ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Ժողովրդի լեզուն պիտի հասկանաս ու գրես բնութեան լեզուով, որ ամէն ինչ լեզու առած խօսի հոգուդ հետ

Ժողովրդի լեզուն պիտի հասկանաս ու գրես բնութեան լեզուով, որ ամէն ինչ լեզու առած խօսի հոգուդ հետ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Ժողովրդի լեզուն պիտի հասկանաս ու գրես բնութեան լեզուով, որ ամէն ինչ լեզու առած խօսի հոգուդ հետ

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

«Ժողովրդի լեզուն պիտի հասկանաս ու գրես բնութեան լեզուով, որ ամէն ինչ լեզու առած խօսի հոգուդ հետ»:

13 Յունիս 2020

Ն. Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ ՍԵՓԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԷՋ ինքնաճանաչման ու ինքնահաստատման ամէն արարումի մայր աղբիւրը գտնող հայու ԱԶԳԱՅԻՆ ՅԱՅՏՆԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ, որուն գրական-ստեղծագործական շունչ եւ թռիչք ներարկող հանճարեղ պատգամաբերը կը հանդիսանայ ԱԿՍԷԼ ԲԱԿՈՒՆՑ։

Յունիս 13ի այս օրը հայ ժողովուրդը կը նշէ օրհնաբեր ծնունդը հայ գրականութեան 20րդ դարու եզակի արձակագիրին, որ Հայաստան Աշխարհը ողջ էութեամբ պաշտած ըլլալու իր․․․ «ՄԵՂՔ»ին համար գնդակահարուեցաւ պոլշեւիկներու կողմէ։

Յուշատետրի այսօրուան գրառումով համառօտ վկայութիւն մը տրուած է Մեծն Բակունցի մասին, իսկ խոկումի այս գրառման մէջ յատուկ լուսարձակի արժանի է հայոց ՆՈՐ գրականութեան ստեղծումին համար ՎԱՐՊԵՏԻՆ առաջարկած ՈՒՂԻՆ՝

«Պատմական իրադարձութիւնների քննադատական վերանայման ուղին արժէքաւորագոյն միջոց է գրականութեան մէջ նոր աւանդներ մուծելու համար:

«Որտե՞ղ է ճշմարիտ ուղին.- Այդ ուղին վերադարձն է դէպի սկզբնաղբիւրները, դէպի ժողովրդական ստեղծագործութիւնը: Մեր գրողների պարտականութիւնն է քննել, ուսումնասիրել դրանք, քննադատօրէն վերցնել այնտեղից էպիկականութիւնը, արտայայտման խստութիւնը, լեզուի հարստութիւնները, բառերի ժլատ տնտեսումը:

«Ժողովրդի լեզուն պիտի հասկանաս ու գրես բնութեան լեզուով, որ ամէն ինչ լեզու առած խօսի հոգուդ հետ»:

Բարի լոյս՝ գրականութենէն անդին անցնող եւ Ազգի ու Հայրենիքի հազարամեակներու ԵՐԹԻՆ առջեւ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ լուսաւորող ԲԱԿՈՒՆՑԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԻՆ, որ ժողովուրդին մէջ կը տեսնէ ԱՂԲԻՒՐԸ ԼՈՅՍԻՆ։

Բարի լոյս՝ 19րդ դարավերջէն սկսեալ ՀԱՅՈՑ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐԸ յեղափոխական եւ ազգային-ազատագրական պայքարի ՈԳԻՈՎ թրծող, այլեւ ուծացման ու այլասերման ամէն կարգի փորձութեանց դէմ արթուն եւ սթափ մնալու գրաւականը ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՍԿՍԱԾ ԿՌՈՒԻՆ ՄԻԱՆԱԼՈՒ յանձնառութեամբ պայմանաւորող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԲՈԼՈՐ ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԱՄՔԻՆ մէջ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԵՐ ՈՒԺԻՆ անփոխարինելի երաշխիքը գտած հայ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ, որոնք ՌՈՍՏՈՄի բառերով նաեւ մեր օրերուն կ՚ազդարարեն, թէ՝

«Յեղափոխութեան յենարանը պէտք է փնտռել․․․ հայ ժողովուրդի տանջուող սրտի մէջ»։

Ակսէլ Բակունց (Ալեքսանդր Թեւոսեան 1899-1937) Հայաստան Աշխարհի բնութեան եւ մարդուն հանճարեղ նկարիչն ու երգիչը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail