ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Մինաս Վերածին (Գասագեան, 1882-1945). Հայ յեղափոխական շարժման նուիրեալ քարոզիչը

ՄՇԱԿՈՅԹ-Կոթող․ Արևմտյան Հայաստան․ Արճեշի շրջան-1

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Մինաս Վերածին (Գասագեան, 1882-1945). Հայ յեղափոխական շարժման նուիրեալ քարոզիչը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

Մինաս Վերածին (Գասագեան, 1882-1945).
Հայ յեղափոխական շարժման նուիրեալ քարոզիչը

Ն. Պէրպէրեան

26 Մայիս 2020

26 Մայիսի այս օրը, 75 տարի առաջ, Սան Ֆրանսիսքոյի Սէնթ Մէյրիզ հիւանդանոցին մէջ, տառապակոծ իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայ յեղափոխական շարժման ինքնատիպ նուիրեալներէն ու արժանաւոր քարոզիչներէն Մինաս Վերածին։

Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Շրջանի պաշտօնաթերթ «Ասպարէզ»ի այդ ժամանակաշրջանի խմբագիրն էր Վերածին, որ սրտի հիւանդութեամբ չորս ամիս գամուեցաւ հիւանդանոցի սնարին, մաքառեցաւ մահուան դէմ եւ ի վերջոյ յանձնուեցաւ… ճակատագրին։

Աւազանի անունով Գասագեան Մինաս՝ ան ծնած էր Մայիս 1882ին, Փոքր Ասիոյ հայկական աւաններէն Պարտիզակի մէջ։ Կանուխ տարիքէն դրսեւորեց ուսումնատենչ, միաժամանակ՝ ընկերային եւ յանդուգն խառնուածքի տէր անհատականութիւն մը։

Հազիւ 15 տարեկան էր ան եւ Պարտիզակի Ազգային «Ներսէս-Շուշանեան» երկսեռ վարժարանի աշակերտ, երբ խանդավառութեամբ փարեցաւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման արծարծած ու տարածած յեղափոխական գաղափարներուն՝ Պարտիզակի երիտասարդական խմորումներուն աշխոյժ մասնակիցը դառնալով։ Թուրք ոստիկանութեան հետապնդումներէն զինք հեռացնելու մտօք՝ ծնողքը պատանի Մինասին հանեց դպրոցէն եւ ուղարկեց Պուլկարիա, մօրեղբօր Լեւոն Թորոսեանի մօտ, որպէսզի Թուրքիայէն հեռու շարունակէ իր ուսումը։

Մինասի առջեւ բացուեցաւ յեղափոխական գործունէութեան աւելի լայն ասպարէզ։ Մօտէն շփում ունեցաւ Պուլկարիոյ դաշնակցական գործիչներուն հետ եւ 1900ի սկիզբը, Ժընեւ անցնելով, «Դրօշակ»ի յարկին տակ անդամագրուեցաւ Դաշնակցութեան։

Ան դարձաւ Եւրոպայի հայ ուսանողական շարժումներուն մասնակիցը եւ Հայ Դատի քարոզիչը՝ յատկապէս Լոնտոնի մէջ աշխատելու եւ ուսումը շարունակելու տարիներուն։

Ծանօթացաւ եւ սերտ կապեր հաստատեց Լոնտոնի մամլոյ եւ քաղաքական շրջանակներու հետ, ինչ որ հիմք ծառայեց հետագայ իր քարոզչական աշխատանքներուն եւ գործակցութիւններուն։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Մինաս Վերածին (Գասագեան, 1882-1945). Հայ յեղափոխական շարժման նուիրեալ քարոզիչը

*
* *

1908ին, Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Մ. Վերածին վերադարձաւ իր ծննդավայրը եւ լծուեցաւ ուսուցչական եւ կազմակերպչական եռուն աշխատանքի։

Ան դարձաւ սերտ գործակիցը Սիմոն Զաւարեանի, որ այդ շրջանին Թրքահայոց Պատրիարքութեան հայ ազգային վարժարաններու կրթական քննիչի առաքելութեամբ Պարտիզակ այցելած էր։

Զաւարեանի յորդորներով՝ 1909ին, անգլիական «Լոնտոն Թայմզ»ի թղթակիցին հետ, Մինաս ձեռնարկեց ուսումնասիրական շրջագայութեան մը դէպի Կովկասեան Հայաստան, Թրքահայաստանի տարբեր շրջանները, Լազիստան եւ Սեւ Ծովի ափունքի հայաշատ կեդրոնները։

Այդ ուղեւորութեան ընթացքին իր հաւաքած տեղեկութիւններէն պատառիկներ, Ֆարհատ գրչանունով, Մինաս Վերածին լոյս ընծայեց ժամանակի դաշնակցական մամուլին մէջ։

Սիմոն Զաւարեանի կողքին Յարութիւն Շահրիկեան եւս իր հոգածութեան արժանացուց երիտասարդ գործիչին եւ մղեց Մինասը, որպէսզի աւելի սպառիչ ուսումնասիրութեան արժանացնէ Փոքր Ասիոյ հայաշատ կեդրոնները։

Մինաս լաւագոյնս կատարեց այդ աշխատանքը։ Շրջեցաւ քաղաքէ քաղաք, մօտէն ծանօթացաւ ցիրուցան հայութեան կեանքի պայմաններուն, տնտեսական ձեռներէցութեան ու մշակութային արարումներուն հետ, եւ իր հաւաքած հարուստ տեղեկանքը լոյս ընծայեց արժէքաւոր ուսումնասիրութեամբ մը՝ «Հայերը Նիկոմիդիոյ գաւառին մէջ» խորագրով։

Նաեւ ուսուցչական իր պաշտօնավարութեամբ, Մինաս գործեց Փոքր Ասիոյ հայաշատ տարբեր կեդրոններու վարժարաններուն մէջ։

1915ի Ապրիլին, երբ Էսկի Շէհիրի հայկական վարժարանին տնօրէնն էր, իր կարգին ձերբակալուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ։
Մինչեւ Աշխարհամարտի աւարտն ու զինադադարի կնքումով բանտէն ազատ արձակումը՝ Վերածին ապրեցաւ դժոխային կեանք մը, ենթարկուեցաւ ծանրագոյն տաժանքի. քայքայուեցաւ առողջութիւնը։

Բայց թրքերէնի եւ անգլերէնի իր հմտութիւնն ու հաշուապահի ուսումը օգնեցին, որ բանտային իշխանութիւնները իրեն վստահին գրասենեկային աշխատանք։ Իբրեւ բանտային հաշուապահ, ան մօտէն հետեւեցաւ օսմանեան բանակի հայ զինուորներուն վերապահուած դաժան ճակատագրին եւ այդ բոլորին մասին հետագային գրի առաւ իր յուշերը։

Երկարատեւ բանտային կեանքը Մինաս ծառայեցուց գրական-ստեղծագործական եւ թարգմանչական իր կարողութիւններու զարգացումին։ Եւ երբ ազատ արձակուեցաւ, որոշեց կենդանի վկայութեան վերածել արհաւիրքը տեսած եւ ապրած հայու իր կենսափորձը՝ Վերածին գրչանունը ընտրելով։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Մինաս Վերածին (Գասագեան, 1882-1945). Հայ յեղափոխական շարժման նուիրեալ քարոզիչը

*
* *

Զինադադարի շրջանին վերապրող հայութիւնը կեդրոնացաւ Կիլիկիա, ուր եւ Մինաս Վերածին ուղարկուեցաւ իբրեւ գործիչ՝ ստանձնելով «Կիլիկիա» թերթի խմբագրութիւնը։

Վերածին ընտրուեցաւ Կիլիկիոյ դաշնակցական շրջանէն պատգամաւոր եւ մասնակցեցաւ 1919ի ամառը Երեւան գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին։ Ժողովէն ետք կարճ ժամանակ մը մնաց Երեւան, իր աշխատակցութիւնը բերաւ «Յառաջ»ին։ Բայց Դաշնակցութիւնը իրեն պէտք ունէր Կիլիկիոյ մէջ, ուր Ֆրանսական հոգատարութիւնը քեմալականութեան հետ գործարքի իր քաղաքական-դիւանագիտական տխուր խաղերը կը բեմադրէր…

Սկզբնական փուլին Վերածինի գլխաւորութեամբ հայկական իշխանութիւն մը հռչակուեցաւ Կիլիկիոյ մէջ, բայց ֆրանսական իշխանութիւնները ամէն քայլի դիմեցին անոր ձախողեցման համար, որովհետեւ արդէն ընտրած էին քեմալականներու հետ «սիրաբանութեան» ուղին։

Հոկտեմբեր 1921ին կնքուեցաւ թուրքեւֆրանսական համաձայնագիրը, որ պատճառ դարձաւ Կիլիկիոյ հայութեան երկրորդ եւ վերջնական հեռացումին պապենական իր հողերէն։
Վերածին անցաւ Մ. Նահանգներ՝ Պոսթընի «Հայրենիք»ի խմբագրութեան մաս կազմելու եւ գործիչային առաքելութեան լծուելու կուսակցական յանձնարարութեամբ։

Այդ շրջանին «Հայրենիք»ի էջերուն հանդէս եկաւ Մեղու Շնորհալի ստորագրութեամբ երգիծական-քննադատական տոմսերով։
Հրատարակեց նաեւ Չարլզ եւ Մէրի Լէմի «Շէյքսպիրեան աւանդավէպերը» գործը, որուն հայերէն թարգմանութիւնը կատարած էր Գոնիայի բանտին մէջ իր արգելափակման տարիներուն։

Այդ շրջանին խմբագրեց եւ քանի մը տարի հրատարակեց «Ամերիկահայ Տարեգիրք»ը։

Լոյս ընծայեց նաեւ առեւտրական պարբերաթերթ մը, ուր ներկայացուց վաճառականութեան եւ արհեստներու մէջ յաջողած՝ ձեռներէց հայերը։

*
* *

Առողջական վիճակը հանգիստ չտուաւ եւ, 1939ի վերջերուն, ան անցաւ Մ. Նահանգներու արեւմտեան ափը՝ իբրեւ «Ասպարէզ»ի խմբագիր։

Այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ 1945ի Մայիս 26ը, երբ հիւանդ սիրտը մեր կեանքէն առյաւէտ հեռացուց ազգային-կուսակցական եւ մտաւորական այս ինքնատիպ գործիչը։

Անձնական կեանք չունեցաւ Մինաս Վերածին։ Ընտանիք կազմելու բախտէն զրկուեցաւ։ Դաշնակցութիւնը ընտրեց իբրեւ իր ընտանիքը։ Հեռու ապրեցաւ նոյնիսկ Մեծ Եղեռնէն վերապրած իր միակ հարազատներէն՝ մայրէն եւ քոյրէն, որոնք Սուրիա տարագրուած էին։ Վերջին անգամ մը, 1938ին, տեսաւ զանոնք՝ Սուրիա այցելելով։

Մինաս Վերածին կը հանդիսանայ գաղափարապաշտ, հաւատաւոր, յանձնառու եւ, մանաւանդ, անձնուէր գործիչի վաստակաւոր դէմք մը, որ արժանաւորապէս մարմնաւորեց Հայոց Ազատամարտի արթուն պահակի եւ քարոզիչի կերպարը։

Ինչպէս որ «Ասպարէզ» իր 8 Յունիս 1945ի խմբագրականով գրեց՝
«Ընկեր Վերածինի մահուամբ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը կորսնցնէ հաւատաւոր, ժրաջան եւ անձնուէր գործիչ մը, իսկ հայ հրապարակագրութիւնը՝ ժիր ու վաստակաւոր մշակ մը»։

Անձնական կեանք չունեցաւ Մինաս Վերածին – Ընտանիք կազմելու բախտէն զրկուեցաւ – Դաշնակցութիւնը ընտրեց իբրեւ իր ընտանիքը․․

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail