ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Պատմութիւնը կը յուշէ – ՀԱՅԵՐՆ ՈՒ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԸ ՌՈՏՈՍԹՈՅԻ ՄԷՋ

ARARAD - armenagan-Zvartnots-Cathedral-Ruins-Armavir-Province-Armenia

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Պատմութիւնը կը յուշէ – ՀԱՅԵՐՆ ՈՒ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԸ ՌՈՏՈՍԹՈՅԻ ՄԷՋ

Պատմութիւնը կը յուշէ

ՀԱՅԵՐՆ ՈՒ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԸ ՌՈՏՈՍԹՈՅԻ ՄԷՋ

01 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԷՐ: – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ: ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԷՐ:

2. Զուարթնոց տաճարի փլատակները, կառուցում՝ 643-652

Ռոտոսթոյի (թուրքերէն Թեքիրտաղ՝ հայերէն Թագաւորասարի «Թեքֆիւրտաղ» աղաւաղումէն) առաջին հայ բնակիչները եղած են ԺԷ․ դարասկիզբին Ջալալիներու ասպատակութեանց եւ թուրք-պարսկական աւերիչ պատերազմներու հետեւանքով (1606-07) Կամախէն, Ակնէն, Կարինէն, Երզնկայէն ու այլ հայաբնակ վայրերէ տեղահանուածները:

20րդ դարասկիզբին հայերու թիւը Ռոտոսթոյի մէջ 15 հազար էր (քաղաքի բնակչութեան գրեթէ կէսը): Զբաղած են առեւտուրով, արհեստներով, ձկնորսութեամբ, հողագործութեամբ, այգեգործութեամբ: Եղած են նաեւ բժիշկներ, ճարտարապետներ, իրաւաբաններ:

Առաջին հայկական եկեղեցին՝ «Ս. Հրեշտակապետ»ը, կառուցուած է 1607ին՝ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Գրիգոր Դարանաղցիի նախաձեռնութեամբ: Թուրքերու կողմէ եկեղեցւոյ աւերումէն յետոյ՝ նոյն տեղը կառուցուած է «Ս. Յովհաննէս» եկեղեցին:

19րդ դարավերջին – 20րդ դարասկիզբին Ռոտոսթոյի մէջ գործած են «Ս. Թագաւոր», «Ս. Խաչ», «Ս. Փրկիչ» եկեղեցիները, որոնց անուններով ալ կոչուած են քաղաքի հայկական թաղամասերը:
Ռոտոսթոն թեմի առաջնորդանիստ քաղաքն էր, որուն հոգեւոր ենթակայութեան տակ էր Մալղարա, Չոռլու, Սիլիվրի քաղաքներու հայ բնակչութիւնը:

Ռոտոսթոյի մէջ գործած են «Յովնանեան» եւ «Յիսուսեան» վարժարանները: Դպրոց ունեցած են նաեւ հայ բողոքականները:
19րդ դարավերջէն Ռոտոսթոյի մէջ գործած են հասարակական-լուսաւորական, բարեգործական, մարմնամարզական, սկաուտական կազմակերպութիւններ, լսարան֊ընթերցասրահներ:

Ռոտոսթոյի մէջ գործունէութիւն ծաւալած են Հ․Յ․Դ․ եւ Ս․Դ․Հ․Կ․ տեղական կազմակերպութիւնները, մշակութային միութիւնները (անոնց անդամներէն շատերը մասնակցած են Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութեան համար Կովկասի մէջ կազմակերպուած հայդուկային շարժումներուն, եղած են օսմանեան լուծէն Մակեդոնիայի ազատագրութեան համար մարտնչող հայ-պուլկարական ապստամբական զօրախումբերուն մէջ):

Ժամանակին Ռոտոսթոյի մէջ ներկայացումներով հանդէս են եկած Կ. Պոլիսէն հրաւիրուած Մ. Մնակեանի, Թ. Ֆասուլաճեանի, Վ. Փափազեանի թատերախումբերը:

1908ին լոյս տեսած է «Կայծեր» խմորատիպ թերթը:
1895-96ին եւ յատկապէս 1913էն ետք Ռոտոսթոյի հայոց հասարակական կեանքը անկում ապրեցաւ, իսկ 1922ի զանգուածային բռնագաղթէն յետոյ քաղաքը վերջնականապէս հայաթափուեցաւ:

Ռոտոսթոյի տարագրեալ հայերը ապաստան գտան Պուլկարիա, Յունաստան, Ռումանիա, Ֆրանսա եւ այլուր:

Ռոտոսթօ ծնած են կամ ռոտոսթոցի ծնողներէ սերած են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա․, ակադեմիկոս Հ. Աճառեան, երգահան Բարսեղ Կանաչեան, շարժանկարի բեմադրիչ Անրի Վեռնէոյ (Աշոտ Մալաքեան), գրողներ Վազգէն Շուշանեան, Սեդա Սեւան, շարք մը նշանաւոր հասարակական-քաղաքական ու մշակութային գործիչներ:

Աղբիւր՝ https://hy.wikisource.org/…/%D4%B7%D5%BB:%D5%80%D5%A1%D…/176

Ռոտոսթօ, Սուրբ Թագաւոր թաղամաս։ Աստուածածինի տօնին առիթով եկեղեցական թափօրը

Ռոտոսթօ, Սուրբ Թագաւոր թաղամաս։ Աստուածածինի տօնին առիթով եկեղեցական թափօրը
Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail