ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Սարգիս Մանասեան (1880?-1920) Հայաստանի անկախութիւնն ու հայ ազգային պետականութիւնը կործանելու պոլշեւիկեան հայրենադաւութեան ԶՈՀը

Սարգիս Մանասեան (1880?-1920) Հայաստանի անկախութիւնն ու հայ ազգային պետականութիւնը կործանելու պոլշեւիկեան հայրենադաւութեան ԶՈՀը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Սարգիս Մանասեան (1880?-1920) Հայաստանի անկախութիւնն ու հայ ազգային պետականութիւնը կործանելու պոլշեւիկեան հայրենադաւութեան ԶՈՀը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

Սարգիս Մանասեան (1880?-1920).

Հայաստանի անկախութիւնն ու հայ ազգային պետականութիւնը կործանելու պոլշեւիկեան հայրենադաւութեան ԶՈՀը

Ն. Պէրպէրեան

29 Մայիս 2020

«Այս ուսուցիչի սիրտին մէջ ի՜նչ զօրութիւն է, որ թաքնուած է»։

Արմէն Գարօ բնութագրական այս վկայութեամբ արժեւորեց գաղափարական տիպարը Սարգիս Մանասեանի, որուն նահատակութեան 100րդ տարելիցը կը լրանայ այսօր։

«Հայդուկը իր մաուզէրով եւ արիւնով պիտի տիրանայ ազատութեան ու հայրենի հողերուն»… Այսպիսի՛ նշանաբանով իր կեանքը իմաստաւորեց հայ ուսուցիչի իւրայատուկ աւանդ մը մարմնաւորած Սարգիս Մանասեանը, որ շուրջ քսան տարի Դաշնակցութեան զինական ուժերու կազմակերպիչը եղաւ հայ ազգային-ազատագրական պայքարի ամէնէն բուռն ժամանակաշրջանին։

Եւ 29 Մայիսի այս օրը, հարիւր տարի առաջ, Պաքուի մերձակայքը՝ Կասպից Ծովուն բացերը, պոլշեւիկները գնդակահարեցին եւ ծով նետեցին խոշտանգուած մարմինը հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման մեծավաստակ նուիրեալներէն Սարգիս Մանասեանի։

Համակովկասեան տարողութեամբ քաղաքական ու պետական հանրածանօթ գործիչ էր Սարգիս Մանասեան, որ պոլշեւիկներու ձեռամբ իր նահատակութենէն տակաւին քանի մը ամիս առաջ, 1919ի աշնան, ներքին գործոց նախարարն էր Հայաստանի նորաստեղծ Հանրապետութեան։

Մայիս 1920ի սկզբնաւորութեան, երբ Ատրպէյճանի խորհրդայնացումէն անմիջապէս ետք պոլշեւիկները հակապետական ընդհանուր խռովութեանց ձեռնարկեցին Հայաստանի տարածքին, Համօ Օհանջանեանի Բիւրօ-կառավարութիւնը Սարգիս Մանասեանին իբրեւ լիազօր բանագնաց ուղարկեց Իջեւան, ուր կեդրոնացած էր պոլշեւիկներու ղեկավարութիւնը՝ թիկունքը տուած Ատրպէյճանէն յառաջացող Կարմիր Բանակին։

Ս. Մանասեանին կ՚ընկերանար յատուկ պատուիրակութիւն մը։ Բանագնացներուն առաքելութիւնն էր երկխօսութեան ճամբով դադրեցնել խռովութիւնը։

Պատահական չէր Սարգիս Մանասեանի ընտրութիւնը՝ իբրեւ գլխաւոր բանագնացի եւ պոլշեւիկներու հետ խօսակիցի։
Ս. Մանասեան յարգուած յեղափոխականի հռչակ կը վայելէր համառուսական շարժումներուն մօտ։ Պայքարած էր Ցարական բռնատիրութեան դէմ եւ այդ պատճառով բանտ ալ նստած տարիներ։ Բայց Պոլշեւիկները դաւադրաբար ծուղակ լարեցին ու գերի բռնեցին ամբողջ պատուիրակութիւնը եւ անմիջապէս տարին Պաքու, ուր բանտային չարչարանքներու եւ հարցաքննութեանց կարճատեւ շրջանէ մը ետք՝ 29 Մայիս 1920ին տմարդօրէն վերջ տուին Մանասեանի եւ անոր ընկերակիցներու կեանքին։

*
* *

Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ ներքին գործոց նախարարը անկեղծ հաւատացողն էր ազատութեան եւ արդարութեան համար պայքարող յեղափոխականներու գաղափարական միութեան։

Սարգիս Մանասեան երկարամեայ գործակցութեան փորձ ունէր համառուսական յեղափոխական շարժումներուն հետ, անձնապէս քաջածանօթ էր 1917ի ռուսական մեծ յեղափոխութենէն ետք պետական իշխանութեանց ղեկին հասած ռուս թէ հայ, վրացի թէ թաթար յեղափոխականներուն։

Երբ 1918ի Մայիսէն սկսեալ, Անդրկովկասեան Սէյմի քայքայումէն ետք իրենց անկախութիւնը հռչակած Վրաստանի ու Ատրպէյճանի մէջ, բուռն հալածանք սկսաւ պոլշեւիկեան գործիչներու դէմ, Սարգիս Մանասեան հանդիսացաւ պաշտպաններէն մէկը նորանկախ Հայաստանի ներքին այն քաղաքականութեան, որ ապաստան տուաւ հալածանքի ենթարկուած հայ պոլշեւիկներուն։

Գաղափարական ու ազգային-քաղաքական այդ դիւրահաւատութեան առաջին ու մեծ զոհերէն մէկը դարձաւ Սարգիս Մանասեան։

Անվեհեր յեղափոխականի եւ հաւատաւոր դաշնակցականի այս արժանաւոր ներկայացուցիչին նուիրուած իր կենդանագրին մէջ, «Դէմքեր Հայ Ազատագրական Շարժման» գործի երկրորդ հատորով, մատնացոյց ընելով գլխաւոր պատասխանատուները պոլշեւիկներու գործած եղբայրասպան այս անարգ ոճիրին՝ Գաբրիէլ Լազեան կը վկայէ.

«Ռուսական Չեկայի պետ Բագրատովի եւ Միկոյեանի պնդումին վրայ է, որ գնդակահարուած է Մանասեան»։

Այսօրինակ իր յանցագործ վարքագծին համար է, ահա, որ հայ քաղաքական միտքը միշտ սեւ կէտ մը պահած է, հայոց ազգային յիշողութեան մէջ, Անաստաս Միկոյեանի անունին կողքին, խորհրդայիններու ղեկավարութեան բարձրագոյն դիրքերու հասած պոլշեւիկ այդ գործիչին արժեւորման պարագային։

Իր այդ վկայութիւնը ամբողջացնելով՝ Գ. Լազեան կը կատարէ հետեւեալ յաւելումը.
«Հետագային, երբ Հայաստան խորհրդայնացաւ, Դրօ առիթով մը հանդիպում կ՚ունենայ Կովկասի Կարմիր Բանակի ընդհ. հրամանատար Օրժոնիկիձէի հետ, որ կ՚ըսէ, թէ ինք եթէ լուր ունենար՝ կ՚արգիլէր Մանասեանի գնդակահարումը, որովհետեւ Շլիսէյբուրգի ցարական բանտին մէջ ճանչցած էր այդ մեծ յեղափոխական»ը։

*
* *

Ո՞վ էր Սարգիս Մանասեան եւ ի՜նչ գործեր կապած էր իր անունին, որպէսզի հասնէր նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարի կարեւորագոյն պաշտօնի պատասխանատուութեան, որմէ մեծապէս կախում ունէր ապահովումը սովի եւ գաղթականութեան մեր հայրենիքին ներքին կայունութեան ու անվտանգութեան, Մայիս 28էն յետոյ։

Հ.Յ.Դաշնակցութեան երկրորդ սերունդի արժանաւոր գործիչներէն է մասնագիտական պատրաստութեամբ եւ ասպարէզով ուսուցիչ Սարգիս Մանասեանը, որ իր բոլոր ուժերը եւ երիտասարդ կեանքը ամբողջապէս նուիրեց հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան սրբազան պայքարին։

Ծնած է Գանձակի (դաշտային Արցախի) Չարտախլու գիւղը, չքաւոր ընտանիքի մէջ։ Ծննդեան ճշգրիտ թուականը անյայտ է, բայց յուշագրական պատառիկներէ կարելի է ենթադրել, որ 1878-80 թուականներու ծնունդ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ իր անուան առաջին յիշատակութեան կը հանդիպինք 1895ին, իբրեւ Թիֆլիսի Հ.Յ.Դ. Աշակերտական Միութեան նորագիր անդամ աշխոյժ պատանիներէն մէկը։

Տարրական ուսումը ստացած է Թիֆլիսի «Ներսիսեան» վարժարանին մէջ, որ չքաւոր հայ տղոց ձրի կրթութիւն ջամբող՝ ազգային-հայրենասիրական մթնոլորտով յագեցած ուսումնական հնոց մըն էր։

Աշակերտական այդ տարիներէն իսկ, Մանասեան տոգորուած էր նորակազմ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ազգային-յեղափոխական գաղափարներով եւ անդամակցած «Հայկազեան Եղբայրութիւն» անունով գործող աշակերտական շարժումին։

Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Թիֆլիսի ռուսական Ուսուցչանոցին մէջ, փայլուն արդիւնքով աւարտած է եւ անմիջապէս կոչուած ուսուցչական աշխատանքի՝ նախ Շուշիի հեղինակաւոր Թեմական Վարժարանին, ապա՝ նոյնինքն Թիֆլիսի «Ներսիսեան» վարժարանին մէջ։

Յեղափոխականի իր կրակի մկրտութիւնը Մանասեան ստացաւ 1903ին, երբ Քրիստափորի գլխաւոր զինակիցներէն մէկը դարձաւ Հայկական Ազատամարտի զինման նպատակով կեանքի կոչուած «Փոթորիկ»ի գործունէութեան ընթացքին՝ հայ մեծահարուստներէն նուիրահաւաքի – ի հարկին բռնի – կազմակերպման ու յաջողութեամբ իրագործման մէջ։

Իբրեւ Դաշնակցութեան մարտական ուժերուն զինման գլխաւոր պատասխանատուներէն մէկը (Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Բիւրոյի կողքին ստեղծուած Զինֆոնի – Զինուորական Ֆոնտի – անդամ էր), Մանասեան կարեւոր ներդրում ունեցաւ 1905-06ին ցարական սպասարկութեանց հրահրած հայ-թաթարական ընդհարումները դիմագրաւելու դժուարին գործին մէջ։

Ինչպէս Նիկոլ Դուման, որ հայ ինքնապաշտպանական ուժերուն գլխաւոր հրամանատարն էր, նոյնպէս եւ Սարգիս Մանասեան, որ Պաքուէն մինչեւ Երեւան տարածուած հայ մարտիկները զէնք ու զինամթերքով ապահովելու գործին գլխաւոր պատասխանատուներէն էր, գործեցին այն համոզումով ու հաւատքով, թէ լաւագոյն պաշտպանողականը յարձակողականն է։

Մանասեան թէեւ լաւապէս կը գիտակցէր եւ ուժգնօրէն դէմ էր հայեւթաթար ազգամիջեան թշնամանք սերմանելու ցարական դաւադրութեան, այդուհանդերձ՝ ինչպէս ատենի դաշնակցական ամբողջ ղեկավարութիւնը, Մանասեան եւս զինեալ ինքնապաշտպանութենէն դուրս ելք չէր տեսներ հայ ժողովուրդի փրկութեան համար։

*
* *

1905ի հայեւթաթարական ընդհարումներու ծանրագոյն այդ շրջանին էր, որ Դաշնակցութիւնը միացաւ ցարական բռնատիրութեան դէմ բռնկած համառուսական առաջին յեղափոխութեան եւ, իր Ռայոնական Ժողովին մէջ, ընդունեց Կովկասեան գործունէութեան Նախագիծը։

Մինչ այդ բացառապէս Օսմանեան Կայսրութեան դէմ մարտնչող Դաշնակցութեան առջեւ Կովկասեան Նախագիծը պիտի բանար պայքարի երկրորդ ճակատ մը՝ ի խնդիր Արեւելեան Հայաստանի հայութեան ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ տեղական կառավարման լայն ինքնավարութեան։

Պատմութենէն ծանօթ է, որ Կովկասեան Նախագիծը առաջացուց արեւմտահայոց ազատագրութեան դատին ջերմեռանդ պաշտպաններու խոր դժգոհութիւնը թէ՛ Դաշնակցութենէն ներս, թէ՛ ընդհանրապէս հայ իրականութեան մէջ։

Ցարական իշխանութիւնները առաւելագոյն չափով փորձեցին չարաշահել այդ դժգոհութիւնները եւ ձեռնարկեցին հակացարական պայքարին միացած Դաշնակցութեան մէջ պառակտում առաջացնելու դաւադիր գործունէութեան։

Արեւմտահայոց դատի պաշտպաններու հոսանքը կը ղեկավարէր դաշնակցական վաստակաւոր խմբապետ Միհրանը, որուն անունով ալ կնքուեցաւ Դաշնակցութեան մէջ արեւմտահայու եւ արեւելահայու խզում առաջացնող «Միհրանական Շարժում»ը։

Խմբապետ Միհրան կոյր գործիք մը դարձաւ ցարական ոստիկանութեան պատասխանատուներու ձեռքը եւ, անոնց պաշտպանութեան տակ, փորձեց քաշքշել իր կեանքը, մինչեւ որ Դաշնակցութեան անողոք կամքով վերջ տրուեցաւ Հայկական Ազատամարտի ներքին ցեցը դարձած այդ չարիքին։

Ահա այդ չարիքին դէմ գաղափարական բուռն պայքար մղող դաշնակցական երիտասարդ գործիչներու շարքին յաղթահասակ կանգնեցաւ Սարգիս Մանասեան, որ մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր դաշնակցական մարտիկներու մօտ։ Համօ Օհանջանեանի, Արշակ Ջամալեանի, Սիմոն Վրացեանի եւ երիտասարդ ղեկավար այլ դաշնակցականներու հետ Մանասեան մեծ դեր ունեցաւ, մինչեւ 1907ի Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովը, Հ.Յ.Դ. կազմակերպական ներքին միութիւնը պահպանելու եւ աւելիով խորացնելու պատմական առաքելութեան մէջ։

Ձարական Ռուսաստանը եւ դժբախտաբար, հետագային, ընդհանրապէս ռուս պետական մտածողութիւնը երբեք չներեցին Դաշնակցութեան՝ ռուս յեղափոխական շարժումին միանալու այդ քայլին համար։

Սեւ ցանկի վրայ դրուած դաշնակցական գործիչներու առաջիններէն եղաւ Սարգիս Մանասեան։

Եւ 1909ին, երբ ցարական իշխանութիւնները բազմահարիւր հայ մտաւորականներ ու հասարակական գործիչներ զանգուածային ձերբակալութեան ենթարկեցին իբրեւ դաշնակցականներու, ապա՝ ձեռնարկեցին Դաշնակցութիւնը պետականօրէն դատապարտելու եւ լուծարելու տխրահռչակ դատավարութեան, Սարգիս Մանասեան եղաւ այն անվեհեր ամբաստանեալը, որ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած դատավարութեան ընթացքին, պատասխանելով դատախազի մեղադրանքներուն, հպարտութեամբ յայտարարեց, թէ ինք դաշնակցական է եւ կատարած է գաղափարական իր պարտքը։

Իր այդ կեցուածքին ու Հ.Յ.Դ. Զինֆոնի անդամակցութեան ճամբով իր ծաւալած մարտական գործունէութեան համար, Սարգիս Մանասեան ծանրագոյն պատիժ ստացաւ եւ դատապարտուեցաւ քաղաքական մեծ յանցագործութեանց համար նախատեսուած Շլիսէյբուրգի բանտաբերդին մէջ բանտարկութեան։ Այդ շրջանին էր, որ Օրժոնիկիձէի օրինակով ռուս յեղափոխականներու հետ իր մտերմութիւնը ամրապնդուեցաւ։

Սարգիս Մանասեան ընդհանուր ներումէն օգտուած եւ բանտարկութենէ ազատ արձակուած դաշնակցական բանտարկեալներու վերջիններէն եղաւ։

Սարգիս Մանասեան (1880?-1920) Հայաստանի անկախութիւնն ու հայ ազգային պետականութիւնը կործանելու պոլշեւիկեան հայրենադաւութեան ԶՈՀը

*
* *

Բանտէն հազիւ ազատ արձակուած՝ Ս. Մանասեան տենդագին փարեցաւ Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին՝ դարձեալ զինումի գործին մէջ պատասխանատու յանձնարարութիւններ ստանձնելով։

Իսկ երբ պայթեցաւ Փետրուար 1917ին համառուսական մեծ յեղափոխութիւնը եւ Ռուսական Կայսրութեան անխտիր բոլոր շրջաններէն ժողովրդային պատգամաւորներ ընտրուեցան յեղափոխութեան հետագայ ընթացքը հունաւորելու առաքելութեամբ՝ Անդրկովկասը ներկայացնող հայ պատգամաւորներու շարքին իր կարեւոր տեղը ունեցաւ Մանասեան, որ այդպէ՛ս շարունակեց իր աշխոյժ մասնակցութիւնը մինչեւ 28 Մայիս 1918ին Հայաստանի անկախութեան կերտումը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը։

Ուղիղ երկու տարի, մինչեւ 29 Մայիս 1920ին հայ պոլշեւիկներու կողմէ իր անարդարանալի գնդակահարումը, Սարգիս Մանասեան իր բոլոր ուժերով նուիրուեցաւ հայոց պետական օճախի կերտումին։

Մոռցաւ սեփական ընտանիքը՝ կինն ու զաւակները, որոնք Թիֆլիս մնացին, մինչ ինք փութաց հասնելու նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շինարարութեան կարիքներուն՝ ստանձնելով Դաշնակցութեան կողմէ իրեն յանձնարարուած պարտաւորութիւնները։

Այդպէ՛ս ընտրուեցաւ Հայաստանի Խորհրդարանի անդամ, նշանակուեցաւ նախարարի օգնական եւ Ապրիլ-Օգոստոս 1919ին ստանձնեց, Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան մէջ, ներքին գործոց նախարարի պատասխանատուութիւնը։

Ճակատագրական դառն վախճան ունեցաւ Ս. Մանասեանին վստահուած վերջին առաքելութիւնը, որ ապստամբ եւ խռովարար հայ պոլշեւիկներու հետ երկխօսութեան գետին ստեղծելու լիազօր բանագնացի պատասխանատուութիւնն էր։

Իր կեանքին գնով Սարգիս Մանասեան սորվեցաւ, որ պոլշեւիկին համար ազգութիւն եւ ազգային պետականութիւն «գոյութեան իրաւունք» չունէին։

Եւ այդպէս վերջ գտաւ, քառասուն տարեկանին, անձնուէր ու անվեհեր գործունէութիւնը հայ յեղափոխականի ու դաշնակցական անկեղծ զինուորի այս մեծավաստակ գործիչին։

Սարգիս Մանասեան (1880?-1920) Հայաստանի անկախութիւնն ու հայ ազգային պետականութիւնը կործանելու պոլշեւիկեան հայրենադաւութեան ԶՈՀը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail