ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Յաւերժական է ազատատենչ հայ ժողովուրդը, որ մահուամբ մահը կոխկռտելով՝ կերտեց հայրենիքի անկախութիւնը

Յաւերժական է ազատատենչ հայ ժողովուրդը, որ մահուամբ մահը կոխկռտելով՝ կերտեց հայրենիքի անկախութիւնը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Յաւերժական է ազատատենչ հայ ժողովուրդը, որ մահուամբ մահը կոխկռտելով՝ կերտեց հայրենիքի անկախութիւնը»

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

«Յաւերժական է ազատատենչ հայ ժողովուրդը, որ մահուամբ մահը կոխկռտելով՝ կերտեց հայրենիքի անկախութիւնը»:

21 Մայիս 2020

Բարի լոյս՝ Հայաստանի ծարաւով գրեթէ յիսուն տարի տարագրութեան մէջ ապրած, այլեւ նոյն այդ ծարաւով ամբողջ սերունդներ ՀԱՅ ՊԱՀԱԾ ու ՀԱՅԱՑՈՒՑԱԾ ազգային-քաղաքական ու պետական-գաղափարական ՄԵԾ ՏԵՍԼԱԿԱՆի ջահակիրներուն, որոնց վաստակաշատ ՊԱՏԳԱՄԱԲԵՐը կը հանդիսանայ անմահն ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ։

Բարի լոյս՝ 28 Մայիս 1918ին նուաճուած Հայաստանի ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ եւ ազատ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ վերջին վարչապետին ՈՒՂԻՈՎ Ազգի եւ Հայրենիքի ամբողջական ազատագրութեան երթը յաղթական իր աւարտին հասցնելու ՈՒԽՏԻ զինուորագրեալներուն։

Մայիս 21ի այս օրը, 1969ին, Լիբանանի մէջ իր աչքերը առյաւէտ փակեց աւելի քան վաթսուն տարի հայոց ժամանակակից պատմութեան գլխաւոր վերիվայրումներուն իր անունը շաղախած ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԴՐՕՇԱԿԻՐը, որուն կեանքին ու գաղափարական կտակին ամփոփ ներկայացումը կատարուած է Յուշատետրով։

Բարի լոյս՝ ամենայն պարզութեամբ ՀԱՅԱՍՏԱՆը իր մէջ ապրեցուցած եւ իրմով մարմնաւորած ՄԵԾ ՀԱՅՈՒՆ, որ շարունակ իր ժողովուրդին, գաղափարի ընկերներուն եւ ուսանողներուն պատգամեց, թէ՝
«Եթէ անցեալի յիշողութիւնները չլինէին, ի՛նչ համ կ՚ունենար մարդուս կեանքը»։

Բարի լոյս՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆը մեր սերունդներուն մէջ համով-հոտով շնչաւոր ՅՈՒՇի, այլեւ՝ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒՂԻԻ վերածած ՀԱՅՈՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ, որ մինչեւ վերջին շունչ, բառացիօրէն Պուրճ Համուտի «Սարդարապատ» ակումբի յարակից մեծ բակին մէջ 1968ին կազմակերպուած Հայաստանի Անկախութեան Յիսնամեակի ժողովրդական հանդիսութեան, օրուան նախագահի իր բարձր պատուանդանէն վերջին անգամուան մը համար Վրացեան պատգամեց՝

«Յաւերժական է ազատատենչ հայ ժողովուրդը, որ մահուամբ մահը կոխկռտելով՝ կերտեց հայրենիքի անկախութիւնը»:

Բարի լոյս՝ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ բոլոր ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք ինքնաճանաչման եւ ինքնամաքրման իրենց ուղին լուսաւորեցին ՎՐԱՑԵԱՆՆԵՐՈՒ յուշերով, խոհերով եւ պատգամներով։

Յաւերժական է ազատատենչ հայ ժողովուրդը, որ մահուամբ մահը կոխկռտելով՝ կերտեց հայրենիքի անկախութիւնը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail