Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – Ո՛Չ ՓՈՒԼԱՅԻՆ, Ո՛Չ ԱԼ ՓԱԹԵԹԱՅԻՆ – Թող երթան մեր խելացի դիւանագէտներն ու ամենագէտ կուսակցական եւ պետական առաջնորդները մտածեն,
Մենք, այո՛, հող յանձնելու դէմ ենք: Վերջակէտ: Թող երթան մեր խելացի դիւանագէտներն ու ամենագէտ կուսակցական եւ պետական առաջնորդները մտածեն, թէ ռազմաճակատի վրայ յաղթանակ տարած երկիրը ինչպէ՞ս 25 տարի շարունակ նահանջ արձանագրեց դիւանագիտական մարտադաշտին վրայ, եւ Քի Ուէսթէն մինչեւ Մատրիտ ու Կազան, մինչեւ Լաւրով ու չգիտեմ ով, հող յանձնելու մասին խօսեցաւ:
Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
01 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Նամակ երկրէն
Ո՛Չ ՓՈՒԼԱՅԻՆ, Ո՛Չ ԱԼ ՓԱԹԵԹԱՅԻՆ
Վերջերս, Նիկոլ Փաշինեանն ու իշխանութիւնները օրն ի բուն քննադատող ընդդիմադիրները, նորէն աղմուկ-աղաղակ բարձրացուցին Արցախի տագնապի վերաբերող բանակցութիւններուն մասին:
Առիթը Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերգէյ Լաւրովի յայտարարութիւնն էր, ըստ որուն Հայաստանն ու Ադրբեջանը կը բանակցին Արցախի տագնապին փուլային լուծում տալու ծրագրի մը շուրջ, որ այլապէս յայտնի է Լաւրովեան Ծրագիր անունով՝ գոնէ 2016-էն ի վեր:
Ես առանձնապէս ո՛չ Լաւրովին, ոչ ալ քանի մը օր յետոյ, Ալիեւէն պախարակուելէ ետք միայն, Ադրբեջանի արտաքին գործերու նախարարին նոյնօրինակ յայտարարութիւններուն հաւատալու պատճառ ունիմ:
Ընկեր մը, սակայն, որ նախկին իշխանութիւններուն հետ սերտ համագործակցած էր եւ իր բիզնէսն ալ բաւական զարգացուցած էր այդ տարիներուն, Facetime-ով խօսակցութեան մը ժամանակ ի մէջ այլոց ըսաւ հետեւեալը.
«Տեսա՞ր, քեզի չ’ըսի՞, որ այս մարդիկը Արցախը պիտի յանձնեն: Արդէն Լաւրովն ալ ըսաւ, որ փուլային լուծման բանակցութիւններ տեղի կ’ունենան: Ես արդէն գիտէի ասոնց ինչ ըլլալը: Այս յեղափոխութիւն-մեղափոխութիւնը պարապ բաներ են: Բոլորը դուրսէն կազմակերպեցին, որպէսզի Արցախը Ադրբեջանին տան:
Ասոր մէջ ռուսն ալ մատ ունէր, Ամերիկան ալ: Լաւրովն ալ խոստովանեցաւ արդէն»:
Ընկերոջս յիշեցուցի, որ Արցախի խնդրի լուծման փուլային եւ փաթեթային տարբերակները սեղանի վրայ եղած են 1994-ի զինադադարէն ետք տեղի ունեցող բանակցութիւններու տարբեր հանգրուաններուն: Սա նորութիւն չէ եւ միշտ ալ այս տարբերակները բանակցող կողմերուն կը հրամցուին իբրեւ լուծման առաջարկներ:
– Բայց մենք փուլայինին դէմ ենք, ինչ ալ ըլլայ՝ չենք ընդունիր հողերու յանձնումը, շեշտեց ընկերս:
– Եթէ փուլայինին դէմ եք, ուրեմն փաթեթայինին կո՞ղմ եք, հարցուցի ես:
– Երեւի հա՛, եթէ փուլայինին դէմ ենք, ուրեմն փաթեթայինին կողմ պէտք է ըլլանք, ըսաւ ան, պահ մը մտածելէ ետք:
– Բայց հողերը յանձնելու դէմ եք, չէ՞, շարունակեցի հարցապնդել :
– Անշուշտ որ դէմ ենք: Այդ ալ խօ՞սք է: Մենք չենք ընդունիր ազատագրուած տարածքներէն մէկ թիզ հողի զիջումն իսկ, ոգեւորութեամբ եւ վճռական թոնայնութեամբ ըսաւ ընկերս:
– Բայց գիտես, չէ՞, որ փաթեթայինը եւս հողերու զիջում կը պարտադրէ: Եօթ շրջան պիտի տրուի Ադրբեջանին, յետոյ ադրբեջանցի բոլոր գաղթականները պիտի վերադառնան իրենց տուները, ատկէ ետք ալ, որոշ ժամանակ մը անց տեղի պիտի ունենայ ինքնորոշման հանրաքուէ:
Իսկ փուլայինի պարագային, առաջ ազատագրուած հողերը պիտի տան, յետոյ պիտի որոշեն Արցախի ինքնորոշման խնդիրը: Սա է հիմնական տարբերութիւնը, երկու պարագաներուն ալ, հողեր տալ կայ, ատոր համար, ես երկուքին ալ դէմ եմ…, պատասխանեցի ընկերոջս:
Ընկերս պահ մը լռեց, երեւի մինչեւ այդ չէր գիտեր ի՞նչ է տարբերութիւնը փաթեթայինի եւ փուլայինի միջեւ: Լսած էր, որ փուլայինը վատ է: Կը մնար փաթեթայինը, քանի որ սեղանին վրայ այլ առաջարկ չկար: Ուրեմն կողմ պէտք է ըլլար փաթեթայինին: Քիչ մը շփոթած էր եւ կը փորձէր հասկնալ փաթեթայինի, փուլայինի եւ հող յանձնելու միջեւ տարբերութիւններն ու նմանութիւնները:
– Նայէ, բարեկամ, 25 տարիէ ի վեր փաթեթայինի ու փուլայինի շուրջ են բանակցութիւնները, դեռ չենք խօսիր Մեղրիէն Ադրբեջանին ազատ անցք տրամադրելու Քի Ուէսթի տարբերակին մասին:
Նախորդ երեք նախագահները այս տարբերակներուն մասին բանակցած են, եւ այս կամ այն տարբերակին համաձայնութիւն յայտնած են: Նորութիւն չկայ բանակցութիւններու սեղանին վրայ, նոյն անընդունելի առաջարկներն են: Ատոր համար ալ ես դէմ եմ թէ՛ փուլայինին, թէ փաթեթայինին, կարեւոր չէ թէ Լաւրովը կամ միւսները ի՛նչ կ’ըսեն:
– Է հապա կ’ըլլա՞յ: Այդ պարագային ինչի՞ շուրջ պիտի բանակցին: Բանակցիլը իմաստ կունենա՞յ, յանկարծ սկսաւ բարձրաձայն մտածել ընկերս:
– Կ’ըլլայ-չըլլար չեմ գիտեր: Եթէ հողերը յանձնելու դէմ ես, ուրեմն պիտի մերժես թէ՛ փուլայինը, թէ փաթեթայինը: Եթէ անցնող 25 տարիներուն այս կամ այն առիթով ընդունած ես բանակցիլ տարբերակներէն ոեւէ մէկուն շուրջ, ուրեմն ընդունած ես հողեր յանձնելու առաջարկը: Լաւ կ’ըլլայ, որ այս օրերուն փուլայինի եւ փաթեթայինի մասին շատ չխօսիս, երկուքն ալ հող յանձնել ունին իրենց մէջ: Մտածէ ինչպէ՞ս անցնող 25 տարիներու ստեղծուած իրավիճակը պիտի փոխես, խրատեցի ընկերոջս:
– Հա, այդ մասին չէի մտածած, երեւի ճիշդ ես, ստեղծուած անյարմար վիճակէն պէտք է դուրս ելլենք, բայց ինչպէ՞ս…, մտմտաց ընկերս, ձայնի թոնայնութիւնը բաւական մեղմացուցած:
Արդէն բորբոքելու հերթը իմն էր։
– Այո՛, ինչպէ՞ս: Անցեալին ալ, այսօր ալ, ամէն մարդ կ’ուզէ միայն հերոս ներկայանալ, մինչդեռ բոլորն ալ, իշխանութեան եղած ժամանակ, կամա-ակամայ, ուզեն-չուզեն, նստած էին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, իսկ բանակցութեանց անբաժան մաս եղած էր հող յանձնելու թեման: Հերիք է այլեւս այս նիւթը չարաշահուի:
25 տարի դիւանագիտական բեմերու վրայ թէ քուլիսներու ետին տարուող բանակցութիւններէն ի՞նչ ստացանք. 2016-ի Ապրիլեան պատերազմ, 100-է աւելի նահատակ երիտասարդներ, հարիւրաւոր հեկտարներու կորուստ, իսկ ատկէ առաջ՝ ամէն օր գերարդիական եւ մասսայական բնաջնջումի զէնքերով սպառազինուող Ադրբեջան, ռուսական երկդիմի եւ նոյնքան վատ՝ եւրոպական եւ ամերիկեան քաղաքականութիւն, հարենիքի հարստութիւնը սեփականաշնորհած իշխանութիւններ, ռուսահայկական եւ հայաստանեան ապազգային, այլեւ օտարներու շահերուն ծառայող օլիգարխիա, արտագաղթ, աղքատութիւն եւ… հազարումէկ ազգային ողբերգութիւն:
Այս բոլորէն ետք, ինչի՞ մասին է խօսքը:
Մենք, այո՛, հող յանձնելու դէմ ենք: Վերջակէտ: Թող երթան մեր խելացի դիւանագէտներն ու ամենագէտ կուսակցական եւ պետական առաջնորդները մտածեն, թէ ռազմաճակատի վրայ յաղթանակ տարած երկիրը ինչպէ՞ս 25 տարի շարունակ նահանջ արձանագրեց դիւանագիտական մարտադաշտին վրայ, եւ Քի Ուէսթէն մինչեւ Մատրիտ ու Կազան, մինչեւ Լաւրով ու չգիտեմ ով, հող յանձնելու մասին խօսեցաւ:
– Լաւ, լաւ, մի բորբոքիր, երեւի իրաւունք ունիս: Ըսաւ ընկերս եւ փորձեց նիւթը փոխել:
Զրոյցը շարունակելու մտադրութիւն չէր մնացած ո՛չ իր, ոչ ալ իմ մօտ: Երկուքիս ալ տրամադրութիւնը քանդուած էր: Խօսելու ախորժակ չկար:
Րաֆֆի Տուտագլեան
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com