ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ՎԱՀԱՆ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ – Եթէ մի օր փորձեն, ու փորձեն դրսից կամ ներսից թաղել Դաշնակցութիւնը, ապա ազատատենչ հայ ժողովուրդը ցաւի ու տառապանքի մի այնպիսի ահարկու ճիչ պիտի արձակի, որ նորից, իր ամբողջ յաղթ կեցուածքով, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը յարութիւն պիտի առնի
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
ՎԱՀԱՆ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ․-
«Եթէ մի օր փորձեն, ու փորձեն դրսից կամ ներսից թաղել Դաշնակցութիւնը, ապա ազատատենչ հայ ժողովուրդը ցաւի ու տառապանքի մի այնպիսի ահարկու ճիչ պիտի արձակի, որ նորից, իր ամբողջ յաղթ կեցուածքով, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը յարութիւն պիտի առնի»։
24 Յունիս 2020
Ն․ Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ Քրիստոսի քարոզած հաւատքի երկիւղածութեամբ ապրողներուն, որոնց համար ՀԱՒԱՏՔը իրենց ԻՆՔՆԱՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԱՆԽՈՑԵԼԻ ԶՐԱՀն է եւ որոնք ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼԻ ՋԵՐՄԵՌԱՆԴՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՓԱՐԻՆ իրենց դաւանած ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ։
Բարի լոյս՝ այն բոլոր ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք իրենց ընտրած եւ անդամակցած ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ մէջ – եւ անոր ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ԱՆՕԹԷՆ անդին – կ՚արժեւորեն ու կը սրբագործեն սեփական ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ ԴԱՒԱՆԱՆՔը։
Յունիս 24ի այս օրը, 1956 թուականին, Գահիրէի մէջ վախճանեցաւ հայոց արծուեբոյն ՇՈՒՇԻի ծնունդ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԵԾ ՀՍԿԱՆ՝ աւելի քան երեք տասնամեակ տարագիր հայութեան ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԱՒԻՇ հասցուցած եւ առաջնորդած ՎԱՀԱՆ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ, որուն կեանքն ու գործքը համառօտ ներկայացուած են Յուշատետրի այսօրուան փոստով։
Բարի լոյս՝ հայ քաղաքական միտքը արդէն շուրջ հարիւր տարիէ ի վեր յուզող մեծ հարցականին՝ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան անելիքը» ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՈՐՈՆՈՂ գաղափարի ջահակիրներուն, որոնց յառաջապահ դրօշակիրներէն եղաւ Վահան Նաւասարդեան՝ 1924ին Գահիրէի մէջ լոյս տեսած եւ այդպէ՛ս՝ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան անելիքը» խորագրուած գրքոյկով։
Բարի լոյս՝ Հայ Յեղափոխական Շարժման եւ Ազատ ու Անկախ Հայաստանի ՄԵԾ ՏԵՍԼԱԿԱՆի բոցաշունչ ՊԱՏԳԱՄԱԲԵՐԻՆ, որ մեր սերունդներուն սորվեցուց Հ. Յ. Դաշնակցութեան մէջ կուսակցութենէ մը ԱՒԵԼԻՆ՝ նոյնինքն ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴը յայտնագործելու ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՅՍՏԱԿԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆը։
*
* *
Ով որ մկրտուած չէ նաւասարդեաններու ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՏԱՃԱՐԻՆ մէջ՝ ան ի վիճակի չէ լիարժէք հասկնալու եւ ներշնչուելու հետեւող վկայութեան հիմք ծառայող Առիւծին եւ անոր Կորիւնին առասպելատիպ ԿՏԱԿԷՆ։
Մանաւանդ ի վիճակի չէ հաղորդուելու ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ բառին մէջ խտացած եւ նուիրագործուած ԳԱՂԱՓԱՐին – եւ ոչ թէ ԿԱՂԱՊԱՐին – անկորնչելի ԽՈՐՀՈՒՐԴով՝ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ հունաւորող հայ ժողովուրդին համար ՄԱՀ ԿԱՄ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒն ընտրած ԱՆՁՆՈՒՐԱՑՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴով։
Բարի լոյս՝ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆԵԼԻՔը հայ քաղաքական մտքի օրակարգին վրայ պահող ԱՆՄԱՀՆԵՐՈՒ ԿՈՉԻՆ․
«Ֆրանսիական ընկերաբան Լեթուրնոն, ծառանալով այն գիտունների դէմ, որոնք ժխտում են ընկերաբանութիւնը, իբրեւ ուրոյն գիտական դիսցիպլին ու առարկայ, վերյիշում է իտալական ժողովրդի մէկ յուզիչ առասպել առիւծների կեանքից:
«Երբ առիւծը երկունքով ծնում է իր կորիւնը,- ասում է իտալացին,- ու դեռ ցաւերի մէջ շրջում է՝ մայրական իր առաջին փաղաքշանքը տալու զաւակին, նա, առջեւը գտնելով անշնչացած մարմինն իր ծննդի, մի այնպիսի մռնչիւն է արձակում՝ վշտի, ցաւի ու տառապանքի, խելագար կսկիծի մի այնպիսի ահազանգով է պատում ամբողջ շրջապատը, որ անշնչացած կորիւնը, իր մօր ճչի այս ահարկու ուժի տակ, վերստին կեանք է ստանում:
«Իմաստութիւն կա՛յ անշուշտ առասպելում:
«Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը այդ ինքը՝ հայ աշխատաւոր ու ազատատենչ ժողովուրդն է՝ «ոսկորը ոսկորից եւ արիւնը՝ արիւնից»:
«Նա ցաւերի, տառապանքների ու երկունքի մէջ ծնունդ առած հայ ժողովրդի կորիւնն է, որին ապրելու իրաւունքից անկարելի է զրկել առանց իր ծնող մայրը թաղելու:
«Ու մենք եւ ոչ մի կասկած չունենք, մենք համոզուած ենք, մենք հաւատում ենք այդ բանին, որ եթէ մի օր փորձեն, ու փորձեն դրսից կամ ներսից թաղել Դաշնակցութիւնը, ապա ազատատենչ հայ ժողովուրդը ցաւի ու տառապանքի մի այնպիսի ահարկու ճիչ պիտի արձակի, որ նորից, իր ամբողջ յաղթ կեցուածքով, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը յարութիւն պիտի առնի»:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ