ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – Լիբանանեան Քաղաքական Գործիչներու` Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Կեցուածքներ

Ibrahim Kanan April 24 Armenian Genocide Remembrance Day - A Right That Will Not Die, And A People That Will Not Be Surrendered.

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – Լիբանանեան Քաղաքական Գործիչներու` Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Կեցուածքներ

27 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

THE OTTOMAN MILITARY FORCES LEAD ARMENIAN MEN TO A PLACE OF EXECUTION OUTSIDE THE CITY OF KHARPOUT. Ottoman Empire, March-June 1915.

«Ազդակ»

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով լիբանանեան քաղաքական գործիչներ 24 ապրիլին իրենց Թուիթըրի եւ Դիմատետրի էջերուն ընդմէջէն արձանագրեցին դատապարտումի կեցուածքներ, որոնց կ՛անդրադառնանք ստորեւ:

Իպրահիմ Քանաան

Հզօր Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան իր ստորագրութեամբ զետեղած էր Ծիծեռնակաբերդի լուսանկար մը, որուն վրայ արձանագրած էր. «24 Ապրիլ. Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր: Իրաւունք մը, որ չի մեռնիր, եւ ժողովուրդ մը, որ չի յանձնուիր»:

Նիքոլա Սահնաուի

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի թուիթըրեան իր հաշիւով զետեղած էր Ծիծեռնակաբերդի ու անմոռուկի լուսանկար մը եւ գրած. «24 Ապրիլ. Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան առիթով կը յիշենք ու կ՛աղօթենք»:

Նաամթալլա Ապի Նասըր

Մարոնիներու լիկայի նախագահ, նախկին երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ. «Այսօր, ինչպէս ամէն օր, կը յիշենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ գործադրուեցաւ Օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ: Հայոց ցեղասպանութիւնը իսկական ցեղասպանութիւն մըն է, որուն պատասխանատուութիւնը, սակայն, Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ, ինչպէս է պարագան ՍԷՅՖՕ-ին, որուն զոհ գացին ասորիները: Հայոց Ցեղասպանութեան զուգահեռ Լեռնալիբանանի մէջ գործադրուեցաւ նաեւ ժողովուրդը սովի ենթարկելու ցեղասպանութիւնը, որ հասաւ մինչեւ Պէյրութ: Մարդկային այս աղէտին իմաստը լաւ պէտք է հասկնանք եւ դասեր քաղենք պատմութենէն, որպէսզի կանխարգիլուի նման աղէտի մը կրկնութիւնը: Այս իմաստով պէտք է ամրապնդել մարդկային մշակոյթը եւ ուրիշը ընդունելու հանդուրժողութիւնն ու բազմազանութիւնները յարգելու կարեւորութիւնը»:

Ապի Նասըր հաստատեց, որ ինք 19 հոկտեմբեր 2016-ին Լիբանանի խորհրդարանին ներկայացուցած է օրինագիծ մը, որուն հիման վրայ լիբանանեան պետութենէն պահանջած է  ճշդել յիշատակի օր մը, որ նուիրուած է Մեծ սովին, ինչպէս նաեւ Ա. Աշխարհամարտի աղէտալի դէպքերու յիշատակին:

Ան նշեց, որ այդ օրինագիծին քննարկումը սպառիչ կերպով կատարուած է խորհրդարանական յանձնախումբերուն կողմէ, ուստի պէտք է այլեւս զայն դարակներէն դուրս բերել եւ վաւերացնել:

Մանալ Ապտել Սամատ

Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Այս տարի ռամատանի ամսուան սկիզբը կը զուգադիպի Հայոց Ցեղասպանութեան, զոր կը դատապարտենք, ինչպէս որ կը դատապարտենք քաղաքայիններուն ու անմեղ ժողովուրդին դէմ գործուած բոլոր ոճիրները»:

Միշել Մուսա

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա կը գրէ. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ բոլոր ցեղասպանութիւնները մարդկութեան պատմութեան մէջ դատապարտելի են եւ սեւ կնիք մը կը նկատուին երկիրներու խիղճին մէջ: Կը պահանջուի ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը եւ ստանձնել պատասխանատուութիւնը, ներում հայցել եւ տիրող կացութենէն դասեր քաղել, որովհետեւ ժողովուրդներուն եւ խմբաւորումներուն կեանքը քաղաքական շահերուն ծառայող նպատակներ չեն»:

Սլէյման Ֆրենժիէ

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ գրեց հետեւեալը. «Չկայ վէրք մը, որ կ՛ապաքինի առանց պատմութեան արդար ճանաչումին»:

Էլիաս Պու Սաապ

Հզօր Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապ գրեց հետեւեալը. «Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով կը յիշենք մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակները ու կ՛աղօթենք անոնց համար»:

Ալեն Աուն

Հզօր Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ալեն Աուն գրեց. «Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով կ՛ողջունեմ աշխարհի բոլոր հայերը, որոնք, իրենց ապրած երկիրներուն եւ անոնց ժողովուրդներուն պատկանելով հանդերձ, պաշտպանեցին իրենց Դատը, հետապնդեցին զայն եւ փոխանցեցին սերունդէ-սերունդ` պահպանելով Հայ Դատին այժմէականութիւնը: Հայերը իսկապէս օրինակելի են բոլորին համար, որովհետեւ անոնք փաստած են, որ ինչքան ժամանակ անցնի` կարելի չէ յիշողութիւնը ջնջել: Միայն այդ սխալին ճանաչումով կարելի պիտի ըլլայ վէրքերը ամոքել եւ ներում շնորհել»:

Էլիաս Հանքաշ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «24 Ապրիլ 1915-ին Արեւելքի մէջ սկիզբ առաւ 20-րդ դարու ամէնէն լայնածաւալ Ցեղասպանութիւնը` ժողովուրդի մը դէմ, որ մերժեց հրաժարիլ իր հաւատքէն եւ իր ազատութենէն: Այդ ժողովուրդը այսօր դարձած է հաւատարմութեան, պատկանելիութեան եւ ջանքի օրինակելի տիպարը: Ան արժանի է մեր յարգանքին եւ զօրակցութեան` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջելու իր պայքարին մէջ»:

Ամալ Պու Զէյտ

Նախկին երեսփոխան Ամալ Պու Զէյտ գրեց, որ աւելի քան 100-ամեակ մը անցած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ասորիներու ՍԷՅՖՕ-ի ջարդերուն, սակայն այդ դատերը տակաւին կը գոյատեւեն, որովհետեւ անոնց իրաւատէրերը առանց յուսահատելու եւ մոռնալու կը շարունակեն պահանջել իրենց իրաւունքը: «Անոնք իրենց դատերը տարած են բոլոր այն երկիրները, ուր հասած են եւ ապաստանած: Հայ եւ ասորի մեր եղբայրներուն ցուցաբերած նահատակութիւնը` Արեւելքի քրիստոնեաներուն անունով ներկայացուած նահատակութիւն է, որ կ՛ամբողջանայ Լեռնալիբանանի մեր նահատակներուն հետ: Հալածանքներէն ճողոպրելով անոնց կողմէ Լիբանան ուղղուելու քայլը կը փաստէ Լիբանանի պատմական պատգամը` իբրեւ ազատութիւններու երկիր: Երբ Լիբանանը կը կորսնցնէ իր ազատութիւնը, կը դադրի Լիբանան ըլլալէ»:

Նետիմ Ժեմայէլ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ գրեց. «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին առիթով կը յիշենք քրիստոնեայ ընդդիմադիր նահատակները, որոնք զոհ ճիւաղներու զոհ գացին, եւ կ՛աղօթենք անոնց յիշատակին:

«Հայ ժողովուրդը անձնատուր ըլլալ չի գիտեր: Ան պատմական է եւ անկիւնադարձային բոլոր դէպքերուն պարագային կը մնայ քաջութեան եւ դիմադրութեան ռահվիրան»:

Էտկար Թրապուլսի

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի թուիթըրեան իր հաշիւին ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ինչո՞ւ Արեւելքի մէջ ոճրագործը չի խոստովանիր իր յանցանքը: Ինչո՞ւ միշտ յանցանքը կը բարդուի զոհին ուսերուն: Ժողովուրդ մը, որ չէ անհետացած: Յիշողութիւն մը, որուն կարելի չէ յաղթել եւ իրաւունք, որ տակաւին կ՛ապրի»:

Ճօ Հըպէյքա

Ուաատ կուսակցութեան նախագահ Ճօ Հըպէքա իր կատարած գրառումին մէջ մէջբերեց ֆրանսացի գրող Անաթոլ Ֆրանսի 1916-ին գրած մէկ նախադասութիւնը, որ կ՛ըսէ. «Հայաստանը կը մեռնի, սակայն ան պիտի ապրի: Մնացած փոքր քանակով արիւնը, թանկագին արիւն է եւ անիկա ծնունդ պիտի տայ հերոսական սերունդի մը: Ազգ մը, որ չ՛ուզեր մեռնիլ, չի մեռնիր»:

Հըպէյքա աւելցուց, որ հայ ժողովուրդը իսկապէս չէ մեռած:

Ան իր գրառումին կցեց նաեւ 1915-ին լոյս տեսած «Նիւ Եորք Թայմզ» եւ «Տը Ինտիփենտընթ» թերթերու օրինակներ, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան կ՛ակնարկեն եւ Ցեղասպանութեան փաստաթուղթեր են:

Մուսթաֆա Համտան

Մուրապիթուն շարժումի նախագահ Մուսթաֆա Համտան իր եւ իր շարժումին անունով ցաւակցութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին` ոճրագործ թուրքին ոճիրներուն զոհ գացած հայ նահատակներուն յիշատակին առիթով: «Թրքական այս ոճրային ու վայրագ մտայնութիւնը ցայսօր կը շարունակէ մարդկութեան դէմ իր գործած ոճիրները եւ կը մերժէ մարդկային նուազագոյն զգացումը ունենալ ու ներում հայցել` իր գործած յանցանքներուն համար: Մեր ամբողջ սէրն ու յարգանքը` հայ ժողովուրդին», շեշտեց Համտան:

Փոլ Քանաան

Լիբանանի ի խնդիր մարոնի համախմբումի նախագահ, իրաւաբան Փոլ Քանաան յայտնեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տարեկան դրութեամբ յիշատակուող թուական մըն է, ոչ միայն հայոց, այլ նաեւ` լիբանանցիներուն, որոնք կը վերանորոգեն ազգային համերաշխութեան ուխտը:

Քանաան հաստատեց, որ հայերը, մարոնիները, ասորիներն ու քաղդէացիները արիւնակից են, որովհետեւ անոնք օսմանեան կայսրութեան զոհերն ու նահատակներն են:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող նոյնանման կեցուածքներ որդեգրեցին նաեւ նախկին նախարարներ Սըժաան Քազզի, Նատա Պուսթանի եւ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն:

Իպրահիմ Քանաան 24 Ապրիլ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր – Իրաւունք մը, որ չի մեռնիր, եւ ժողովուրդ մը, որ չի յանձնուիր

yerakouyn.com/2020/04/27/լիբանանեան-քաղաքական-գործիչներու-հա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail