ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Իր բովանդակ կեանքին մէջ ան չհեռացաւ իր սկզբնական ուխտէն․ հայ ժողովուրդի հանդէպ անսահման սէրն էր այդ․ ան մարդը չի շեղեցներ․․․
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
«Իր բովանդակ կեանքին մէջ ան չհեռացաւ իր սկզբնական ուխտէն․ հայ ժողովուրդի հանդէպ անսահման սէրն էր այդ․ ան մարդը չի շեղեցներ․․․»։
22 Յունիս 2020
Ն․ Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի հազարամեակներու երթը հոգեմտաւոր լոյսով առաջնորդած ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏ ԱՆՄԱՀՆԵՐՈՒՆ, աշխարհականներ ըլլան անոնք թէ հոգեւորականներ, ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ մեր ՈՅԺն ու ԿԱՄՔը ջրդեղած Արի Այրեր ըլլան անոնք թէ Տիկնայք Փափկասուն։
Բարի լոյս՝ ԳԱՐԵԳԻՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏՐԱՊԻԶՈՆԻ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ անուն-ազգանունով ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԵՐՈՒ համաստեղութեան մէջ իր փայլուն աստղը նուաճած Հայ Հոգեւորականին՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքին, որ Յունիս 22ի այս օրը, 59 տարի առաջ, վախճանեցաւ Պոլսոյ Բերայի «Ս. Երրորդութիւն» եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցած պահուն։
Բարի լոյս՝ հայոց սերունդներուն ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔը սերմանելու եւ, յատկապէ՛ս, ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀՕՏին արժանաւորապէս ծառայելու ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ մատնանշող Գարեգին Տրապիզոնցիին, որուն նուիրուած իր մենագրութեան մէջ Հայ Մտքի ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐԷՆ Յ․ Ճ․ Սիրունի ատենին վկայած էր․
*
* *
«Ան իսկական հովիւ մը եղաւ, այս բառին ամէնէն ազնիւ իմաստովը։
«Ան եղբայրն եղաւ իր հօտին, այս բառին ամէնէն ազնիւ իմաստովը դարձեալ։
«Հօտը, իրեն համար, գուրգուրանքի բոյն մըն էր միայն, ընտանեկան օճախ մը, եւ ոչ թէ անասուններու կոյր նախիր մը, զոր ուզած կողմդ կը քշես։
«Ինքն իսկ կը գանի հոգեւորականներու այն դասէն, որ իր հօտը տխմարներու երամակ մը կը կարծէ եւ ինքզինքը անոր միահեծան տէրը։
«Նոր ժամանակներու յատուկ թիւրիմացութիւն մը,- կ՚ըսէ ան,- հին արժէքներու սխալ վերագնահատութեամբ, աւետարանական «հօտ» բացատրութեան մէջ, այնքան նկարագեղ, կը սիրէ տեսնել ոչխարային անմտութիւն մը, անբանութիւն մը, զոր «հոգեւոր հովիւներ» կը ջանան օգտագործել չարաշահութեամբ։ Կանխակալ կարծիքներով նախապաշարուած ու կուրացած մտքի յաճախադէպ մոլորանքն է այս» («Աշխարհի լոյսն ի Հայս», Ա․ հատոր, էջ 215)։
«․․․
«Ան հեռու մնաց ամէն տեսակ վէճերէ շրջանի մը, երբ հայ ժողովուրդը չկրցաւ պաղարիւն պահել իր գործիչները եւ երբ քիչերը կրցան չթաթխուիլ կիրքի մէջ։ Դժուար էր ալիքներուն խաղալիք չըլլալ, երբ ալեկոծ էր բովանդակ ծովը։
«Գարեգին Պատրիարք կրցաւ անվնաս ու անվթար անցնիլ փոթորիկներուն մէջէն։ Ու պէտք է ըսել, որ փոթորիկներ անպակաս էին հաեւ իր շուրջը։ Իր մեղմ բնաւորութիւնը իր ուժը կազմեց։
Իր սեփական համոզումներն ունեցաւ վէճերուն ատեն, բայց երբեք կողմ չդարձաւ։
«․․․
«Գարեգին Տրապիզոնցին, ճիշդ է, ինքզինք երբեք չհերքեց իր հիմնական գաղափարներուն մէջ․ բայց անոնցմէ շատերը արծարծուած չենք գտներ յետոյ՝ առաջին օրերու իրենց ջերմութեամբը։
«Տրապիզոնցին իր բովանդակ կեանքին մէջ չհեռացաւ իր սկզբնական ուխտէն․ հայ ժողովուրդի հանդէպ անսահման սէրն էր այդ․ ան մարդը չի շեղեցներ»․․․
Աղբիւր՝ Յ․Ճ․ ՍԻՐՈՒՆԻ, «Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան», «ԷՋՄԻԱԾԻՆ» Ամսագիր, 1961։
Յղում՝
http://echmiadzin.asj-oa.am/3662/1/79.pdf
*
* *
Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրենիքի «ՀՕՏ»ին՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ եւ «ՀՈՎԻՒ»ին՝ ՂԵԿԱՎԱՐԻՆ գաղափարական հոգեհարազատ ընկալումը, ԽՈՐՀՈՒՐԴն ու ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆը հայոց սերունդներու հոգեմտաւոր կազմաւորման հիմքին արմատաւորած ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ։
Հայաշխարհով մէկ շրջած ու ԾԱՌԱՅԱԾ Գարեգին Տրապիզոնցին իր ժողովուրդը ՍԻՐԵԼՈՎ, իր հօտին մէջ իր հարազատ բոյնը գտնելով եւ անոր սրտին ու մտքին բազկերակով ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ հարթելով ՊԱՏԳԱՄԵՑ մեր սերունդներուն, որ սեփական ժողովուրդի հօտին ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ մէջ կը գտնուի ԵՐԱՇԽԻՔԸ ամէն կարգի ՇԵՂՈՒՄՆԵՐԷ պաշտպանուելու ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ։
Սեփական ժողովուրդի մերօրեայ յեղափոխական պոռթկումին մէջ ԱՄԲՈԽԱՎԱՐի իրենց ՉԱՐԱՇԱՀՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՎԱԽՃԱՆԸ տեսնող եւ իրենց ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԵԱՆ հիւանդագին խուճապին մատնուած մերօրեայ ՓԱՌՔԻ ՎԱՇԽԱՌՈՒՆԵՐԸ ի զուր կը թփրտան՝ փետտուած հաւու նման։
Իրաւամբ՝ վա՜յ անոր՝ որ «իր հօտը տխմարներու երամակ մը կը կարծէ եւ ինքզինքը անոր միահեծան տէրը»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ