ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Գարեգին Եպիսկոպոս Տրապիզոնի Խաչատուրեան (1880-1961) Վաստակաշատ եւ սերունդ կերտող հայ հոգեւորականի բազմաշնորհ դէմքը

Գարեգին Եպիսկոպոս Տրապիզոնի Խաչատուրեան (1880-1961) Վաստակաշատ եւ սերունդ կերտող հայ հոգեւորականի բազմաշնորհ դէմքը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Գարեգին Եպիսկոպոս Տրապիզոնի Խաչատուրեան (1880-1961) Վաստակաշատ եւ սերունդ կերտող հայ հոգեւորականի բազմաշնորհ դէմքը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր

Գարեգին Եպիսկոպոս Տրապիզոնի Խաչատուրեան (1880-1961).
Վաստակաշատ եւ սերունդ կերտող հայ հոգեւորականի բազմաշնորհ դէմքը

22 ՅՈՒՆԻՍ 2020

Ն. Պէրպէրեան

22 Յունիսի այս օրը, 59 տարի առաջ, Պոլսոյ Բերայի «Ս. Երրորդութիւն» եկեղեցւոյ մէջ, տեղի կ՚ունենար հանդիսաշուք Ս․ Պատարագի արարողութիւն, որ նուիրուած էր Սրբոց Թարգմանչաց Սահակայ եւ Մեսրոպայ յիշատակին։

Պատարագիչն էր ատենի Թուրքիոյ հայոց ծերունազարդ Պատրիարքը՝ Գարեգին Եպիսկոպոս Տրապիզոնի Խաչատուրեան։
Պատարագի պահուն սրտի կաթուած ունեցաւ Սրբազան Հայրը եւ քանի մը ժամ ետք վախճանեցաւ։

Խորհրդանշական եւ խորիմաստ էր Գարեգին Պատրիարքին այդօրինակ վախճանը։

Հայոց գրերու գիւտին եւ հայ մշակոյթի ու գրականութեան ծաղկման երկու մեծ երախտաւորներուն իր յարգանքի տուրքը ընծայաբերելու պահուն, այդպէ՛ս, աչքերը առյաւէտ փակեց իր կարգին մշակութային եւ գրական բազմաշնորհ վաստակի տէր Հայ Հոգեւորականը։

Որքան մեծ եղաւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ծառայութեան մէջ վախճանեալ Պատրիարքին ներդրած աւանդը, նոյնքան տաղանդաշատ վաստակ մը ան կապեց իր անունին՝ իբրեւ բանաստեղծ, արձակագիր եւ գրաբար գլուխ-գործոցներու աշխարհաբարի թարգմանիչ։

Հայ ժողովուրդի լուսապսակ հոգեւորականներու փաղանգին մէջ իր բարձրադիր պատուանդանը նուաճած հեղինակութիւնն է Գարեգին Եպիսկոպոս Տրապիզոնին, ինչպէս ինք կը սիրէր կոչուիլ՝ գործածելով իր եպիսկոպոսական անուանման յունական ոճը։

*
* *

Գարեգին Պատրիարք ծնած է Տրապիզոն, 6 Նոյեմբեր 1880ին։
Աւազանի անունով Խաչիկ Խաչատուրեան՝ ան իր ծննդավայրի նախակրթարանը աւարտելէ ետք, 1896ին, ղրկուած է Վենետիկ, ուր յաճախած է Մխիթարեաններու «Մուրատ Ռափայէլեան» վարժարանը։

1899ին, հոգեւորականի կոչում զգալով, մտած է Արմաշի Դպրեվանքը՝ Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանի վերատեսչութեան օրօք։

Արմաշի դպրեվանքէն ներս տիրող հոգեւորական ու մտաւորական ջերմ մթնոլորտը եւ անձնապէս Դուրեան Արքեպիսկոպոսի հոգեպարար շունչն ու պայծառ մտածողութիւնը հիմնական դեր ունեցան երիտասարդ Խաչիկի հոգեմտաւոր նկարագրի ամրակերտման մէջ։

1901ին ան վարդապետ ձեռնադրուեցաւ՝ վերանուանուելով Գարեգին։

Երկու տարի ուսուցչական պաշտօն վարեց դպրեվանքին մէջ՝ միաժամանակ նուիրուելով գրական աշխատանքներու։

1903ին շրջուն քարոզիչի առաքելութեան կոչուեցաւ Պոլսոյ եկեղեցիներուն մէջ։ Անմիջապէս ուշադրութիւն գրաւեց իբրեւ իմաստուն եւ հաւատաւոր քարոզիչ եւ 1906ին ղրկուեցաւ գաւառները՝ իբրեւ կրթական տեսուչ ու առաջնորդ։

Յաջորդաբար գործեց Սիսի, Մարաշի, Արմաշի, Արաբկիրի եւ Մուշի մէջ։

Գարեգին Եպիսկոպոս Տրապիզոնի Խաչատուրեան (1880-1961) Վաստակաշատ եւ սերունդ կերտող հայ հոգեւորականի բազմաշնորհ դէմքը

*
* *

Առաջին Աշխարհամարտի եւ Մեծ Եղեռնի շրջանին, Գարեգին Վարդապետ ապրեցաւ ու գործեց Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ։
Զինադադարէն ետք, 1919ին, ան վերադարձաւ Տրապիզոն՝ իբրեւ թեմակալ առաջնորդ։

1922ին անցաւ «Ս. Էջմիածին», ուր Եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ։
Այնուհետեւ՝ առաջնորդական պատասխանատուութիւններ ստանձնեց Պաղտատի եւ Պոլսոյ մէջ, մինչեւ որ 1928ին ընտրուեցաւ Քալիֆորնիայի հայոց թեմի առաջնորդ եւ այդ պաշտօնը վարեց մինչեւ 1935։

Ապա՝ իբրեւ կաթողիկոսական պատուիրակ, ծառայեց հարաւային Ֆրանսայի մէջ, ուրկէ 1938ին ղրկուեցաւ Արժանթին՝ իբրեւ թեմակալ առաջնորդ։

Գարեգին Եպիսկոպոս Տրապիզոնի Խաչատուրեան Արժանթինի Հայոց Առաջնորդ էր 2 Դեկտեմբեր 1950ին, երբ ընտրուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք եւ վերջնականապէս հաստատուեցաւ Պոլիս։

*
* *

Գարեգին Եպիսկոպոս Տրապիզոնիի պատրիարքական ծառայութեան շրջանը եւս յատկանշուեցաւ մնայուն իրագործումներով։

Յատկապէս Սկիւտարի «Ս. Խաչ» Դպրեվանքին հիմնադրութիւնը օրհնաբեր նշանակութիւն ունեցաւ՝ Թուրքիոյ գաւառներէն սաներ հաւաքելու, անոնց ուսում եւ ազգային շունչ ջամբելու եւ, իբրեւ կուսակրօն հոգեւորականներու, զանոնք վերստին գաւառ ուղարկելու եւ Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայ բեկորները հայ եկեղեցւոյ շուրջ բոլորելու գործին մէջ։

Թեմէ թեմ եւ գաղութէ գաղութ իր շրջագայութեամբ հանդերձ, ուր որ ալ գտնուեցաւ, հոգեւոր իր ծառայութեան զուգահեռ, Գարեգին Եպիսկոպոս Տրապիզոնցի ժամանակը գտաւ եւ եռանդը ունեցաւ ծաւալելու մանկավարժական իր գործունէութիւնն ու գրական-ստեղծագործական աշխատանքները։

Գրական իր լաւագոյն աշխատանքը եւ երկարամեայ երկունքին արգասիքը կը հանդիսանայ «Նարեկ»ի աշխարհաբար թարգմանութիւնը, որ Նարեկացիի յուզաշխարհի վերծանման եզակի գործ մը կը նկատուի միաժամանակ։

Նոյնպիսի նուաճում մը կը հանդիսանայ Եզնիկի «Եղծ Աղանդոց»ի աշխարհաբար թարգմանութիւնը։

Իսկ 1910ականներուն լոյս տեսած «Տարօնաշունչ» եւ երկ-հատոր «Աշխարհի լոյս ի Հայս» գործերը պերճախօս վկայութիւնն են քրիստոնէական հաւատքի, ազգային ոգիի եւ հայրենասիրութեան մեծ պաշարի տէր հայ մտաւորականի իր արժանաւորութեան։

Իսկ «Քնար Արեւագալի» բանաստեղծական եւ «Խոհեր ու Յուշեր» արձակ հատորներով՝ հայ գրականութեան մէջ ան նուաճեց իր ուրոյն պատուանդանը։

Գարեգին Պատրիարք նաեւ հիմնեց ու խմբագրեց կրօնական եւ գրական-գեղարուեստական հանդէսներ, ինչպէս 1909ի «Տաճար» կրօնաթերթը, 1947ին Արժանթինի մէջ «Արարատ» ամսագիրը եւ 1950ականներուն իր աշխոյժ նպաստը Պոլսոյ Պատրիարքութեան «Շողակաթ» ամսաթերթի հրատարակութեան։

Գարեգին Եպիսկոպոս Տրապիզոնի Խաչատուրեան (1880-1961) Վաստակաշատ եւ սերունդ կերտող հայ հոգեւորականի բազմաշնորհ դէմքը

*
* *

Գարեգին Պատրիարքի վաթսունամեայ հոգեւորական եւ գրական ծառայութեան նուիրուած այս ամփոփ յիշեցումը անարդար պիտի ըլլայ եզրափակել՝ առանց ակնարկելու այն խնդրայարոյց դերակատարութեան, որ մեծարժէք հայ հոգեւորականը ունեցաւ 1956ի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Տագնապի շրջանին։

Հակառակ տասնամեակներ ամբողջ իր պահպանած պայծառամիտ եւ հաշտարար դերակատարութեան՝ ի սպաս Հայաստանեայց Եկեղեցին յուզող ու տագնապեցնող խնդիրներու բարւոք լուծման, Գարեգին Պատրիարք առանձնայատուկ կիրքով դիրքորոշուեցաւ երջանկայիշատակ Զարեհ Առաջինի Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ընտրութեան դէմ, ինչպէս նաեւ՝ այնուհետեւ ստեղծուած թեմական տագնապին առիթով։

1961ի Յուլիսին, սրբալոյս Պատրաիարքի վախճանման առիթով, Պոսթընի «Հայրենիք»ը, խմբագրականով մը, Գարեգին Պատրիարքի այդօրինակ վարմունքը կը բացատրէր անձնական քինախնդրութեամբ՝ զայն անյարիր նկատելով ընդհանրապէս բարեհամբոյր հոգեւորականի համբաւ նուաճած Գարեգին Եպիսկոպոս Տրապիզոնի վարքագծին։

Կեանքը բերաւ այնպէս, որ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան երկու անգամ թեկնածու առաջադրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալի աթոռին, բայց երկու առիթներով ալ չընտրուեցաւ. Փոխարէնը՝ առաջին անգամ Գարեգին Առաջին Յովսէփեան, իսկ երկրորդին՝ Զարեհ Առաջին Բայասլեան արժանացան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալի պաշտօնին։

Այդուհանդերձ՝ համակ ծառայութեամբ եւ բազմաշնորհ վաստակով յատկանշուած Գարեգին Եպիսկոպոս Տրապիզոնի Խաչատուրեանի անձն ու գործը, յաչս մեր ժողովուրդին, բնաւ չինկան ստուերի տակ՝ անոր կեանքի վերջալոյսին արձանագրուած այդ ընկրկումին հետեւանքով։

Հայ ժողովուրդը, ի Հայաստան թէ ի սփիւռս աշխարհի, ազգային միասնականութեան եզակի դրսեւորում մը ունեցաւ ծերունազարդ Պատրիարքի վախճանման առիթով։

Բազմաշնորհ եւ վաստակաշատ Հայ Հոգեւորականի արժանաւորութեամբ յաւերժութեան յանձնուեցաւ՝ Տրապիզոն ծնած եւ աշխարհով մէկ Հայու հոգեմտաւոր արժէքները տարածած ու արմատաւորած Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան, որուն իմաստասիրական հետեւեալ խորհրդածութեամբ կը փակենք ոգեկոչական այս անդրադարձը.

– «Ամէն վայելք պէ՛տք է ունենայ իր որոշ բեւեռակէտը, ուր կեանքը գտնէ իր իմաստն ու ամբողջացումը»։

Գարեգին Եպիսկոպոս Տրապիզոնի Խաչատուրեան (1880-1961) Վաստակաշատ եւ սերունդ կերտող հայ հոգեւորականի բազմաշնորհ դէմքը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail