԲԱՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԱԼ ԽՕՍԻՆՔ

16 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՆԱՄԱԿ ԵՐԿՐԷՆ: //ՆԱԽՈՐԴԸ//:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Նամակ երկրէն

«ՀԵՐԻՔ է ՄԻԱՅՆ ՔՆՆԱԴԱՏԵՆՔ: ԼԱՒ ԲԱՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԱԼ ԽՕՍԻՆՔ»

Առաւօտ կանուխ սուրճս խմեր էի եւ երեխաներու աղմուկէն հեռու, տան մէկ անկիւնը տեղաւորուած ու համակարգիչս բացած՝ առօրեայ աշխատանքիս կը պատրաստուէի, երբ հեռախօսս զանգեց: Հայրենադարձ ընկերներէս Սեւակն էր: «Արդօք ի՞նչ պատահեր է, առտու կանուխ ի՞նչ պատճառ ունի հեռաձայնելու», մտածեցի եւ պատասխանեցի հեռախօսազանգին:

– «Չես հաւատար այսօր ի՛նչ եղաւ: Ասանկ բան չէի ակնկալեր, ամբողջ տրամադրութիւնս փոխուեցաւ կորոնավիրուսի այս տխուր օրերուն», ըսաւ Սեւակ: Ձայնին մէջ անսովոր ոգեւորութիւն մը, խանդավառութիւն մը կար, որ չէր համապատասխաներ առաւօտ կանուխ արթնցած մարդու սովորական տրամադրութեան:

– «Ի՞նչ պատահեցաւ, չըլլայ Green Card-ի lottery-ին շահած ես», կատակով ըսի ես:

– «Չէ, չէ, լուրջ եմ», պատասխանեց Սեւակ: «Երեկ երեկոյեան եկամտահարկի հաշուետւութիւնը ինթերնեթով՝ առցանց ներկայացուցինք հարկայինին: Անմիջապէս պատասխան ստացանք, որ կորոնավիրուսի պատճառով լուրջ վնասներ կրած մեր սրճարանային բիզնեսը կը համարուի տուժող շահառու, եւ քանի որ մեր մի քանի պաշտօնեաները գործէ չենք արձակած, պետութենէն պիտի ստանանք դրամաշնորհ: Մեր հաշուեհամարը ուղարկեցինք հարկայինին:

Այսօր ստուգեցի մեր հաշուեհամարը եւ տեսայ, որ արդէն իսկ ստացեր ենք մօտ 410 հազար դրամ: Սա լաւ օգնութիւն է մեր նման բիզնեսներուն համար, քանի որ մի քանի աշխատողի ծախսերու մէկ մասը կը փակէ: Ես այսպէս բան Հայաստանի մէջ չէի երեւակայեր:

Արդէն երկու տարի է կանխավճար հարկ չեն հաւաքեր մեզմէ, կաշառք չեն ուզէր, վերջերս սկսան նաեւ աւելացուած արժէքի հարկերը վերադարձնել հարկատուներուն, իսկ հիմա ալ՝ դրամաշնորհ տուժած բիզնեսներուն: Մինչեւ հիմա չեմ հաւատար եղածին: Անհաւատալի է, բայց իրաւ», պատմեց Սեւակ:

Սեւակ աւելի քան 15 տարի է տարբեր գործերու մէջ է Հայաստանի մէջ եւ սրճարանային իր գործը՝ Café Vergnano-ն, փոքր ըլլալով հանդերձ, մի քանի ընտանիքի աշխատանք եւ եկամուտ ապահովող բիզնես է, որ հիմա, նոյն ոլորտի այլ բիզնեսներուն նման, լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէ, կորոնավիրուսի յառաջացուցած տագնապին պատճառով: Սեւակը, սակայն, ուրախ ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ ունի:

Յեղափոխութենէն առաջ, հարկայինն ու պետական այլ օղակները, նոյնիսկ արդարադատական համակարգը հազար ու մէկ տեսակ դժուարութիւններ յառաջացուցած եւ խոչընդոտներ ստեղծած էին իր առջեւ, պատճառելով նիւթական ու բարոյական մեծ վնասներ:

Ամէն անգամ Սեւակ մտածած էր փակել բիզնեսները, վաճարել ամէն ինչ ու հեռանալ Հայաստանէն, բայց միշտ ալ հրաժարած էր Հայաստանէն հեռանալու գայթակղութենէն եւ շարունակած էր աշխատիլ՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն:

Վերջին երկու տարիներուն, սակայն, կացութիւնը բոլոր բիզնեսներուն, նաեւ՝ Սեւակին համար, դրական շրջադարձ ունեցած էր: Աւելի հանգիստ կ’աշխատէին: Հիմա, սակայն, համավարակին պատճառով դարձեալ դժուար օրեր են:

«Վնաս չունի, աս ալ կ’անցնի: Կրնա՞ս երեւակայել, ժամանակին հարկայինի աշխատողները գրեթէ բռնի ուժով մեզմէ դրամ կ’առնէին կը տանէին: Հիմա հակառակն է, դրամ կը վերադարձնեն հարկ վճարողներուս: Տեսա՞ր փոփոխութիւնը», ըսաւ Սեւակ, եւ աւելցուց՝ «Հերիք է միայն քննադատէք այս կառավարութիւնը: Քիչ մըն ալ լաւ գործերուն մասին խօսեցէք, քիչ չեն անոնք, հաւատացէք: Միայն քննադատութեամբ, երբեմն շատ անտեղի, տեղ չենք հասնիր»:

ՄՇԱԿՈՅԹ-Կոթող․ Արևմտյան Հայաստան․ Արճեշի շրջան-1

Քննադատութիւնները շատ են, այո: Եթէ նոյնիսկ նախկին գող-աւազակ իշխանութիւններու եւ անոնց սպասարկող ուժերու կծու քննադատութիւնները հաշուի չառնենք, նկատի ունենալով անոնց անցեալի վարքն ու բարքը, պիտի տեսնենք, որ յեղափոխութեան մասնակից եւ կողմնակից բազմաթիւ անհատներ, ակտիւիստներ, խմբակներ կամ քաղաքական ուժեր յաճախ լուրջ քննադատութիւններու կ’ենթարկեն իշխանութիւններու գործունէութիւնը:

Ես, օրինակ, իբրեւ հրապարակագիր, վերջերս խստօրէն քնադատեցի մեր իշխանութիւնները՝ Արցախի մէջ ընտրութիւններու առիթով իրենց կեցուածքին համար: Ատկէ առաջ քննադատեցի Ամուլսարի հարցով իրենց կեցուածքը, եկամտահարկի նոր օրէնքը, եւայլն:

Ամէն անգամ, երբ իմ կարծիքով սկզբունքներէ շեղումներ նկատեմ իշխանութիւններու վարքագիծին մէջ, խստօրէն պիտի քննադատեմ: Այդպէս եղած է անցեալին, այդպէս է այսօր:

Ես երդուեալ իշխանամէտ չեմ, կամ երդուեալ կուսկացական, որ աչք փակեմ ծանր սխալներու առջեւ եւ միայն փառաբանանքով զբաղուիմ, քննադատեմ ուրիշի աչքին շիւղը՝ առանց տեսներու իմ աչքի գերանը: Քննադատութիւնը, մանաւանդ առարկայական քննադատութիւնը, աւելի կարեւոր է քան փառաբանանքի շռայլ խօսքերը:

Քննադատութիւնը, ի վերջոյ, զգաստացման հրաւէր է, սխալ ուղիէն ճիշդ ուղի վերադառնալու կոչ, շեղումներէ հեռու պահելու զգուշացում:

Բայց ճիշդ է ընկերս՝ Սեւակը: Պէտք է նաեւ խօսիլ լաւ գործին մասին: Եւ պէտք է ըսեմ, որ վերջերս շատ քիչ կ’անդրադառնանք լաւ աշխատանքներուն:

Իսկ այս առիթով, Սեւակի յիշեցումով կ’ուզեմ գնահատել կառավարութեան տարած աշխատանքը՝ կորոնավիրուսի տագնապի հետեւանքները մեղմացնելու նպատակով: Հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ՝ գործարարներ, գործէ արձակուած մարդիկ, աշխատաւորներ, անհատ ձեռներեցներ, յղի կանայք, եւայլն, այս կամ այն չափով օգնութիւն ստացան ու դեռ կը ստանան պետութենէն:

Ոմանք կրնայ ըլլալ բաւարար չհամարեն եղածը, ուրիշներ հաւանաբար աւելի շատ օգնութիւն ակնկալեն իշխանութիւններէն, շատեր կրնան բաւարարուիլ, շատեր ալ՝ ոչ: Կարեւորը այն է, որ իշխանութիւնները շատ լուրջ, տքնաջան աշխատանք կը տանին՝ մեղմելու համար քաղաքացիներու ծանր օրերը:

Վարձքը կատար բոլորին:

ՄՇԱԿՈՅԹ-Ժայռապատկեր․ Արևմտյան Հայաստան, Արճեշի շրջան

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէք ինծի:
rafdoud@aol.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail