Րաֆֆի Տուտագլեան – Համագործակցութիւն, ի՞նչ համագործակցութիւն… «Տու՛ն ուղարկել իշխանութիւններին»

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

Համագործակցութիւն, ի՞նչ համագործակցութիւն… «Տու՛ն ուղարկել իշխանութիւններին»

07 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՀԱՅՈՑ ԲՆՆՕՐԱՆ – Մենք Հայ ենք -ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԸ

Այս օրերուն, շատ կը խօսուի իշխանութիւններուն եւ Դաշնակցութեան միջեւ համագործակցութեան, կամ աւելի ճիշդը՝ անոր բացակայութեան մասին: ՀՅԴ ղեկավար շրջանակներ, մանաւանդ Հայաստանի մէջ, շարունակաբար կը պնդեն, որ իշխանութիւնները հետեւողականօրէն մերժած են ՀՅԴ-ի հետ համագործակութիւնը, մերժած են ՀՅԴ-ի առաջարկները, մերժած են ամէն ինչ, եւ ուրիշ դարդ ու մտահոգութիւն չունենալով, միայն թոյն կը թափեն Դաշնակցութեան վրայ:

Եկէք պահ մը մէկդի դնենք քարոզչական այս հնարքները եւ միասին յիշենք, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններով իշխանութեան հասած Նիկոլ Փաշինեանին միջեւ յարաբերութիւնը որոշած է միայն մէկ մարդ: Միայն մէ՛կ մարդ, եւ այդ մէկ մարդը դուն չես: Այդ մէկ մարդը ես չեմ: Այդ մէկ մարդը ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանն է:

Յիշեցէք Յունուար 16, 2019 թուականը: ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի բացում, Ստեփանակետ: Այդ օր տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան պատմութեան 129 տարիներու ընթացքին նախընթաց չունեցող իրադարձութիւն մը: Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ չպատահած իրադարձութիւն:

ՀՅԴ Բիւրոյի պաշտօնաթող ղեկավար Հրանդ Մարգարեան, Ընդհանուր Ժողովի բացումին, իր բացման խօսքը կեդրոնացուց Հայաստանի ներքին իրադարձութիւններուն, եւ մէկ ամիս առաջ, ազատ եւ արդար քուէով ընտրուած նոր իշխանութիւններուն վրայ:

Իր խօսքի միտբանին հետեւեալն էր՝ այս իշխանութիւնները վտանգաւոր են, ազգային արժէքներու դէմ են, Արցախի համար վտանգ կը ներկայացնեն, աջակցութիւն կը ստանան արտաքին անյայտ կողմերէ, եւ ուրեմն Դաշնակցութիւնը միայն մէկ բան ունի ընելիք՝ աշխատիլ եւ ընել ամէն ինչ, եւ «յաջորդ ընտրութիւններին արդէն, տուն ուղարկել այս իշխանութիւններին եւ ստանձնել երկրի ամբողջական ղեկավարման գործը»:

Ատկէ ետք, Ընդհանուր Ժողովին բան չէր մնար ընելիք, բացի ներքին խոհանոցային խնդիրներ լուծելէ, այս կամ այն կուսակցականին հաշիւը մաքրելէ, քանի մը մարդոց միջեւ կուսակցական ղեկավարութեան աթոռները բաժնելէ: Ժողովը չսկսած, արդէն իսկ որոշուած էր ժողովին արդիւնքը, կուսակցութեան նպատակը, ընելիքը: Վերջնական բանաձեւը ըսուած էր՝ ամէն ինչ ընել եւ տուն ղրկել այս իշխանութիւնները:

129 տարուան ժողովական աւանդութիւն ունեցող, գաղափարական աւանդ եւ ազատագրական պայքարի արիւնոտ ճանապարհ անցած կուսակցութեան Ընդհանուր Ժողովը իր աւարտին հասաւ ժողովի բացման օրն իսկ: Որոշուեցաւ կուսակցութեան յառաջիկայ տարիներուն ընելիքը՝ «տուն ուղարկել իշխանութիւններին»:

Եւ այդ թուականէն ի վեր, ուրիշ ոչ մէկ նպատակ ունեցած է կուսակցութիւնը: Միակ նպատակը՝ տուն ղրկել իշխանութիւններուն, աշխատելով բոլոր նոյնանպատակ մարդոց եւ շրջանակներու հետ, օգտագործելով հնարաւոր բոլոր միջոցները՝ հակաքարոզչութիւն, մամուլ, եթեր, ժողովներ, պայմանաւորուածութիւններ, հանրային հանդիպումներ, եւայլն:

Եւ այսպէս, օր մը ազգային արժէքներն էին իշխանութիւնը տուն ղրկելու պատրուակը, ուրիշ օր մը՝ Արցախի հողերը յանձնելու պատմութիւնը, այլ պայծառ օր մը՝ միջազգային կոնվենցիաները…

Իսկ այսօր՝ այդ պատրուակը մարդկային կեանքեր խլող կորոնավիրուսն է: Մնացածը սիրուն հեքիաթ է, ականջ շոյող պատմութիւն կամ սարսափազդու կինոնկար: Ի~նչ համագործակցութիւն, ի~նչ բան: Այսօր պատեհ առիթն է հարուած հասցնելու իշխանութիւններուն:

Սա է օրուան հրամայականը: Մնացած բոլոր հարցերը, ներառեալ՝ կորոնավիրուսը, միայն պատրուակ են, քաղաքականօրէն շահարկուող թեմաներ: Ուրիշ ոչ մէկ արժէք ունին: Հիմա պէտք է միանալ նախկին դաշնակիցներուն, նախկին գործընկերներուն, որպէսզի… «տուն ուղարկեն այս իշխանութիւններին»:

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ – ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Րաֆֆի Տուտագլեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail