ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ապրինք եւ յիշե՛նք – ՄՈՆԹԷ (Մելքոնեան, 1957-1993).Նոր ժամանակներու Հայ Յեղափոխականի ինքնատիպ կերպարը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Ապրինք եւ յիշե՛նք – Յուշատետրի արխիւէս
Յունիս 12ին, 2009ին, այդ ատեն «Ազատ Օր» թերթի էջերէն լոյս տեսնող Յուշատետրիս օրուան գրառումը (ստորեւ արտագրած եմ եղածին պէս) նուիրած էի ՄՈՆԹԷ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆին։ Երէկ լրացաւ ՄՈՆԹԷի մարտիրոսացման 27րդ տարելիցը։ Անձամբ ճանչցած էի ՄՈՆԹԷն։ Ապրինք եւ յիշե՛նք։
ՄՈՆԹԷ (Մելքոնեան, 1957-1993).
Նոր ժամանակներու Հայ Յեղափոխականի ինքնատիպ կերպարը
12 Յունիս 2020
Ն. Պէրպէրեան
Յունիս 12ին, 16 տարի առաջ, Արցախ Աշխարհի Մարտունի շրջանին մէջ, ատրպէյճանական անարգ թակարդի մը զոհ երթալով՝ նահատակուեցաւ Մոնթէ Մելքոնեան անուն-ազգանունով եւ Հրամանատար Աւօ մականունով հռչակուած ազատամարտիկ հայորդի մը, նոր ժամանակներու Հայ Յեղափոխականի ինքնատիպ կերպար մը։
Բաւարար ժամանակ դեռ չէ անցած անշուշտ եւ, այդ պատճառով ալ, շատ արխիւներ դեռ բացուած չեն հանրութեան առջեւ, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմել ամբողջական պատկերը իր կենդանութեան արդէն առասպելի վերածուած Մոնթէ Մելքոնեանի կեանքին, գործունէութեան եւ մտածողութեան։
Բայց ինչ որ ալ ըլլան տարբեր պետութեանց կամ քաղաքական ուժերու մօտ գտնուող եւ դեռ չհրապարակուած արխիւներու պարունակած տեղեկութիւններն ու մանրամասնութիւնները Մոնթէ Առասպելին մութ մնացած ծալքերուն վերաբերեալ, անվիճելի եւ արեամբ նուիրագործուած իրողութիւն է, որ Արցախեան լեռնաշխարհէն մինչեւ Երեւան եւ հեռաւոր Քալիֆորնիայէն մինչեւ Լիբանան ու Իրան, հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ Մոնթէ Մելքոնեան նուաճեց հերոսի իր անմոռանալի տեղն ու փառքը։
Յատկապէս հայրենի հողին ու Արցախեան Ազատամարտին կապուած Մոնթէի կեանքին վերջին երեք տարիները, ատրպէյճանեան լուծէն վերջնականապէս ազատագրուելու հայոց հերոսամարտին հետ նոյնանալով՝ քաջարի ռազմիկի, հերոս հրամանատարի եւ, մանաւա՛նդ, ազգային ազատագրումի գաղափարախօսութեան աննկուն դրօշակիրի լուսապսակին արժանացուցին Աւոն։
*
* *
Մոնթէ ծնած էր Քալիֆորնիոյ Վիսալիա աւանին մէջ, 25 Նոյեմբեր 1957ին, Չարլզ եւ Զապէլ Մելքոնեաններու յարկին տակ։
Երրորդն էր անոնց չորս զաւակներուն։
Ամերիկածին հայ տղու սովորական կեանք մը կրնար ունենալ, եթէ իր մանկութեան եւ պատանութեան տարիները չզուգադիպէին աշխարհով մէկ եռեւեփող յեղափոխական պոռթկումներու ժամանակաշրջանին՝ Վիեթնամի պատերազմին, Պաղեստինեան դիմադրական շարժման շղթայազերծումին, 1968ի Փրակայի Գարունին եւ ուսանողական յեղափոխութեան, որոնք այլապէս իրենց անդրադարձը ունեցան նաեւ հայ իրականութեան վրայ՝ Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առիթով «Մեր Հողերը» պահանջով ցոյցի ելած Երեւանէն մինչեւ նոյն պահանջատիրութեամբ 1970ականներուն բորբոքած գաղթօճախները հայկական սփիւռքի։
Մոնթէ Մելքոնեան անունը հայ մամուլի էջերուն առաջին անգամ երեւցաւ 1976ին, երբ իբրեւ անգլիախօս 19ամեայ երիտասարդ մը յայտնուեցաւ Պուրճ Համուտի մէջ։
Երբ Լիբանանի քաղաքացիական անօրինակ պատերազմը արտագաղթի խելացնոր ալիք մը բարձրացուցած էր նաեւ հայ համայնքի շարքերուն մէջ, Միացեալ Նահանգներէն Պուրճ Համուտ եկած էր ամերիկածին հայ երիտասարդ մը, որ «Ազդակ»ի էջերէն բոլորին կը յորդորէր մինչեւ վերջին շունչ պայքարիլ լիբանահայ գաղութի պահպանման եւ պաշտպանութեան համար։
Մանաւանդ որ Ապրիլ 1975ին բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին շուտով պիտի զուգադիպէր շղթայազերծումը Հայ Դատի ուժական պայքարին, աշխարհի մեծ ու փոքր մայրաքաղաքներուն մէջ թրքական պետութեան դիւանագիտական թիւ 1 ներկայացուցիչները իրենց կեանքին գնով հաշուետուութեան կանչելով անպատիժ մնացած ու լռութեան դատապարտուած՝ հայոց դէմ գործուած Ցեղասպանութեան համար։
Մոնթէ այդ օրերէն սկսեալ հաստատուեցաւ Պուրճ Համուտի մէջ, հայկական թաղամասերու պահակութիւնն ու պաշտպանութիւնը ստանձնած դաշնակցական ակումբներու մէջ մնայուն ներկայութիւն եղաւ, երկարատեւ բացակայութիւններ ալ ունեցաւ Լիբանանէն, Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան նախօրէին եւ ընթացքին յայտնուեցաւ տեղւոյն հայ իրականութեան մէջ, բայց ուր որ գտնուեցաւ եւ գործեց, անպայման շրջապատուեցաւ յեղափոխական տրամադրութիւններով տոգորուած հայ երիտասարդներով, որոնց ազգային պահանջատիրութեան ձայնին ներարկեց աշխարհի բոլոր անարդարութիւններուն դէմ ընդվզելու զգայնութիւնը, իրաւունքի ու ընկերային արդարութեան համար պայքարողներու համընդհանուր մեծ ճակատին մէջ հայկական յեղափոխութեան նորովի զարթօնքին հարազատ օրրանը գտնելու գաղափարապաշտութիւնը։
Հայ ազգային-ազատագրական շարժման մերօրեայ զարթօնքին ժամանակաշրջանն էր։ Նորանուն հայկական խմբաւորումներ, թրքական թիրախներու դէմ իրենց իրագործած ուժական գործողութիւններուն վրայ կեդրոնացուցած էին միջազգային հանրութեան լուսարձակները։
Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ, Հայկական Կարմիր Բանակ, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ, Հայ Յեղափոխական Բանակ եւ այլ անուններով ընդյատակեայ գործող խմբաւորումներու մակընթացութիւնը անզսպելի դարձած էր, բայց նաեւ ներ-հայկական ճակատի վրայ հակադրութիւններ ու եղբայրասպան բախումներ ծայր տուած էին։
Ահա՛ այդ մթնոլորտին մէջ Մոնթէ Մելքոնեանի անունը սկսաւ շրջագայիլ իբրեւ Հայ Գաղտնի Բանակի առաջատար գործիչներէն մէկը, որ այդ խմբաւորման բռնիշխան ղեկավարին՝ տխրահռչակ Յակոբ Յակոբեանի հետ շուտով բախումի մէջ պիտի գտնուէր, այս վերջինի եղբայրասպան եւ հակադաշնակցական քայլերուն դէմ ծառանալով։
Հակառակ որ Մոնթէ Մելքոնեանէն երկու մենագրութիւն գոյութիւն ունի՝ «Ասալայի Պատմութիւն» խորագրով, 1980ականներու այդ խառն ժամանակներուն պատմութիւնը դեռ եւս ո՛չ ամբողջականօրէն գրի առնուած է, ոչ ալ լրիւ բացայայտուած է իր ռազմավարական թէ գաղափարախօսական ծալքերով։
Բայց ծանօթ իրողութիւն է, որ Յակոբ Յակոբեանի կողմէ Մոնթէի դէմ արձակուեցաւ մահապատիժի որոշում, 1983ին Մոնթէ քանի մը ընկերներով արգելափակուեցաւ Հայ Գաղտնի Բանակի բանտախուցերուն մէջ, բայց կրցաւ փախուստ տալ զէնքի ուժով, յայտնուեցաւ Ֆրանսա, ուր եւ բանտարկուեցաւ իբրեւ ահաբեկիչ։
*
* *
Տարիներ ետք, 1987ին Յակոբ Յակոբեանի Աթէնքի մէջ ահաբեկումէն եւ 1989ին ֆրանսական իշխանութեանց կողմէ Ֆրանսայէն արտաքսուելէ յետոյ, Մոնթէ արժանացաւ Հայաստանի նորահաստատ իշխանութեանց կողմէ ընդունուելու եւ հայրենիքի մէջ հաստատուելու բարեացակամութեան։
Այդպէս փակուեցաւ Մոնթէ Մելքոնեանի փոթորկայոյզ կեանքին ու գործունէութեան Հայ Յեղափոխականի շրջանը եւ սկսաւ Արցախեան ազատամարտիկ Աւոյի հերոսական անձնուիրութեան շրջանը, որ հայ ազգային-ազատագրական շարժման մերօրեայ թռիչքին ու յաղթական յառաջխաղացքին մէջ բախտորոշ տեղ եւ արժէք ապահովեց Քալիֆորնիա ծնած ու կազմաւորուած, բայց հայութեան եւ Հայաստանի մէջ իր հարազատ օրրանը գտած Մոնթէին։
Յունիս 12ին, 1993ին, հայրենի լեռնաշխարհը սրբագործուեցաւ 36ամեայ հայ հերոսին արիւնով։
Հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ, Հայ Յեղափոխականի իր ինքնատիպ կերպարով, անմահութեան արժանացաւ Մոնթէ Մելքոնեան։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ