ԱԿՆԱՐԿ. Հայոց Ցեղասպանութիւնը Վերապրած Մեծ Մօրս Պատմութիւնը

ԱԿՆԱՐԿ. Հայոց Ցեղասպանութիւնը Վերապրած Մեծ Մօրս Պատմութիւնը – ԱԿՆԱՐԿ. Հայոց Ցեղասպանութիւնը Վերապրած Մեծ Մօրս Պատմութիւնը

17 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԵՐ:

Génocide perpétré par l’Empire ottoman, aujourd’hui la Turquie – génocide arménien-erzeroum-1895-lesalonbeige.fr

Նարինէ Տումանեան

Մօրական կողմէ մեծ մայրս՝ Նուրիձան, Արեւմտեան Հայաստանի Սվազ/Սեբաստիա քաղաքէն էր։ Հայոց Ցեղասպանութեան (1915թ.) ժամանակ ընդամէնը 8-9 տարեկան փոքրիկ, որ, ըստ իր յիշողութեան, եղած է շատ մեծ գերդաստանի զաւակ։

Մեծ մայրս կը պատմէր, թէ ինչպէս, զիրենք հաւաքած են եկեղեցւոյ մէջ եւ կարճ ժամանակ այնտեղ պահելէ ետք՝ փոքրիկ լուսամուտներէն դուրս հանելով՝ խորհուրդ տուած են փախչիլ։

Գաղթի երկար ճամբուն ընթացքէն կը յիշէր միայն իր ձեռքը բռնած հիւանդ մայրը, որմէ առյաւէտ բաժնուած էր՝ տարուելով քիւրտ ձիաւորի (զինուորական) մը կողմէ։ Մեծ մայրս կարճ ժամանակ մը ապրած է այդ քիւրտի ընտանիքին հետ, որուն զաւակներուն հետ ո՛չ միայն խաղցած է, այլ՝ անոնց նման աղօթած։

«Մեր դրացուհին օր մը կանչեց զիս ու ականջս ոլորելով ըսաւ, թէ ես ՀԱՅ եմ եւ ճիշդ չէ անոնց նման աղօթելս… Այդտեղ ես արթնցայ»,- կ՝ըսէր մեծ մայրս ու շնորհակալութեամբ կը յիշէր իրենց հայ դրացուհին, որուն շնորհիւ ան տեղափոխուած էր որբանոց, ուրկէ ալ որդեգրուած էր տէրհօր մը եւ անոր տիկնոջ կողմէ։

GENOCIDE ARMENIAN -turc15-1895 erzurum-victims – Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, today Turkey

yerakouyn.com/2020/04/17/ակնարկ-հայոց-ցեղասպանութիւնը-վերապր/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail