ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Աշխատանքն աւարտուած չէ… Համաժողովրդային ոչ-բռնի յեղափոխութեան համար

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Աշխատանքն աւարտուած չէ... Համաժողովրդային ոչ-բռնի յեղափոխութեան համար

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Աշխատանքն աւարտուած չէ… Համաժողովրդային ոչ-բռնի յեղափոխութեան համար

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

«Աշխատանքն աւարտուած չէ»․․․
Համաժողովրդային ոչ-բռնի յեղափոխութեան համար

01 Յուլիս 2020

Ն․ Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ Հայաստանի ներ-քաղաքական դաշտին ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՈՒՄը ժողովրդավարական հունով յառաջ մղելու դժուարին պայքարին լծուած ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ու ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ յառաջամարտիկներուն։

Բարի լոյս՝ բռնիշխանական անցեալի ԽԱԹԱՐՈՒԱԾ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ համակարգին դէմ մղուող ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՊԱՅՔԱՐԻն յաջորդ փուլը նուաճելու ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ, որ Ազգի ու Հայրենիքի ՊԱՅԾԱՌ ԳԱԼԻՔԻ նուաճման լաւագոյն ՈՒՂԻՆ հարթելու մղումով ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ու ԸՆԴԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ժողովրդավարական նոր հաւասարակշռութիւն մը կը մտցնէ Հայաստանի ու Հայութեան ՊԵՏԱԿԱՆ ՏԱՆ մէջ։

Հայաստանի վերանկախացումէն երեսուն տարի ետք ծաւալած ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՈՉ-ԲՌՆԻ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ արդէն լուսանցք հրած է, այլեւ՝ ժողովուրդի ԱՐԴԱՐ ԴԱՏԱՍՏԱՆԻՆ առջեւ կանգնեցուցած է ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՍՏԱՀԱՐԻՉՆԵՐԸ։

Ժամանակը եկած է ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՄԲ պետութեան ղեկին հասած ՈՒԺԸ պաշտպանելու նոյնինքն ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄԷՆ ԻՍԿ եկող ամէն կարգի ԽԱՐԽԱՓՈՒՄՆԵՐՈՒ եւ ԽՈՏՈՐՈՒՄՆԵՐՈՒ հաւանական վտանգին դէմ։

Բարի լոյս՝ միեւնոյն թաւշեայ յեղափոխութեամբ բացուած ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻԻՆ տէր կանգնող նորովի ԸՆԴԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ, որ արդէն իր բարձրաձայնողները ունի հաւասարապէս ե՛ւ Հայաստանի մէջ, ե՛ւ Արտերկրի տարածքին։

Բարի լոյս՝ «Լրագիր»ի 1 Յուլիս 2020ի համարով քաղաքագէտ, Փարիզի Քաղաքագիտութեան Կեդրոնի փորձագէտ ԿԱՅԾ ՄԻՆԱՍԵԱՆի օրինակով համարձակախօս մեկնաբաններուն, որոնք վարչապետ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆին կ՚ուղղեն հայ ժողովուրդի սրտէն ու մտքէն բխող ՅԱՆԴՈՒԳՆ ՔԱՅԼԵՐՈՒ ՊԱՀԱՆՋԸ․

– «Թաւշեայ յեղափոխութիւնից յետոյ Սահմանադրական Դատարանի կազմի փոփոխութեան հարցում դրսեւորուեց դանդաղկոտութիւն:

2018 թուականի գարնանից Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է պահանջէր Սահմանադրական Դատարանի լուծարումը, որը, ինչպէս գիտենք, ամբողջովին կոռումպացուած էր 23 տարուայ խարդախութիւնների եւ անկանոնութիւնների արդիւնքում:

«Հին ռեժիմի տապալման պահին թաւշեայ յեղափոխութիւնը պէտք է լուծարէր Սահմանադրական Դատարանը, քանի որ առանց այսպիսի հաստատութիւնների տապալման՝ յեղափոխութիւն չկայ: Մինչդեռ երկու տարի անց թաւշեայ յեղափոխութիւնը պահանջում է լուծարել Սահմանադրական Դատարանը: Կայ տպավորութիւն, որ այս առումով աշխատանքն աւարտուած չէ»:

(Տես՝ https://www.lragir.am/2020/07/01/560592/… )
Բարի լոյս՝ որեւէ պետական իշխանութիւն, յատկապէս ժողովուրդի բուռն վստահութեամբ կառավարութեան ղեկին հասած քաղաքական ուժ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ՎԵՐԱՀԱՍՈՒԹԵԱՄԲ հունի մէջ պահող, այլեւ հզօրացնող ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԸՆԴԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ։

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Աշխատանքն աւարտուած չէ… Համաժողովրդային ոչ-բռնի յեղափոխութեան համար

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail