ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ռուբէն Դարբինեան (Արտաշէս Չիլինկարեան, 1882-1968) Հայ քաղաքական մտքի դեգերումներուն համարձակախօս յառաջապահը

Ռուբէն Դարբինեան (Արտաշէս Չիլինկարեան, 1882-1968). Հայ քաղաքական մտքի դեգերումներուն համարձակախօս յառաջապահը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Ռուբէն Դարբինեան (Արտաշէս Չիլինկարեան, 1882-1968) Հայ քաղաքական մտքի դեգերումներուն համարձակախօս յառաջապահը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

Ռուբէն Դարբինեան (Արտաշէս Չիլինկարեան, 1882-1968).
Հայ քաղաքական մտքի դեգերումներուն համարձակախօս յառաջապահը

14 Յունիս 2020

Ն. Պէրպէրեան

Յունիս 14ի այս օրը, 52 տարի առաջ, 86 տարեկան ծերունազարդ հասակին, Պոսթընի մէջ վախճանեցաւ հայ քաղաքական մտքի մեծավաստակ մշակներէն Ռուբէն Դարբինեան՝ մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր գանձարանին կտակելով հայ մամուլի կոթողական փառքերէն մէկը հանդիսացող «Հայրենիք Ամսագիր»ի անկորնչելի հարստութիւնը։

Պոսթընի «Հայրենիք» օրաթերթին ամէնէն երկարակեաց խմբագրապետը եղաւ Ռուբէն Դարբինեան։ 1922էն 1968, մինչեւ իր վերջին շունչը, Ռ. Դարբինեան տէր կանգնեցաւ Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ամերիկայի Կ. Կոմիտէութեան «Հայրենիք» հաստատութեան եւ իր բոլոր ուժերը անսակարկ նուիրաբերեց «Հայրենիք»ի ճառագայթումին։

Իր անխոնջ աշխատանքով, հրապարակագրական տաղանդով ու գաղափարական վարակիչ շունչով՝ Ռուբէն Դարբինեան ոչ միայն տարագիր հայութեան կեանքին մէջ ստեղծեց եւ կենսունակ պահեց հայ մտաւորականութեան ինքնահաստատման ու ինքնադրսեւորման ճառագայթող օճախ մը, այլեւ` մօտաւորապէս կէս դար յառաջապահ դրօշակիրներէն մէկը հանդիսացաւ Դաշնակցական Մտքին ու Առաջնորդող Խօսքին։

Քսաներորդ դարու 20ականներու սկիզբէն մինչեւ 60ականներու աւարտը, խորհրդային կարգերու տակ տուայտող Հայաստանի ու հայութեան ազգային-քաղաքական կողմնորոշման հիմնական բոլոր հարցերուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ՝ պատմական մեծ նշանակութեամբ վերիվայրումներու գլխաւոր բոլոր փուլերու ընթացքին, Ռուբէն Դարբինեան իր գաղափարախօսական կարեւոր ներդրումը ունեցաւ եւ վճռորոշ դեր խաղցաւ Հայկական Արեւելումի հունաւորման մէջ։

Խորհրդային ամբողջատիրութեան դէմ Դաշնակցութեան մղած գաղափարական անհաշտ պայքարը կարեւոր չափով սնանեցաւ Ռ. Դարբինեանի մտքերով։ Նոյնպէս եւ մարդկային դէմքով ժողովրդավարակա՛ն, նաեւ ազատախոհակա՛ն ընկերվարութեան մշակման մէջ՝ մեծ եղաւ անոր ներդրումը։

Բայց մանաւանդ բազմակարծութեան ու տեսակէտներու եւ գաղափարներու անկաշկանդ արծարծման նկատմամբ Ռուբէն Դարբինեանի ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը եւ տածած գուրգուրանքը առանձնայատուկ պատուանդան մը ապահովեցին հայ քաղաքական մտքի մեծ երախտաւոր դաշնակցական տեսաբանին ու գաղափարի մարտիկին։

Ռուբէն Դարբինեան (Արտաշէս Չիլինկարեան, 1882-1968).
Հայ քաղաքական մտքի դեգերումներուն համարձակախօս յառաջապահը

*
* *

Դաշնակցութեան երկրորդ սերունդի կրտսեր անդամներէն է աւազանի անունով Արտաշէս Չիլինկարեան մկրտուած, իսկ Դաշնակցութեան գաղափարական հնոցին մէջ Ռուբէն Դարբինեան վերանուանուած գաղափարապաշտ այս հայորդին։

Ծնած է Ախալքալաք, 4 Փետրուար 1882ին:

Հայկական Ջաւախքի ազգային-քաղաքական եւ հոգեմտաւոր արժէքներով ու աւանդներով սնած՝ Ռուբէն Դարբինեան պատանի տարիքէն փարեցաւ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան դատին։

Հազիւ 14 տարեկան էր, երբ Ռուբէն Տէր-Մինասեանի եւ այլ անչափահաս սերնդակից ախալքալաքցիներու հետ՝ Րաֆֆիի «Խենթ»էն ներշնչուած, յեղափոխական խումբ կազմեցին ու փորձեցին Երկիր անցնիլ ու միանալ ֆետայական շարժման։
Ռուսական ոստիկանութիւնը ձերբակալեց զանոնք եւ թէեւ անչափահասութեան պատճառով ազատ արձակեց, բայց կարնեցիի իր արմատներուն կառչած Ռուբէն Դարբինեան արդէն ընտրած էր իր գաղափարական ուղին։

Հիմնական իր կրթութիւնը ստացաւ Թիֆլիսի մէջ։ Բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ Գերմանիա՝ Հայտելպըրկի եւ Միւնիխի համալսարաններէն ներս։ Իրաւաբան վկայուեցաւ Մոսկուայի համալսարանէն։

Ուսման աւարտին անմիջապէս վերադարձաւ Թիֆլիս եւ ամբողջապէս նուիրուեցաւ հասարակական կեանքի ու դաշնակցական գործունէութեան՝ ատենի հայ մամուլի էջերէն հանդէս գալով Ռուբէն Դարբինեան ստորագրութեամբ գաղափարախօսական եւ ազգային-քաղաքական յօդուածներով։

1908-1909ին, երբ Ցարական Ռուսաստանը սկսաւ իր մեծ հալածանքը Դաշնակցութեան դէմ եւ, իբրեւ դաշնակցական յեղափոխականներու, բանտերը նետեց ատենի արեւելահայ մտաւորականութեան սերուցքը՝ հարիւրներով, Ռոստոմի յանձնարարութեամբ՝ Ռուբէն Դարբինեան անցաւ Պոլիս, ուր միացաւ նորաստեղծ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի խմբագրութեան։ Ռուբէն Զարդարեանի, Շաւարշ Միսաքեանի եւ «Ազատամարտ»ի սերունդը կռանած մտաւորական մեր միւս մեծերու կողքին, Ռուբէն Դարբինեան նոր թափ տուաւ հրապարակագրական իր ընդունակութեանց։

1913ին մեկնեցաւ Գերմանիա, ուր տարի մը մնաց եւ կարեւոր դեր ունեցաւ Հայ-Գերմանական Ընկերութեան ստեղծումին մէջ։ Իսկ 1914ին վերադարձաւ Անդրկովկաս, ուր նախ Թիֆլիսի, ապա Պաքուի մէջ՝ մասնակցեցաւ Հայ Ազգային Խորհուրդներու կազմութեան աշխատանքներուն։

Պաքուի Հայոց Ազգային Խորհուրդի քարտուղարն էր 1918ին, երբ Ռոստոմի կողքին իր մասնակցութիւնը բերաւ Պաքուի հայկական հերոսական դիմադրութեան կազմակերպումին՝ ընդդէմ իթթիհատական-մուսաւաթական հակահայ միացեալ գրոհներուն։

Պաքուի անկումէն ետք անցաւ Երեւան։ Մաս կազմեց Խորհրդային Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններ վարող հայկական իրերայաջորդ պատուիրակութեանց։ Իսկ 1920ի աշնան մաս կազմեց Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին կառավարութեան՝ Սիմոն Վրացեանի վարչապետութեամբ, ստանձնելով արդարադատութեան նախարարի պաշտօնը։

Հայաստանի Հանրապետութեան կործանումէն ետք, պոլշեւիկներու նորակազմ Յեղկոմը բանտ նետեց նաեւ Ռուբէն Դարբինեանին, որ Փետրուար 18ի համաժողովրդային ապստամբութեան յաղթանակով ազատ արձակուեցաւ, մինչեւ Ապրիլ մնաց Երեւան եւ, այնուհետեւ, իր կարգին Զանգեզուրի վրայով անցաւ Պարսկաստան, ուրկէ ուղարկուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, վերջնականապէս հոն հաստատուելու եւ նուիրուելու համար ազգային-հասարակական գործունէութեան իր փայլուն ասպարէզին՝ իբրեւ «Հայրենիք» օրաթերթի խմբագիր։

Ռուբէն Դարբինեան (Արտաշէս Չիլինկարեան, 1882-1968).
Հայ քաղաքական մտքի դեգերումներուն համարձակախօս յառաջապահը

*
* *

1922ի Ապրիլին, Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի որոշումով՝ Դարբինեանին յանձնուեցաւ «Հայրենիք» թերթի խմբագրութիւնը:

Խմբագիր Դարբինեանի առաջին նուաճումը եղաւ «Հայրենիք Ամսագիր»ի լոյս ընծայումը՝ 1922ի Նոյեմբերին: Ամսագիրը անմիջապէս մեծ յաջողութիւն գտաւ եւ իր բովանդակութեամբ դարձաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ու գրականութեան, մշակոյթին ու արուեստներուն վերանորոգման՝ ուսումնասիրութեան եւ մշակման անսպառ աղբիւրը:

1933ին, Դարբինեանի մղումով, Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ամերիկայի Պատգամաւորական Ժողովը որոշում տուաւ նաեւ անգլերէն հրատարակութիւն մը ունենալու: 1934ի Մարտէն սկսեալ լոյս տեսնող «Hairenik Weekly»ն (ներկայիս՝ «Armenian Weekly») եղաւ Ռ. Դարբինեան խմբագրին երկրորդ կարեւոր ներդրումը: Իսկ աւելի ուշ, անգլերէն քարոզչութեան, վերլուծման եւ մտաւորական զարգացման համար անհրաժեշտութիւնը զգացուեցաւ անգլերէն այլ հրատարակութեան մը եւ, այդպէ՛ս, Ռ.Դարբինեանի օրով սկսաւ հրատարակուիլ «Armenian Review» հանդէսը, 1948 Յունուարէն սկսեալ:

Յատկապէս «Հայրենիք Ամսագիր»ը հանդիսացաւ կոթողական նուաճում մը, որովհետեւ Ռուբէն Դարբինեան կրցաւ ի մի բերել տարագրութեան մէջ ապրող հայ մտաւորականութեան ամբողջ փաղանգը՝ հնարաւորութիւնը ընձեռելով հայ ժողովուրդի մեծանուն զաւակներուն, որպէսզի ստեղծագործեն, միտք զարգացնեն, գեղարուեստական ճաշակ մշակեն, հայ քաղաքական մտքի եւ հայ մշակոյթի պատմութիւնը նորահաս սերունդներուն փոխանցեն, իրենց յուշերը գրեն եւ աշխարհասփիւռ հայ կեանքին վրայ ամսական կանոնաւորութեամբ տեղեկատուական եւ քննական լուսարձակ բանան։

Կոստան Զարեան եւ Աւետիք Իսահակեան, Միքայէլ Վարանդեան եւ Աւետիս Ահարոնեան, Ռուբէն Տէր-Մինասեան եւ Սիմոն Վրացեան, Ալեքսանդր Խատիսեան եւ Վազգէն Շուշանեան, Յակոբ Օշական եւ Համաստեղ, Յ.Ճ.Սիրունի եւ Արտաշէս Աբեղեան կը բանան, բայց չեն սպառեր երկար շարքը այն անուանի հեղինակներուն, որոնք «Հայրենիք Ամսագիր»ը վերածեցին հայապահպանման եւ հայակերտման իսկական հնոցի մը մեր սերունդներուն համար։

Իսկ Ռուբէն Դարբինեան անձնապէս հանդիսացաւ այն մայր օղակը, որ իրարու անքակտելիօրէն կապուած արժէքներու մարգարտաշար շղթայի մը վերածեց իր ժամանակի հայ մտքի հսկաները, հաստատուած հեղինակութիւն ըլլային անոնք, թէ նորայայտ խոստմնալից ուժեր։

1959ին, Տիթրոյթի մէջ նշուեցաւ Ռուբէն Դարբինեանի հանրային գործունէութեան յիսնամեակը: Յիսուն տարիներու ծառայութիւն, որուն մեծ մասը ի գործ դրուեցաւ «Հայրենիք»ին եւ անոր ընդմէջէն՝ հայ մամուլի ծաղկման:

Դարբինեան եղաւ եւ մնաց շողացող աստղ մը հայ լրագրութեան երկնակամարին:

1963ին, Ռ. Դարբինեան սրտի տագնապ ունեցաւ եւ տկարացաւ, սակայն շարունակեց աշխատակցիլ օրաթերթին եւ վարել ամսաթերթի խմբագրութիւնը:

Բայց երկար չդիմացաւ եւ 14 Յունիս 1968ին տերեւաթափը հայ կեանքէն առյաւէտ տարաւ հայ քաղաքական մտքի այս երախտաշատ մշակը։

Ռուբէն Դարբինեան (Արտաշէս Չիլինկարեան, 1882-1968).
Հայ քաղաքական մտքի դեգերումներուն համարձակախօս յառաջապահը

*
* *

Հայ քաղաքական մտքի դեգերումներուն յառաջապահ գաղափարի մարտիկին մահուան 52րդ տարելիցին առիթով, Ռուբէն Դարբինեանի ազգային-քաղաքական մտածողութեան եւ գաղափարական կտակին մասին անմիջական պատկերացում մը փոխանցելու համար, կ՚արժէ լուսարձակի տակ առնել Յովհաննէս Քաջազնունիի «Դաշնակցութիւնը անելիք չունի» գործին առ ի պատասխան Ռուբէն Դարբինեանի հատու մատնանշումներէն հետեւեալ խորհրդածութիւնը.

«Անկախութիւնը,- ինչպէս եւ ազատութիւնը,- այո՛, անսահման ու բացարձակապէս անպայման գաղափար չէ եւ կրնայ ունենալ նաեւ իր ոչ-ամբողջական ձեւերը: Բայց յամենայն դէպս ան ունի շատ որոշ եւ շատ հիմնական յատկանիշներ, առանց որոնց անկախութիւնը կը դադարի անկախութիւն լինելէ եւ կը դառնայ իրեն հակառակ բան մը, ինչպէս եւ ազատութեան գաղափարը:

«Անկախութեան համար, ո՛ր աստիճանի եւ ձեւի ալ լինի ան, էական է օտար ոյժի մը անմիջական բռնակալութենէն զերծ լինելու պայմանը՝ գէթ կառավարելու մէջ: Երբ ժողովուրդ մը իր բախտը տնօրինելու գործին մէջ ոչ մէկ իրական ձայն ունի եւ ամբողջովին ենթակայ է օտար կեդրոնի մը կամքին ու քմահաճոյքին, նոյնիսկ իր ամենակենսական ներքին պահանջներու արտայայտման եւ գոհացման մէջ, ի՞նչ խօսք կրնայ լինել անկախութեան մասին:

«Ժողովուրդ մը կրնայ ներքնապէս ազատ չլինել, բայց եւ այնպէս լինել անկախ, ինչպէս են բռնապետական եւ սակաւապետական երկիրները, ինչպէս է, օրինակ, հէնց նոյն Խորհրդային Ռուսիան:
«Բայց ժողովուրդ մը կրնայ գրեթէ բոլորովին ազատ լինել ներքնապէս, բայց անկախ չլինել, ինչպէս է այսօր, օրինակ, Իրլանտան:

«Խորհրդային Հայաստանը, սակայն, ասոնցմէ եւ ոչ մէկը կը ներկայացնէ, ոչ իսկ հեռաւոր չափով կամ աստիճանով:

«Եւ իրա՛ւ. Երեւանի մէջ նստած հայանուն իշխանութիւնը չի բղխիր ո՛չ հայ ժողովրդի, ոչ ալ անոր ոեւէ շօշափելի մասի կամքէն եւ չի յենուիր հայկական որեւէ ոյժի վրայ՝ նոյնիսկ իր գոյութիւնը կարենալ պահպանելու համար: Խորհրդային Հայաստանի իշխանութեան աղբիւրը Մոսկուայի կառավարութիւնն ու անոր բանակն են բացարձակապէս»:

Նոյնպէս՝ կ՚արժէ լուսարձակի տակ առնել 1954ին իր կատարած մէկ ընդգծումը Թուրքիոյ վերաբերեալ։

Խորհրդային ժամանակաշրջանին, հակադաշնակցական բուռն պայքարի խօսնակները շարունակ ծամծմած են եւ, իբրեւ Դաշնակցութեան այսպէս ըսուած «թրքասէր ուղղութեան խօսուն ապացոյց», փորձած են խծբծել Դարբինեանի այն ընդհանրացումը, ըստ որուն՝ «Միջազգային ներկայ կացութեան մէջ Թուրքիոյ ազատ աշխարհին հետ ըլլալը ոչ թէ չարիք մը, այլ բարիք մըն է ազատատենչ հայութեան համար»։

Թրքասիրութեան հետ ոչ մէկ աղերս ունի, ընդհակառակն՝ ազգայնամոլ եւ ֆաշական թրքական պետութիւնը Ազատ Աշխարհի հակակշռին տակ առնելու, կարգի հրաւիրելու եւ անհրաժեշտ բարեկարգման հունին մէջ դնելու արեւելումի մը յառաջապահ մտածողութիւնը կը զարգացնէր Ռուբէն Դարբինեան։

Վիճայարոյց այդ մօտեցումը, իբրեւ ռազմավարական հանգուցային օրակարգ, Դաշնակցական Միտքը ատենին եւ մինչեւ վերջին ժամանակները պարբերաբար բուռն բանավէճի կիզակէտին վրայ կը բերէ։

Իբրեւ այդպիսի՛ն՝ Ռուբէն Դարբինեան ազգային մտածողութեան անկոխ ուղիներ բանալու դրօշակիր մը եղաւ եւ իրաւամբ հանդիսացաւ հայ քաղաքական մտքի կենսունակութեան մշտահոս աղբիւր մը։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail