ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Իրաւունքը արցունքոտ թաշկինակին ծայրը կապեցինք մենք, փոխանակ սուրին ծայրը դնելու
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
24 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Իրաւունքը արցունքոտ թաշկինակին ծայրը կապեցինք մենք, փոխանակ սուրին ծայրը դնելու»
23 Ապրիլ 2020
Բարի լոյս՝ Հայու մեր ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ եւ ԻՆՔՆԱՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԿԻԶԱԿԷՏը՝ «Կտակն էր Նահատակներուն» ՈՒԽՏը ամենայն երկիւղածութեամբ սերունդէ սերունդ իբրեւ ՍՐԲԱԶԱՆ ՄԱՍՈՒՆՔ փոխանցած պահանջատէր հայութեան։
Ապրիլ 24ի նախօրէին հայ ժողովուրդին բոլոր երգերը կը հալին եւ կը միաձուլուին մէկ ու միակ ՊԱՏԳԱՄի՝ «Անլռելի Զանգակատան» բոլոր ղօղանջներուն հնչեղութիւնը շղթայազերծող անկրկնելի ԿՐԿՆԵՐԳին մէջ․
– Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ հային կարդայ նախատինք։
Բարի լոյս՝ նորահաս մեր սերունդի աշխարհասփիւռ ԶԻՆՈՒՈՐԱԳՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ, որոնք համավարակի համաշխարհային մեկուսացման այսօրուան պայմաններուն մէջ իսկ, միջոցն ու հնարքը գտած են համացանցի վրայ ԲՈԼՈՐԻՆ ուշադրութիւնը հրաւիրելու եւ կեդրոնացնելու 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան՝ հայ ժողովուրդը տարագրելու եւ բնաջնջելու, այլեւ հայոց հայրենիքը՝ Հայաստանը կործանելու թրքական պետութեան անպատիժ մնացած ծանրագոյն ՈՃՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ վրայ։
Բարի լոյս՝ մէկուկէս միլիոն մեր սուրբ Նահատակներու յիշատակին մոմ վառող եւ լոյս տարածող վերապրող հայութեան, որ թրքական պետութենէն իրաւունք ունի պահանջելու ոչ միայն ՃԱՆԱՉՈՒՄը անոր գործած ցեղասպանութեան, այլեւ ՍՏԱՆՁՆՈՒՄը ամբողջական արդարութիւնը գործադրելու անխուսափելի ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ։
Այո՛, հայ ժողովուրդը կը յիշէ եւ կը պահանջէ։
Եւ Ծիծեռնակաբերդէն մինչեւ աշխարհի որեւէ կորսուած անկիւնը, ուր հայրենահան հայու ոտքը հասած է եւ հայորդի մը խօսելու իր տարիքը թեւակոխած է՝ ահա՛ մենք կը յայտարարենք բոլոր-բոլորին, որ մեր սերունդները այրած են նահանջի բոլոր ԿԱՄՈՒՐՋՆԵՐը։
Բարի լոյս՝ ԻՐԱՒՈՒՆՔի եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋՈՎ իրարու զօդուած եւ Ազգի ու Հայրենիքի մէկ մեծ շղթայ կազմած ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, որ աշխարհի չորս ծագերէն քաղաքական ՃՆՇՈՒՄը կը սաստկացնէ ՑԵՂԱՍՊԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ վրայ։
– ՆՊԱՏԱԿՍ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ՃԱՆՉՆԱՐ։
24 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ