ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Արեան Ճանապարհով՝ Ազատութեան Ճանապարհին

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Արեան Ճանապարհով՝ Ազատութեան Ճանապարհին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Արեան Ճանապարհով՝ Ազատութեան Ճանապարհին

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

«Արեան Ճանապարհով»՝
«Ազատութեան Ճանապարհին»

19 Յունիս 2020

Ն․ Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ հայ քաղաքական մտքի այն բոլոր ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք ՑԵՂԱՍՊԱՆ ԹՈՒՐՔԷՆ ԱՐԴԱՐ ՎՐԷԺ ԼՈՒԾԵԼՈՒ դաւանանքին զինուորագրուելով հանդերձ՝ ամբողջ հասակով դէմ կը կանգնին ազգերու եւ ժողովուրդներու միջեւ հրահրուած ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ եւ ԹՇՆԱՄԱՆՔի ստրկացնող ՖԱՇԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ։

Բարի լոյս՝ Արամ Երկանեանի եւ Հայկական «ՆԵՄԵՍԻՍ»ի բոլոր ՍՈՒՐԲ ՀԱՐՈՒԱԾՈՂ ԲԱԶՈՒԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք ՀԱՅՈՒ ՃԱԿԱՏԷՆ ՍՐԲԵՑԻՆ «զօրաւոր»ին առջեւ «ծունկի գալու» ստրկական ԱՄՕԹԻ ԽԱՐԱՆը՝ հայոց սերունդներուն կտակելով, որ՝

– «Մեր մեռելները հեռու-հեռու անապատների մէջ են, եւ նրանք մեզանից ծաղիկ չեն սպասում, այլ՝ ոճրապարտ գանգերի արիւնը»:
Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի ԱՐԴԱՐԱՀԱՏՈՅՑ ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐՈՒՆ, որոնք թրքական պետութեան գործադրած հայոց ցեղասպանութենէն հազիւ մազապուրծ տարագիր հայութեան մէջ վերականգնեցին ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ նուաճելու ՀԱՅՈՒՆ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆը։

Բարի լոյս՝ ԱՐՄԷՆ ԱՆՈՅՇԻ «Արեան Ճանապարհով» հայու իր ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ ՈՒՂԻՆ հարթած ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, որ հայոց ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ պատասխանատու ՑԵՂԱՍՊԱՆ ԹՈՒՐՔԷՆ արեան պարտամուրհակի ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐ կը պահանջէ նաեւ մեր օրերուն՝ Աւետիս Ահարոնեանի «Ազատութեան Ճանապարհին» վառած գաղափարական խարոյկը վերարծարծելով, յանուն նոյնինքն հայ եւ թուրք ժողովուրդներու վաղուան ԲՆԱԿԱՆՈՆ ՀԱՐԵՒԱՆՈՒԹԵԱՆ։

Այս օրերուն դարձեալ մոլեգնած են ԹՐՔԱԿԱՆ ՖԱՇԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱՏԵԱՑ ՄՈՒՆԵՏԻԿՆԵՐԸ, որոնք համացանցի վրայ ՄԶԿԻԹՆԵՐՈՒ ՄԻՆԱՐԷՆԵՐԷՆ մոլլաներու ծախու հանուած բերնով հաւար կը փրցնեն ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ դէմ եւ կը փորձեն «ՄԵԾ ՍՈՒՏ» հռչակել թրքական պետութեան գործադրած ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ։

Բարի լոյս՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ «ՆԵՄԵՍԻՍ»Ի անպարտելի ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐՈՒՆ, որոնք ինչպէս երէկ, նոյնպէս եւ այսօր թէ վաղը միշտ պիտի յուշեն մեր սերունդներուն, որ «Արեան Ճանապարհով» քալած հայ ժողովուրդը անպայման պիտի հասնի ՍՐԲԱԶԱՆ ԼԵՐԱՆ ԿԱՏԱՐԻՆ՝ «Ազատութեան Ճանապարհին»․․․

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Արեան Ճանապարհով՝ Ազատութեան Ճանապարհին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail