Եկուոր քոչուոր օսմանները, սելճուքները, այսօրուայ թուրքերը, թուրքիայի այլազգիներու զանազան պատճարներով հետեւողական թրքացուցին, իսկ հայերս

ԲԱՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏ ԽՈՅԻ(ՀԱՅԻ) ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԻՆ, ՈՐԸ ՊԻՏԻ ՋՆՋԻ ՁԿԱՆ ԹՈՂԱԾ ԱՐՀԱՎԻՐՔԸ, ՈՐԸ ԳԼԽԻՑ ԱՐԴԵՆ ՀՈՏԱԾ ԷՐ...

Եկուոր քոչուոր օսմանները, սելճուքները, այսօրուայ թուրքերը, թուրքիայի այլազգիներու զանազան պատճարներով հետեւողական թրքացուցին, իսկ հայերս ինչ կատարեցինք եւ ինչ իրագործեցինք այսօր

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ – ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

08 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

ՀԱՒԱՏԻ ԵՒ ԲԱԺՆԷ ՈՐ ՏԻՐԵՍԻ ՄԱՍԻՆ: Վերջ ի վերջոյ հաւաքական ուժը աւելի զօրեղ է , քան անհատականը:

ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ

Պատմութիւնը վկայ է «Վերջին երկու հազար տարին» Հայոց Տրդատ Թագաւորը, Գրիգոր Լուսաւորիչի թելադրութեամբ, պարտադրեց քրիստոնէութիւնը: Վստահ ամբողջ Հայ ժողովուրդը չընթունեց պարտադրուած նոր կրօնը, փաստ, որ, այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս ունինք որոշ մարդոց կողմէ անուանուած հեթանոսները եւ քրիստոնէութիւնը չընթունած արորդիները,պատմութիւնը վկայ է…

ՀՐՈՄԷԱԿԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՇԱՒԱՆՔՆԵՐԸ, ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԽԱԼԻՖԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՐՇԱՒԱՆՔՆԵՐԸ, յետոյ կարգը կու գայ սելճուքներուն: Նախ գրաւեցին մեր ինչքերը, մեզ օգտագործեցին իրենց նպատակներուն յաջողութեան համար, ամէն ինչ պարտադրեցին, նոյնիսկ հայերէն չէիր կրնար խօսիլ, յետոյ կարգը եկաւ օսմանցիներուն, նոյն բեմադրութիւնը՝ ինչքերը գրաւել, տուրք պարտադրել վաստակածէդ աւելի, պատերազմի ժամանակ զինուոր հաւաքել իր քաղաքական շահերը ապահովելու համար, մահմետականութիւն պարտադրել, թէ չէ կեավուր ես պէտք է մեռնիս:

Վերջապէս հասաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմը, առիթը օգտագործելով, ջարդ, /իրենց ըսածը, տեղահանութիւն/, հողի գրաւում, պանքերու մէջ հայերու ունեցուածքով, իր պարտութեան պարտքերը փակել, ահաւասիկ ասիկա բաժնէ որ տիրես է, մեր կողմէ եւ մեր քով հիւրեր եկածներու եւ մեր երկիրը գրաւածներու կողմէ:

Պատմութիւնը վկայ է Սելճուքներու արշաւանքը, օսմանցիներու արշաւանքներու արդիւնքը, հողի, ինչքի, հարստութեան, կորուստ, ֆիզիքական կորուստ եւ պապենական հողերու կորուստ, եւ վերջապէս միջազգային համայնքին անտարբեր եւ անպարկեշտ կեցուածքը մինչեւ այսօրուան թուականը, ահաւասիկ ասիկա բաժնէ որ տիրես է , մեր կողմէ եւ մեր քով հիւրեր եկածներու եւ մեր երկիրը գրաւածներու կողմէ:

Այս օրերուն, ժամանակաւոր դրացի Ալիեւ կոչեցեալը, աշխարհով մէկ կը յայտարարէ, իրեւանը մեր հայրենիքն է, նախապէս ալ նախիջեւանի հայկական մշակոյթային հետքերը մաքրած էր, իսկ այսօրուայ Սուլթանը երազելով կը յայտարարէ, հայերը եկուոր են այս հողերու վրայ, պատմութիւնը կը ժխտէ Ուրարտուն ուրիշի վերագրելով, իրեն պէտք եղած ժամանակ պատմաբաններու խմբակ կը պահանչէ, առանց իր իսկ պատմութիւնը սերտելու, մինչեւ հեռաւոր Լիպիայի հանրապետութիւն զինուորական ուժ կ՛ուղարկէ: «Այս ամբողջը մահմետական սուննի պիտակի տակ, անշուշտ իրականութեան չի համապատասխաներ, իրականութիւնը իրենք սուննի մահմետական կ՛ըսեն իրենք իրենզ, բայց չեն, իրենք միայն սուննի մահմետականի շապիկ հաքած են, իրականութիւնը իրենց անձնական իղձերը գոհացնելու, ցուցակագրելու:»

ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ: ինչ կատարեցինք եւ ինչ իրագործեցինք այսօր

Մենք հայերս, 1918-ի մեր անկախութիւն կերտեցինք զոհաբերութեամբ, պատմութիւնը բոլորս գիտենք, իսկ 1991-ին անկախութիւը նուիրեցին մեզի, այդպէս ալ արժէքը չի գիտնալով, մեզի պէտք չեղած գաղափարախօսութեամբ երեք նախագահներ նուիրեցին, որոնք հեռու չէին վերը գրուած «ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՈՒՂԵԳԻԾԵՆ» ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐՆԵՐԸ ՄԵԶԻ ԴՈՒՐՍԷՆ ՅՕՇՈՏԵՑԻՆ, իսկ մեր երեք նախագահները ներսէն, այդ օրերուն արդուկուած շապիկ չունեցողերը այս օրերուն պատրաստ շապիկներ ունին, հայրենաբնակ ժողովուրդին յօշոտելով, միջազգային վարկերը անօրէնք օգտագործելով ժողովուրդին քարասուն տարուայ պարտքի տակ ձգելով:

Այս օրերուն, իրենց քիթին ծայրը իսկ չի տեսնող քաղաքագէտներ, իրենց իսկ տգէտութեան ծախուած անգրագէտ թերթեր, իրենց կարծիքով հայագէտներ, խճողած են իրենց թերթի էջերը եւ համացանցը ապատեղեկատուական լուրերով, օգտագործելով Քորոնա ժահրի – համաճարակի միջազգային չարիքը, իրենց խամաճիկ ներքին հարցերը լուծելու միակ միջոցը, օրուայ իշխանութիւնը վարկաբեկելու, ի շահ իրենց անձնական քմահաճոյքի եւ հետոյ ինչ,,,,,,

Եւ հետոյ ինչ,,,,,, Օսմանեան կայսրութեան նպատակը ստրկութեան, ջարդի, եւ բաժնելով, բաժնէ որ տիրես խաղցան եւ յաջողեցան:

Եւ հետոյ ինչ,,,,,, այս օրերուն, իրենց քիթին ծայրը իսկ չի տեսնող քաղաքագէտներ, ներքին բաժնէ որ տիրես կը խաղան ոչ թէ ժողովուրդի վիճակը բարելաւելու այլ վիճակը վարդարացնելու, այսօր Քորոնա ժահրի պիտակի տակ, ուրիշներ ալ ազգային գործի պիտակի տակ:

Եւ հետոյ ինչ,,,,,, այս օրերուն բոլորը պէտք է նրբանան, հայագէտները, քիդին ծայրը տեսնող եւ չի տեսնող քաղաքագէտները, միջազգային եւ ներքին քաղաքականութենէ հինգ առ հայիւրին չի տիրապետող հայրենի մասամբ խուլիկաններու ծախուած թերթերը, պետականութեան դէմ արտայայտող ցուցամոլ անձնաւորութիւնները պզտիկ քաղաքական շահ ապահովելու մտադրութեամբ, ես եւ բոլորը, եթէ մենք մեզ ազգ կը սեպենք եւ ոչ խուլիկաններու խմբակ, պարտաւորութեան տակ պէտք է ըլլանք բոլորս, պահպանելու ներքին քաղաքական անդորրը, դիկունք եւ պաշտպան կանգնիլ պետականութեան, ներառուած բոլոր քաղափառախօսութիւնները ժամանակաւոր մեկ կողմ դնել,,,,,,

Եւ հետոյ ինչ,,,,,, այս օրերուն եթէ բոլորս չի նրբանանք եւ չի պաշտպանենք մեր պետականութիւնը, ապա ինչ է տարբերութիւնը մեր իրագործածին եւ ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐՆՐՈՒ, ես կ՛ըսեմ բոլորի երեսին առանց բառերը ծամծմելու, նոյնն է, ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐՆԵՐԸ բզկտեցին ցիր ու ցան ըրին աղբի վերածելով եւ տկարացնելով, իսկ մենք նոյնը կ՛ընենք ներսէն մենք մեզ բզկտելով:

Հիմայ դուք ինծի ըսէք, ձեր ըրածը Ազգային գործ է, կամ ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐՆԵՐՈՒ գործը կը շարունակէք:

Հարմանտայեան Արմենակ – 08 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՓԱՐԻԶ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail