ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ – Երբ Թշնամին Ծածուկ Կը Գործէ… – Երբ Թշնամին Ծածուկ Կը Գործէ… – Երբ Թշնամին Ծածուկ Կը Գործէ…

Azerbaijan - Must Be Held Accountable for the Destruction of Armenian Cultural Heritage

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ – Երբ Թշնամին Ծածուկ Կը Գործէ… – Երբ Թշնամին Ծածուկ Կը Գործէ… – Երբ Թշնամին Ծածուկ Կը Գործէ…

19 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

massacre in Maragha

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Վերջերս բաւական խօսուեցաւ Արցախի այսպէս կոչուած ազրպէյճանական համայնքին մասին, որ կ’ուզէ արցախեան բանակցութիւններուն մաս կազմել: «Թուիթըր»-ի վրայ այսպէս կոչուած «Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնք» (Azerbaijani Community of Nagorno Karabakh) էջը հակահայկական հսկայական քարոզչութիւն կը տանի, իսկ միւս կողմէ 10 մայիսին Թուրքիոյ մէջ «Արեւմտեան Ազրպէյճանի աքսորեալ կառավարութեան» հիմնադրումը պէտք է ազդանշան ըլլայ բոլորիս, որ մինչ հայաստանեան քաղաքական իրավիճակը օրէ օր կը բարդանայ, թշնամին լուրջ քայլերու կը դիմէ:

«Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնքի» անդամները հսկայական քարոզչութիւն կը կատարեն Եւրոպական Միութեան մէջ: Իբրեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն, վերջերս անոնք ընդունուեցան Եւրոպական Միութեան կողմէ: Հետաքրքրական էր, օրինակ, որ Ս. Յարութեան տօնին անոնք հայերէնով բարեմաղթութիւններ ուղղած էին արցախցիներուն` շնորհաւորելով անոնց Ս. Զատիկը եւ ըսելով, որ անոնք կը շնորհաւորեն ազրպէյճանցի հայերու Զատիկը եւ յոյս կը յայտնեն, որ մօտիկ ապագային «Ղարաբաղը կը վերադառնայ մայր Ազրպէյճանի կազմին»:

«Թուիթըր»-ի այս էջը հակահայ հսկայական քարոզչութիւն կը կատարէ` տարածելով նկարներ, ուր կ’երեւին սպաննուած ազրպէյճանցիներ եւ ազրպէյճանական քանդուած գիւղեր, որոնք կը գտնուին Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ: Օրինակ, նկարի մը կ՛ընկերակցի բացատրական հետեւեալ գրութիւնը. «Ժամագործ հայրս Քարվաճառի իր խանութին դիմաց: Ապրիլ 1-ին, երբ հայկական ուժերը շրջան մտան, այրեցին խանութը, հայրս փախուստ տուաւ դէպի Պաքու եւ այդ օրէն ի վեր ան ժամագործ չէ»: Հոս կը տեսնենք, թէ ազրպէյճանական կողմը ինչպէ՞ս զգացականօրէն կը մօտենայ եւ կը փորձէ հանրութեան մէջ ստեղծել հայու տիպար մը, որ, ըստ իրենց, եղած է ոճրագործ եւ բռնութիւնը սիրող: Էջը նաեւ «tag» կ’ընէ Եւրոպական Միութեան, ՄԱԿ-ի եւ մարդկանց իրաւանց մարմիններու ընկերային ցանցերու այլ էջեր` հակահայ քարոզչութիւն տարածելու համար: Այս համայնքին կամ կազմակերպութեան նախագահն է Թուրալ Կանճալը, որ բաւական մեծ համբաւ ունի ազրպէյճանական ընկերային ցանցերուն մէջ, ան նաեւ Ազրպէյճանի խորհրդարանի երեսփոխան է: Անոր թուիթըրեան էջին հետեւելով կը տեսնենք, որ ան բարեկամական յարաբերութիւններ ունի եւրոպացի եւ ռուս բազմաթիւ վերլուծաբաններու եւ լրագրողներու հետ: Այդ էջին հետեւելով կրնանք տեսնել, թէ խումբ մը երիտասարդ հետազօտողներ ու ակադեմականներ կը տարածեն լուրեր եւ քննարկումներ կը կատարեն արեւմտեան եւ ռուսական հետազօտական ու պետական կեդրոններու հետ: Այս համայնքի էջին կողքին նաեւ կը գործեն բազմաթիւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու եւ պետական նախաձեռնութիւններու այլ էջեր, որոնք կը տարածեն հակահայ լուրեր եւ կը խեղաթիւրեն արցախեան պատմութիւնը, օրինակ` «The humans of Karabakh», «Khankindi city», «AzDiplomacy Volunteers», «Justice for Khojaly Campaign» եւ այլ բազմաթիւ կազմակերպութիւններու ու անձերու էջեր: Անոնք կը տարածեն ազրպէյճանամէտ լուրեր ոչ միայն ազրպէյճաներէնով կամ անգլերէնով, այլ նաեւ արեւելահայերէնով:

Այս բոլորին աւելնալու եկաւ 10 մայիսին Թուրքիոյ մէջ «Արեւմտեան Ազրպէյճանի աքսորեալ կառավարութեան» հիմնումը: Ճաֆեր Ճահմակլի, որ Քայսերի համալսարանին մէջ հայկական հարցերու «մասնագէտ» է, եւ որուն «նախահայրերը ապրած են ներկայ Հայաստանի սահմաններուն մէջ», հիմնեց աքսորեալ կառավարութիւն մը Թուրքիոյ մէջ: Ինչո՞ւ Թուրքիոյ մէջ եւ ոչ թէ Ազրպէյճանի, հետաքրքրական է: Սակայն մեզի կը թուի, թէ թրքական գաղտնի գործակալութիւնը` ՄԻԹ-ը այս նախաձեռնութիւնը ապագային կրնայ օգտագործել Հայաստանի դէմ` փորձելով հակակշռել Արցախի տագնապը, Հայոց ցեղասպանութեան հարցը եւ հայկական պահանջները:

Ակնյայտ է, որ նման գործելաոճով «Արեւմտեան Ազրպէյճանի աքսորեալ կառավարութեան» հետագայ գործողութիւններուն լոյսին տակ կը ստեղծուի թուրք-ազրպէյճանական ռազմավարական դաշինքը, որուն հիման վրայ Թուրքիա կարելիութիւն կ՛ունենայ ո՛չ միայն մասնակցելու, այլ նաեւ առաջնորդելու այդ «կառավարութեան» ծրագիրները: Ասիկա կարելի է նկատել համաթուրանական ծրագիրի մէկ մասը, որ ո՛չ միայն ուղղուած է Հայաստանի եւ Արցախի դէմ, այլ նաեւ շրջանի երկիրներուն: Այս ծրագիրով երկարատեւ հեռանկարի մէջ թրքալեզու պետութիւններու համախմբումով եւ միասնական ռազմաքաղաքական ծրագիրներով արտաքին կարգ մը ուժեր կը նախատեսեն համաթուրանականութիւնը օգտագործել Ռուսիոյ, Իրանի եւ նոյնիսկ հեռաւոր Չինաստանի դէմ` ույղուրներու հարցով:

Պահ մը նայինք, թէ ի՛նչ կը կատարուի Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, ուր Աֆրինը դարձաւ թուրքմեններու կողմէ բնակուած շրջան մը. պահ մը երեւակայենք, թէ ի՛նչ կրնան ընել Իրանի հիւսիսը բնակող ազրպէյճանցիները, եթէ Իրանի տարածքային ամբողջականութիւնը խաթարուի ներքին անկայունութեան պատճառով: Այսպիսի դէպք պատահած էր 1946-ին, երբ ազրպէյճանցիները Իրանի մէջ հիմնեցին «Ազրպէյճանի հանրապետութիւնը»` Խորհրդային Միութեան օժանդակութեամբ:

Ազրպէյճանական լրատուական միջոցները խանդավառութեամբ արձագանգեցին այս «աքսորեալ կառավարութեան» ստեղծման լուրին: Ըստ ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան, Թուրքիոյ մէջ բնակող բազմաթիւ ազրպէյճանցիներ պատրաստակամութիւն յայտնեցին միանալու այս «կառավարութեան» եւ օժանդակելու անոր նախաձեռնութիւններուն: Ճահմակլի նաեւ յայտարարեց, որ շուտով կը նախատեսէ ընտրութիւններ կատարել եւ ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճանի Գերագոյն խորհուրդը», որ պիտի կատարէ աքսորեալ խորհրդարանի դերը («Եւրասիա Ռիվիու», 12 մայիս 2020):

Հարցադրումները շատ են. արդեօք այս նախաձեռնութիւնը կարելիութիւնը կրնա՞յ ունենալ ապագային կամաւորական ջոկատներ կազմակերպելու, զանոնք ուղարկելու Արցախ եւ պատերազմին վերսկսելու…

Չի բացառուիր, որ «Արեւմտեան Ազրպէյճանի աքսորեալ կառավարութեան» կազմին մէջ ապագային ստեղծուի մարտական-զինուորական կառոյց մը, որուն համապատասխան քարոզչութեամբ կը միանան թրքական ցեղեր կամ նոյնիսկ հազարաւոր սուրիացի զինեալ վարձկաններ, որոնք կը գործեն Թուրքիոյ վերահսկողութեան տակ:

Արդեօք Թուրքիան կ’ուզէ արցախեան խաղաքա՞րտը օգտագործել Հայաստանի եւ սփիւռքի դէմ` Եւրոպական Միութեան մէջ: Արդեօք մինչ հայաստանեան քաղաքական կուսակցութիւնները կ’ընկղմին քաղաքական նեղ բանավէճերու մէջ, թշնամին դարձեալ ծածուկ կերպով պատերազմի՞ կը պատրաստուի: 14 մայիսին յայտարարուեցաւ, որ Ազրպէյճան 18-22 մայիսին հսկայական ռազմական փորձեր պիտի կատարէ Արցախի սահմաններուն մօտ: Այս ռազմափորձին պիտի մասնակցին 10.000 զինուորներ, 120 հրասայլեր, 200 հրետանիներ եւ 30 հակաօդային սարքեր: Արդեօք ասիկա պատերազմի պատրաստութեան ազդանշան չէ՞:

Եղիշէ Չարենցին խօսքերը միշտ կը մնան այժմէական` «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:

Ռազմավարական լուրջ աշխատանքի ժամանակը հասած է, եթէ արդէն իսկ ուշ չենք…

yerakouyn.com/2020/05/19/երբ-թշնամին-ծածուկ-կը-գործէ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail