ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ – Բեմ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ շարժում Է,- գրուած է այսօր հրապարակուած յայտարարութեան մէջ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ – Բեմ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ շարժում Է,- գրուած է այսօր հրապարակուած յայտարարութեան մէջ

27 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՈՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ: ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Բեմ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ շարժում է,- գրուած է այսօր հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

Շարժում՝ որու մասնակիցները հպարտ են իրենց դաշնակցական անցեալով, որոնք կը բաժնեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արժէքները եւ, կուսակցութենէն դուրս թէ ներս, յանձնառու են հաւատարիմ մնալու այդ արժէքներուն՝ իրենց գործունէութիւնը ծաւալելով Դաշնակցութեան ծրագրէն բխած ոգիով ու անոր հերոս նահատակներու ու ազնուագոյն զինուորագրեալներու հետեւորդները ըլլալու փառասիրութեամբ։

Շարժում՝ որ պիտի գծէ իր ուղին, պիտի հաստատէ իր ինքնուրոյն ճանապարհը, որու երկայնքին իւրաքանչիւր հանգրուան մեզ պիտի մօտեցնէ մեր ժողովուրդին ձգտումներու իրականացման։

Շարժումը նպատակ չունի ստանալու ո՛չ կուսակցութեան, ոչ ալ կառուցային այլ ձեւ։ Ան պիտի մնայ մտքերու եւ գաղափարներու զարգացման, հարստացման, փոխ-ներգործութեան ջատագով, որու համար գործնական իբրեւ միջոց պիտի տրամադրէ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ Հարթակը, ապահովելով ազատ քննարկումներու բեմ մը։

Շարժումը յայտարարուած սկզբունքներէն բխած ծրագիրներ իրականացնողներ պիտի մէկտեղէ, կամաւոր, ազատ մասնակցութեան սկզբունքով։

Շարժումը կեդրոն չի կրնար ունենալ։ Իր կեդրոնը հայ ազգն է եւ Հայաստանը։

Շարժումը կը ղեկավարուի ոչ թէ անձերով, այլ գաղափարներով։

Շարժումին ուժն ու թափը պայմանաւորուած են անոր մասնակիցներու հետեւողական ու գաղափարական սլացքով։

Շարժումին կենսունակութեան միակ երաշխիքը իր հաւատարմութիւնն է յայտարարած սկզբունքներուն։

ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ

mer-oughin.am/2020/05/27/մեր-ուղին-շարժում-է/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail