ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 16 Յունիս 1896. Վանի հայութեան զինեալ ինքնապաշտպանութեան շղթայազերծումը

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 16 Յունիս 1896. Վանի հայութեան զինեալ ինքնապաշտպանութեան շղթայազերծումը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 16 Յունիս 1896. Վանի հայութեան զինեալ ինքնապաշտպանութեան շղթայազերծումը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

16 Յունիս 1896.
Վանի հայութեան զինեալ ինքնապաշտպանութեան շղթայազերծումը

16 Յունիս 2020

Ն. Պէրպէրեան

16 Յունիսի այս օրը, 124 տարի առաջ, Վանի եւ շրջակայքի հայութիւնը իր առաջին՝ յանդուգն քայլը նետեց թրքական հայաջինջ հարուածները դիմագրաւելու, զինեալ ինքնապաշտպանութեամբ իր ազգային գոյատեւման իրաւունքը նուաճելու երկար ու արիւնոտ ճամբուն վրայ։

Հայ ժողովուրդի պատմութեան նշանակալից պահերէն մէկը հանդիսացաւ 16 Յունիս 1896ը, երբ ընդհանրապէս Վասպուրականի հայութիւնը մէկ մարդու պէս ծառացաւ Կարմիր Սուլթանին խստացուցած հայաջնջումի քաղաքականութեան դէմ, որ 1894էն ի վեր մոլեգնելով, իր ամբողջական կատաղութեամբ ու վայրագութեամբ, արդէն հարիւր հազարներով անզէն հայերու անմեղ արիւնով ներկած էր Հայաստանի սուրբ հողը։
Վանը հայկական յեղափոխութեան գլխաւոր բնօրրաններէն մէկն էր։

Խրիմեան Հայրիկի ձեռնարկած ազգային-ազատագրական զարթօնքի օրերէն, Վանը եղած էր օսմանեան բռնակալութեան եւ անոր հայաջինջ քաղաքականութեան դէմ հայկական ըմբոստացման գաղափարական հնոցը։

Հոն ստեղծուած էր Հայկական Ազատամարտի առաջին կազմակերպութիւնը՝ Արմենական կուսակցութիւնը, 1885ին։
Նաեւ՝ 1887ին հիմնուած Հնչակեան կուսակցութիւնը Վասպուրականի վրայ կեդրոնացուցած էր իր գործունէութիւնը, իբրեւ Երկրի մէջ յեղափոխական շարժման ծաւալումին կարեւորագոյն խարիսխը։

Նոյնպէս եւ 1890ին կազմուած Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը, առաջին իսկ օրէն, դէպի Վան ուղղեց քայլերը սահմանը հատող եւ Դէպի Երկիր զէնք հասցնող գաղափարի իր մարտիկներուն։

Այդպէ՛ս, Դաշնակցութեան ֆետայական սերունդի ռահվիրաներէն անվեհեր Պետոյի (Աղեքսանդր Պետրոսեան) գլխաւորութեամբ, Վանի մէջ գործող յեղափոխական երեք կուսակցութեանց անդամ երիտասարդ հայորդիները, 16 Յունիս 1895ին, ունեցան իրենց առաջին՝ միացեա՛լ ուժերով զինեալ ընդհարումները սուլթան Համիտի կազմած քիւրտ եւ թուրք «Համիտիէ» վոհմակներուն հետ։

Թուրքեւռուսական սահմանը հատող եւ Երկրի հայութեան ինքնապաշտպանութեան փութացող յեղափոխական հայորդիներու շարքին բախտորոշ եղաւ գործունէութիւնը Կարսի ծնունդ անզուգական Պետոյի։

Պետօ հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ, 1892էն սկսեալ, Վանի եւ շրջակայքի հայ ըմբոստ երիտասարդութիւնը ի մի խմբելու, յեղափոխական կուռ կազմակերպութեան մէջ միաձուլելու, զինելու եւ զինուորապէս պատրաստելու ուղղութեամբ։

Խօսքն ու Գործը, իր անձնական օրինակով, առաւելագոյն ներդաշնակութեան մէջ պահող տիպար յեղափոխականն էր Պետօ, որ ի վիճակի եղաւ համերաշխութեան հողը մշակելու հայ յեղափոխական կուսակցութիւններուն միջեւ։

Արմենականն ու հնչակեանը Պետոյի հաւաքագրած դաշնակցականներուն մէջ գտան կռուի միեւնոյն խրամին մէջ անձնուէր պայքար մղող զէնքի ու գաղափարի իրենց ընկերները։ Եւ պատահական չէր, որ Պետօ նահատակուեցաւ արմենական Աւետիսեանի ու հնչակեան Մարտիկի հետ կողք-կողքի, հարիւրաւոր հայ յեղափոխականներու 1896ին Վանէն հեռացումը առաջնորդելու ժամանակ, քրտական Մազրիկ ցեղին կողմէ պաշարուելով եւ օրհասական կռիւ մղելով։

Այս առումով՝ հայ յեղափոխական շարժման մարտական ուժեղացման, ազգային-քաղաքական հասունացման եւ ներքին համերաշխութեան ամրագրման ուղղութեամբ, հայ ժողովուրդի պատմութեան մեծապէս ուսանելի դրուագներէն մէկը եղաւ 16 Յունիս 1896ը։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 16 Յունիս 1896. Վանի հայութեան զինեալ ինքնապաշտպանութեան շղթայազերծումը

*
* *

1894-1895ին Սասնոյ, Երզնկայի եւ Կարինի մէջ անզէն հայութեան դէմ ծաւալած համիտեան կոտորածները ահազանգային նշանակութիւն ունեցան Վանի եւ ընդհանրապէս Վասպուրականի հայ յեղափոխական գործիչներուն համար։

Հակառակ Վանի նահանգին մէջ եւրոպական մեծ տէրութեանց հիւպատոսական ներկայացուցիչներու կեդրոնացումին եւ Համիտեան հայասպան քայլերուն դէմ անոնց միջամտութիւններուն, Կարմիր Սուլթանը կ՚որոճար Վանը եւս արեան մէջ խեղդելու դաւադիր ծրագիրներ։

Սասնոյ կոտորածները մեծ ընդվզում առաջացուցած էին Եւրոպայի ազատախոհ շրջանակներուն մօտ, որոնք իրենց կառավարութիւններէն կը պահանջէին արագ եւ ազդու միջամտութիւն կատարել՝ սանձելու համար Համիտի հայաջնջման քաղաքականութիւնը։

Համիտ առանձին չէր առանց հայերու Հայաստանը իրականացնելու եւ զայն իր կայսրութեան անբաժանելի մասը դարձնելու քաղաքականութեան մէջ։

Նոյն ախորժակներով կ՚օրօրուէր, հեգնական զուգադիպութեամբ, Օսմանեան Թուրքիոյ մրցակիցը՝ Ցարական Ռուսաստանը, որ իր կարգին կայսերապետական քաղաքականութեան վերածած էր առանց հայերու Հայաստանի մը ձեռքբերման նպատակը, Արեւելահայաստանի վրայ կեդրոնացնելով հայաթափման եւ ռուսացման նենգ ծրագրին գործադրութիւնը։

Ընդհանուր զարգացումներու այս պաստառին վրայ, 1896ի գարնան, Վան ժամանեց Հայկական Նահանգներու բարենորոգումներու Մայիսեան Ծրագրին գործադրութեան հսկող խառն Քննիչ Յանձնաժողովը, որուն մաս կազմող եւ Համիտը ներկայացնող Ֆերիտ Սաատէդդին Փաշան, առանց ժամանակ կորսնցնելու, գործի անցաւ եւ շարժման մէջ դրաւ Համիտեան կոտորածները Վասպուրականի տարածքին եւս իրականացնելու ծանօթ բեմագրութիւնը։

Մէկ կողմէ՝ Վան քաղաքին մէջ, հայոց առաջնորդ Սահակ Վարդապետին եւ անոր շուրջ խմբուած ազգային ջոջերուն հետ հանդիպումներու շարք մը ունենալով, Ֆերիտ Փաշայի յանձնաժողովը հետեւողաբար կրկնեց բարենորոգումներու ծրագրին իրականացման համար իր ունեցած «միակ պայմանը»՝ հայ յեղափոխականներու անձնատուութիւնը կամ Վանէն հեռացումը (յատկապէս «դուրսէն եկածներուն»)։ Վանի ֆրանսական, անգլիական եւ ռուսական հիւպատոսները ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերեցին այդ պահանջին։

Միւս կողմէ՝ Վանի շրջակայ գաւառներուն մէջ, ուր Արմենականները ընդհանրապէս կառոյց ստեղծած չէին, Հնչակեանները կազմակերպականօրէն արմատաւորուելու յաջողութիւն ունեցած չէին եւ միայն Դաշնակցութիւնն էր, որ Նիկոլ Դումանի, Պետոյի (Աղեքսանդր Պետրոսեան) եւ Վարդանի (Սարգիս Մեհրապեան, հետագայ Խանասորի արշաւանքին ընդհանուր հրամանատարը) խումբերով նոր սկսած էր շարժում առաջացնել ու կազմակերպութիւն ստեղծել, Սաատէդդին Փաշան անձամբ կապ հաստատեց քիւրտ ցեղապետերուն հետ՝ անոնց կանաչ լոյս տալով, որ անպաշտպան հայերուն դէմ թալանի ու կոտորածի ձեռնարկեն, թրքական զօրքի աջակցութիւնը խոստանալով։

Մինչ Վանի հայութեան ներկայացուցիչները կը քննարկէին Մայիսի վերջերուն Վան հասած Քննիչ Յանձնաժողովին կողմէ տրուած հայ յեղափոխականներու յանձնումին կամ հեռացման պահանջ-նախապայմանը, Ֆերիտ Սաատէդդին Փաշա արագացուց բիրտ ուժով իր նպատակին հասնելու դաւադրութեան իրագործումը։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 16 Յունիս 1896. Վանի հայութեան զինեալ ինքնապաշտպանութեան շղթայազերծումը

*
* *

Յունիսի առաջին օրերէն սկսեալ, Համիտի ներկայացուցիչ Փաշան հրահանգեց ոստիկանութեան, որ խուզարկեն հայահոծ Այգեստանի բնակարանները՝ թաքնուած հայ յեղափոխականներ եւ զինապահեստներ գտնելու պատրուակով։

Այդ խուզարկութեանց ընթացքին ոստիկաններ դիմեցին նաեւ գրգռիչ քայլերու, որոնց ամէնէն աղմկայարոյցը եղաւ վանեցի երիտասարդ դաշնակցական Վազգէնի (Տիգրան Տէրոյեան) տան խուզարկութիւնը. Վազգէնը հոն չգտնելով, ոչ ալ որեւէ զէնքի ու զինամթերքի պահեստ գտնելով, թուրք ոստիկանները խոշտանգեցին եւ անպատուեցին Վազգէնի մայրն ու քոյրը՝ Զարուհին, որ յարգուած ուսուցչուհի էր եւ յեղափոխաշունչ հայուհի։

Միջադէպին առաջացուցած ընդհանուր ընդվզումը դեռ չհանդարտած, Ֆերիտ Սաատէդդին փաշայի դրդումով՝ Յունիս 15-16ի լուսցող գիշերը թուրք գիշերապահ զինուորներ կրակեցին Այգեստանի մէջ հայ երիտարդներու վրայ, որոնք սակայն դիմադարձեցին եւ երկու թուրք զինուոր սպաննեցին ու աստիճանաւոր մը ծանրօրէն վիրաւորեցին։

Յունիս 16ի առաւօտեան թուրք զինուորները իրենց երկու մեռելները ցուցադրեցին շուկային կեդրոնը՝ գրգռելով թուրք եւ քիւրտ ամբոխին հակահայ մոլուցքը։

Հակառակ անոր որ Վանի հայ ներկայացուցիչները ժողովի մէջ էին Քննիչ յանձնաժողովին, Եւրոպացի հիւպատոսներուն եւ Վանի կուսակալին հետ, յետմիջօրէի ժամը 3ին թուրք զինուած ամբոխը, զօրքի եօթը թնթանօթներու պաշտպանութեան տակ, ընդհանուր յարձակումի անցաւ Այգեստանի վրայ։

Եւ սկսաւ Վանի հայութեան առաջին զինեալ ինքնապաշտպանութիւնը, որ աւելի քան շաբաթ մը տեւեց՝ թրքական զօրքի եւ զինուած ամբոխի շարունակական յարձակումները ետ մղելով եւ Վան-Այգեստանի հայութեան զանգուածային սպանդի համիտեան ծրագիրը ձախողութեան մատնելով։

Թէեւ ինքնապաշտպանութեան կռիւները վերջ գտան աւելի քան 500 հայ յեղափոխականներու եւ անոնց ընկերակցող շուրջ 1500 հայ երիտասարդներու քաղաքէն հեռացումով ու, ճանապարհին, քանի մը յաղթական կռիւներ մղելէ ետք՝ անոնց մեծ մասին կոտորածով, այդուհանդերձ՝ այդպիսով վերջնականապէս փակուեցաւ Վանի հայութեան «օրինապահ» ու ծառայամիտ համակերպումի ժամանակաշրջանը․․․

Սկսաւ սեփական ուժերով ինքնապաշտպանութեան պատրաստուելու երկարամեայ պայքարը, որ Մեծ Եղեռնի տարիներուն պսակուեցաւ յաղթանակով։

*
* *

Այս բոլոր առումներով՝ 16 Յունիս 1896ը, հայ ազգային-ազատագրական շարժման պատմութեան մէջ, եղաւ ճշմարտութեան պատին առջեւ կանգնելու օրհասական պահ մը։

Մէկանգամընդմիշտ հաստատեց, որ՝

1) Թրքական պետութիւնը, ով որ ալ կանգնած ըլլայ անոր ղեկին, կատաղօրէն պիտի փորձէ թաղել Հայկական Հարցը, ի հարկին ցեղասպանութեան դիմելով։

2) Եւրոպական դիւանագիտութիւնը, նոյնիսկ երբ յանուն մարդկային իրաւանց ու մեծ սկզբունքներու, զօրակցութիւն կը ցուցաբերէ հայկական արդար պահանջատիրութեան, գործնականին մէջ եւ էապէս իր նեղ շահերէն անդին ոչ մէկ շահագրգռութիւն ունի. միշտ պատրաստ է հայութիւնը զոհաբերելու իր մրցախաղերուն։

3) Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն, որքան ալ բարեփոխուին ժամանակները եւ քաղաքակիրթ ճանապարհով ազգամիջեան վէճերը հարթելու կոչեր հնչեն. պարզապէս «կը քաղաքակրթուին» զէնքերու տեսակներն ու պատերազմի ռազմարուեստը…

4) Առասպել է հայոց անմիութիւնն ու անմիաբանութիւնը, որովհետեւ հայ ժողովուրդին չեն պակսիր օրհասական վտանգը միասնական ճակատով դիմագրաւելու վճռականութիւնն ու մարտունակութիւնը. Վանի առաջին ինքնապաշտպանութեան եռանդամ ղեկավարութիւնը անվիճելի վկայութիւնն է։

Ազգային ու պատմական իր այս դասերուն համար միշտ կը յիշենք եւ կը յիշեցնենք 1896 թուականի Յունիսի 16ը։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 16 Յունիս 1896. Վանի հայութեան զինեալ ինքնապաշտպանութեան շղթայազերծումը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail